ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակագիրին հետեւեալ խօսքերը. «Թագաւորին առջեւ մի՛ պարծիր եւ մեծերուն տեղը մի՛ կենար, վասնզի աղէկ է որ քեզի ըսեն թէ “հո՛ս, վեր ելիր”, քան թէ վար իջեցնեն քեզ իշխանին առջեւ» (Առ 25.6-7):

Պատասխան. Այս համարներուն բացատրութիւնը կը գտնենք Տէր Յիսուսի խօսած հետեւեալ առակին մէջ: Ղուկասու Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Յիսուս տեսնելով թէ ի՛նչպէս հրաւիրեալները պատուոյ տեղերը կը փնտռէին, անոնց հետեւեալ առակը պատմեց.

- Եթէ մէկը քեզ հարսանիքի կամ խնջոյքի հրաւիրէ, սեղանին գլուխը մի՛ նստիր, որովհետեւ կրնայ ըլլալ որ քեզմէ աւելի յարգելի անձ մըն ալ հրաւիրուած ըլլայ: Այն ատեն քեզ եւ զայն հրաւիրողը պիտի գայ եւ քեզի ըսէ՝ “տեղդ իրեն տուր”: Եւ դուն խայտառակ ըլլալով՝ ամենէն վերջին աթոռին պիտի նստիս: Ընդհակառակը, երբ կը հրաւիրուիս՝ գնա եւ վերջին աթոռին նստէ, որպէսզի երբ քեզ հրաւիրողը գայ, ըսէ քեզի՝ “բարեկա՜մ, վե՛ր հրամմէ”: Այն ատեն դուն հրաւիրեալներուն մօտ պատուըուած պիտի ըլլաս: Որովհետեւ՝ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, իսկ ով որ իր անձը կը խոնարհեցէ՝ պիտի բարձրանայ» (Ղկ 14.7-11):

Մեր առօրեայ կեանքին մէջ յաճախ կը հանդիպինք նմանօրինակ երեւոյթներու եւ ականատես կը դառնանք, թէ ինչպէս մարդիկ հաւաքոյթներու, հանդիսութիւններու եւ խնջոյքներու ընթացքին, կը շտապեն գրաւել պատուոյ տեղերը, սակայն յանկարծ, կազմակերպիչները մօտենալով անոնց՝ կը տեղեկացնեն, թէ իրենց զբաղեցուցած այդ տեղերը ուրիշներու կը պատկանին, որով ո՛չ հաճելի վիճակի կը մատնուին:

Մարդ արարածը փառքի ետեւէ պէտք չէ երթայ եւ ո՛չ ալ վազէ, այլ ձգէ որ փառքը իր ետեւէն վազէ: Մարդը պէտք չէ հպարտանայ ու ամբարտաւանութեամբ վարուի իր չորս կողմը եղողներուն հետ, որովհետեւ այդպիսով ինքզինք արժեզրկած կ՚ըլլայ, ընդհակառակը, բոլորին հետ պէտք հաւասար կերպով, խոնարհութեամբ եւ պարզութեամբ վարուի:

Հպարտութիւնը մարդս մահուան եւ յաւիտենական կորուստի կ՚առաջնորդէ, մինչ խոնարհութիւնը զայն դէպի երկինք կը բարձրացնէ:

Հպարտութիւնը մարդս կը դատարկէ իր մարդկայնութենէն, մինչ խոնարհութիւնը զայն կը զարդարէ աստուածային շնորհքներով:

Հպարտութիւնը մարդս կը տգեղցնէ ու կը խամրեցնէ, մինչ խոնարհութիւնը զայն կը թարմացնէ եւ կը զարդարէ առաքինութիւններով:

Սուրբ Օգոստինոս Երանելին կը գրէ. «Հպարտը թո՛ղ որ աշխարհիկ հարստութիւններ փնտռէ եւ սիրէ զանոնք, սակայն՝ “երանի հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ ի՛րենցն է Երկինքի Արքայութիւնը”»: Ուրիշ տեղ մը կը գրէ. «Տէրը հպարտ փարիսեցիի մը տունը նստեցաւ (Ղկ 7.36), ինչպէս ըսի անոր տան մէջ էր բայց ո՛չ անոր սիրտին մէջ, միւս կողմէ սակայն, հարիւրապետին տունը չմտաւ, բայց եւ այնպէս տիրեց անոր սիրտին (Մտ 8.8):

Զակքէոսը Տէրը ընդունեց թէ՛ իր տունէն եւ թէ՛ ալ իր սիրտէն ներս (Ղկ 19.6): Իսկ հարիւրապետին հաւատքը գովաբանուեցաւ, անոր խոնարհութեան պատճառով, որովհետեւ ըսաւ. “Ես արժանի չեմ Քեզ իմ յարկիս տակ ընդունելու…” (Մտ 8.8): Եւ Տէրը պատասխանեց. “Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ նոյնիսկ Իսրայէլի մէջ այսպիսի հաւատք ունեցող մը չգտայ” (Մտ 8.10), ասիկա՝ ըստ մարմին, որովհետեւ հոգիով “իսրայէլացի էր”: Քրիստոս իսրայէլացիներուն համար եկաւ՝ ըստ մարմին, այսինքն՝ հրեաներուն, նախ եւ առաջ այս ժողովուրդին մէջ փնտռելով կորսուած ոչխարները, Իր մարմինն ալ այս ժողովուրդէն առաւ: Ըսաւ. “Այսպիսի հաւատք չգտաւ”: Մենք կրնանք մարդոց հաւատքը չափել, ինչպէս որ մարդիկ զայն կը դատեն, սակայն Տէրը, որ կը տեսնէ թէ ի՛նչ կայ ներսիդին եւ որուն ո՛չ ոք կրնայ խաբել, վկայեց այդ մարդու սիրտին մասին՝ լսելով խոնարհութեան խօսքերը եւ յայտարարելով բժշկութեան խօսքը»:

Աւարտենք, Սուրբ Եփրեմ Ասորիի հետեւեալ ազդեցիկ համեմատութեամբ, թէ խոնարհութեան միջոցով բազմաթիւ մարգարէներ եւ սուրբեր ի՜նչ բաներու հասան: Սուրբը կը գրէ.

«Խոնարհութիւնը Աբրահամին Աստուծոյ ընկերը դարձուց եւ երկնային ընթրիքին մէջ՝ առաջին բազմողներէն մէկը:

Հեզութիւնը փրկեց Իսահակին զոհ մատուցուելէ:

Յակոբին՝ օրհնութիւններու ժառանգորդ դարձուց:

Յովսէփին՝ արքայութիւն պարգեւեց:

Մովսէսին՝ լուսապսակով զարդարեց:

Ահարոնին՝ քահանայապետ դարձուց:

Յեսուին՝ ժողովուրդի առաջնորդ:

Դաւիթին՝ թագաւորութիւն պարգեւեց:

Գեդէոնին՝ յաղթանակ:

Նեփթաղիմին՝ դիւցազնական ամրութիւն:

Եզեկիային՝ փրկութիւն:

Եղիային՝ երկինք հանեց:

Եղիսէին՝ հոգի տուաւ:

Սամուէլին՝ օծման եղջիւր:

Եսայիին՝ վսեմ տեսիլքներ:

Յովնանին՝ ծովէն հանեց:

Մէկ խօսքով, խոնարհութիւնը կը փառաւորէ սուրբերուն թէ՛ վաղնջական, թէ՛ ներկայ ժամանակներուն»: Եւ ուրիշ տեղ մը կը գրէ. «Խոնարհութիւնը Արքայութեան ուղին է, երկնային դուռը, երկնային այգին, քաղցրաւենիքին սեղանը, բարիքներու սկիզբը, օրհնութիւններու աղբիւրը, ապաւէնը, որը յուսախաբ չ՚ըներ իրեն դիմողներէն եւ ոչ մէկուն: Անով կը մաքրուին մեղաւորները, կ՚արդարանան յանցաւորները, ճշմարիտ ուղի կը վերադառնան մոլորեալները, կը փրկուին կործանուածները, կը փառաւորուին մարտնչողները, կը պսակադրուին յաղթանակողները»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 125

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024