ՏԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ
Եւրոպայի ընկերային-տնտեսական դրոյթը 19-րդ դարուն Մարքսեան որակումով կոչուեցաւ «դրամատիրական հասարակարգ», որ հիմնուած է ունենալու, աւելի ունենալու, անյագօրէն ունենալու, անշուշտ այլոց հաշւոյն. բնազդային է, որ սակայն հետագային ունեցաւ անշուշտ իր պաշտպան փաստաբաններն ու տնտեսագէտները՝ արդարացնելու համար ինչ որ կազմաւորուած է իբրեւ մարդկութեան իտէալ իրաւակարգ:
Պատմութեան ծննդոցէն երկրի առաջնորդները եղած են ուժեղ ընտանիքներու տիրական անձերէ, կամ անձէ մը իբրեւ գլխաւոր եւ ուրիշ բան չէր կրնար ըլլալ, սակայն՝ բանակի հրամանատար մը կը բաւէր որ երկրի ղեկը ձեռք առնէր. ուժը կը ներգործէր. ու տակաւին ի զօրու է ուժը, միայն միջոցներն ու կերպերը կը փոխուին կամ՝ տուեալները նկատելով ուժ հասկացողութեան բազմատեսակնութիւնը, որմէ՝ դիրք, ժողովրդականութիւն եւ կարեւորագոյններէն՝ տնտեսականը:
Երկու հազարամեակ առաջ ստոյիկեան փիլիսոփայ Սենեքա կ՚ըսէր, թէ երկրի մը մէջ պէտք է փիլիսոփայ ըլլայ, որպէսզի կարելի ըլլայ խաղաղ եւ արդար իշխանութիւն, սակայն, ափսո՜ս…
Ինչ որ մարդու կը վերաբերի, անշուշտ չի սահմանափակուիր պետութեամբ կամ փիլիսոփայութեամբ, այլ՝ ինչ որ անհրաժեշտ է պաշտամունքի վարժ մարդ արարածին, իբրեւ տկար էակի մը՝ որ կը նայի բնութեան ուժերուն. կը հիանայ մերթ, յաճախ կը վախնայ ու ապաստան կը փնտռէ, հովանաւոր մը, տէր մը, որմէ առնէ ուղղութիւն եւ ոչ միայն երկրաւոր, այլ՝ երկնաւոր կեանքի թեկնածուն ըլլայ, նայած երկրի պայմաններուն, պարագաներուն, ունենայ կրօն մը, հաշտուելու ներկայ եւ ապագայ երազանքին հետ:
Հեռուները չերթալու համար, մինչեւ Տատիզմ, Պուտտիզմ, ինծի համար ցաւալի է Զրադաշտականութեան գրեթէ անհետացումը (միայն 150 հազար հետեւող) որմէ՝ «Այսօր աղքատ մը տեսա՞ր, կերակրեցի՞ր եւ գինի ալ խմցուցի՞ր» նոյնքան եւ առաւել ցաւալի քրիստոնէութեան թիւրիմացութիւնն ու գործադրութեան անկարելիութիւնը, ասոր ամենէն աչքառու փաստը տակաւին բաժանուածութիւնն է եւ չես գիտեր որո՞նց համար գրուած են այն բազմաթիւ յորդորներն ու ցուցմունքները, որպէսզի հետեւորդները իբրեւ ճրագ ու զէնք գործածեն ու ըլլան մխիթարանք եւ սփոփանք վերացնելու համար տարակարծութիւններն ու ինչ որ գլխաւորներէն է՝ պատերազմներն ու սովամահութիւնը:
Եթէ դրամատիրութիւնը ունենալու, աւելի՛ ունենալու «աղօթարան»ը ունի եւ աշխարհի մեծահարուստներն ու կեղեքիչները քրիստոնեայ կոչուածներն են, մինչ քրիստոնէութիւնը տալու, նուիրուելու վրայ հիմնուած է, փաստ՝ խաչելութիւնը, ինչպէս նաեւ կանքը առաքեալներու, որոնք ի բացառեալ Յովհաննէսէն, զոհուեցան:
Դժբախտաբար, թէեւ մարդկայնական փիլիսոփաներ, հոգեւորներ, հասած են աստուածութեան, սակայն ժողովրդային խաւը տակաւին իր հորիզոնական ընթացքով կ՚ընթանայ եւ ոչինչ տարբեր է…անասնականէն:
Երազային է ու բանաստեղծական ամէն վեհ զգացում ու մտածում, որ մարդկայնութեան կ՚առաջնորդէ… քանի որ կ՚իյնայ խոտոր համեմատութեան ծիրին մէջ:
Ա՜խ ըլլայի, ըլլայի…ու բարեւի մը փոխան հազար բարիք ես տայի» (Մ. Մեծարենց)
«Երբ օրը գայ վերջապէս եւ ըլլայ մարդը մարդուն
Վայելքի մէջ, ի հարկին զրկանքի ալ հաւասար» (Վ. Թէքէեան)
Եւ առաւել՝ երկհազարամեայ քրիստոնէութեան Աւետարանէն.-
«Ամէն բան ձեզի ցուցուցի, թէ այսպէ՛ս պէտք է աշխատիլ ու տկարներուն օգնութիւն ընել եւ միտք բերել Տէր Յիսուսի խօսքը՝ որ ինք ըսաւ. «Աւելի երանելի է տալը, քան առնելը» (Գործք Առաքելոց 20:35):
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան