ԴԱ­ՏԱ­ՒՈ­ՐԻ ԿԻ­ՐԱ­ԿԻ

Բո­լո­րիս ծա­նօթ է այ­րի կնոջ եւ դա­տա­ւո­րին ա­ռա­կը (Ղու­կաս 18.1-8):

Ե­րեք հար­ցում­ներ.-

- Ո­րո՞նց հա­մար Յի­սուս պատ­մեց ա­ռա­կը:

- Ի՞նչ յայտ­նե­լու հա­մար պատ­մեց եւ

- Ի՞նչ ցոյց տա­լու հա­մար պատ­մեց:

Պա­տաս­խա­նենք հար­ցում­նե­րուն ա­ռանձ­նա­բար.

1) Ո­րո՞նց հա­մար Յի­սուս պատ­մեց այս ա­ռա­կը:

Ղու­կաս Ա­ւե­տա­րա­նիչ կը հաս­տա­տէ, թէ Յի­սուս այս ա­ռա­կը «պատ­մեց իր ա­շա­կերտ­նե­րուն»: «Ա­շա­կերտ» կը նշա­նա­կէ՝ հե­տե­ւորդ: Այս ի­մաս­տով, ա­ռա­կը ուղ­ղուած է Քրիս­տո­սի բո­լոր հե­տե­ւորդ­նե­րուն: Ե­թէ մենք զմեզ Քրիս­տո­սի հե­տե­ւորդ կը նկա­տենք՝ այս ա­ռա­կը մե­զի ը­սե­լիք ու­նի: Ա­ռա­կը մե­զի կ­՚ը­սէ, թէ Աս­տուած ինքն է մեր ու մեր դա­տին պաշտ­պա­նը, մեր ի­րա­ւուն­քին պաշտ­պա­նը: Ա­ռա­կը մե­զի կ­՚ը­սէ, որ ե­թէ ա­նի­րաւ դա­տա­ւո­րը ա­նի­րաւ ըլ­լա­լով հան­դերձ տուաւ ի­րա­ւուն­քը այ­րի կնոջ, որ­քա՜ն ա­ւե­լի Աս­տուած ինք պի­տի տայ մեր ի­րա­ւուն­քը՝ երբ յայտ­նուի իր Որ­դին:

Ա­ռա­կը մե­զի կ­՚ը­սէ, որ Աս­տու­ծոյ համ­բե­րու­թիւ­նը «իր ընտ­րեալ­նե­րուն կրած ա­նի­րա­ւու­թեան» հա­մար յա­ւի­տե­նա­կան չէ: Ա­ռա­կը մե­զի կ­՚ը­սէ, որ ե­թէ եր­բեք մեր դա­տը յանձ­նենք Աս­տու­ծոյ ձեռ­քե­րուն՝ զա­նի­կա ան­պայ­ման պի­տի շա­հինք, ո­րով­հե­տեւ Աս­տուած ար­դար է:

2) Ի՞նչ յայտ­նե­լու հա­մար պատ­մեց ա­ռա­կը:

ա) Յայտ­նե­լու հա­մար, թէ իր հե­տե­ւորդ­նե­րը այս աշ­խար­հին մէջ յա­ճախ պի­տի ա­նի­րա­ւուին ու ի­րա­ւազր­կուին եւ ան­պաշտ­պան մնան, ինչ որ կը պար­զէ այ­րի կնոջ կող­մէ դա­տա­ւո­րին ուղ­ղուած հե­տե­ւեալ խօս­քը. «Ի­րա­ւունքս պաշտ­պա­նէ հա­կա­ռա­կոր­դէս» (Ղու­կաս 18.3): «Ի­րա­ւունքս պաշտ­պա­նէ» բա­ռե­րով, Յի­սուս կ­՚ու­զէ իր հե­տե­ւորդ­նե­րուն ցոյց տալ, թէ աշ­խար­հի մար­դիկ եր­բեք պի­տի չպաշտ­պա­նեն իր հե­տե­ւորդ­նե­րուն ի­րա­ւուն­քը ընդ­դէմ զի­րենք ա­նի­րա­ւող­նե­րուն:

բ) Ցոյց տա­լու հա­մար, թէ իր հե­տե­ւորդ­նե­րը այս աշ­խար­հին մէջ մնա­յուն կեր­պով պի­տի հան­դի­պին հա­կա­ռա­կորդ­նե­րու, ինչ որ «հա­կա­ռա­կոր­դէս» բա­ռը կը պար­զէ: Մեզ­մէ ո՞վ երբ ու­զէ Յի­սու­սի փրկու­թիւ­նը քա­րո­զել ա­զա­տօ­րէն՝ հա­կա­ռա­կորդ­նե­րու չի հան­դի­պիր: Ո՞վ երբ ու­զէ ճշմար­տու­թիւ­նը պատ­գա­մել՝ հա­կա­ռա­կորդ­նե­րու չի հան­դի­պիր: Ո՞վ ե­թէ ու­զէ «Քրիս­տո­սի Ա­ւե­տա­րա­նին վա­յել ձե­ւով ապ­րիլ»՝ հա­կա­ռա­կորդ­նե­րու չի հան­դի­պիր: Իր քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին ու կեան­քին հա­մար հա­կա­ռա­կու­թիւն­նե­րու հան­դի­պող մար­դուն՝ Պօ­ղոս ա­ռա­քեալ կ­՚ը­սէ. «Եր­բեք մի՛ վախ­նաք հա­կա­ռա­կորդ­նե­րէն. այդ հա­կա­ռա­կու­թիւ­նը ա­նոնց կո­րուս­տին եւ ձեր փրկու­թեան ա­պա­ցոյցն է» (Փի­լիպ­պե­ցիս 27-28):

3) Ի՞նչ ցոյց տա­լու հա­մար պատ­մեց ա­ռա­կը:

Ղու­կաս կը հաս­տա­տէ, որ Յի­սուս ա­ռա­կը պատ­մեց՝ «ցոյց տա­լու հա­մար, թէ պէտք է միշտ ա­ղօ­թել՝ ա­ռանց վհա­տե­լու»: Ի՞նչ­պէս պէտք է հասկ­նալ «ա­ղօ­թել ա­ռանց վհա­տե­լու» բա­ռե­րը: Ա­ռանց վհա­տե­լու ա­ղօ­թե­լը՝ ամ­բողջ օ­րը ծուն­կի գա­լով ա­ղօ­թե­լը չէ: Որ­պէս­զի ճշգրիտ կեր­պով հասկ­նանք ի­մաս­տը ա­ռանց վհա­տե­լու ա­ղօ­թե­լուն, պէտք է յի­շենք, որ ա­ռա­կը մե­զի կը խօ­սի այ­րի եւ ա­նի­րա­ւուած կնոջ մը մա­սին, որ ա­ռանց վհա­տե­լու կը պա­հան­ջէր իր դա­տին պաշտ­պա­նու­թիւ­նը ընդ­դէմ իր հա­կա­ռա­կոր­դին: Արդ, ինչ­պէս այ­րի կի­նը մի՛շտ կը դի­մէր դա­տա­ւո­րին, եւ ա­նոր պաշտ­պա­նու­թիւ­նը կը խնդրէր ընդ­դէմ իր հա­կա­ռա­կոր­դին, նոյն­պէս ալ, հա­ւա­տա­ցեալ մար­դը պէտք է ա­ղօթ­քով մի՛շտ դի­մէ Աս­տու­ծոյ եւ ա­նոր պաշտ­պա­նու­թիւ­նը խնդրէ ընդ­դէմ իր հա­կա­ռա­կորդ­նե­րուն եւ զինք ի­րա­ւազր­կող­նե­րուն: Ուս­տի, ա­ռանց վհա­տե­լու ա­ղօ­թե­լը՝ մեր կրած ա­նի­րա­ւու­թիւն­նե­րը մնա­յուն կեր­պով ա­ղօթ­քով Տի­րոջ դի­մաց դնելն է: Ա­ռա­կը մե­զի կը խօ­սի ար­դա­րու­թիւն պա­հան­ջող այ­րի կնոջ մը մա­սին, ու­րեմն ա­ռանց վհա­տե­լու ա­ղօ­թե­լը՝ ա­նար­դա­րու­թեան զոհ գա­ցած­նե­րուն հա­մար մնա­յուն կեր­պով ա­ղօ­թել կը նշա­նա­կէ:

Ե­թէ նկա­տի առ­նենք որ այ­րի կի­նը այն ա­տե­նուայ հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ ան­տէր, ան­պաշտ­պան ու ա­նօգ­նա­կան անձն էր, պարզ կը դառ­նայ, որ ա­ռանց վհա­տե­լու ա­ղօ­թե­լը՝ ան­տէր, ան­պաշտ­պան ու ա­նօգ­նա­կան մար­դոց հա­մար մնա­յուն կեր­պով ա­ղօ­թել եւ ա­նոնց դա­տը Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յաց­նել կը նշա­նա­կէ:

Այ­րի կի­նը տե­ղի չէր տար իր հա­կա­ռա­կոր­դին, այլ մնա­յուն կեր­պով իր ի­րա­ւուն­քը կը պա­հան­ջէր: Ու­րեմն, ա­ռանց վհա­տե­լու ա­ղօ­թե­լը՝ կեան­քի ա­նի­րա­ւու­թեանց, ա­նար­դա­րու­թեան եւ հա­կա­ռա­կու­թեանց դէմ հաս­տատ մնալն է:

Յի­սուս միայն ա­ղօ­թե­լու մա­սին չէ, որ կը խօ­սի, այլ՝ ա­ռանց վհա­տե­լու ա­ղօ­թե­լու մա­սին: Շա­տեր կ­՚ա­ղօ­թեն նե­ղու­թեան ժա­մա­նակ, բայց երբ տես­նեն, որ բան մը չփո­խուե­ցաւ՝ կը վհա­տին: Կ­՚ա­ղօ­թեն հա­լա­ծան­քի ժա­մա­նակ, բայց երբ տես­նեն, որ հա­լա­ծան­քը չդադ­րե­ցաւ՝ կը դադ­րեց­նեն ա­ղօթ­քը: Կ­՚ա­ղօ­թեն երբ հա­կա­ռա­կու­թիւն­նե­րու հան­դի­պին, բայց երբ տես­նեն, որ հա­կա­ռա­կու­թիւն­նե­րը վերջ չգտան՝ կը վհա­տին ու ալ չեն ա­ղօ­թեր: Ուս­տի, ա­ղօ­թե­լը բա­ւա­րար չէ եւ չ­՚օգ­ներ, ե­թէ եր­բեք ա­տի­կա մնա­յուն չէ, յա­րա­տեւ չէ, անվ­հատ չէ: Ին­չո՞ւ հա­մար Յի­սուս կը խօ­սի յա­րա­տե­ւող ու անվ­հատ հո­գի, անն­կուն ու հաս­տատ կամք ու­նե­ցող այ­րի կնոջ մը մա­սին: Ար­դեօք ա­նոր հա­մար չէ՞ որ կ­՚ու­զէ մեզ իբր այդ­պի­սին տես­նել: Ա­յո՛, Յի­սուս կը խօ­սի իր դա­տին մէջ յա­րա­տե­ւող կնոջ մը մա­սին, որ­պէս­զի սոր­վեց­նէ մե­զի յա­րա­տե­ւող ըլ­լալ մեր ա­ղօթք­նե­րուն մէջ: Կը խօ­սի անն­կուն ու հաս­տատ կամք ու­նե­ցող այ­րի կնոջ մը մա­սին, որ­պէս­զի սոր­վեց­նէ մե­զի անն­կուն ու հաս­տատ կամք ու­նե­նալ կեան­քի դժուա­րին պա­հե­րու դի­մաց:

ՎԱ­ՂԻ­ՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵ­ԼՈ­ՅԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 25, 2017