ՄԵՐ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՆԻՒԹ Է ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳՐՈՒԹԵԱՆ, ԴԵՌ ՈՉ՝ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Բոլոր ժողովուրդներու պատմութիւնը գիտութիւն կը պահանջէ (թէեւ միշտ՝ առանց ամբողջովին անկախանալու ենթակայականութենէ): Ան եղած է միաժամանակ լայն առումով գրականութիւն: Իրականութիւններուն վրայ գումարուած են՝ երեւակայութիւնը, ցանկութիւնները, երազները, գեղեցկացումը, սեւացումը: Երեւոյթին կը հանդիպինք հին յոյներուն, հռոմէացիներուն, հիւսիսի եւ Միջագետքի ժողովուրդներուն, եւ ի հարկէ հայերուն մօտ:

Պատմութիւն եւ գրականութիւն մէկ են եւ՝ տարբեր: Երկուքի պարագային կը կատարուի մարդու լինելութեան ընթերցումը, եւ հարց է միշտ, թէ ո՞ւր կանգ կ՚առնէ իրականութիւնը, եւ ո՞ւր կը սկսի երեւակայութիւնը: Պատմութիւնը ընդարձակ դաշտ է գրականութեան համար: Գրող եւ բանաստեղծ՝ պատմութիւնը եւ առասպելը վերստին խօսեցուցած են: Հայ գրականութիւնն ալ հարուստ է վիպականացուած պատմութեամբ. Եղիշէէն Րաֆֆի, Դերենիկ Դեմիրճեան, Զօրայր Խալափեան, Վիգէն Խեչումեան, Սերօ Խանզադեան, Կոստան Զարեան, Լեւոն Շանթ, Ռուբէն եւ ուրիշներ:

Գեղարուեստական մշակումով ներկայացուած պատմութիւնը, իր ձեւով, մեկնաբանութիւնն է ապրուած կացութիւններու եւ հոգեվիճակներու, անցեալով ներկան լուսաւորելու ճիգ մը: Բայց ներկայով ներկան լուսաւորելու գրականութիւն չունինք, ինչպէս, օրինակ, ֆրանսացիները, ամերիկացիները, այսինքն անոնք անմիջական քաղաքականութիւնը եւ զայն ոռոգող ըմբռնումներ, թեր ու դէմ կարծիքներ գրականացուցած են: Յիշենք՝ Ալպէռ Քամիւն, Ժան-Փոլ Սարթրը, Անտրէ Մալրոն, Էռնեսթ Հեմինկուէյը, Արթըր Միլլըրը եւ այլն:

Մեզի կը թուի, թէ պատմութիւնը անյեղլի է, միանգամընդմիշտ արձանագրուած: Մի՞թէ այս հաստատումը հարիւր տոկոսով անվիճելի է: Ճիշդ է, որ քննական պատմութիւնը, հետզհետէ աւելի, կը փորձէ ճշմարտութեան մօտենալ: Բայց գիտենք, որ պատմութիւնը երգուած, գրուած եւ կոթողի վերածուած է անհատներու կողմէ, որոնք կամայ ակամայ, առաւել կամ նուազ չափերով հնազանդած են իրենց ենթակայական ազդակներուն: Երէկ եւ այսօր, պատմութիւնը մարմարի վրայ փորագրուած բոլորովին անշարժ գիտութիւն մը չէ, պարզ չէ, ինչպէս «երկու առաւել երկու հաւասար է չորսի»:

Նոյնիսկ երբ պատմութեան նոյն էջը կը կարդանք, անպայման նոյն բաները չենք տեսներ եւ չենք հասկնար: Հետեւաբար պատմութիւնը երբ կը գրուի եւ երբ կը կարդացուի, նաեւ գրականութիւն է:

Պատումը, ան ըլլայ տեղի ունեցած դէպքերու մասին, այսինքն՝ պատմագրութեան թէ գրականութեան մէջ ստեղծուած կացութիւններու, հին եւ անմիջական, կը բեւեռուի կարգ մը հիմնական խորհրդանշական ըմբռնում-սահմանումներու վրայ:

Քրիստոնեայ, իսլամ, կամ մարքսիստ պատմաբանները նոյն ձեւով չեն տեսներ դէպքերը, անոնց նոյն իմաստը չեն տար: Պատմութիւնը անկախ գիտութիւն չէ, ինչպէս՝ բնագիտութիւնը, ան հարկատու է նաեւ քաղաքականութեան եւ ազգային շահերու: Բայց ինչպէս որ գրուին պատմութիւնը եւ գրականութիւնը, պատումները միշտ կը հիւսուին կարգ մը գաղափարներով կամ անոնց շուրջ:

Այսպէս, գրականութեան եւ պատմութեան առարկան մարդն է, նաեւ՝ բնութիւնը, որուն մաս կը կազմէ մարդը, որուն հետ տեւաբար շփման մէջ է: Միաժամանակ՝ մարդուն եւ մարդոց հոլովոյթը, նախաձեռնութիւնները, գործը, ապրումները, որոշումները, զգացումները, արարումները, այսինքն՝ ընկերութիւնը, հոն զարգացող յարաբերութիւնները՝ համագործակցութիւն, մրցակցութիւն, անհասկացողութիւն, նաեւ՝ պատերազմները: Գրականութիւնը նաեւ բեմն է երեւակայական ընկերութեան մը, յարաբերութիւններու, թէեւ անոնք որքան ալ երեւակայական ըլլան, կը բխին իրականութիւններէ, բնութենէ, մարդոց այսպէս կամ այնպէս ըլլալու ոճէն եւ ցանկութենէն, որոնք այս կամ այն ձեւով լծակներն են նաեւ պատմութեան: Երեւակայական ընկերութիւններու գրականութիւն եղած է հինէն ի վեր՝ Պղատոն, Ժան-Ժագ Ռուսօ, Ճորճ Օրուէլ: Նաեւ՝ առասպելները եւ հէքեաթները: Բայց այդ բոլորը ունեցած են մարդը՝ որպէս առանցք, anthropomorphisme:

Պատմութիւնը եւ գրականութիւնը կը բեմադրեն՝ որպէս արձանագրութիւն կամ քննադատութիւն, մարդոց հակումը դէպի պերճանք, ճոխութիւն, մոլութիւններ: Հինէն ի վեր պատմութիւնը եւ գրականութիւնը հակուած են խօսելու հերոսներու մասին, հերոսացումներ՝ չափազանցութիւններով, կեանքի միօրինակութեան վրայ յայտնուող դրական կամ բացասական դէմքեր: Նաեւ հինէն ի վեր գոյութիւն ունեցած է գերբնականի մասին վկայութիւնը՝ պատմութիւն եւ գրականութիւն միաձուլելով:

Պատմութեան եւ գրականութեան մէջ յաճախադէպ են կարօտի զգացումին դրսեւորումները, կարօտ՝ ծննդավայրի, հայրենիքի, որոնցմէ զրկուած ըլլալը տառապեցնող է:

Միաժամանակ պատմութիւնը եւ գրականութիւնը կը ներկայացնեն, դրական տիպարներու կողքին, բացասական տիպարներ, ջարդարարներ, յափշտակողներ, ագահներ, դաւողներ եւ դաւադիրներ: Այս տիպարները «կ՚ապրին» հրէշային կացութիւններու մէջ, թշուառութեան, նաեւ՝ հարստութեան, կը հետապնդեն նպատակ եւ փառասիրութիւն. ծիծաղելիութիւն, ողբերգութիւն, հոգեկան բարձրացում: Այսպէս եղած է հինէն ի վեր, օրինակ, մեր մէջ, Հայկ եւ Բէլ, Սասունցի Դաւիթ եւ Մսրայ Մելիք, Վարդան եւ Վասակ, չարի եւ բարիի մարմնացումներ: Եւ այլն:

Մեր ժամանակն ալ պատմութեան էջ մըն է իր դժուարութիւններով, սխրանքներով եւ այլանդակութիւններով, ընդհանուր բնութագրումով՝ անցումային եւ յարափոփոխ ժամանակաշրջան, զայն կ՚ապրինք օրը օրին, մամուլով եւ հրապարակագրութեամբ, յաճախ՝ յուշագրութիւններով: Վերջինները ընդհանրապէս կը մնան անհատական-ընտանեկան սահմանափակութեան մէջ, չեն հասնիր ազգային-հաւաքական կացութեան գեղագիտական պատկերման: Այս անցումային եւ յարափոփոխ շրջանը, Հայաստան եւ սփիւռքներ, ընկերային, քաղաքական, հոգեբանական, իմաստասիրական արտայայտութիւնը չգտաւ գրականութեան մէջ, չվերածուեցաւ ընդհանուր պաստառի մը: Օրինակ՝ վերանկախացած երկիրը ունեցաւ երեք յաջորդական նախագահներ, բայց անոնք խորհրդանիշ չդարձան, տեղի ունեցան մեծ կամ փոքր քաղաքական ոճիրներ, անոնք գրական (քաղաքական հաշուեյարդարէ եւ քարոզչութենէ տարբեր) արտայայտութիւն չգտան, այդպէս են նաեւ «հերոսներ»ը եւ զանազան հաշիւներով «հերոսացուածներ»ը, կրկին՝ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

Հարկ է նաեւ խօսիլ ընկերային եւ քաղաքական յանձնառութիւններու եւ լքումներու մասին: Օրինակ՝ աղէտ-արտագաղթ-հայրենալքումը, բացի սրտի ցաւ պատճառող, արդարացման եւ դատապարտման խօսքերէ, գրականութեան կողմէ սեւեռման նիւթ չեղաւ: Հաւանօրէն կրնայ առարկուիլ, որ բաւարար հեռաւորութիւն չկայ տակաւին անմիջական կացութիւններէն գաղափար արտահանելու, այսինքն՝ քարոզչութիւն եւ կիրքեր գերանցելու, երեւոյթներէն անդին խորքային հարցեր սեւեռելու:

Այս հարցերէն անտեղեակ չենք, անոնք կ՚արծարծուին անմիջականութեամբ, մամուլով, մետիաներով, վերանորոգուող «նորութիւններ»ը զիրար կը հրմշտկեն, ամբոխայինի մակարդակին կը մնան, բայց դեռ չանցան տեսիլքներու եւ գաղափարականի գեղարուեստական բովէն:

Որպէսզի մենք հասկնանք մեր ժամանակաշրջանը՝ իր իրաւ կամ մակերեսային բարդութիւններով եւ հակասութիւններով, ապագայ սերունդները հասկնան, անհրաժեշտ է, որ անոնք անցնին գեղարուեստական գրականութեան, ընդհանրապէս նաեւ արուեստներու բովէն: Սխալ պէտք չէ հասկնալ. գրականութիւնը պիտի չփոխարինէ պատմութիւնը, այլ պիտի հանդիսանայ մարդուն բազմերես ներկայութիւնը պատմութեան մէջ վերծանողը՝ իր հոգեբանութեամբ, երազներով, տառապանքներով, յոյսերով, յոյզերով, հարցականներով, եւ անոնց պատասխաններ գտնելու հոգեկան եւ մտային տուայտանքներով, այս բոլորը՝ չոր տուեալներէն անդին:

Գրականութիւնը բաց գիրքն է մարդուն անկրկնելի եւ իւրայատուկ ներկայութեան, որ հարցը չէ լայնածիր եւ մանրամասնութիւնները զանց առնող պատմութեան, որուն ընթացքը երբեմն կ՚որոշուի սպայակոյտերու կանաչ սեղաններու շուրջ՝ քարտէսներու առջեւ: Օրինակ՝ հաշուարկել, թէ քանի՛ հազար զոհ պիտի ունենայ բանակ մը… եթէ ցամաքահանում կատարէ, կամ ի՞նչ հետեւանքներ կ՚ունենայ դրամի արժեզրկումը բնակչութեան կենսամակարդակին վրայ: Երկու պարագաներուն ալ կը բացակային յատուկ անուններով մարդիկ, որոնք զաւակ ունին, սէր ունին, երազ ունին, ապագայ:

Այս ընելու համար, ճիշդ է, պէտք է ունենալ գրողը եւ արուեստագէտը, բայց նաեւ՝ անմիջականէն անդին նայող շարքային քաղաքացին, որուն համար կ՚ըսուի, թէ ան է, որ կը պահէ ազգային առհաւական առաքինութիւնները: Այդպէս վկայած են գրականութիւնը եւ պատմութիւնը: Ան նաեւ միւս մասն է գրողին, alter ego-ն:

Ղեկավարութիւնները, հակառակ ներկայի դժուարութիւններուն, պէտք է ստեղծեն հոգեբարոյական նուազագոյն դաշտը, որպէսզի ամբոխը դառնայ ժողովուրդ եւ ազգ, ունենայ շարունակութիւն ըլլալու գիտակցութիւն:

Այս հարցերու մասին պէտք է խօսիլ ոչ թէ տիքթաթներով, այլ՝ խորքային մօտեցումով, ոչ թէ՝ դաս տալու համար, այլ՝ միասին մտածելու իմաստութեամբ: Այլապէս, օր մը մենք մեզ կը գտնենք հոգեբարոյական անապատի առջեւ:

Փոքրաթիւ ժողովուրդ ենք թէեւ, փոքրածաւալ տարածքի մը վրայ, բայց մեր պատմութիւնը այլ բան կը վկայէ մեր հաւաքական եւ անհատական լինելութեան մասին, հայ մարդուն եւ հայ մարդոց սակային մասին պիտի խօսի գրականութիւնը, արկածախնդրութիւն ի վերուստ կամ այլոց կողմէ պարտադրուած անհատական եւ հաւաքական արկածախնդրութիւն, ուր ծնած են եւ պիտի ծնին մարդկային մեծութիւններ՝ ինքնահաստատման տենչով, դիպուածայինէ անդին: Նաեւ՝ ուր եղած են, կան եւ պիտի ըլլան փոքրութիւններ:

Այս տեսիլքով գրականութիւնը կրնայ հանդիսանալ, պառակտումներու եւ տարտղնումի փորձութիւններու դիմաց, ազգի վերականգնումի հոգեկա-ոգեկան ուժականութիւնը՝ գերանցելով հասարակ շահախնդրութիւնները, փառասիրութիւնները եւ նպարավաճառային գործնապաշտութիւնները:

Գրողը, նոյնիսկ երբ քաղաքական ամպիոն չունի, ունի Զոլայի անկապտելի հնարաւորութիւնը «Կ՚ամբաստանեմ» պոռալու եւ լսուելու: Այս հնարաւորութենէն ինքզինք պէտք չէ զրկէ գրողը:

Եւ պատմութիւնը պէտք է կարդալ, գրականութիւնը մշակել, եթէ կ՚ուզենք խօսիլ պատմութեան եւ գրականութեան հետ, այսօր եւ վաղը, լաւ է երբեմն զրուցել ամբողջ կեանք մը մարդոց եւ գրականութեան հետ ապրած մտաւորականի մը հետ՝ Ժան տ՚Օրմեսոնի, որ շուրջ տարի մը առաջ, իննիսուներկու տարեկանին հեռացաւ կեանքէն:

Իր խօսքով եզրակացնենք, թէեւ ոչ մէկ խօսք ինքնին եզրակացութիւն է: Ան ըսած է.

«Մի՛ խաբուիք: Միշտ ի մտի ունեցէք վերապահ ըլլալ: Նոյնիսկ՝ բացորոշէն. ան իր ժամանակը կ՚անցընէ փոփոխուելով: Շատ բարձր մի՛ դասէք ո՛չ մարդիկը, ո՛չ իրերը: Զանոնք շատ ցած մի՛ դնէք: Ո՛չ, շատ ցած մի՛ դնէք: Բարձրացէ՛ք: Հրաժարեցէ՛ք ատելութենէն: Ան աւելի ցաւ կը պատճառէ զայն զգացողին, քան՝ անոնց, որոնք անոր առարկան են: Մի՛ փորձէք ի գին ամէն բանի իմաստուն ըլլալ: Խենթութիւնն ալ իմաստութիւն մըն է, եւ իմաստութիւնը՝ խենթութիւն: Խուսափեցէ՛ք պատուիրաններէ եւ դաս տուողներէ: Նետեցէ՛ք այս գիրքը: Ըրէ՛ք, ինչ որ կ՚ուզէք: Եւ ինչ որ կրնաք: Լացէ՛ք, երբ անհրաժեշտ է: Խնդացէ՛ք: Ես շատ խնդացած եմ: Ես խնդացած եմ աշխարհի, ուրիշներու եւ իմ վրաս: Ոչինչ շատ կարեւոր է: Ամէն բան ողբերգական է: Այն ամէնը, զոր կը սիրենք, պիտի մեռնի: Ես ալ պիտի մեռնիմ, նաեւ: Կեանքը գեղեցիկ է»:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

15 մարտ 2019, Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 25, 2019