ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ԵՐԵՔ ԺՈՂՈՎՆԵՐՆ ՈՒ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ-ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ (Գ.)

Բ) ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍՈՅ ԺՈՂՈՎ

Առաջին Տիեզերական Նիկիոյ Ժողովին մէջ տեսանք, թէ Արիոս իր կողմնակիցները ունէր եւ իր քարոզութիւնը ամէնուրեք տարածուած էր։ Արիոսի մահէն ետք արիոսականութիւնը ոչ միայն չ՚անհետանար, այլ անոր քարոզութիւնները օրէ օր կ՚աւելնան, անոր ուսուցումներուն հիման վրայ նոր ուսուցումներ երեւան կու գան, որոնք կը սկսին շեղիլ եւ նորանոր քարոզութիւններով ժողովուրդը այնքան մոլորեցնել, որ իրենք իրենց կողմնակիցներուն՝ արիոսականներուն դէմ ելլելով, նոր ուսուցումներ կը տարածեն։ Բացի արիոսականներէն մէջտեղ կու գան կիսարիոսականները, եւնոմեանները, եւդոկսեանները, մարկելեանները, փոտինեանները, ապղինարեանները, մակեդոնեանները եւ այլն։ Այդ ժամանակուայ աղանդաւորական շարժումներէն ամենազօրաւոր աղանդներն էին՝ մակեդոնեանները եւ հոգեմարտեանները։ Յունաց կայսրերը հետեւելով աղանդներուն՝ իրենք եւս փոփոխութիւններ կը կրէին։

Ո՞վ էր Մակեդոն եւ ի՞նչ էր անոր ուսուցումը

Մակեդոն կայսրին կողմէ Կ. Պոլսոյ Պատրիարք ընտրուելով, կիսարիոսականներու կողմը կ՚անցնի եւ քարոզներու միջոցաւ կը սկսի իր գաղափարները տարածել։ Որդի Աստուծոյ մասին եղած վարդապետութիւնը անփոփոխ կը ձգէ եւ Ս. Հոգւոյն վարդապետութեան անցնելով՝ փոփոխութեան կ՚ենթարկէ եւ այսպիսով իր աղանդը կ՚երանգաւորէ, որ իր անունով Մակեդոնի աղանդ կը կոչուի։ Անոնք կ՚ըսէին, թէ Ս. Հոգին համագոյակից չէ ո՛չ Հօր եւ ոչ Որդիին, այլ ստորադաս եւ ծառայող ուժ մըն է, իսկ Որդին հաւասար է Հօր։ Ինչպէս մեր նախորդ յօդուածին մէջ նշած էինք, որ Արիոս Որդին սովորական արարած կը համարէր եւ ոչ էակից Հայր Աստուծոյ, իսկ Ս. Հոգին Որդիէն բխելով՝ Աստուած չէ, այլ Որդիին արարչագործութիւնը։ Իսկ Ս. Հոգին Հայր Աստուծմէ բխիլը չէր կրնար ընդունիլ։ Այսպիսով Մակեդոնը, ինչպէս Արիոսը, Սուրբ Երրրորդութեան խորհուրդը եւ երեք անձերու համաբնոյթ ըլլալը կտրականապէս կը մերժէր։

Թէոդոս մեծ, երբ այս բոլորը կը լսէ, կը հրամայէ Երրորդութիւնը դաւանիլ այնպէս ինչպէս Ուղղփառ Եկեղեցին կ՚ընդունի, փակել կու տայ անոնց ժողովարանները, եւ նոյնիսկ կը սպառնայ՝ դատի ենթարկելով եւ բոլոր աղանդաւորները պատժելով։ Թէոդոս տեսնելով, թէ այս միջոցաւ աղանդաւորական շարժումը կարելի չէր կասեցնել, ուստի կը հրամայէ ընդհանուր ժողով մը գումարել, որպէսզի վէճերը լուծուին։

Ժողովը Կ. Պոլսոյ մէջ կը գումարուի, 381 թուականին, 150 եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ։ Անոնցմէ նշանաւորներն են. Կիւրեղ Աղեքսանդրացին, Անփիլոք Իկոնիացին, Գրիգոր Նիւսացին, Բարսեղ Մեծը, Գրիգոր Նազիանզացին եւ 36 աղանդաւորական (մակեդոնական) եպիսկոպոսներ։ Վերջիններս կը մերժեն ուղղափառներու դաւանանքը եւ կը հեռանան ժողովէն։ Ժողովի ընթացքին կը քննարկուի Մակեդոնի քարոզութիւնները, ապա՝ Մակեդոն իր հետեւորդներու հետ միասին կը նզովուի։ Կայսրը կը հրամայէ հակառակորդ եպիսկոպոսները զրկել իրենց պաշտօններէն։ Երբ այս խիզախ որոշումը աղանդաւորները կը զայրացնէ, կայսրը կը հրամայէ, որ երկրորդ անգամ ըլլալով «ՀԱՒԱՏՈՅ ՀԱՆԳԱՆԱԿ» մը կազ-մըւի Նիկիական հանգանակին վրայ, բոլորին կողմէ, թէ՛ աղանդաւորներուն եւ թէ ուղղափառներուն եւ ապա իրեն յանձնուի, որպէսզի քննէ զանոնք եւ ըստ այնմ որոշում տայ։ Կայսրը ուղղափառներուն կազմածը կ՚ընդունի եւ աղանդաւորականներու ներկայացուցածը կը մերժէ։

Այստեղ պէտք է նշել, թէ Տիեզերական Բ. Ժողովի ընթացքին Նիկիոյ «Հաւատոյ Հանգանակը» թէկուզ ընդուն-ւած էր եւ հաստատուն մնացած էր՝ դաւանական տեսակէտէ որպէս կատարեալ, սակայն Նիկիոյ Ժողովէն ետք նոր աղանդներու երեւան գալը կը ստիպէ որոշ լրացումներ կատարել։ Գրիգոր Նիւսացին Կ. Պոլսոյ մէջ հաւաքուած սուրբ հայրերու հաւանութեամբ եւ ժամանակի պահանջքներուն համապատասխան յաւելումներ կը կատարէ Նիկիական Հանգանակի վրայ։ Ժողովը կը բանաձեւէ Ս. Հոգիին աստուածութիւնը եւ կ՚աւելցնէ՝ «Ի Հօրէ բխեալ», այսինքն՝ Ս. Հոգին Հօրմէն կը բխի եւ Հայր Աստուծոյ ու Որդիին հետ միասին երկրպագելի, փառաւորելի ու համագոյակից է։

Կարեւոր է այստեղ յիշել, թէ այս ժողովին Հռոմի Եկեղեցիէն ներկայացուցիչ չկար, ուստի, ներկայ ուղղափառ եպիսկոպոսները հարկ կը սեպեն վերջին արձանագրութիւնները Հռոմ ուղարկել, որպէսզի Պապը ստորագրէ զայն։ Հռոմի Եկեղեցին դաւանաբանական մասը կ՚ընդունի, իսկ եկեղեցական կարգի կանոնները վէճի կ՚ենթարկէ եւ երրորդ կանոնը չ՚ընդունիր մինչեւ Լատերանի ժողովը։ Երրորդ կանոնը կ՚ըսէր, թէ «Կ. Պոլսոյ եպիսկոպոսը աւագութեան պատիւ պիտի ունենայ Հռոմի եպիսկոպոսէն յետոյ, որովհետեւ սա (Կ. Պոլիսը) նոր Հռոմ է»։ Վերջին ժողովէն մեզի հասած արձանագրութիւններ չունինք, միայն գիտենք, թէ մեզի հասած են Ժողովի ընթացքին Գրիգոր Նազիանզացի արտասանած ճառը, Ժողովի կանոնական հրահանգները Թէոդորոս կայսրին ուղղուած թուղթին հետ, Հաւատոյ Դաւանանքը, Ժողովի անդամներու ստորագրութիւնը, Հռոմի Եպիսկոպոսին ուղղուած թուղթը։

Որպէսզի կարողանանք մեր ընթերցողներուն վերոյիշեալ մտքերը աւելի եւս հասկնալի դարձնել, ստորեւ Նիկիական ու Կոստանդնուպոլսոյ Հանգանակները կը մէջբերենք.

Նիկիական Հանգանակն է.

«Հաւատամք ի մի Աստուած,

Հայր ամենակալ,

ամենեցուն երեւելեաց եւ աներեւութից Արարիչ։

Եւ ի մի Տէր Յիսուս Քրիստոս, յՈրդին Աստուծոյ,

ծնեալ ի Հօրէ, Միածին, այսինքն է՝ ի գոյութենէ Հօր։

Աստուած՝ յԱստուծոյ, լոյս՝ ի լուսոյ,

Աստուած ճշմարիտ՝ յԱստուծոյ ճշմարտէ,

ծնեալ եւ ո՛չ արարեալ.

Նոյն էութիւն Հօր,

որով ամենայն ինչ եղեւ յերկինս եւ յերկրի։

Որ վասն մեր մարդկան,

եւ վասն մերոյ փրկութեան,

էջ եւ մարմնացաւ

ի Սրբոյ Կուսէն Մարիամայ.

չարչարեցաւ վասն մեղաց մերոց.

մեռաւ եւ յերրորդ աւուր յարեաւ.

ել յերկինս, նստաւ ընդ աջմէ Հօր.

գայ դատել զկենդանիս եւ զմեռեալս։

Եւ ի Սուրբ Հոգին»։

Կոստանդնուպոլսոյ Հանգանակն է.

«Հաւատամք ի մի Աստուած,

Հայր ամենակալ,

յԱրարիչ երկնի եւ երկրի,

ամենեցուն երեւելեաց եւ աներեւութից։

Եւ ի մի Տէր Յիսուս Քրիստոս,

Որդին Աստուծոյ, Միածին, որ Ի Հօրէ ծնեալ

յառաջ քան զամենայն յաւիտեանս,

այսինքն՝ յէութենէ Հօր։

Լոյս՝ ի լուսոյ,

յԱստուած ճշմարիտ՝ յԱստուծոյ ճշմարտէ,

ծնեալ եւ ոչ արարեալ. յէակից Հօր,

որով ամենայն եղեւ,

որ ինչ յերկինս եւ ինչ յերկրի։

Որ վասն մեր մարդկան,

եւ վասն մերոյ փրկութեան,

էջ յերկնից եւ մարմնացաւ ի Հոգւոյն Սրբոյ

եւ ի Մարիամայ Կուսէն.

եւ մարդացաւ եւ խաչեցաւ

վասն մեր առ Պոնտացւով Պիղատոսիւ.

եւ չարչարեցաւ եւ թաղեցաւ

եւ յերիր աւուր յարեաւ ըստ գրոց.

եւ ել յերկինս եւ նստաւ ընդ աջմէ Հօր.

եւ գայ միւս անգամ հանդերձ փառօք՝

դատել զկենդանիս եւ զմեռեալս.

որոյ թագաւորութեանն մի՛ լիցի վախճան։

Եւ ի Հոգին Սուրբ, Տէր եւ կենդանարար,

որ ի Հօրէ ելանէ,

որ ընդ Հօր եւ ընդ Որդւոյ

երկրպագութիւն առնու եւ փառաւորի,

որ խօսեցաւ մարգարէիւք։

Եւ մի Սուրբ Կաթողիկէ եւ Առաքելական Եկեղեցի։

Խոստովանիմք մի մկրտութիւն ի թողութիւն մեղաց.

ակն ունիմք յարութեան մեռելոց

եւ կենացն հանդերձելոցն յաւիտենից։ Ամէն»։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 25, 2018