ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ի՞նչ կը նշանակէ Առակագիրին հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Մարդուն ընծան անոր ճամբայ կը բանայ ու զանիկա մեծերուն առջեւ կը տանի» (Առ 18.16):

Պատասխան. Իմաստունը այստեղ ողորմութեան կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը կը շեշտէ: Արդարեւ, երբ մարդ կ՚ողորմի, կ՚օգէն, ուրիշին օգտակար կը դառնայ, այդպիսով իր դիմաց բազմաթիւ ճամբաներ կը բացուին, որոնք տուեալ մարդը դէպի յաւիտենական երանութիւն, յաւիտենական հանգիստի կ՚առաջնորդեն:

Ողորմութիւնը մարդս գեղեցկացնող ամենէն ազդու առաքինութիւններէն մէկն է: Մարդ երբ ողորմութեան առաքինութեամբ սպառազինուի, ապա հոգեպէս կը գեղեցկանայ ու կ՚ազնուանայ եւ այդպիսով մեծ օգտակարութիւն կ՚ունենայ իր շրջապատին:

Այսօրուան նիւթականացած աշխարհին մէջ ողորմութիւնն ալ դժբախտաբար նիւթականացած է, այլ խօսքով, Տէր Յիսուսի թելադրութիւնը, թէ՝ «զգո՜յշ, Աստուծոյ հանդէպ ձեր պարտաւորութիւնները մարդոց ներկայութեան մի՛ կատարէք ցոյցի համար, որովհետեւ այդ պարագային վարձատրութիւն պիտի չստանաք ձեր երկնաւոր Հօրմէն:

Երբ ողորմութիւն կ՚ուզես տալ, փող ու թմբուկով մի ըներ՝ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու համար, ինչպէս կեղծաւորները կ՚ընեն ժողովարաններու մէջ եւ հրապարակներու վրայ՝ մարդոցմէ փառաւորուելու ակնկալութեամբ: Ընդհակառակը, երբ դուն ողորմութիւն կու տաս, ձախ ձեռքդ թող չգիտնա՛յ թէ ինչ կ՚ընէ աջ ձեռքդ: Այսպիսով ողորմութիւնդ գաղտնի ըրած կ՚ըլլաս, եւ քու երկնաւոր Հայրդ, որ անտեսանելի է եւ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.1-4), իր ազդեցութիւնը կորսնցուցած է, չըսելու համար մեր օրերուն մարդիկ ճիշդ հակառակը կը գործեն, սկսած անհատներէ հասնելով հաստատութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ նոյնիսկ եկեղեցիներու: Այսինքն, երբ այսօր մարդ մը, կազմակերպութիւն մը, եկեղեցի մը ողորմութիւն պիտի տայ, նախ եւ առաջ նկարահանող սարքերը կ՚ապահովուին, անոնց լաւ որակութիւնը կը ճշդուի, նկարները, տեսաերիզները լաւ որակ, գեղեցիկ ու ազդեցիկ ըլլալու հանգամանքը կը ճշդուի, նոր միայն ողորմութեան ուշադրութիւն կը դարձուի, որ ի միջի այլոց կը կատարուի, քանի որ նպատակը ո՛չ թէ կարօտեալին օգնելն է, այլ՝ նկարուիլն է ու աշխարհին ցուցադրելն է, թէ տեսէ՛ք ես/մենք ի՜նչ մարդասիրական գործ կը կատարենք: Պատճա՞ռը այս երեւոյթին. քանի որ բարեգործութիւն կամ ողորմութիւն ընողները, իրենց ողորմութիւն կամ բարեգործութիւն կատարող մարդոց դրութեան մէջ չեն մտներ, իրենց համար էական չեն անոնց ապրումները, անոնց բուն կարիքները, անոնց ներքին ներաշխարհը, իրենց համար կարեւորը ցուցադրութիւնն է, իրենց համար կարեւորը գովասանքի ու դրուատիքի խօսքերն են, որ կը փափաքին լսել այլոց կողմէ, իրենց համար կարեւորը մամուլի էջերուն մէջ իրենց նկարները տեսնելն է ու կարդալ՝ մեծատառով գրուած իրենց անունները եւ կատարած «բարեգործութեան» եւ կամ «ողորմութեան» մասին: Այս կերպ վարուող մարդիկ իրենց կատարած այդ բարեգործութիւնն ու ողորմութիւնը որպէս իրենց կողմէ կատարուած զոհաբերութիւն մը կ՚ընկալեն, մտածելով, աւելի ճիշդ հաստատ համոզում կազմելով, թէ իրենք իրենց ունեցածէն զոհաբերութիւն կը կատարեն:

Կարդանք սակայն, թէ Աստուած ի՛նչ կ՚ուզէ մարդէն. «Ես ողորմութիւն կ՚ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ» (Ովս 6.6: Մտ 9.13, 12.7): Ցանկացած ողորմութիւն որ զոհաբերութեան հասկացողութեամբ, այսինքն՝ առ ի պարտականութիւն, կամ պարտաւորութիւն կը կատարուի, մերժելի է եւ անընդունելի: Աստուած մեզմէ չ՚ուզեր, որ զուտ պարտականութիւն մը կատարելու համար ողորմինք, կամ օգնենք մեր նմաններուն, Աստուած կ՚ուզէ, որ նախ եւ առաջ մենք մտնենք այն մարդոց դրութեան մէջ, որոնց կ՚ուզենք ողորմիլ, օգնել: Ասոր գերագոյն օրինակը մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսն է, որ օգնելու համար մեզի, փրկելու համար մեզ եւ մեզ վերստին Աստուծոյ որդեգրութեան արժանացնելու համար երկինքէն երկիր իջաւ, մարդացաւ՝ մեր նման մարդ եղաւ, մեր դրութեան մէջ մտաւ, որպէսզի փրկէ ու ազատէ մեզ: Սա՛ ողորմածութեան, ողորմածասիրութեան գերագոյն օրինակ ու կեանքով եւ խաչի մահուամբ ու յարութեամբ փաստուած իրողութիւն մըն է: Հետեւաբար, մարդը եւս կոչուած է իր ողորմութիւնը, բարեգործութիւնը սրտանց կատարելու, սրտանց նուիրելու, առանց փոխարէնը սպասելու, քանի որ երբ մեր տուածին փոխարէնը կը սպասենք, այդպիսով մեր երկնաւոր Հօրմէն վարձատրու թիւն չենք ստանար. մինչ երբ մեր ողորմութիւնը գաղտնի կերպով կատարենք, ապա մեր երկնաւոր Հայրը որ անտեսանելի է, սակայն մեր բոլոր գործածները կը տեսնէ, մեզ յայտնապէս պիտի վարձատրէ:

Պետրոս Շանշեանց իր «Ուսումն պարտուց» գիրքին մէջ այսպէս կը գրէ ողորմութեան մասին.

* Մենք պարտաւոր ենք բարիք գործել մեր ընկերներուն, թէ՛ հոգեպէս եւ թէ՛ մարմնապէս, աշխատելով անոնց ներկայ եւ յաւիտնական երջանկութեան համար, ինչքան որ մեզմէ կախեալ է: Պարտաւոր ենք օգնել՝ երբ կարօտութեան կամ նեղութեան, հիւանդութեան կամ երկիւղի մէջ են, որքանով որ կրնանք օգնել:

Մարդ իր ընկերոջ օգնելով Աստուծոյ կամքը կատարած կ՚ըլլայ.

ա) Խղճմտանքով, որով կը կարեկցինք երբ աղքատութեան մէջ տեսնենք:

բ) Մարդկային անհաւասար վիճակը տեսնելով, որ հետեւանք է ընդհանուր մարդկային ընկերութեան եւ անկեղծ զգացումով շարժած ըլլալով՝ տառապեալներուն նեղութիւնը թեթեւցնելու, որովհետեւ ա՛յս է Աստուծոյ կամքը, որ մէկու մը հարստութեամբ լեցուի միւսին չքաւորութիւնը. «Բնաւ չեմ ուզեր ձեզ նեղութեան մատնել՝ ուրիշներու բեռը թեթեւցնելու համար. այլ կ՚ուզեմ որ հաւասարութիւն ըլլայ։ Կ՚ուզեմ որ ներկայիս ձեր վայելած առատութիւնը ծառայէ անոնց կարիքներուն, որպէսզի նաեւ անոնց առատութիւնը ձեր կարիքներուն ծառայէ եւ այդ ձեւով հաւասարութիւն ըլլայ. ճիշդ ինչպէս Սուրբ Գիրքին մէջ կ՚ըսուի. “Շատ հաւաքողին քով չաւելցաւ եւ քիչ հաւաքողին քով չպակսեցաւ”» (Բ. Կր 8.13-15): Այսպիսով, աղքատը կրնայ հարուստին մօտենալ, մէկուն բարերարութիւնը եւ միւսին շնորհակալութիւնը քաղցր կապով կը կապուին, գեղեցիկ միութիւն կը կազմուի եւ բոլորը միասին կը պաշտեն եւ կ՚օրհնեն Նախախնամութիւնը: Ս. Գիրքը կը պատուիրէ անդադար ողորմութիւն ընել. «Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկրին մէջ, քու քաղաքներէդ մէկուն մէջ, եթէ եղբայրներէդ մէկը աղքատ ըլլայ, խստասրտութիւն մի՛ ըներ ու աղքատ եղբօրդ ձեռքդ մի՛ գոցեր» (Բ. Օր 15.7). «Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս՝ անիրաւութեան կապերը քակելը, լուծին կապերը թուլցնելը, հարստահարութիւն կրողները ազատ թողուլը, ամէն լուծ կտրելը, հացդ անօթիին բաժնելը, թափառական տնանկները տունդ ընդունիլը, մերկ մը հագուեցնելը ու մարմինդ անտեսելն է» (Ես 58.6-7). «Եւ մի՛ մոռնաք բարեգործութիւն ընել եւ օգնել ուրիշներուն, որովհետեւ ատոնք են Աստուծոյ կամեցած զոհերը» (Եբր 13.16): Աւետարանին մէջ Քրիստոս կ՚ուսուցանէ մեզի, թէ պիտի յիշէ այն բարեգործութիւնը, որ մարդ աղքատին համար կը կատարէ. «Թագաւորը պիտի պատասխանէ անոնց. “Կ՚ըսեմ ձեզի, որովհետեւ իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք”» (Մտ 25.40):

Ողորմութիւնը ամենէն օգտակար եւ բարի գործն է, որով կրնանք մեր ունեցուածքը գործի դնել: Ի՞նչ զգացողութիւն կրնայ հաւասարիլ այն զգացողութեան, որ մեր մէջ կը ծնի ողորմութիւնը. մինչդեռ, աշխարհային ցանկութեան եւ փարթամութեան համար գործ դրած մեր ունեցուածքը եւ ստացուածքը մեզի միայն ունայն հաճոյք կու տան եւ շատ անգամ ալ մեր միտքին մէջ դառն յիշատակ կը ձգեն: Բարերարութիւնը գեղեցիկ ճանպարհ է, որով կրնանք նեղեալները, դժբախտներն ու կարօտեալները մխիթարել, որով անոնք նաեւ կրնան օրհնել Նախախնամութիւնը: Բարերարութիւնն է միջոցը՝ անոնց սիրտը գրաւելու, մեր տարաբախտ եղբայրները՝ աղօթքի հրաւիրելու եւ այսպիսի ժամանակաւոր գործերով՝ Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանալու. «Տուէք եւ Աստուած ձեզի պիտի տայ. պիտի տայ լաւ չափով, բերնէ բերան, զեղուն առատութեամբ։ Ինչ չափով որ ուրիշները չափէք, նոյն չափով Աստուած ձեզ պիտի չափէ» (Ղկ 6.38). «Եւ Աստուած կրնայ ամէն պարգեւ տալ ձեզի առատօրէն, որպէսզի միշտ ալ ունենաք այնքան՝ որքան պիտի բաւէր ձեր բոլոր կարիքներուն եւ աւելնար՝ ամէն տեսակի բարի գործերու յատկացուելու։ Ինչպէս Սաղմոսին մէջ գրուած է.«Առատօրէն բաշխեց եւ կարօտեալներուն տուաւ. Անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ»։ Եւ Աստուած, որ սերմնացանին սերմ եւ ուտելիք հաց կը պարգեւէ, ձեզի եւս պիտի սերմ պարգեւէ եւ զայն աճեցնէ, եւ բազմացնէ նաեւ ձեր արդարութեան արդիւնքները» (Բ. Կր 9.8-10):

Ի վերջոյ, կը պատահի նաեւ, որ մենք մեր հարստութիւնը կը կորսնցնենք կամ ժառանգ կը ձգենք մեր մահանալէն ետք, բայց երբ ողորմութեան համար ի գործ դնենք՝ զայն մեզի հետ յաւիտենական աշխարհ կը տանինք. «Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տիրոջ փոխ կու տայ ու Ան անոր հատուցում պիտի ընէ» (Առ 19.17). «Ողորմած մարդը իր անձին աղէկութիւն կ՚ընէ, բայց անողորմ մարդը իր մարմինին նեղութիւն կու տայ» (Առ 11.17). «Այդպիսով իրենք իրենց համար կ՚ամբարեն գանձ մը՝ որով ամուր հիմ նետած կ՚ըլլան հանդերձեալին մէջ, ճշմարիտ կեանք ձեռք ձգելու համար» (Ա.Տմ 6.19):

Իւրաքանչիւր մարդ իր կարողութեան չափով պարտաւոր է ողորմութիւն ընել, մանաւանդ՝ հարուստները: Չկայ մարդ, որ նման աստուածահաճոյ գործ մը կատարելու պարտաւորուած չըլլայ, որ միաժամանակ իր անձին համար ալ օգտակար է: Պօղոս առաքեալ կը պատուիրէ ո՛չ միայն ծանր բեռ չդառնալ ուրիշներուն, այլ՝ աշխատիլ ուրիշներուն օգնելու կարողութիւն ունենալու չափով. «...այլ՝ վարժուի արդար վաստակով ո՛չ միայն իր հացը շահելու, այլ նաեւ բարիք գործելու, օգնելով անոնց՝ որոնք կարօտ են» (Եփ 4.28): Այս հանգամանքներուն մէջ եղած ողորմութիւնը ամէն բանէ թանկագին է, ինչպիսին էր այրի կնոջ լուման, որ Փրկիչը հարուստներու տուրքէն աւելի մեծ համարեց: Այս օրինակը գեղեցիկ քաջալերութիւն մըն է այն մարդոց համար, որոնք այսպիսի վիճակի մը մէջ կը գտնուին: Արդարեւ, աղքատներ կան, որոնք տալու բան չունին, բայց կրնան իրենց ընկերոջ օգնել՝ ուրիշներուն յայտնելով անոր կարօտութիւնը եւ միջնորդելով անոր համար: Չքաւորները կրնան գործի մէջ իրարու օգնել, հիւանդութեան ժամանակ՝ պահպանել ու խնամել եւ այնպիսի ծառայութիւններ կատարել, որոնք շատ անգամ աւելի մեծ են քան՝ առատ ողորմութիւնները:

Մարդ պարտաւոր է խոհեմութեամբ ողորմութիւն կատարել, ճանչնալով կարօտ եղող անձերը, որոնց կ՚ուզէ ողորմիլ, ընտրելով միջոցը՝ որով պէտք է ողորմիլ, երբեք չհպարտանալ, այլ՝ հեզութեամբ եւ ողորմութեամբ ողորմութիւն կատարել. «Քու դրացիիդ բնաւ մի՛ ըսեր՝ “գնա՛ ու դարձեալ եկո՛ւր եւ վաղը կու տամ”, երբ քու քովդ կայ» (Առ 3.28). «Իւրաքանչիւրը թող տայ՝ նայած իր սրտին յօժարութեան եւ ո՛չ թէ չկամութեամբ կամ պարտաւորուած զգալով. որովհետեւ Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ» (Բ. Կր 9.7). «Կը բաւէ որ նուիրելու յօժարութիւնը ունենաք, եւ Աստուած կ՚ընդունի ձեր նուէրը, եթէ ձեր ունեցածին համապատասխան է. որովհետեւ ձեր չունեցածը չի սպասեր ձեզմէ» (Բ. Կր 8.12):

Ողորմութիւնը պարտաւոր ենք կատարել նաեւ Աստուծոյ սիրոյն համար. «Եւ ով որ այս փոքրիկներէն մէկուն նոյնիսկ գաւաթ մը պաղ ջուր կու տայ խմելու՝ Իմ աշակերտս ըլլալուն համար, վտահ եղէք, որ իր վարձատրութիւնը պիտի չկորսնցնէ» (Մտ 10.42). «Ինչ որ ալ ընէք՝ սրտանց ըրէք, այնպէս՝ ինչպէս պիտի ընէիք Տիրոջ, եւ ոչ՝ մարդոց» (Կղ 3.23):

Ողորմութեան ժամանակ պարտաւոր ենք մարդոց դատողութեան չնայիլ, այլ՝ աշխատիլ միշտ առատօրէն տալ եւ քիչ տալէն զգուշանալ, մեր միտքին մէջ ունենալով Պօղոս առաքեալին խօսքը. «Յիշեցէք, թէ ով որ քիչ կը սերմանէ՝ քիչ ալ կը հնձէ. եւ ով որ առատօրէն կը սերմանէ՝ առատօրէն ալ կը հնձէ» (Բ. Կր 9.6): Պարտաւոր ենք նաեւ զգուշանալ, որ մեր ողորմութիւնը ի ցոյց մարդոց եւ հանդիսաւոր կերպով չըլլայ, այլ՝ Աստուծոյ փառքին համար. «Երբ դուն ողորմութիւն կու տաս ձախ ձեռքդ թող չգիտնա՛յ թէ ինչ կ՚ընէ աջ ձեռքդ։ Այսպիսով ողորմութիւնդ գաղտնի ըրած կ՚ըլլաս, եւ քու երկնաւոր Հայրդ, որ անտեսանելի է եւ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.3-4):

Ողորմութիւն ընդունող մարդիկը իրենց կարգին պարտաւոր են շնորհակալութիւն յայտնել՝ ստացած բարերարութեան համար, անհրաժեշտութեան պարագային՝ ուրիշներուն առջեւ խօսիլ ընդունած ողորմութեան մասին, պատահած տեղը կամ ի զօրու եղած ժամանակ ցոյց տալ բարի ծառայութիւն, միշտ աղօթել բարերարին գերդաստանին համար: Նմանատիպ բարերարութիւն կատարեց Դաւիթը իր Յովնաթան զաւակին որդիին՝ Մեմփիբոսթէին. «Դաւիթ անոր ըսաւ. “Մի՛ վախնար, քանզի քու հօրդ Յովնաթանին սիրոյն համար քեզի անշուշտ բարերարութիւն պիտի ընեմ ու քու հօրդ Սաւուղին բոլոր արտերը քու վրադ պիտի դարձնեմ ու դուն միշտ իմ սեղանս հաց պիտի ուտես”» (Բ. Թգ 9.7): Դաւիթ իր Սողոմոն որդիին առաջարկեց բարերարութիւն գործել Բերսաբէի որդիներուն, որովհետեւ անոնց հայրը հաւատարմութիւն եւ մեծահոգութիւն ցոյց տուած էր. «Աղքատացնողն ու հարստացնողը, ցածցնողն ու բարձրացնողը Տէրն է» (Ա. Թգ 2.7):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 65

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2023