Դարձեալ Ճեմարան Եւ Անպայման՝ Հալէպ

Կրկին ան­գամ այդ ե­րե­կոյ մեզ բո­լորս մէկ եր­դի­քի տակ մէկ­տե­ղո­ղը, Հա­լէ­պի մեր Ճե­մա­րա­նի ե­րախ­տա­պարտ շրջա­նա­ւարտ­նե­րով կազ­մուած միու­թիւնն էր: Ը­սի՛, Ճե­մա­րան. խօսքս Քա­րէն Եփ­փէ Ազ­գա­յին Ճե­մա­րա­նի մա­սին է: Այն՝ որ մե­զի հա­մար կեանք էր եւ պատ­մու­թիւն: Հոն էր, որ մե­զի, հա­յե­րէն լե­զու, գիր, գրա­կա­նու­թիւն, պատ­մու­թիւն եւ տա­կա­ւին ա­ռողջ հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն ըն­ծա­յուե­ցաւ: Ա­ռա­ւել՝ մար­դա­կեր­տում, ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւն, հա­յա­կեր­տում, կառ­չած մնալ հայ­րե­նի­քին: Ու մենք իբ­րեւ սա­ներ, ըն­թա­ցա­ւարտ կամ ոչ, այս բո­լո­րը ի­րե­րա­յա­ջորդ տա­րի­նե­րով ըն­կա­լե­ցինք ա­մենէն լրջու­թեամբ, իր թի­թե­ղեայ եւ կամ քա­րէ եր­դիք­նե­րուն տակ, միա­ժա­մա­նակ փայ­փա­յե­լով մեր գու­նա­ւոր եւ ան­գոյն ե­րազ­նե­րը:

Ա­հա թէ ինչ­պէս մենք տի­րա­ցանք հա­յու վե­րապ­րու­մի գաղտ­նի­քին:

Ճե­մա­րանն էր, որ նաեւ գրա­կան ճա­շակ, գրա­կա­նու­թիւն եւ կամ այլ մաս­նա­գի­տու­թիւն մշա­կել փոր­ձող իր սա­նե­րուն, հայ միտքն ու ե­րա­զը կի­սեց, բաժ­նեց հայ գի­րին ու գի­տու­թեան բոյ­րե­րը: Ու տա­րի­ներ ետք, նոյն այդ շրջա­նա­ւարտ սե­րունդ­նե­րը ստանձնե­ցին Սփիւռ­քի զա­նա­զան գա­ղութ­նե­րէն ներս՝ ազ­գա­յին ղե­կա­վա­րու­թիւն:

Միտքս ա­ւե­լի պար­զեմ: Այդ ե­րե­կոյ ե­կած էինք տա­րե­կան ձեռ­նար­կի մը մաս­նա­կից դառ­նա­լու, որ խոր­քին մէջ ու­րիշ բան չէր, ե­թէ ոչ ա­շա­կեր­տա­կան կամ ու­սա­նո­ղա­կան գե­ղե­ցիկ ու հա­ճե­լի հա­մախմ­բում մը, բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք Զա­րե­հա­կերտ Ճե­մա­րա­նը յա­ճա­խած էին ու հի­մա զայն կը յի­շէին ե­րախ­տա­պար­տօ­րէն:

Պէտք է նաեւ շեշ­տեմ, որ ա­մէն տա­րի, առ ի յար­գանք եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն, նման ձեռ­նար­կը կը նուի­րուի կամ պի­տա­կուի ոչ միայն Ճե­մա­րա­նի տնօ­րէն­նե­րէն մէ­կուն, այլ նաեւ ա­ռի­թէն օգ­տուե­լով կը հա­մախմ­բէ գա­լի­ֆոր­նիաբ­նակ կամ ոչ, 25 կամ 50 տա­րի­ներ ա­ռաջ վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը:

Ու այս­պէս, իբ­րեւ ե­րախ­տա­պարտ եւ մա­նա­ւանդ ա­ղուոր ա­ւան­դու­թիւն մը յար­գո­ղի նման, այդ ե­րե­կոյ ճե­մա­րա­նա­կան­ներս, ըն­դա­ռա­ջե­լով մեր վար­ժա­րա­նի սի­րոյն հա­մախմ­բուե­լու ազ­նիւ կո­չին, գե­ղե­ցիկ սրա­հի մը մէջ հա­ւա­քուած էինք, կրկին ան­գամ իբ­րեւ մա­քուր եւ սուրբ ուխտ՝ Ճե­մա­րա­նը շնոր-­հա­պարտ վեր­յի­շե­լու ա­նուշ շա­րա­կա­նի նման:

Ը­սեմ, որ դժբախ­տա­բար ճա­կա­տագ­րի բե­րու­մով, կա­մայ եւ թէ ա­կա­մայ, գրե­թէ բո­լորս ալ հե­ռու էինք Իր­մէ: Ա­նոր հա­մար էր, որ ա­մէն բան յի­շա­տա­կի գե­ղեց­կու­թեան նման, մշու­շա­պատ մեր մէջ կ՚արթն­նար, իբ­րեւ բաց գիրք. ան­խար­դախ եւ հա­րա­զատ:

Ան­կեղ­ծօ­րէն եւ անզ­գա­լա­բար բո­լորս ալ ուժգ­նօ­րէն թա­փան­ցուած էինք յի­շա­տակ­նե­րով ու միա­ժա­մա­նակ մեր ակ­նարկ­ներն ու կեան­քե­րը Ճե­մա­րա­նի կող­քին կեդ­րո­նա­ցու­ցած էինք նաեւ մեր ծննդա­վայր Հա­լէ­պի վրայ: Զգա­լի էր, որ մեր հո­գի­նե­րուն մէջ ստեղ­ծուած էր ան­կոչ հո­գե­կան փո­թո­րիկ­ներ, իսկ մեր մտքե­րուն մէջ ալ՝ ա­նօ­րի­նակ տաղ­տուկ:

Իւ­րա­քան­չիւր սե­ղան եւ կամ սե­ղա­նա­կից, մեր քա­ղա­քի եւ դպրո­ցի մա­սին, խօսք մը, յուշ մը ցաւ մը ու­նէր ար­տա­յայ­տե­լու եւ յատ­կա­պէս ա­նի­ծե­լու սա­տա­նա­յին, որ այդ պատ­մա­կան քա­ղաքն ու մեր Ճե­մա­րա­նը վե­րա­ծած էր մե­րօ­րեայ ա­րիւ­նա­քամ ռազ­մա­դաշ­տի մը:

Ու տա­րի­նե­րու հե­ռա­ւո­րու­թե­նէն կա­րօ­տով եւ լու­սա­ւոր զգա­ցու­մով յի­շե­ցինք ա­մէն բան: Ներ­քին ձայ­ներ սկսած էին ան­հան­դարտ, վշտա­լի ու խռո­վա­լի սրտի նման մե­զի հին եւ նոր բա­ներ յու­շել: Թէեւ լա­ւա­տե­ղեակ էինք, որ ա­մէն մարդ իր ճա­կա­տա­գի­րը կը ժա­ռան­գէ, սա­կայն այս օ­րե­րուն, հոն՝ մար­դը դար­ձած էր մար­դուն ճա­կա­տա­գի­րը: Հոն, այդ պատ­մա­կան քա­ղա­քին մէջ ա­տե­լու­թիւն կար: Բա­ցա­յայտ էր: Քա­ղա­քա­կան պատ­ճառ­նե­րու իբ­րեւ հա­րա­զատ ար­դիւնք՝ հոն մեր հայ գա­ղու­թը դա­տա­պար­տուած է ա­մէ­նօ­րեայ մնա­յուն Ա­ւա­րայր մղե­լու։

Մեր բա­ռե­րուն մէջ եւ հետ կը փնտռէինք այն դէմ­քերն ու գոյ­նե­րը, ո­րոնք մեր կեան­քը ա­ռաջ­նոր­դած էին: Բո­լորս ալ անխ­տիր մտքով «կը քա­լէինք» մեր ապ­րած թա­ղե­րէն, փո­ղոց­նե­րէն, դա­սա­րան­նե­րէն, ո­րոնք կար ժա­մա­նակ, նռան կու­տե­րուն նման կը վխտա­յին ա­շա­կերտ­նե­րով, մար­դոց­մով: Մէկ խօս­քով կեան­քի ժխո­ռով:

«Կը քա­լէինք» փնտռե­լով նոյ­նիսկ մեր թա­ղե­րուն կա­տու­նե­րը, ծա­ռե­րը, կի­սա­մութ տու­նե­րը, պար­տէզ­նե­րը, սրճա­րան­նե­րը, մեր ու­սու­ցիչ­ներն ու դա­սա­րան­նե­րը, քննու­թեան պա­հե­րը, կա­տակ­նե­րը, մեր չա­րու­թիւն­նե­րը, ա­ւե­լին՝ փո­ղո­ցի մար­դոց կան­չերն ու սի­րա­յին փսփսուք-նե­րը, տու­նե­րու տա­նիք­նե­րէն ու պատշ­գամ­նե­րէն լսուող հա­յե­րէն կամ ա­րա­բե­րէն քաղցր եր­գե­րը, ե­կե­ղե­ցի­նե­րու խա­չերն ու ա­նոնց զան­գակ­նե­րու ղօ­ղան­չը, մզկիթ­նե­րէն ար­ձա­գան­գող ա­ղօթք­նե­րը, գի­շե­րա­յին գի­րուկ պա­հակ­նե­րը ու …:

Ու­րա­խու­թեամբ կը վեր­յի­շէինք: Գրե­թէ խո­նաւ աչ­քե­րով:

Հոն, տա­կա­ւին մօ­տիկ ան­ցեա­լին միշտ ար­ցուն­քէն ա­ւե­լի ժպիտ կար, եւ ու­րա­խու­թիւն՝ վիշ­տէն: Այդ բո­լո­րը հո­գի կը դնէին մեր ժա­մե­րուն մէջ եւ շունչ կու տա­յին մեր ա­ռօ­րեա­յին եւ ա­ղուոր ան­կեղ­ծու­թեամբ ու պար­զու­թեամբ մեր կեան­քը կ՚ար­ժե­ւո­րէին: Հոն, ինչ­պէս սո­վոր է ը­սել, Սփիւռ­քի այդ մայր գա­ղու­թին եւ ա­նոր Ճե­մա­րա­նին մէջ, ան­ցեալ մը կար յա­ւեր­ժա­կան եւ պատ­մա­կան, հա­յա­հունչ, կեն­սու­նակ, նոյն­քան ալ օ­րի­նա­կե­լի ու ա­ռաս­պե­լա­կան:

Նման մթնո­լորտ ու կեանք ու­րիշ տեղ կա­րե­լի չէ գտնել: Սա­կայն օր մըն ալ յան­կարծ՝ հոն խա­ղա­ղու­թիւ­նը սուտ դար­ձաւ ու ա­մէն ե­րազ «չոր­ցաւ»:

Իմ կար­գիս «կը քա­լեմ» նաեւ ես: Չէ որ ես ալ վեր­ջա­պէս այդ քա­ղա­քի հա­րա­զատ ծնունդն եմ: Զա­ւա­կը եւ կամ հա­զա­րա­ւոր զա­ւակ­նե­րէն մէ­կը: «Կը քա­լեմ» քա­ղա­քիս փո­ղոց­նե­րէն, «կը դի­տեմ» Ճե­մա­րանս, ու­սու­ցիչ­ներս, ըն­կեր­ներս ու հա­րա­զատ­ներս եւ ա­պա մեր թա­ղը, մեր տու­նը: «Կը մտնեմ» մեր բա­կը ու «կը տես­նեմ» ա­տե­լու­թեան ծու­խը, որ կը կուրց­նէ աչ­քերս: Ինք­նա­բե­րա­բար կը փա­կեմ աչ­քերս: Ու ինչ հրաշք կը տես­նեմ, որ Աս­տուած ինքն ալ իր աչ­քե­րը փա­կած է այդ ծու­խէն, եւ այդ ան­մարդ­կա­յին ա­մօ­թէն:

Ա­պա ինչ­պէս միշտ սթա­փե­լով, կա­րօ­տը սրտիս կը վե­րա­դառ­նամ էու­թեանս, հա­ւա­տա­լով, որ խոր ցնցու­մը ներսս է. են­թա­գի­տակ­ցու­թեանս մէջ: Բարդ զգա­ցում:

Իսկ հի­մա հոս, այս սրա­հին մէջ, Ճե­մա­րա­նի սի­րոյն եւ յի­շա­տա­կուած տնօ­րէ­նով եւ կէս դար ա­ռաջ հոյլ մը շրջա­նա­ւարտ­նե­րով շրջա­պա­տուած, բո­լորս ալ մտո­վի կ՚ը­սենք.-

-Հա­լէպ եւ Ճե­մա­րան, Դո՛ւք գե­ղե­ցիկ էիք եւ այդ­պէս ալ կը մնաք մե­զի հա­մար, ժուժ­կալ ու զուսպ, հա­րա­զատ ու հայ, հիւ­րըն­կալ ու ար­դար: Դուք մտքի ու հո­գիի հայ­րե­նիք­ներ ալ էիք, ու միշտ մե­զի պա­հե­ցիք Ա­րա­րա­տի յու­շե­րով ու Սե­ւա­նի կա­պոյտ գոյ­նով: Կեան­քի, հայ կեան­քի ա­պա­հով պա­րիսպ ալ էիք: Ձեր մօտ ա­ռանց սա­կար­կու­թեան նուի­րուա­ծու­թիւն կար: Կար նաեւ դա­րա­ւոր սէր եւ ա­ւան­դու­թիւն, եւ ին­չու չէ նաեւ ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւն եւ հա­ւա­տար­մու­թիւն: Ու մենք այս զգա­ցու­մը մեր հոգ­ւոյն խո­րը պա­հած էինք ամ­րօ­րէն ու տա­կա­ւին կը պա­հենք: Ինչ­պէս կրնանք մոռ­նալ Ձեզ՝ եր­կուքդ:

Ու գրե­թէ յու­զուած, ես ալ մտո­վի կ՚ա­ւելց­նեմ.-

-Դո՛ւն, սի­րե­լի Ճե­մա­րանս, դուն որ շու­տով 70 տա­րե­կան պի­տի դառ­նաս, այդ ե­րե­կոյ քու սի­րոյդ եւ քե­զի հա­մար ու­րա­խա­նա­լու եւ նոյ­նիսկ քեզ­մով ջեր­մա­նա­լու ե­կած ու հա­ւա­քուած էինք: Հա­ւա­տա՛: Քեզ յի­շե­ցինք՝ ա­ռա­տօ­րէն ու քաղցր: Լա­ւա­տե­ղեակ էինք, որ այդ ա­նի­ծեալ եւ մա­նա­ւանդ ու­րիշ­նե­րու պա­տե­րազ­մը սպառ­նա­ցած էր նաեւ քե­զի ու նաեւ մեր գա­ղու­թի տա­րի­նե­րու պատ­մու­թեան է­ջե­րուն:

Գի­տեմ, որ հոն տա­կա­ւին մար­դիկ կան, հայ մար­դիկ, ո­րոնք կը պայ­քա­րին կեան­քի այս ա­պե­րախտ պայ­ման­նե­րուն դէմ ու ի­րենց կեան­քով կը փոր­ձեն կեն­դա­նի պա­հել նաեւ քեզ:

Հպար­տօ­րէն ը­սեմ, որ հոս ալ մենք՝ մեր նիւ­թա-բա­րո­յա­կան օ­ժան­դա­կու­թեամբ քեզ «կը պա­հենք» մեր սրտե­րուն ու հո­գի­նե­րուն մէջ, իբ­րեւ մեր հա­րա­զատ ու ազ­գա­յին մեծ գանձ:

Ուս­տի, Սի­րե­լի Ճե­մա­րան՝ նախ ջերմ բա­րեւ մը քե­զի եւ քու ա­ռա­քե­լու­թեանդ հա­ւա­տա­ցողնե­րուն ու քեզ կան­գուն պա­հող­նե­րուն, ու ան­պայ­ման՝ շնոր­հա­կա­լու­թեան տա­քուկ խօսք մը, Գա­լի­ֆոր­նիոյ մեր Ճե­մա­րա­նա­կան­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեան:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

«Եռագոյն» կայքէջ

 

 

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 24, 2016