Դրուագներ՝ անձնական փորձառութենէս

ԱՆԻՐԱՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔ…

1972 թուականի աշնան գացի Սէուտական Արաբիոյ Տահրան քաղաքը, աշխատելու Արամքօ ընկերութեան մէջ, որպէս անգլերէն լեզուի ուսուցիչ։

Դասաւանդութեանց չսկսած, պէտք էր մասնակցէինք երկու օրուայ տեւողութեամբ գումարուած կողմնորոշման (orientation) յատուկ նիստերու։ Այդ նիստերուն ընթացքին մեզ տեղեկացուցին երկրին կենցաղին, քաղաքական կառոյցին եւ Արամքօ ընկերութեան գործելակերպին մասին։

Մեզ յատկապէս զգուշացուցին հեռու մնալ ոգելից ըմպելիներէ եւ քաղաքական կամ կրօնական հարցերէ։ Մեր ուսանողներն էին ընկերութեան պաշտօնեաները, որոնցմէ ոմանք կը ղրկուէին խօսակցական անգլերէնի տիրապետելու, իսկ ուրիշներ՝ հետեւելու երկրորդական վարժարանի դասընթացքներուն։ Յետագային, անոնք պիտի ստանային համալսարանական ուսում եւ վերադառնային՝ նշանակուելու ընկերութեան վերի խաւի պաշտօններուն։

Ամիս մը չանցած, զիս դարձեալ կանչեցին ընկերութեան՝ պաշտօնեաներու հարցով զբաղող գրասենեակը։ Հոն տեղեկացուցին, թէ ամսականէս հինգ տոկոս պիտի զեղչեն, ղրկելու համար Պաղեստինի Ազատագրման կազմակերպութեան (ՊԱԿ - PLO)։

Ինչո՞ւ, որովհետեւ ես պաղեստինցի եմ։ Երբ առարկեցի, թէ ես Յորդանանի հպատակ եմ, ջրեցին առարկութիւնս, պնդելով թէ քանի որ Երուսաղէմ ծնած եմ, ինչ հպատակութիւն ալ կրեմ պաղեստինցի կը նկատուիմ։

Առաւե՛լ, պարտադրեցին ստորագրել վկայագիր մը, թէ ես կամաւոր կերպով ամսականէս հինգ տոկոս կը տրամադրեմ ՊԱԿ-ին… Մերժելու պարագային, սպառնացին զիս գործէ արձակել եւ վերջ…

1976-ի գարնան հրաժարեցայ պաշտօնէս եւ եկայ Ամերիկա։ Երբ թոշակս պահանջեցի, ըսին թէ 65 տարիքս թեւակոխելէ ետք պիտի վճարեն։ Ես դարձայ 75 տարեկան եւ տակաւին կը սպասեմ այդ հատուցման… Թերեւս ինձմէ աւելի՝ իրենք պէտք ունին այդ չնչին գումարին։

ԱՊԻԿԱՐ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՍՊԱՅ…

1973-ի ամրան, մէկ ամսուան արձակուրդով մեկնեցայ Պէյրութ, ուր պիտի միանայի Հալէպէն եկած մօրս։ Հալէպ չէի կրնար երթալ, որովհետեւ զինուորական պարտադիր ծառայութենէ խուսափած էի։

Այդ մէկ ամսուան արձակուրդին մէկ շաբաթը որոշեցի անցընել Գահիրէի մէջ, ծանօթանալու անոր պատմական եւ այլ տեսարժան վայրերուն։ Պէյրութի մէջ, այդ ճամբորդութեան մասնակցելու համար ինծի միացաւ երբեմնի բարեկամս եւ այժմ հանգուցեալ Արմենակ Տիրատուրեանը։ Ուրախութիւնս մեծ եղաւ, քանի որ ընկերակից մը պիտի ունենայի։

Գահիրէ մեր հասնելուն յաջորդ օրը, Եգիպտոս Իսրայէլի դէմ պատերազմ յայտարարեց։ Օդակայանը գոցուեցաւ եւ մենք մնացինք անորոշ վիճակի մէջ։ Հիմա ինչպէ՞ս պիտի վերադառնայինք Պէյրութ եւ անկէ ալ՝ իմ պարագայիս, Տահրան։

Լիբանանեան ճամբորդական ընկերութեան (Middle East Airlines) գրասենեակը մեզի խորհուրդ տուաւ նաւով երթալ Աթէնք, որմէ ետք անոնք պատրաստ էին մեզ փոխադրել Պէյրութ։ Յունաստան մուտքի վիզա առնելու համար գացինք Յունաստանի հիւպատոսարանը, որոնք մերժեցին՝ առարկելով թէ մեր երկիրներէն պէտք է առած ըլլայինք վիզան։ Ես՝ Ամմանէն, իսկ Արմենակը՝ Դամասկոսէն։

Վերոյիշեալ ընկերութիւնը այս անգամ մեզի խորհուրդ տուաւ ցամաքի ճամբով երթալ Լիպիոյ Պենղազի քաղաքը, որմէ ետք իրենք պատրաստ էին մեզ փոխադրել Պէյրութ։ 26 ժամուայ տաժանակիր ճամբորդութիւն մը պիտի ըլլար այս մէկը, որովհետեւ օրը Ռամազան էր։ Բայց դժբախտաբար ուրիշ ելք չունէինք։

Իրիկուան մը չորսին, ութը հոգիով ճամբայ ելանք դէպի Պենղազի։ Վարորդը խոստացաւ Լիպիոյ սահմանը գտնուող Թպրող քաղաքը հասնելէ ետք, մի քանի ժամ քնանալ եւ հանգստանալ։ Բայց երբ հոն հասանք, ան երեսը աղբիւրի պաղ ջուրով լուաց եւ հրաւիրեց բոլորս որ ճամբայ ելլենք։

Ես մերժեցի, որովհետեւ ամբողջ ճամբու երկանքին անոր քունը կը տանէր եւ ես էի որ զինք կը սթափեցնէի։ Խորհեցայ, որ ուրիշ ինքնաշարժով մը աւելի հանգիստ եւ ապահով կրնայի ճամբորդել։ Բայց եկուր տես որ վարորդը ո՛չ եգիպտական ոսկի եւ ոչ ալ ամերիկեան տոլար կ՚ընդունէր որպէս վարձք։

Ճարահատ, գացի մօտակայ դրամատունը, որպէսզի դրամական փոխանցում կատարէի։ Անոնք ալ մերժեցին, որովհետեւ սահմանը արձանագրել տուած չէի ունեցած գումարս։ Առ քեզի պատուհաս… Սակայն, խորհուրդ տուին երթալ մօտակայ զինուորական բանակավայրը, ուր սպան պէտք էր արտօնէր՝ անցագրիս մէջ ստորագրելով։

Մէկ ձեռքս ճամբորդական պայուսակս եւ ուսէս ալ լուսանկարչական մեքենաս կախուած, մտայ զինուորական բանակավայրը եւ ուղղուեցայ դէպի սպային գրասենեակը։ Առաջին հերթին, ան պախարակեց զիս ըսելով, թէ զինուորական բանակավայրի մէջ լուսանկարչական մեքենայ չի թոյլատրուիր։

Ինչ որ է, երբ բացատրեցի նպատակս եւ անոր առիթ ընծայող պարագաները, զարմանքով հարցուց, թէ ինչո՞ւ գոց էր Գահիրէի օդակայանը։ Աւելին, ան հարցուց նաեւ որ ի՞նչ գիտէի՝ եթէ Պենղազիի օդակայանը բաց էր։ Անդրադարձայ, թէ անտեղեակ էր ներկայ քաղաքական անցուդարձերէն, սակայն հարց չյարուցանելու համար, զինք գովեցի եւ աղաչեցի որ լուծէր իմ խնդիրը, ստորագրելով անցագրիս մէջ։

Իրիկուան ժամը ութին հասայ օդակայան եւ ուզեցի ծարաւս յագեցնել. մերժեցին՝ ըսելով թէ պէտք էր մայրամուտին սպասէի։ Ընկերս փնտռեցի, սակայն ի զո՜ւր։ Օդանաւը ժամը տասին թռիչք պիտի առնէր եւ վերջապէս քառորդ ժամ մնացած՝ հասաւ ընկերս, առանց պայուսակի։

Երբ հարց տուի, բացատրեց թէ մայրամուտին ինքնաշարժը կանգ առած էր ճաշարանի մը մօտ, որպէսզի ծոմապահները ընթրէին։ Ընթրելէ ետք անոնք անդրադարձած էին, թէ բոլորին պայուսակները գողցուած էին, ինքնաշարժին տանիքէն։ Անմիջապէս կ՚երթան մօտակայ ոստիկանատունը բողոք ներկայացնելու, սակայն ապարդիւն։ Ոստիկանապետը ինքնավստահ կերպով կը յայտարարէ, թէ Լիպիոյ մէջ գողեր չկան…

Երբ Պէյրութ հասանք, ընկերոջս իմաստուն մայրը սապէս արտայայտուեցաւ ընկերոջս գլխուն եկած փորձանքին նկատմամբ, զոր կը ներկայացնեմ թրքերէնէ թարգմանաբար. «Ճամբայէն բաժնուէ՛, սակայն ճամբու ընկերէդ մի՛ բաժնուիր»։ Այս խրատը տակաւին մինչեւ օրս ականջիս մէջ յստակօրէն կը հնչէ։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 25, 2019