ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ՈՒԾԱՑՈՒՄԸ
1976-ին, երբ հասայ Ամերիկա, մեր ապրած երկիրներէն եկած վաղեմի բարեկամներու տան մը մէջ (որոնք արդէն տարիներ առաջ հաստատուած էին Ամերիկա) ապաստարան գտայ կարճ ժամանակամիջոցի մը համար, մինչեւ որ աշխատանք մը գտնեմ։ Բարեբախտաբար, յաջորդ օրն իսկ արդէն գտած էի։ Ծանօթացայ աշխատատեղիիս մօտակայ «կէզ սթէյշըն»ի ինքնաշարժներու վառելանիւթի վաճառքի կեդրոնի մը մէջ աշխատող երիտասարդի մը, որ անգլերէնի հնչիւնէս անմիջապէս կռահելով օտարական ըլլալս, հարցուց՝ որտեղացի՞ եմ։ Ըսի հայ եմ եւ Լիբանանէն։ Ո՜հ, ծնողքս ալ հայ են,- ըսաւ։ Զարմանքով հարցուցի, եթէ ծնողքդ հայ են, ապա դուն ի՞նչ ազգի կը պատկանիս։ Խնդալով պատասխանեց. «Օ՜հ ես, այմ արմինիըն թու, պաթ այ տոնթ սփիք արմինիըն»։ Խնդիրը պարզուեցաւ. ծնողքը հայ գաղթականներու զաւակներ եղած են Ամերիկա ծնած, բայց տակաւին կէս ու կէս հայերէն կը խօսին, իսկ մեր երիտասարդը՝ բնաւ, ոչ մէկ բառ, բացի՝ բարեւէն, որովհետեւ ամերիկեան դպրոց յաճախած է, ընկերները բոլորը ամերիկացի են, իսկ ինք արդէն դարձած է 99 տոկոսով ամերիկացի, դատելով իր արտաքինէն եւ վարմունքէն։ Ափսոսացի եւ զարմացայ, թէ մարդ ինչպէ՞ս ինքն իր ուրոյն ազգութիւնը կրնայ կորսնցնել այդքան արագ ժամանակամիջոցի մէջ։
* * *
42 տարի ետք, այլեւս չեմ զարմանար, այնքա՜ն նման արարքներու եւ եղելութիւններու ականատես ըլլալէս ետք։
Մի քանի տարի ետք, կը հանդիպինք հայախօս, բայց Ամերիկա ծնած նորաստեղծ բարեկամի մը տունը, «ֆութպոլ» դիտելու եւ պատառիկ մը ճաշակելու համար։ Բայց ասիկա մեր գիտցած «ֆութպոլ»ը չէր։ Այս «ֆութպոլ»ը զիրար բզկտելու, կոխկռտելու եւ յափշտակելու խաղ մըն է ըսի, եւ ինչո՞ւ ոտքով չեն խաղար։ Հա՛ ըսաւ, ասիկա ամերիկեան ֆութպոլ է, ձեր գիտցածին չի նմանիր, շատ հետաքրքրական է։ Սեղան նստանք ու սկսանք հետեւիլ խաղին, որ տեւեց մօտ 3 ժամ, բազմաթիւ գովազդներու, յայտարարութիւններու եւ կողմնակի խօսակցութիւններու ընդմիջումներով, դադարներով եւ կիսախաղի, ինչ մեղքս պահեմ, շատ գեղեցիկ տօնակատարութեամբ։ Խաղի աւարտին, սենեակին մէջ սկսաւ հարցում-պատասխանի մրցոյթ մը ներկաներուն միջեւ, կազմակերպուած մեր հիւրընկալին կողմէ, ուր ակամայօրէն մասնակից դարձանք, առանց բան մը հասկնալու։ Պահ մը հարցումներուն շուրջ մտորելով կը մտածէի, թէ իմ ինչի՞ս պէտք էր այս կամ այն խաղացողին, այս կամ այն վայրկեանին կատարած «սխրագործութեան» մասին, 1980-ին կատարած ճիշդ նոյն սխալին, կամ այլ խաղացողի մը հետ բախումի ընթացքին կրած վնասին մասին եւ այլ նման, ինծի համար անիմաստ արարքներու նկատողութեան մասին, որոնք կարծէք, թէ յաւերժացող պատմական իրողութիւններ ըլլային։ Բայց ներկաներուն մէկ մասը խիստ հետաքրքրուած՝ կը հետեւէին հարցումներուն պատասխան մը գտնելու ջանքերով։ Բարեբախտաբար, առանձին չէի այնտեղ, երբ կողքս նստած անձ մը ականջիս փսփսաց. «Իմ ալ հոգս էր այս բոլորը»։ Երկուքս ժպտալով ողջունեցինք զիրար, դիտելով ամերիկեան յորձանուտին մէջ թփռտացող հայ նորահաս սերունդին կեանքը, որ բոլորովին անտեղեակ իր հայկական արմատներէն, արդէն իւրացուցած էր ամերիկեանը, հեզասահ զօդուելով այդ կեանքին մէջ։
Եթէ աւելին ակնկալենք տեսնել մեր նոր սերունդի ներկայացուցիչներէն, արդէն այդ ինքնին մեծ զոհաբերութիւն մը կրնայ ըլլալ անոր ծնողքէն եւ մանաւանդ՝ իրմէ, իր հայրենասէր ոգիով սնած, մեծցած ըլլալով. բայց աւաղ որ անոր մտածելակերպը հայկական պիտի չըլլայ այլեւս։
Պարագան անտարակոյս նոյնն է նաեւ սփիւռքահայերու բնակած բոլոր երկիրներուն մէջ։ Ֆրանսայի, Գանատայի, Անգլիոյ, Եւրոպական երկիրներու եւ այլ տեղեր։ Մին կը խօսի ֆրանսերէն, միւսը՝ գերմաներէն, անգլերէն կամ եւրոպական որեւէ լեզու, քեզի պատասխանելու համար՝ «այմ արմինիըն, ժը սուի արմէնիէն, սօյ արմէնիօ, իխ պին արմէնի» կամ այլ լեզուներով», ինչպէս որ ժամանակին իրլանտացին Ամերիկայի մէջ կ՚ըսէր՝ «Մայ էնսէսթըրզ ար ֆրամ Այրլընտ»։
Կը մաղթենք եւ կը յուսանք, որ այդ նոյնը չպատահի մեր հայազգի զաւակներուն։
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
«Նոր օր», Լոս Անճելըս