ԿՐԿՆԱԿԻ ԿՈՐՈՒՍՏ՝ ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐ

Աշուն է. թախիծ…

Աշնան ամիսներէն հոկտեմբերը՝ այս տարի  կարծես որոշած է հայութեան հետ դաժան խաղ խաղալ։ Ան՝ անկուշտ, սովալլուկ գազանի մը պէս կը շարունակէ անդադար մեզմէ մեր սիրելիները խլել՝ մեր ազգային արժէքները։

Կեանքի ծանր ու անդառնալի կորուստները, առանց դադարի կը շարունակուին հայոց համար... Թերեւս կեանքն ալ իր կարգին, մեզմէ՝ մարդոցմէ վարակուեցաւ երբեմն դաժան ու անսիրտ ըլլալ, որու համար այս տարի ընտրած է հոկտեմբեր ամիսը։

Նախ Շարլ Ազնաւուրի՝ աշխարհահռչակ շանսոնիէի մահուան գոյժը վայրկենապէս տարածուելով ցնցեց բոլոր աշխարհը՝ համայն մարդկութիւնը։ Աշխարհահռչակ մեծանուն՝ հարիւր տոկոս հայու ու հարիւր տոկոս ֆրանսացիի, մեծ երգչի, սիրոյ դեսպանի, մարդասէրի ու բարեգործի մահուան վիշտի հետ տակաւին չհամակերպուած, վէրքերը չսպիացած համայն հայութիւնը, հայ ազգը ու Հայաստան աշխարհը երկրորդ անգամ ցնցուեցաւ՝ կոր-սընցնելով երկրորդ մեծ զաւակը՝ աշխարհահռչակ առասպելական լուսանկարիչ Արա Կիւլէրը։

Կարճ ժամանակ առաջ՝ գրեթէ դար մը ապրած մեր երկու կենդանի առասպելները, հսկաները, մէկը՝ համաշխարհային երգարուեստի, երաժշտութեան ասպարէզէն, միւսը՝ համաշխարհային լուսանկարչութեան, ֆոթոլրագրութեան ասպարէզէն,  գրեթէ հասակակիցներ էին։ Շարլը ծնած Ֆրանսայի մէջ՝ 1924 թուականին, Կիւլէրը՝ Պոլիս 1928 թուականին։

Թէ՛ Շարլ Ազնաւուրի եւ թէ Արա Կիւլէրի պարագային կորուստը մեծ է ու անդառնալի, երկուքն ալ հայ ազգի պարծանքն էին՝ փառքն ու պատիւը աշխարհին մէջ։ Սակայն ֆրանսահայ աշխարհահռչակ շանսոնիէի պարագային իրավիճակը այլ էր։ Անոր  կորուստի վիշտը  յանձինն համայն աշխարհի, երկու ազգերը՝ հայերն ու ֆրանսացիները միասին սգացին, որ կարծես սփոփանք էր երկուստեք։

Արա Կիւլէրի մահուան գոյժը հայութեան համար առաւել ծանր  ու ցաւոտ էր. վստահաբար բան մը կը պակսէր, բան մը կիսատ էր, կարեւոր բացականեր կային։

Նմանապէս Թուրքիոյ Հանրապետութեան իշխանութիւններն ալ իրենց մեծ զաւկի՝ Արա Կիւլէրի պատուին վսեմաշուք յուղարկաւորութիւն էին կազմակերպած, բաց աստի մահուան գոյժը ստանալուն պէս բոլոր թրքական հեռատեսիլի կայանները քանի մը օր շարունակ ցաւակցութիւններ յղած էին, բազմիցս անդրադարձած էին առասպելական լուսանկարչի կենսագրական պատմութեան, ծաւալած գործունէութեան…

Արա Կիւլէր ինչպէս երկու ազգերու՝ հայերու եւ թուրքերու, այնպէս ալ համայն մարդկութեան սիրելին էր եւ կը դասուէր աշխարհի եօթ լաւագոյն լուսանկարիչներու շարքին։ Թերեւս Արա Կիւլէր միակ հայն էր, որ իր կենդանութեան օրօք, Իսթանպուլի մէջ մասնակցութիւն բերած էր սեփական թանգարանի բացմանը։

Յուղարկաւորութեան «Իսթանպուլի աչքին» հրաժեշտ տալու եկած էին պետական բարձրաստիճան այրեր, ազգականներ, ընկեր-բարեկամներ, Արա Կիւլէրի արուեստի սիրահարներ, բազմահազար երկրպագուներ աշխարհի զանազան անկիւններէն, արուեստագէտներ։ Ներկայ էր ամբողջ պոլսահայութիւնը՝ իւր երեւելիներով հանդերձ, աւա՜ղ անոնց շարքերուն մէջ կային բացականեր… 

Յուղարկաւորութեան ամբողջ ընթացքին սիրտս ցաւէն կը մխկտար, անբացատրելի թախիծ մը պատած էր հոգիս, ուղեղիս մէջ ալ հետեւեալ բանաստեղծական տողերը տեւական կը դառնային.

Մենք խու՛լ ենք կի­սով
Ա­մէն մի նոր ձայն թէեւ շուտ լսում,
Բայց ան­կա­րող ենք ե­տե­ւից գնալ… (Գէորգ Է­մին)

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2018