ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

«MY HEART WILL GO ON» («ԻՄ ՍԻՐՏԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԲԱԲԱԽԵԼ»). ՍԵԼԻՆ ՏԻՈՆ

Երգը լսելու ատեն կ՚ունենաք այն տպաւորութիւնը, թէ ան երէկ գրուած է: Անհնար է անջատել նուագարկիչը կամ փոխել երգը։ Ժամանակի ազդեցութեան չենթարկուող ու երբեք չհինցող այս երգը սիրելի է գրեթէ բոլորին, որ զայն լսած է, մինչեւ իսկ երգի ստեղծումէն շատ տարիներ ետք ծնած այսօրուան երիտասարդ օրիորդներուն ու պատանիներուն։

Բոլորս գիտենք երգը՝ որպէս Ճէյմս Քեմըրընի նկարահանած «Titanic» ֆիլմի սաունտթրեքը, բայց ֆիլմին բեմադրիչը ի սկզբանէ դէմ եղած է ֆիլմին մէջ որեւէ տեսակի երգի առկայութեան։ Երգի երաժշտահան Ճէյմ Հորնըր ստիպուած եղած է երթալու մի քանի խորամանկութիւններու, որպէսզի կարենայ ընդգրկել երգը ֆիլմի երաժշտութիւններու շարքին մէջ։ Իրողութիւնը այն է, որ բեմադրիչ Քեմըրըն եւ երաժշտահան Հորնըր զանազան տեսլականներ ունէին ֆիլմի աւարտուն բնագիրին մասին։ Քեմըրընը կ՚ուզէր, որ ֆիլմին մէջ միայն երաժշտութիւն ըլլայ։ Ան կը կարծէր, թէ ֆիլմի ողբերգականութիւնը կ՚ընդգծէ միայն գեղեցիկ երաժշտութիւնը եւ այլեւս երգի կարիք չկայ, եւ յստակ արտայայտած էր այս միտքը, երբ Հորնըր սկսած էր աշխատանքները ֆիլմի երաժշտութիւններուն վրայ։ Հորնըր, սակայն, այլ կարծիքի էր։ Ան այնքան տպաւորուած էր ֆիլմի դիպաշարով, որ մտայղացած էր երգ մը, որուն անհրաժեշտութեան ան համոզուած էր։

Եւ այսպէս, Հորնըր կը գրէ երգը՝ սկիզբը ստիպուած ըլլալով համոզելու Ուիլլ Ճենինքսը, որպէսզի գրէ խօսքերը։ Այնուհետեւ, երբ երգը պատրաստ էր, սկսաւ փնտռել լաւագոյն կատարողը, որ պիտի անմահացնէր իր գաղափարը։ Երկար փնտռտուքներէ ետք իր ընտրութիւնը կանգ առաւ 90-ականներու վերջը ամենավառ ու ամենայայտնի երգչուհիներէն մէկուն՝ Սելին Տիոնի վրայ։ Սելինը այդ տարիներուն կ՚աշխատէր Լաս Վեկաս։ Հորնըր գնաց հոն՝ Սելինը եւ անոր արտադրիչը եւ միաժամանակ ամուսինը՝ Ռընէ Անճելիլը, համոզելու, որպէսզի երգը կատարէ Սելինը։ «Երբ առաջին անգամ լսեցի երգը, ան ինծի այնքա՛ն հաճելի չեկաւ: Անընդհատ կը փորձէի դէմքի արտայայտութեամբ Ռընէին հասկցնել, որ կ՚ուզեմ լքել հիւրանոցի այդ սենեակը, ուր Քեմըրընը կը նուագէր երգը դաշնամուրով եւ միաժամանակ կ՚երգէր։ Ռընէն յամառօրէն չէր նկատեր ակնարկս։ Բաւական չէր, որ ստիպուած եղայ մինչեւ վերջ լսելու երգը: Աւելի՛ն, Քեմըրըն սկսաւ համոզել զիս եւ այնուհետեւ Ռընէն, որ ձայնագրեմ զայն։ Ի վերջոյ, ճարահատեալ Ռընէն ստիպուած եղաւ իրեն առաջարկել հանդիպումը շարունակել Նիւ Եորքի մէջ, ուր ես կը ձայնագրէի «Եկէ՛ք, խօսինք սիրոյ մասին» ալպոմս»,- կը յիշէ Սելին Տիոն։ Մէկ ամիս անց Քեմըրըն երգի վերջնական գործիքաւորուած տարբերակով կը մեկնի Նիւ Եորք՝ ձայնագրութեան սթիւտիօ։ «Ես այդ օրը այնքան չէի ուզեր երգել այդ երգը: Մինչեւ անգամ ուշադրութիւն չէի դարձներ ձայնիս։ Սովորաբար ձայնագրութիւններէն առաջ ես սուրճ չեմ խմեր՝ ձայնիս մաքուր երանգին համար։ Այդ օրը մի քանի բաժակ քաղցր սուրճ խմած էի, ինչ որ ոեւէ երգիչ մը երգելէ առաջ այդպիսի բան չ՚ըներ։ Երկար քննարկումէ եւ համոզելէ ետք համաձայնեցայ երգել երգը ընդամէնը մէկ անգամ, որպէսզի Քեմըրըն ցուցադրելու նմոյշ ունենայ։ Քեմըրընը ինծի օգնեց երգին փոխանցել երգի ճիշդ տրամադրութիւնը՝ պատմելով ֆիլմի կիսահամակարգուած դրուագները։ Ես յատկապէս տպաւորուած էի այն մասով, երբ ծեր զոյգը հասկնալով, որ այլեւս փրկութեան յոյս չկայ եւ պիտի խեղդուին ջրահեղձ ըլլալով՝ կ՚որոշեն գրկախառնուած քնանալ` միասին յաւերժական քուն մտնելու երազով։ Տպաւորուած էի նաեւ մօր օրորոցային երգելու տեսարանով, երբ կը պառկեցնէ երեխաները՝ գիտնալով, որ այլեւս ոեւէ մէկը չ՚արթննար։ Այսպէսով, Քեմըրընի պատմածէն տպաւորուած երգեցի հատուած մը միայն։ Ո՞վ գիտէր այդ ժամանակ, որ ֆիլմին վերջնական տարբերակին մէջ պիտի մտնէ այդ մէկ հատուածի կատարումը՝ առանց որեւէ ուղղումի»,- կը պատմէ Սելին։

Հետաքրքրականը այն փաստն էր, որ երգը ձայնագրուեցաւ որպէս ցուցանմոյշ, բայց ֆիլմին մէջ մտաւ եւ ամբողջ աշխարհին մէջ միլիոնաւոր օրինակներով վաճառուեցաւ նոյն այս օրինակը:

Երգի ձայնագրութեան աշխատանքը տակաւին կէսին էր: Անհրաժեշտ էր դեռ ֆիլմի բեմադրիչը՝ Ճէյմս Քեմըրընը, համոզել զայն օգտագործել ֆիլմին մէջ: Հորնըր կ՚ուզէր սպասել եւ որսալ այնպիսի յարմար պահ մը, երբ Քեմըրըն լաւ տրամադրութեան մէջ կ՚ըլլար եւ հեշտ կ՚ըլլար զինք համոզելը: Եւ ահա եկաւ այդ օրը: Օր մը Քեմըրըն զանգեց Հորնըրին՝ ֆիլմին համար բան մը քննարկելու համար: Իր տրամադրութիւնը այդ օրը բարձր էր: Կը պատմէր մի քանի նոր, յաջողած տեսարաններու մասին: Հորնըր որսաց պահը եւ ներկայացուց երգը: Զարմանալի է, բայց Քեմըրըն լսելէն ետք անմիջապէս բացագանչեց․ «Սա է որ կը պակսէր»: Եւ պահանջեց, որ օգտագործուի նոյն այդ աշխատանքային տարբերակը:

Երգը Սելին Տիոնի ամենախոշոր երգն է, որ մեկնարկեց պիլպորտ թէժ 100-եակի առաջին հորիզինոկանով եւ այդտեղ մնաց երկու շաբաթ շարունակ: Վաճառքի առաջին շաբաթը վաճառուեցաւ 690 հազար օրինակով եւ անմիջապէս գրանցեց «ոսկէ» տիտղոս: «My heart will go on» երգը առաջին անգլալեզու երգն էր, որ գլխաւորեց լատինական թէժ-հիթշքերթը եւ այդ յաջողութեան համար մրցանակ ստացաւ լատին-ամերիկեան պիլպորտին կողմէ:

Երգը թողարկումէն ետք դարձաւ թիւ մէկ երգը ամբողջ աշխարհին մէջ եւ երկար շաբաթներ շարունակ չէր իջներ Շուէտի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Հոլանտայի, Պելժիոյ, Դանիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ, Իտալիոյ, Նորվեկիոյ, Աւստրիոյ, Սպանիոյ, Իրլանտայի, Ֆինլանտայի, Աւստրալիոյ թէժ 100-եակներէն: Գերմանիոյ մէջ երգը վաճառուեցաւ 2 միլիոն օրինակով եւ դարձաւ 4 x Platinum: Երգը ստացաւ «Կրեմմի», «Ոսկէ Կլոպուս» եւ «Օսքար» մրցանակները։

Դժուար է պատկերացնել, թէ ի՛նչ կ՚ըլլար, եթէ չըլլար Հորնըր երաժշտահանի կանխազգացումը, յամառութիւնը եւ այն վստահութիւնը, որ ֆիլմը առանց այս երգին կարելի չէր ըլլար ամբողջացնել: Եւ փորձն ու դէպքերու ընթացքը ցոյց տուին, որ Հորնըր իրաւացի էր, իսկ իր յամառութիւնը՝ արդարացուած, որ պսակուեցաւ հսկայ յաջողութեամբ:

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 25, 2019