Մատթէոս Մամուրեան. Պայծառատես Հրապարակագիրը
Հոկտեմբերի այս օրերուն (որոշ աղբիւրներու ճշգրտումով՝ Հոկտեմբեր 17-ին) կը նշենք ծննդեան տարեդարձը հայկական հրապարակագրութեան լուսամիտ դէմքերէն եւ ազատախոհ գաղափարաբանութեան դրօշակիրներէն Մատթէոս Մամուրեանի։
Ներհուն մտաւորական, մանկավարժ, գրող, հանրային գործիչ, թարգմանիչ եւ, ամէն բանէ առաջ եւ վեր, տաղանդաւոր հրապարակագիր է Մատթէոս Մամուրեան, որ յատկապէս 1871-ին իր հիմնած եւ ամբողջ երեսուն տարի խմբագրած թերթով՝ «Արեւելեան Մամուլ»ով, իրաւամբ կը հանդիսանայ 19րդ դարավերջի հայ ազգային-քաղաքական մտքի մեծարժէք մշակներուն եւ գաղափարի սերմնացաններուն ամէնէն արժանաւորներէն մէկը։
Ծնած է Զմիւռնիա, 1830-ին։ Ուսումը ստացած է Փարիզի Մուրատեան վարժարանին մէջ, ուր իր դրսեւորած արժանիքներուն եւ ձեռքբերած փայլուն արդիւնքներուն համար՝ արժանացած է բարձրագոյն մրցանակի, որ իրեն յանձնուած է ֆրանսացի մեծ բանաստեղծ Լամարթինի ձեռամբ, ինչ որ կը վկայէ Մամուրեանի «միշտ բարեբարոյ, խոհական, ուշիմ, ճարտար եւ յամենայնի յառաջադէմ» ըլլալուն մասին։
Մատթէոս Մամուրեան ունեցաւ ազգային եւ հանրային ծաւալուն գործունէութիւն, ուսուցիչի եւ կրթական տեսուչի պաշտօններ վարեց իր ծննդավայր Զմիւռնիայի եւ Պոլսոյ մէջ, տարիներով դիւանապետը եղաւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին, ուսումը կատարելագործելու համար 1857-1860-ին ապրեցաւ Լոնտոն (ուր գրեց իր նշանաւոր «Անգլիական նամականի» յօդուածներու շարքը), Հայոց Ազգային Սահմանադրութեան մշակման եւ որդեգրման համար անխոնջ պայքար մղողներէն եղաւ։ Բայց ո՛ւր որ գտնուեցաւ եւ ի՛նչ աշխատանք որ ստանձնեց՝ Մատթէոս Մամուրեան հրապարակագրի իր գրիչը միշտ կենսունակ եւ բեղուն պահեց, մինչեւ որ «Արեւելեան Մամուլ»ի հիմնումով գտաւ իր հոգեհարազատ բեմը։
Իր թերթի (սկզբնապէս՝ ամսաթերթ, ապա՝ կիսամսեայ, իսկ իր մահէն ետք նաեւ շաբաթաթերթ ու օրաթերթ) էջերուն ցրուած «Հայկական նամականի» վերտառութեամբ եւ Վրոյր ստորագրուած քրոնիկներու շարքով՝ Մատթէոս Մամուրեան ոչ միայն հրապարակագրական այդ ոճին դրօշակիրը հանդիսացաւ հայ մամուլին մէջ, այլեւ՝ լուսարձակի տակ առաւ իր ժամանակի դէմքերն ու զարգացումները, գաղափարական հարցերն ու հասարակական դժուարութիւնները, հետագայ սերունդներուն ժառանգ ձգելով այդ ժամանակաշրջանի համաշխարհային եւ հայ իրականութեան զարգացումները քննականօրէն արտացոլող ընդգրկուն հայելի մը։
Արգասաբեր եղաւ Մատթէոս Մամուրեանի գրիչը գրական-գեղարուեստական եւ թարգմանչական գործերու արտադրութեան առումով։ Այսուհանդերձ՝ ինչպէս որ մեծն Յակոբ Օշական դիտել կու տայ, Մատթէոս Մամուրեան տարածուեցաւ ամէն բնագաւառի վրայ եւ, բացառութեամբ հրապարակագրական իր վաստակին, ի վիճակի չեղաւ ամբողջական ինքնադրսեւորման ու ինքնահաստատման յաղթանակի պսակը նուաճելու։
Գեղարուեստական արժէքէ աւելի հրապարակագրական արժանիք ունեցաւ հայ գրականութեան ժառանգ մնացած Մամուրեանի «Սեւ լեռին մարդը» անունով միակ վէպը, որ Ներսէս Աշտարակեցի Կաթողիկոսի ժամանակաշրջանի ազգային-ազատագրական խմորումներուն նուիրուած է եւ Ռուսաստանի կապուած հայ ժողովուրդի յոյսերն ու հեռանկարները հայրենասիրական շունչով կ՚անմահացնէ։
Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ ճակատագիրը ի վերուստ հրապարակագրի ցայտուն շնորհներով օժտուած Մատթէոս Մամուրեանի, որուն ստորագրութիւնը կրող հրապարակագրական իւրաքանչիւր էջ կը կրէ շեշտակի դրոշմը գեղարուեստական արձակի եւ արեւմտահայ աշխարհաբարի ինքնամաքրման եւ բիւրեղացման հետեւողական ճիգի։
Բայց մանաւանդ իր բարեբարոյ անհատականութեամբ, խոհականութեամբ եւ մտաւորականի լայնաբաց հորիզոնով՝ Մամուրեան յաջողեցաւ իսկական ուսուցիչ մը ըլլալ իր ընթերցողներուն համար։ Անպաճոյճ ու գեղեցիկ իր լեզուին եւ գրելաոճին միացուց, միշտ եւ անպայման, գիտելիք մը փոխանցելու, քննական խորհրդածութիւն կատարելու եւ, յատկապէս, յառաջադէմ մտքի զարգացման հունով յառաջ ընթանալու մեծ արժանիքը։
Ազատախոհական եւ ազգային-հայրենասիրական մտածողութեան հաւատաւոր դրօշակիր՝ Մատթէոս Մամուրեան պատնէշի վրայ անխոնջ ծառայեց եւ, ազգային-քաղաքական թէ հանրային-մանկավարժական իր բազմամեայ ու ծաւալուն գործունէութեան ընթացքին, միշտ առաջնորդուեցաւ ինքնահաւատարմութեան սկզբունքով։
Հայ ժողովուրդին պարտադրուած արեւելեան խաւարամտութիւնը յաղթահարելու եւ լուսաւորութեան փարոսը կանգուն պահելու առաքելութեան լծուած արժանաւոր հրապարակագիրն է Մատթէոս Մամուրեան, որուն գաղափարական աշխարհին մասին հակիրճ վկայութիւն մը կը փոխանցէ «Անգլիական նամականի» շարքէն առնուած հետագայ հատուածը.-
«… Լաւագոյնն կը սեպեմ, որ ազգ մը պարծանաց գագաթը հասնելէն ետեւ առօք փառօք կործանի, անդիմադրելի պարագաներէ ստիպեալ՝ անհետ մարի, քան թէ շքեղ անցեալէ մ՚ետեւ անփոյթ ու հաշմ թափառի ներկային մէջ, աղքատիկ ապրի ու ազգաց դուռը մուրայ:
«Վասնզի՝ հիները մեր աչքին իբր դիւցազունք կ՚երեւին, թէեւ նոյն անուան աւելի արժանիներ կը գտնուին այս պահուս մեր երկիրն եւ ուրիշ տեղեր։ Ժամանակը խոշորացոյց մ՚է, որ քանի հեռանաք մեր երեւակայութեան առջեւ հասարակ բաներու անգամ, խոշոր եւ փայլուն ու խորհրդաւոր գոյն մը կ՚ընծայէ:
«Ասկէ զատ՝ ամէն դար իր յատուկ եւ յարմար մարդիկն ունեցեր է: Երբ աշխարհ դեռ տղայ էր, անոր յառաջադիմութեան միջոցներն անտաշ ու սահմանաւոր էին, մինչդեռ հիմա անհամար են եւ գերագոյն:
«Մեծն Վարդան, ստուգիւ մեծ մարդ է, թէ որ այսօր գար եւ մեզի դէմ խաչակիր մը հանէր՝ խիստ պզտիկ մարդ մը կը դառնար: Ուստի եթէ հայը… դարուս լուսաւորութեան եւ քաղաքակրթութեան հետ չքալէ, նոր բան մը հաղորդած չես լինի ինձ՝ եթէ ըսես, թէ նոյն հայը Տիգրանայ, Տրդատայ եւ Վարազգատայ որդին է միայն:
«Հիմա Տրդատայ մի ձեռամբ երկու ցուլերու եղջիւրը թափող ոյժը իրեն թագաւորութիւն մը շահել տալու առիթ մը չէր լիներ, վասնզի՝ շոգի եւ բարոյական զօրութիւն ունինք, եւ ոչ սրտեայ եւ քաջամարտիկ Վարազդատ մը արիաբար ձի աշտանակելուն՝ կայսեր մը շնորհն ու Հայաստանի գահը պիտի ստանար,…
«… Իրաւի կը խոստովանիմ նաեւ, որ կը սիրեմ այն ազգը, որ թէեւ թշուառ, ներքին արժողութիւն, անպաշար գլուխ, կորովի բնութիւն մ՚ունի, միաբան սիրով կանգնելու ճիգ կը թափէ եւ ինքն իւր ճամբան կը յարդարէ եւ առաջ կը քալէ:
«Ուրեմն եթէ հայդ իր հայրենական բնութեան հետ շաղեր է նաեւ դարուս հոգին, ազատասիրութիւնը եւ յառաջադէմ կանգնելու կարողութիւնները, այն ատեն կրնամ ըսել քեզի հետ, որ Նախախնամութիւնը զինքն ապագայի եւ առաքելութեան մը սահմանած է աշխարհիս մէջ»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ