ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐՈՎ ՀԱՐՈՒՍՏ 2017 ՏԱՐԻՆ

Ա­մէն տա­րուան սկիզ­բին բնա­կան հե­տաքրք­րու­թեամբ մը կը պրպտենք գա­լիք օ­րե­րուն տա­րե­դարձ­նե­րուն ո­րա­կը։ 2017 տա­րին մե­զի կը խոս­տա­նայ շարք մը տա­րե­դարձ­ներ՝ ո­րոնց նշու­մը հա­ճե­լի անդ­րա­դարձ­ներ կրնայ ու­նե­նալ տուեալ երկ­րին բնակ­չու­թեան վրայ։ Ա­ռայժմ, հայ­կա­կան ո­չինչ կայ այս տա­րե­դարձ­նե­րուն մէջ, այլ՝ որ­պէս պատ­մու­թեան եւ մշա­կոյ­թի «ու­սա­նող­նե­ր», կ՚ար­ժէ կար­դալ տար­բեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ան­ցեա­լին կա­պուած դէպ­քե­րուն մա­սին։

ՄԱՐ­ԹԻՆ ԼՈՒ­ՏԸ­ՐԻ ԲԱ­ՐԵ­ՓՈ­ԽՈՒՄ­ՆԵ­ՐԸ 500 ՏԱ­ՐԻ Ա­ՌԱՋ

Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ ամ­բող­ջա­կան տի­րա­պե­տու­թեան դէմ բո­ղո­քի եւ փո­փո­խու­թեան շար­ժու­մը կա­տա­րուե­ցաւ 500 տա­րի ա­ռաջ, աս­տուա­ծա­բան եւ կրօ­նա­ւոր Մար­թին Լու­տը­րի կող­մէ, 1517-ին, երբ Լու­տեր Ո­ւիթ­թըն­պեր­կի մէջ իր 95 թէ­զե­րը հրա­պա­րա­կեց, քննա­դա­տե­լով Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ հա­ւատ­քի չա­րա­շա­հու­թիւն­նե­րուն եւ չա­փա­զան­ցու­թիւն­նե­րուն դէմ։ Իր ա­նըն­դու­նե­լի ա­րար­քին հե­տե­ւան­քով ան բա­նադ­րուե­ցաւ։ Լու­տը­րի ա­րար­քը սկիզ­բը կը նկա­տուի Գեր­մա­նիոյ մէջ յա­ռա­ջա­ցած Բո­ղո­քա­կան Բա­րե­փո­խու­մին, որ բո­ղո­քա­կան հա­մայնք­նե­րու ծնուն­դին յան­գե­ցաւ աշ­խար­հի տար­բեր շրջան­նե­րու մէջ։

ՄՈՆԹ­ՐԷԱ­ԼԻ ՀԻՄ­ՆԱԴ­ՐՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ 375 ՏԱ­ՐԻ Ա­ՌԱՋ

Գա­նա­տա­յի Մոնթ­րէալ քա­ղա­քը իր ար­մատ­նե­րը սկսած է տա­րա­ծել 17-րդ դա­րու կէ­սէն ետք՝ 1642-ին, երբ ֆրան­սա­կան տի­րա­պե­տու­թեան շրջա­նին կա­թո­ղի­կէ կղե­րը ներ­կա­յու­թիւն հաս­տա­տած էր, ինչ որ այ­սօր կը ճանչ­ցուի որ­պէս Մոնթ­րէալ։ Կղե­րա­կան­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը ուղ­ղա­կիօ­րէն կապ ու­նէր մուշ­տա­կի ա­ռեւ­տու­րին հետ։

Ամ­բողջ տա­րուան ըն­թաց­քին այս տա­րե­դար­ձը պի­տի յի­շա­տա­կուի փա­ռա­տօն­նե­րով, նուա­գա­հան­դէս­նե­րով, ա­ռեւտ­րա­կան ցու­ցա­հան­դէս­նե­րով եւ ժո­ղովր­դա­յին հա­մա­տա­րած ու­րա­խու­թեամբ։

Ա­ԼԱՍ­ՔԱՆ ՎԱ­ՃԱ­ՌՈՒԵ­ՑԱՒ 150 ՏԱ­ՐԻ Ա­ՌԱՋ

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը ան­նա­խա­դէպ գնում մը կա­տա­րեց 150 տա­րի ա­ռաջ, երբ պե­տա­կան քար­տու­ղար Ո­ւի­լիըմ Սի­վըրտ Ա­լաս­քան Ռու­սաս­տա­նէն գնեց 1867 Մարտ 30-ին, վճա­րե­լով 7.2 մի­լիոն տո­լար։ Ա­լաս­քա­յի վա­ճառ­քը ի­րա­կա­նա­ցաւ, երբ Ա­լեք­սանդր Բ. ցա­րը խո­րա­պէս մտա­հոգ էր, որ ի վի­ճա­կի պի­տի չըլ­լար հսկայ տա­րած­քով Ա­լաս­քա­յի հո­ղա­մա­սը պաշտ­պա­նել։ Ա­լէութ եւ Է­նուի ցե­ղա­խում­բե­րը Սի­պե­րիա­յէն գաղ­թե­լով 6-10 հա­զար տա­րի ա­ռաջ հաս­տա­տուած էին Ա­լաս­քա­յի մէջ։ Ռու­սե­րը մաս­նա­ւո­րա­բար մուշ­տա­կի ա­ռա­տու­թեան պատ­ճա­ռով ա­ռեւ­տուր հաս­տա­տած էին սա­ռած հո­ղա­մա­սին վրայ։ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու պե­տա­կան քար­տու­ղար Ուի­լիըմ Սի­վըր­տի գնու­մը ա­տե­նին կը կո­չէին «Սի­վըր­տի խեն­թու­թիւ­նը». բայց ոս­կիի յայտ­նու­թիւ­նը 1896-ին, վա­ճառ­քէն ե­րե­սուն տա­րի ետք, դու­ռը բա­ցաւ մարդ­կա­յին անն­կա­րագ­րե­լի հոս­քին՝ դէ­պի ան­ծա­նօթ սա­ռու­ցեալ շրջա­նը։ Ճէք Լան­տը­նի եւ այլ գրող­նե­րու գրա­կան անդ­րա­դար­ձը ա­մե­րի­կեան գրա­կա­նու­թեան մէջ, բա­ցաւ բո­լո­րո­վին նոր էջ մը՝ դէ­պի Ա­լաս­քա գաղ­թին հե­տե­ւանք­նե­րով։ Ա­լաս­քա գրե­թէ դար մը ետք նա­հան­գի վե­րա­ծուե­ցաւ… 1959-ին միայն։ Ոս­կիի, հում քա­րիւ­ղի եւ ար­ժէ­քա­ւոր մե­տաղ­նե­րու ան­հա­ւա­տա­լիօ­րէն հսկայ շտե­մա­րան մըն է նա­հան­գը։

ԳԱ­ՆԱ­ՏԱ­ՅԻ ԾՆՈՒՆ­ԴԸ 150 ՏԱ­ՐԻ­ՆԵՐ Ա­ՌԱՋ

Ֆրան­սա­ցի ծո­վագ­նաց Ժագ Քար­թիէ, որ Սեն Լո­րըն­սի ծո­ցը հա­սաւ 1534-ին, ընդ­հան­րա­պէս կը նկա­տուի Գա­նա­տա­յի հիմ­նա­դի­րը։ Ֆրան­սա­ցի­ներ, բրի­տա­նա­ցի­ներ եւ ա­մե­րի­կա­ցի­ներ ե­րեք հա­րիւր տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ի­րենց տի­րա­պե­տու­թիւ­նը փոխ­նի­փոխ հաս­տա­տած են գա­նա­տա­կան տար­բեր շրջան­նե­րու մէջ, բայց 1867-ին է որ Գա­նա­տա­յի գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը հաս­տա­տուած է սահ­մա­նադ­րու­թեամբ մը։ Այ­սօ­րուան Գա­նա­տա­յի ծնուն­դի պաշ­տօ­նա­կան տա­րին կը նկա­տուի 1867-ը։ Տա­րե­դար­ձի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը մաս­նա­ւո­րա­բար տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 2017 Յու­լիս 1-ին, Գա­նա­տա­յի օ­րուան ըն­թաց­քին։

ԱԼՖ­ՐԷՏ ՆՈ­ՊԵ­ԼԻ 150 ՏԱ­ՐԻ Ա­ՌԱՋ ՍՏԵՂ­ԾԱԾ ՊԱՅ­ԹՈՒ­ՄԸ

Աշ­խար­հի ա­մե­նէն ար­ժէ­քա­ւոր մրցա­նա­կին «հայ­րը»՝ Ալֆ­րէտ Նո­պել 1867 Նո­յեմ­բե­րի 25-ին, ար­ձա­նագ­րել կու տայ իր սե­փա­կա­նու­թիւ­նը՝ տայն­մայ­թը, որ­պէս իր գիւ­տը։ Նո­պե­լի հաս­տա­տած Խա­ղա­ղու­թեան մրցա­նա­կին ե­տին կանգ­նած հարըս-տու­թեան աղ­բիւ­րը՝ պայ­թու­ցիկն ու իր պատ­մու­թիւ­նը, ծի­ծա­ղե­լի ա­ռըն­չու­թիւն մը ու­նին այս ձե­ւով։

Է­լիս Կղզիին 125 տա­րի­նե­րը

Է­լիս կղզիին (Ellis Island) վրայ գտնուող գաղ­թա­կա­նու­թեան գրա­սե­նեա­կը սկսաւ գոր­ծել 1892 Յու­նուար 1-ին։ Նիւ Եոր­քի նա­ւա­հան­գիս­տի այս փոք­րիկ կղզիէն ան­ցան 12 մի­լիոն գաղ­թա­կան­ներ, 1892-1924 տա­րի­նե­րուն մի­ջեւ։ 1954 տա­րուան ըն­թաց­քին կղզիին գրա­սե­նեա­կը փա­կուե­ցաւ։ Եւ­րո­պա­կան, մի­ջին-ա­րե­ւե­լեան, օս­մա­նեան հո­ղա­մա­սե­րէն սկսող գաղ­թա­կա­նու­թիւ­նը ան­ցաւ այս կղզիէն։ Կղզիին վրայ կը գտնուին ե­րե­սուն­հինգ շէն­քեր։ 1990-էն ի վեր Ա­զա­տու­թեան ար­ձա­նի եւ Է­լիս կղզիի Հիմ­նար­կին թան­գա­րա­նը կը ներ­կա­յաց­նէ ա­մե­րի­կեան գաղ­թա­կա­նու­թեան հե­տա-քըրք­րա­կան պատ­մու­թիւ­նը։

ՌՈՒ­ՍԱ­ԿԱՆ ՅԵ­ՂԱ­ՓՈ­ԽՈՒ­ԹԵԱՆ 100-Ա­ՄԵԱ­ԿԸ

Երբ Ռու­սաս­տա­նի յե­ղա­փո­խու­թեան մա­սին խօ­սինք, եր­կու յե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րու մա­սին պէտք է անդ­րա­դառ­նալ։ Ա­ռա­ջի­նը՝ Ռո­մա­նոֆ կայ­սե­րա­կան ըն­տա­նի­քին դէմ ըմ­բոս­տու­թիւնն էր 1917 տա­րուան Մարտ 8-ին, երբ ա­ռանց ա­րիւ­նա­հե­ղու­թեան Նի­քո­լա Բ. հրա­ժա­րե­ցաւ իր գա­հէն՝ ըմ­բոս­տու­թիւ­նը զսպե­լու ձա­խորդ փոր­ձէ մը ետք։ Ա­լեք­սանդր Քե­րենս­քիի ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ո­րո­շեց շա­րու­նա­կել պա­տե­րազ­մը, բայց «հա՜ց, հա՛­ց» փո­ղո­ցի կան­չերն ու ժո­ղովր­դա­յին ըմ­բոս­տու­թիւ­նը «Հոկ­տեմ­բե­րեան յե­ղա­փո­խու­թեա­ն» վե­-րա­ծուե­ցաւ Նո­յեմ­բեր 7-ին, Լե­նի­նի վար­պետ ղե­կա­վա­րու­թեան շնոր­հիւ։

Դար մը ան­ցած է այն թուա­կա­նէն, երբ Վլա­տի­միր Լե­նին եւ իր հա­մայ­նա­վար գոր­ծա­կից­նե­րը յա­ջո­ղե­ցան Ռու­սաս­տա­նի ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը տա­պա­լել եւ հաս­տա­տել հա­մայ­նա­վար վար­չա­կարգ մը, որ հիմ­նո­վին փո­խեց ռուս ժո­ղո­վուր­դին կեն­ցաղն ու կա­ռա­վար­ման ձե­ւը։ Խորհր­դա­յին կայս­րու­թիւ­նը նոր ուղ­ղու­թիւն տուաւ աշ­խար­հը կա­ռա­վա­րող գերհ­զօր ու­ժե­րու յա­րա­բե­րու­թեանց ու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան։ Աշ­խար­հա­ցունց այս յե­ղաշր­ջու­մի 100-ա­մեա­կին ա­ռի­թով, 2017 տա­րուան ըն­թաց­քին վստա­հա­բար ա­մե­րի­կեան հե­ռուս­տա­ցոյ­ցի բազ­մա­թիւ կա­յան­ներ պի­տի ար­ձա­գան­գեն Յե­ղա­փո­խու­թեան պատ­մու­թեան։ Ա­ւե­լորդ չէ հաս­տա­տել, որ հայ ժո­ղո­վուր­դին պատ­մու­թիւ­նը, ճա­կա­տա­գիրն ու անց­նող դա­րուս որ­դեգ­րած ու­ղին եւս հիմ­նո­վին ազ­դուե­ցաւ Հա­մայ­նա­վար յե­ղա­փո­խու­թեան յա­ջո­ղու­թե­նէն եւ զար­գա­ցող պե­տա­կան նոր հաս­կա­ցո­ղու­թե­նէն։

ՄԻԱ­ՑԵԱԼ ՆԱ­ՀԱՆԳ­ՆԵՐ 100 ՏԱ­ՐԻ Ա­ՌԱՋ ՄԻԱՅՆ ՄՏԱՒ ՀԱ­ՄԱՇ­ԽԱՐ­ՀԱ­ՅԻՆ ՊԱ­ՏԵ­ՐԱԶ­ՄԻՆ

Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մը սկսեր էր 1914 Յու­նիս 28-էն ետք, երբ Աւստ­րիոյ գա­հա­ժա­ռանգ Ֆրանց Ֆեր­տի­նանտ սպան­նուե­ցաւ Սա­րա­յե­ւո­յի մէջ։ Եւ­րո­պա­կան ցա­մա­քա­մա­սի հզօր տէ­րու­թիւն­նե­րը՝ Գեր­մա­նիա, Օս­մա­նեան կայս­րու­թիւն, Ֆրան­սա, Բրի­տա­նիա, Ռու­սաս­տան եւ ու­րիշ­ներ, պատ­մու­թեան ա­ռա­ջին հա­մաշ­խար­հա­յին չա­փա­նի­շով պա­տե­րազ­մին ձեռ­նար­կե­ցին։ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, հա­ւա­տա­րիմ Ճորճ Ո­ւա­շինկ­թը­նի «եւ­րո­պա­կան քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րուն չմաս­նակ­ցե­լու թե­լադ­րու­թեան», կրցաւ ե­րեք տա­րի եւս հե­ռու պա­հել իր բա­նակ­նե­րը, սա­կայն 1917 Ապ­րիլ 6-ին Գոնկ­րէ­սը ի նպաստ մաս­նակ­ցու­թեան քուէար­կե­լէ ետք, Դաշ­նա­կից­նե­րու կող­քին՝ պա­տե­րազ­մին մաս­նակ­ցե­ցաւ։ Մի­ջին-ա­րե­ւե­լեան եւ հիւ­սի­ս-ափ­րի­կեան եր­կիր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, ա­ռա­ւել՝ ա­մե­րի­կեան մուտ­քը շա­րու­նա­կուող կռի­ւին, եւ­րո­պա­կան պա­տե­րազ­մը վե­րա­ծեց Հա­մաշ­խար­հա­յի­նի։ Պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տին, Աւստ­րա-Հուն­գա­րա­կան, Օս­մա­նեան կայս­րու­թիւն­նե­րը կոր­ծա­ներ էին, Բրի­տա­նա­կան եւ Ֆրան­սա­կան կայս­րու­թիւն­նե­րը ըն­դար­ձա­կուեր էին, Ռու­սա­կան կայս­րու­թիւ­նը ներ­քին յե­ղա­փո­խու­թեամբ հա­մայ­նա­վար իշ­խա­նու­թեան են­թար­կուեր էր։ Աշ­խար­հի քար­տէ­սը բո­լո­րո­վին փո­խուեր էր 1918-ի Նո­յեմ­բեր 11-ին, երբ պա­տե­րազ­մի բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը զէն­քե­րը վար ա­ռին։

ՊԱԼ­ՖՈՒ­ՐԻ ՅԱՅ­ՏԱ­ՐԱ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ 100-Ա­ՄԵԱ­ԿԸ

Բրի­տա­նիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ար­թըր Պալ­ֆուր 1917 Նո­յեմ­բեր 2-ին նա­մակ մը կը յղէր Պա­րոն Լա­յո­նէլ Ո­ւոլ­թըր Ռո­չայլ­տին։ 125 բա­ռե­րով նա­մա­կը մին­չեւ այ­սօր, իր ազ­դե­ցու­թիւնն ու հե­տե­ւանք­նե­րը կը պահ­պա­նէ։ Պալ­ֆուր եւ Բրի­տա­նիոյ Վար­չա­պետ Տէյ­վիտ Լոյտ Ճորճ այս նա­մա­կով կ՚ակն­կա­լէին ստեղ­ծել հան­րա­յին բայց մա­նա­ւանդ հրէա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մօտ Բրի­տա­նիոյ նպաս­տա­ւոր հան­րա­յին կար­ծիք մը, երբ բրի­տա­նա­կան շա­հե­րը վտան­գուած էին։ Չմոռ­նանք որ Ա­ռա­ջին հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մին մէջն էր Բրի­տա­նիա։ Գեր­մա­նիոյ դէմ պա­տե­րազ­մը յա­ջող չէր ըն­թա­նար Բրի­տա­նիոյ եւ Ֆրան­սա­յի հա­մար. Օս­մա­նեան կայս­րու­թիւ­նը քայ­քա­յե­լու ռազ­մա­կան ծրա­գիր­նե­րը ան­յա­ջող հին Կա­լի­փո­լիի ձա­խորդ ցա­մա­քա­հա­նու­մէն ետք եւ Ռու­սաս­տան կը պատ­րաստուէր պա­տե­րազ­մէն դուրս գալ՝ հա­մայ­նա­վար յե­ղա­փո­խու­թեան յա­ջո­ղու­թե­նէ ետք։ Պալ­ֆուր այս նա­մա­կը կը յղէր Ռո­չայլ­տին՝ Բրի­տա­նիոյ, Եւ­րո­պա­յի, Ա­մե­րի­կա­յի ու Ռու­սաս­տա­նի տա­րած­քին հրէա­կան հա­մայնք­նե­րուն դրա­կան տրա­մադ­րու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու նպա­տա­կով։ Եւ շռայ­լուած խոս­տում­նե­րու շար­քին կ՚ա­ւելց­նէր նաեւ Պա­ղես­տի­նի մէջ «հրէա­կան ազ­գա­յին օ­ճա­խի» ստեղ­ծու­մի մը խոս­տու­մը։ Բրի­տա­նիոյ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ո՜ւշ անդ­րա­դար­ձաւ, որ հրէա­կան օ­ճա­խի մը ստեղ­ծու­մին խոս­տու­մը, կը հեր­քէր պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին ա­րա­բա­կան ղե­կա­վար­նե­րուն շռայ­լուած բրի­տա­նա­կան բազ­մա­թիւ խոս­տում­նե­րը…։

ՍՓՈՒԹ­ՆԻ­ԿԻ ԱՐ­ՁԱ­ԿՈՒ­ՄԻՆ 60-ՐԴ ՏԱ­ՐԵ­ԴԱՐ­ՁԸ

Գի­տա­կան նուա­ճում­նե­րու երկ­նա­կա­մա­րին վրայ փայ­լուն աստղ մըն է Խորհր­դա­յին Միու­թեան գի­տա­կան յա­ջո­ղու­թեան խորհր­դա­նիշ՝ Սփութ­նիկ ա­րուես­տա­կան մո­լո­րա­կին ար­ձա­կու­մը՝ 1957 Հոկ­տեմ­բեր 4-ին։ Ե­թէ ա­րուես­տա­կան փոք­րիկ մո­լո­րա­կը կը յա­ջո­ղէր աշ­խար­հի շուրջ դառ­նալ, ա­ռա­ջին մար­դը՝ Եու­րի Կա­կա­րին աշ­խար­հի շուրջ կը դառ­նար 1961-ին, իսկ Սփութ­նի­կէն տաս­ներ­կու տա­րի ետք, 1969 Յու­լիս 7-ին, մարդ ա­րա­րա­ծը կը քա­լէր Լուս­նին վրայ։ Եր­կու ա­մե­րի­կա­ցի աստ­ղա­նա­ւորդ­ներ՝ Նիլ Արմսթ­րոնկ եւ Է­տուին Էլտ­րին ա­ռա­ջին քա­լող­նե­րը ե­ղան։

ԿՐՈ­ՄԸՆ ՉԻ­ՆԱ­ԿԱՆ ԹԱՏ­ՐՈ­ՆԸ 90 ՏԱ­ՐԵ­ԿԱՆ

Հո­լի­վուտ պո­ղո­տա­յին վրայ գտնուող Կրո­մըն Chinese Theatre սրա­հը իր դռնե­րը հան­րու­թեան առ­ջեւ բա­ցեր էր 1927 Մա­յիս 18-ին։ Թատ­րո­նը ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն ծա­ռա­յած է թա­տե­րա­կան եւ ե­րաժշ­տա­կան լուրջ ներ­կա­յա­ցում­նե­րու. սա­կայն ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ֆիլ­մե­րու ցու­ցադ­րու­թեան պարզ սի­նե­մա­յի վե­րա­ծուեր էր, բա­ցա­ռու­թեամբ՝ շէն­քին առ­ջեւ գտնուող… եր­կար մայ­թին։ Հա­մաշ­խար­հա­յին հե­տաքրք­րու­թեան ար­ժա­նի մայ­թի մը մա­սին է մեր խօս­քը։ Կրո­մը­նի եւ յա­րա­կից շէն­քե­րուն առ­ջեւ եր­կա­րող մայ­թին վրայ կա­րե­լի է գտնել ա­մե­րի­կեան ֆիլ­մա­րուես­տի գրե­թէ բո­լոր աստ­ղե­րուն եր­կու ձեռ­քե­րուն, եր­բեմն ալ՝ ոտ­քե­րուն ու քա­նի մը քիթ-բե­րան­նե­րուն տպագ­րու­թիւն­նե­րը, ի­րենց ստո­րագ­րու­թիւն­նե­րով, մայ­թին սի­մեն­թին վրայ սա­ռած…։ Քիչ մը տա­րօ­րի­նակ, բայց շատ հե­տաքրք­րա­կան այս ցու­ցադ­րու­թիւ­նը միա՛յն Հո­լի­վու­տի մէջ կա­րե­լի էր ի­րա­գոր­ծել, պար­զա­պէս ո­րով­հե­տեւ Հո­լի­վուտ վայրն ու ա­նու­նը դար մը ամ­բողջ սեր­տօ­րէն ա­ռըն­չուած է հա­մաշ­խար­հա­յին ֆիլ­մա­րուես­տին ու հա­զա­րա­ւոր դե­րա­կա­տար­նե­րուն։

ՎԵ­ՑՕ­ՐԵԱՅ ՊԱ­ՏԵ­ՐԱԶ­ՄԻՆ 50-Ա­ՄԵԱ­ԿԸ

Պա­տե­րազմ­նե­րը անհ­րա­ժեշ­տօ­րէն եր­կա­րա­տեւ պէտք չէ ըլ­լան. օ­րի­նակ՝ Իս­րա­յէլ-Ա­րա­բա­կան պե­տու­թիւն­ներ վե­ցօ­րեայ պա­տե­րազ­մը։ 1967 Մա­յի­սի կէ­սե­րուն Ե­գիպ­տո­սի Նա­խա­գահ Կա­մալ Ապ­տել Նա­սեր ե­գիպ­տա­կան ու­ժե­րը զօ­րա­կո­չի են­թար­կե­լով, հա­մախմ­բել սկսաւ Իս­րա­յէ­լի սահ­մա­նի եր­կայն­քին, իբր թէ ա­ռաջ­քը առ­նե­լու հա­մար Սու­րիոյ վրայ կա­տա­րուե­լիք իս­րա­յէ­լեան նա­խա­յար­ձա­կու­մին։ Յա­ջոր­դող շաբ­թուան ըն­թաց­քին Նա­սեր ցրուեց ՄԱԿ-ի զի­նեալ ու­ժե­րը, ո­րոնք 1956-ի Սուէ­զի ճա­կա­տու­մէն ի վեր հաս­տա­տուեր էին Կազզէի եւ Սի­նա­յի մէջ. վեր­ջա­պէս երբ փա­կուե­ցաւ Թի­րա­նի նե­ղու­ցը՝ զրկե­լով Իս­րա­յէ­լը ար­տա­քին աշ­խար­հի բո­լոր կա­պե­րէն, Յու­նիս 5-ի ա­ռա­ւօ­տեան իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կի օ­դու­ժը ջախ­ջա­խիչ եւ ա­նակն­կալ հա­րուած­նե­րով ե­գիպ­տա­կան բո­լոր օ­դա­կա­յան­նե­րը քա­նի մը ժա­մուան ըն­թաց­քին քան­դեր էր, ան­գոր­ծա­ծե­լի վի­ճա­կի հաս­ցու­ցեր էր։ Սու­րիոյ եւ Յոր­դա­նա­նի զի­նեալ բո­լոր ու­ժե­րը միա­ցեր էին ե­գիպ­տա­կա­նին, բայց մին­չեւ Յու­նիս 11-ը, վեց օ­րե­րու ըն­թաց­քին, Իս­րա­յէլ չէ­զո­քա­ցու­ցեր էր ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի հիմ­նա­կան բո­լոր բա­նակ­նե­րը։ Վեց օ­րե­րու ըն­թաց­քին Իս­րա­յէլ իր տա­րած­քը կրկնա­պատ­կեր էր։ Աշ­խար­հի եր­կու գերհ­զօր եւ եւ­րո­պա­կան բո­լոր եր­կիր­նե­րու մի­ջամ­տու­թեամբ միայն, Իս­րա­յէլ կանգ ա­ռաւ։ Ա­րե­ւե­լեան Ե­րու­սա­ղէ­մը վերջ­նա­կա­նա­պէս միա­ցաւ Իս­րա­յէ­լին՝ եր­բեք չբաժ­նուե­լու հա­մար։ Կէս դար ետք, վե­ցօ­րեայ պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւանք­նե­րը տա­կա­ւին զգա­լի է իս­րա­յէլ-ա­րա­բա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց վրայ։

ԻՇ­ԽԱ­ՆՈՒ­ՀԻ ՏԱ­ՅԱ­ՆԱ­ՅԻ ՄԱ­ՀՈ­ՒԱՆ 20-Ա­ՄԵԱԿՆ Է 2017 ՏԱ­ՐԻՆ

Բրի­տա­նիոյ ար­քա­յա­կան ըն­տա­նի­քին ան­դամ իշ­խա­նու­հի Տա­յա­նա­յի ող­բեր­գա­կան մա­հուան 20-ա­մեակն է այս տա­րի։ Բրի­տա­նա­կան ար­քա­յա­կան ըն­տա­նի­քին գե­ղեց­կա­գոյն իշ­խա­նու­հի­նե­րէն, ինչ­պէս նաեւ մար­դա­սի­րա­կան ըն­դար­ձակ գոր­ծու­նէու­թիւն մը զար­գա­ցու­ցած իշ­խա­նու­հիին ինք­նա­շար­ժի ան­միտ ար­կա­ծով պա­տա­հած մա­հը, 1997 Օ­գոս­տոս 31-ին, Փա­րի­զի մէջ, աշ­խար­հը ցնցեց իր ա­տե­նին։ Իշ­խա­նու­հին 36 տա­րե­կան էր։

ՎԱ­ՉԷ ՍԵ­ՄԵՐ­ՃԵԱՆ

Կլեն­տէ­յլ

 

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2017