ԿԱՍԵՑՆԵԼ ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ՀՈԳԵԼԼԿՈՒՄԸ

Իրաւացի է փրոֆ. Կէորկի Տերլուկեան, երբ բարձրաձայն հարց կու տայ սփիւռքի ապագային մասին։ Ան աւելի շեշտակիօրէն կը դնէ հարցադրումը եւ կը հարցնէ, թէ մեր ժամանակներէն որքա՞ն անց սփիւռքի հայութիւնը պիտի շարունակէ գոյութիւն ունենալ։ Հարցը բազում առումներով բաւականին խճճուած եւ տագնապեցուցիչ է՝ մանաւանդ այս օրերուն, երբ տագնապէ կ՚անցնի բոլոր հայոց համար սիրտ ու եռանդ առատօրէն բաշխող Հայաստան երկիրը։

Խնդիրը միայն զգացական խարիսխներով գոյանալու, ապրելու կամ նոյնիսկ գոյատեւելու մասին չէ, այլ նպատակային, ծրագրուած եւ դէպի վաղը սլանալու մասին է. բան մը, որուն մէջ ալ պէտք է անպայմանօրէն տեղ գտած ըլլայ գաղափարական-հոգեբանական կերտուածք մը։

Եթէ Խորհրդային տարիներուն վերադառնանք, ապա պիտի նկատենք, որ հայապահպանութեան սայլը՝ ինչքան ալ խռնուած ըլլար գաղափարական պայքարներու կամ տիղմերու մէջ, կար նաեւ հայրենիքի մը ամպհովանին, որ անկախ ամէն ինչէ զովութիւն մը եւ յոյս մը կու տար աշխարհատարած հայութեան։ Սովետը կառուցած էր երկիր, ունէր պետական ընկալում, կար համակարգ եւ կային նպատակներ։

Այդ մեծ փլուզումէն ու նոր երազի բացուելէն ետք սփիւռքն ալ մասամբ ապրեցաւ ու դեռ ալ կ՚ապրի իր ինքնութեան մեծ տագնապը։ Ասոր զուգահեռ ալ երեւան եկան նոր պայմաններ, որոնք իրենց հետ բերին ու յառաջացուցին նոր տագնապներ։ Տագնապը խորքային կերպով հարուածեց ու դեռ ալ կը հարուածէ Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութները, որոնք ամէն տարի աւելիով կ՚ընկղմին անորոշութեան տիղմերուն մէջ։ Ի տես այս բոլորին, Հայաստանը դարձեալ դարձաւ նոր որակի ամպհովանի մը, ուր մեծ թիւ կազմեցին Լիբանանէն, Իրաքէն, բայց եւ այնպէս, ամենէն աւելի՝ Սուրիայէն Երեւան տեղափոխուած հայրենակիցներ։ Այդ բոլորը ծրագրուած չէին ու ծրագրուած չէր նաեւ, որ Արցախի մէջ սկիզբ առնելիք որեւէ պատերազմի պարագային ի՛նչ պէտք է ըլլար Երեւանի կեցուածքը ու ինչպէ՛ս պէտք է վարուէին Երեւանի իշխանութիւնները, որպէսզի հոգելլկումը, որ այսօր գոյութիւն ունի, ամբողջական ու համատարած չըլլայ։

Ընդհանուր պատկերը այս անկիւնով դիտարկելու փորձը նաեւ միտում ունի բացատրելու, որ ինչ ալ ըլլան սփիւռքի մէջ ապագայ նուաճումները եւ յաջողութիւնները՝ ամէն պարագայի տակ, սփիւռքը անկարող է առանց Հայաստանի երկար ապրելու։ Հայաստանի ձեւաչափին, մեր երկրի ապագային մասին կարելի է խօսիլ այլ առիթներով, իսկ այսօր հարկ է ներկայացնել՝ ակադեմական շրջանակներուն քաջ ծանօթ անունի մը՝ Կէորկի Տերլուկեանի տեսակէտները։ Ան հարց կու տայ, թէ «Արդեօք սփիւռքը պիտի գոյատեւէ՞ հարիւր տարի անց»։ Տեսնենք, թէ այս հարցումին պատասխանը կարո՞ղ ենք ստանալ իր բերնով։

Նշեմ, որ Ռուսաստան ծնած Կէորկի Տերլուկեանի հետ վերջերս կատարուած է ուշագրաւ հարցազրոյց մը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «The Armenian Mirror Spectator»ի էջերուն։ Հարցազրոյցը կատարած է Աւօ Փիրոյեան։ Արեւելահայերէնի փոխադրումը կատարած է Լուսինէ Ղալումեան եւ այդ տարբերակն ալ լոյս տեսած է «Ազգ» շաբաթաթերթին մէջ։ Այսօր մեր սիւնակը կը յատկացնենք սոյն հարցազրոյցի հիմնական բաժիններուն։

ՍՓԻՒՌՔԸ ՀԱՐԻՒՐ ՏԱՐԻ ԱՆՑ

Սփիւռքի ապագան կանխորոշելու համար հարկաւոր է հայեացքն ուղղել դէպի անցեալը: Մասնաւորաբար՝ հարկ է ուսումնասիրել, թէ ինչպէս հայերը գոյատեւած են քանի մը հազարամեակներ։

Մինչ 1064 թուականին սելճուկներու կողմէն Անիի գրաւումը եւ հայկական Կիլիկիոյ անկումը, 14-րդ դարուն, հայերը այս կամ այն ձեւով ունեցած են անկախ կամ կիսանկախ պետութիւն: Անկէ վերջ, հայերը ապրած են օտարներու տիրապետութեան տակ:

Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, դարեր շարունակ ապրած հայերու մեծամասնութիւնը մինչեւ 1915 գիւղացի էր: Անոնք կ՚ամուսնանային իրենց համայնքներու նեղ շրջանակին մէջ եւ լռելեայն հայերէն կը խօսէին: Իսկ այն հայերը, որոնք կ՚ապրէին աւելի մեծ քաղաքներու մէջ, օտարներու տիրապետութեան տակ, հիմնականօրէն կ՚ապրէին «կեթթօ»ներու մէջ, ուր գործարքներ կը կատարէին իրարու հետ եւ իրենց ազգային միասնականութիւնը կը պահպանէին Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայկական դպրոցներու շնորհիւ։

Այն հայերը, որոնք այս երկու խումբերուն մէջ չէին դասուեր, ժամանակի ընթացքին ձուլուեցան գերակշիռ էթնիք խումբերու մէջ: Հետաքրքրական է, որ ձուլուած եւ անհետացած սփիւռքը հիմնականապէս այն սփիւռքն է, որ ամենայաջողակն է եւ շատ քիչ կը բախուի հալածանքներու. օրինակ՝ Հնդկաստանինը: Իմ կարծիքով, անոնք իրենց սեփական յաջողութեան զոհերն են:

Այսօր, սփիւռքահայերու ամենամեծ համայքները կը գտնուին ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի մէջ: Այս երեք երկիրներուն մէջ ալ հայերը չեն հալածեր եւ անոնք չեն բնակիր «կեթթօ»ներու մէջ։

«Հարցուցէ՛ք դուք ձեզի, թէ որքա՞ն է հաւանականութիւնը, որ ձեր երեխաները ամուսնանան հայերու հետ: Հապա անո՞նց երեխաները: Իսկ եթէ մէկը միայն մէկ քառորդով հայ է կամ նոյնիսկ անկէ պակաս չափով, ի՞նչ կրնայ զինք կապել իրենց հայկական արմատներու հետ», հարց կու տայ ան։

Այնուամենայնիւ, հեռանկարը ամբողջովին բացասական չէ: 21-րդ դարուն, երբ քաղաքակիրթ ժողովուրդները առաւել հանդուրժող եւ բաց են բազմամշակութայնութեան նկատմամբ, սեփական ազգային արմատներու պահպանումը միանշանակ աւելի դիւրին դարձած է: Վերջին քսան տարիներուն ընթացքին գրաւիչ դարձած է երկրորդ ինքնութիւն մը (ազգային պատկանելիութիւն) ունենալը: Անոնք, որոնք միայն կէսով հայ են, յաճախ նոյնքան, երբեմն ալ աւելի ոգեւորուած են իրենց հայ ըլլալով՝ քան արտասահմանի կամ Հայաստանի մէջ բնակող զտարիւն հայը: Իրօք, հայու հետ ամուսնացած եւ հայ ընտանիքի մէջ ինկած օտարերկրացիները հակուած են յարմարելու նոր մշակոյթին:

Երբ առաջին անգամ այցելեցի ԱՄՆ-ի հայ համայնքը, ինծի համար ամենազարմանալի բաներէն մէկն էր՝ հայ տղամարդոց հետ ամուսնացած ամերիկացի, մեքսիկացի կանանց աշխուժութիւնը տեղւոյն հայ համայնքին մէջ, մասնաւորապէս՝ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ։

Իրօք, սփիւռքի այս կառոյցները (եկեղեցի, դպրոց եւ այլն) եղած են եւ կը շարունակեն մնալ արտերկրի հայ համայնքներու հիմնասիւները եւ անոնց շարունակական գոյութիւնը վճռորոշ դեր կը խաղայ սփիւռքի պահպանման ուղղութեամբ։

«ՀԱՅ ԸԼԼԱԼԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՇԱՏ ԲԱՐԴ ԸԼԼԱԼ»

Հաճոյքի սկզբունքի համաձայն կայ ակնարկ մը, ըստ որուն մարդիկ կը ձգտին առաւելագոյն հաճոյք եւ նուազագոյն ցաւ ապրելու: Հայկական սփիւռքի պարագային սա կը ներառէ Հայաստանին առընչուող բացասական իրավիճակներու վերաբերեալ յուզական ցաւը:

Հայաստանը եւ հայ ըլլալը պէտք է գրաւիչ հեռանկար ըլլան՝ տնտեսապէս կամ մշակութային առումով: Հայաստան պէտք է ստեղծէ մշակութային արժէքներ. օրինակ՝ Արամ Խաչատուրեանի «Սուրերով պարը»: Այսպիսի երեւոյթին հետ առընչութիւն զգալը հայերուն մէջ հպարտութեան զգացում կը յառաջացնէ:

«Շատ բան կախուած է հայկական պետութեան յաջողութենէն, ինչ որ իր հերթին մեծապէս կախուած է սփիւռքի ներգրաւածութեան մակարդակէն: Վերջինս, անկասկած, հայկական պետութեան ամենամեծ տնտեսական ներուժն է եւ շարք մը պատճառներով՝ խիստ թերագնահատուած: Սփիւռք-պետութիւն յարաբերութիւնը պէտք է ըլլայ փոխադարձ հզօրացնող, աճեցնող յարաբերութիւն: Չունենալով յաջողած պետութիւն՝ մէկ կամ երկու սերունդ յետոյ սփիւռքը կը վերանայ, սակայն Հայաստանի Հանրապետութիւնն ալ, իր հերթին, յաջողութեան չի կրնար հասնիլ առանց սփիւռքի աջակցութեան։ Հայերու ինքնութիւնը քանի մը հազարամեակ կենդանի պահած երեք հիմքերէն՝ գիւղացիութենէն, կեթթոներէն եւ անկախ հայրենիքէն, այսօր փաստացիօրէն միայն մէկը գոյութիւն ունի: Հայ սփիւռքի երկարակեացութեան համար անհրաժեշտ է, որ հայրենիքի մէջ բնակող հայերը ամուր կապեր ունենան սփիւռքի կազմակերպութիւններուն եւ հաստատութիւններուն հետ» համոզուած է գիտնականը:

Բաց աստի (գուցէ եւ անոր փոխարէն), Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ կապուածութեան նոյնիսկ փոքր մակարդակը մեծապէս կը նպաստէ, որ յաջորդ սերունդը չկորսնցնէ իր հայկական ինքնութիւնը՝ անկախ անձի խառնուրդ ըլլալու հանգամանքէն: Հայկական անցագիր կամ Հայաստանի մէջ տուն ունենալը անկասկած կ՚ամրապնդեն անձի եւ անոր ընտանիքի կապը՝ իր հայկական արմատներուն հետ:

21-րդ դարու իրողութիւնները՝ իրենց թեքնոլոժիք եւ ընկերային յառաջընթացներով, հաւասարապէս կը հեշտացնեն եւ կը բարդացնեն հայկական սփիւռքի պահպանման խնդիրները:

«Ի տարբերութիւն անցեալի, հայերը այլեւս պարտադրուած չեն սփիւռքի մաս կազմելու: Ներկայիս այդ բանը ընտրութիւն է: Նոյն ձեւով, ի տարբերութիւն անցեալի, հայերը այլեւս չեն ենթարկուիր հալածանքներու եւ ձուլման նպատակով մեծ ճնշումներու: Հետեւաբար, սա ազատ ընտրութեան հարց է եւ այդ ընտրութիւնը պէտք է կատարէ սփիւռքը», կ՚եզրափակէ Տերլուկեան:

ԿԷՈՐԿԻ ՏԵՐԼՈՒԿԵԱՆ

Կէորկի Տերլուկեան Նիւ Եորքի համալսարանի (Ապու Տապիի մասնաճիւղ) ընկերային հետազօտութիւններու եւ հանրային քաղաքականութեան կաճառի դասախօս է: Ան հեղինակած է բազմաթիւ գիրքեր ու տասնեակ գիտական յօդուածներ եւ հրապարակումներ՝ ընկերային պատմութեան բնագաւառին մէջ: Խորհրդային Միութեան փլուզման մասին իր ուսումնասիրութեան գագաթնակէտը՝ «Պուրտիէի գաղտնի երկրպագուն Կովկասի մէջ» մրցանակակիր մենագրութիւնը եղած է (Շիքակոյի համալսարանի հրատարակչութիւն, 2005 թուական): Նախապէս ան դասաւանդած է Հիւսիս-արեւմտեան համալսարանին մէջ, «Sciences Po» եւ «Universite՛ de Bordeaux»ի մէջ (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ Թալինի Արհեստագիտական համալսարանին մէջ (Էսթոնիա) եւ Քիեւի Պետական համալսարանին մէջ (Ուքրայնա):

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24, 2022