ԱԿՆԱՐԿ 63 - «ՇՈՈՒ»Ի ՎԱՐՊԵՏ-ՄԱՍՆԱԳԷՏԸ. ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ «ՇՈՈՒ»Ի ՄԷՋ ԿԸ ՄԵՂԱԴՐԷ

Այն որ վերջին տարիներուն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետն ու իր խմբակցութենէն մի քանի գիտոսիկներ յաճախակի կերպով ցեխարձակումներ կը կատարեն Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ հոգեւորականութեան վրայ, արդէն «բնական» երեւոյթի վերածուած է, ինչքան ալ անբնական ու անտրամաբանական եւ իրենց զբաղեցուցած պաշտօններուն անյարիր ըլլայ իրենց կեցուածքը:

Սակայն, երկրի այսպէս կոչուող առաջին դէմքը բոլոր սահմանները անցնելով հասնի Սուրբ Պատարագը «շոու» կոչելու, արդէն անհեթեթութիւն է: Արդարեւ, 12 ապրիլ 2024-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ամպիոնէն՝ որ մեր երկրի ամենէն բարձր ամպիոնն է, բայց ներկայ իշխանաւորները ԱՐԺԵԶՐԿԱԾ են զայն, վարչապետը հետեւեալ արտայայտութիւնը ունեցած է. «Այն, որ որոշ հոգեւորականներ կան՝ յիշած են որ այնտեղ [Ոսկեպար] եկեղեցի կայ, “շոու” պատարագներ կ՚ընեն, այս ընթացքին քանի՞ անգամ այնտեղ պատարագած են: Ասիկա stand up ա՞ [ա-ով խօսիլը ինքնին գռեհիկութիւն է, այն ալ Ազգային ժողովի ամպիոնէն], ես չեմ հասկնար»:

Հասկնալի է, որ այս մարդը շատոնց ինքնատիրապետումը կորսնցուցած է եւ իր աթոռն ու իր հիպնոսի մէջ գտնուող համակիրները պահելու համար ամէն ինչի ընդունակ է, բայց որ հարցը հասնի հոգեւոր սրբութիւններուն, այն ալ Պատարագին, սա պարզապէս անկրթութիւն է:

Հասկնալի է նաեւ, որ այդպիսով ինք մտադրութիւն ունի իր յիշած «որոշ հոգեւորականներ»ը ցաւցնելու կամ համբաւը կտրելու, որովհետեւ այդ հոգեւորականները շեփորներու նման, օր ու գիշեր մեր ժողովուրդին՝ Հայրենիքի, անոր սահմաններուն, մեր արժէքներուն, սրբութիւններուն ու աւանդութիւններուն մասին կը խօսին, բայց որ այդ ընելու համար Սուրբ Պատարագը «շոու» անուանէ, ապա այդ կը խօսի այդ մարդուն ունեցած արժեհամակարգին, սկզբունքներուն եւ համոզումներուն մասին:

Իսկ եթէ փորձենք այս արտայայտութիւնը վարչապետին ակնոցով հասկնալ, ապա շա՜տ պարզ ու յստակ կը դառնայ: Ըսուած է, մարդ ուրիշներուն մասին կը խօսի, կը մտածէ այն՝ ինչ որ ի՛նք կը կարծէ, կամ ինչպէս ի՛նք կը մտածէ՝ նոյն կերպարին մէջ կը փորձէ տեղադրել միւս մարդիկը եւս:

Արդարեւ, մեր երկրի առաջին դէմքը 5 օգոստոս 2019-ին Արցախի Վերածնունդի հրապարակին վրայ արտասանած խօսքին մէջ, յստակ կերպով շեշտեց, թէ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»: Փաստօրէն, պրն. վարչապետին ըսածը պարզապէս «շոու» էր, որովհետեւ նո՛յն մարդը, 2020-ին Արցախի գերակշռող մասը յանձնեց թշնամիին, իր «առաքելութիւնը» աւարտին հասցուց 2023 թուականի աշնան, 22 մայիս 2023-ին յայտարարելով, թէ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է ճանչնալու Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ 86.600 քառակուսի քիլոմեթր, որ իր մէջ կը ներառնէ նաեւ Ղարաբաղը:

Իսկ 23 յուլիս 2020-ին, Ատրպէյճանի կողմէ 12 Յուլիս 2020-ին Տաւուշի սահմանային դիրքերուն վրայ կատարուած յարձակումներուն ի պատասխան Հայկական բանակի գործողութիւնները բարձրօրէն գնահատած էր պրն. վարչապետը, կառավարութեան նիստի ընթացքին յայտարերլով. «Հայաստանի զինուած ուժերը, Հայոց բանակը ո՛չ միայն բարձրակարգ մարտունակութիւն ցուցաբերեցին, այլեւ տարածաշրջանի ամենամարտունակ եւ ամենաինտելեկտուալ բանակի համարումը վերահաստատեցին»: 2020 սեպտեմբերին սկիզբ առած եւ նոյեմբերին ամօթալի ստորագորութեամբ աւարտած Արցախի պատերազմը սակայն, եկաւ տարբեր բան ըսելու մեզի: Փաստօրէն, այս յայտարարութիւնը եւս stand up-ի «շոու» ծրագիր մըն էր մեր երկրի առաջին դէմքին կողմէ:

Դարձեալ, 12 յուլիս 2020-ին, Տաւուշի սահմանային դիրքերուն վրայ Ատրպէյճանի կատարած յարձակումներուն մասին խօսելով, յայտարարած էր, թէ՝ «Ատրպէյճանը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի վրայ յարձակեցաւ», մինչ այսօր կը պատրաստուի նոյն այդ տարածքէն հատուածներ յանձնել Ատրպէյճանին: Փաստօրէն, այդ հատուածներուն Տաւուշի՝ ընդ որում Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք ըլլալու յայտարարութիւնն ալ «շոու» էր:

Շարքը կարելի է երկարել տակաւին պրն. վարչապետի stand up-եան «շոու» ծրագիրներուն: Այսքանով բաւարարուինք սակայն:

Աւելի լաւ պիտի ըլլայ նախքան Հայ հոգեւորականներուն «շոու» ի մէջ մեղադրելը, գոնէ մէկ անգամ վարչապետը յիշէ իր ըրած «շոու» …ն, կը ներէք՝ «շոու» ները, որ շա՜տ շատ են: Դիւրին է մարդոց քարկոծելն ու ցեխարձակելը, բայց ծանր է երբ այդ կ՚ընես անտեսելով ու մոռնալով, որ քու տունդ հայելիով շին-ւած է եւ զայն փշրելը երկվայրկեաններու հարց է: Յետոյ, ամօթն ալ լաւ բան է, ի վերջոյ, ընդունինք կամ մերժենք, ուզենք կամ չուեզենք, մեր երկրի առաջին դէմքն էք, գոնէ այս փաստը յարգեցէք…

Պատարագի մասին չե՛մ անդրադառնար, որովհետեւ իմաստ չունի սրբութեան մասին խօսիլ, սրբութիւն չընդունող ու չճանչցող մարդոց: Հետեւաբար, աւարտենք Աւետարանի թելադրութեամբ. «Որեւէ սրբութիւն շուներուն մի՛ տաք. ձեր մարգարիտներն ալ խոզերուն առջեւ մի՛ նետէք. որպէսզի չըլլայ թէ զանոնք կոխկռտեն եւ դառնան ձեր վրայ յարձակին» (Մտ 7.6)։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

22 ապրիլ 2024, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024