ԺԻՐԱՅՐ ՔԷՉԷՃԵԱՆ. «ՉԵՄ ՈՒԶԵՐ, ՈՐ ՆԱԽԱՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ՀԱԼԷՊԻ ՊԱՏԿԵՐԸ ԱՂԱՒԱՂՈՒԻ»
Հալէպահայերուն յայտնի, սիրուած եւ յարգուած անուն մըն է Ժիրայր Քէչէճեան:
Նախապատերազմեան Հալէպի մէջ զանազան առիթներով ձեռնարկներու կամ տօնակատարութիւններու ընթացքին ան իր պարախումբով, իր ներկայութեամբ եւ պարարուեստի հանդէպ իր նուիրումով յաջողած էր դառնալ հայ գաղութի սիրուած արուեստագէտներէն մէկը:
Սուրիոյ պատերազմի շղթայազերծումէն եւ յատկապէս Հալէպի շուրջ թէժացող ռազմական ծանր գործողութիւններէն ետք, Ժիրայր Քէչէճեան ստիպուած կը հեռանայ իր ծննդավայր Հալէպէն եւ որոշ ժամանակի մը համար կը հաստատուի Պէյրութ, ուր կը գործէ նաեւ որպէս պարուսոյց, իսկ որոշ ժամանակ անց, ան՝ նախաձեռնութեամբ տեղւոյն «Յառաջ - Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարանի պատասխանատուներուն, կը հրաւիրուի Այնճար, որպէսզի ներդրում ունենայ հայկական վարժարանէն ներս պարի խումբեր ստեղծելու գործին եւ այդ առումով ալ նորահաս սերունդին մէջ հայ պարարուեստին հանդէպ հետաքրքրութիւնը եւ սէրը տարածելու:
Քէչէճեան իր հարցազրոյցին ճամբով պատմեց Հալէպի մէջ իր ունեցած ձեռքբերումներուն, արուեստի մթնոլորտին, պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին եւ այսօրուան ընդհանուր դրութեան մասին:
*
-Պրն. Քէչէճեան, ի՞նչ պատճառներով յայտնուեցաք Այնճարի:
-Ես Այնճար գացի «Յառաջ - Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարանի տնօրէնութեան հրաւէրով, որպէսզի վարժարանի երդիքին տակ զարկ տրուի մշակութային որոշ գործունէութեան մը եւ դպրոցի պատասխանատուներուն հետ համագործակցելով ստեղծէինք պարի հինգ խումբեր, որոնք բաժնուած են՝ նկատի ունենալով մասնակիցներուն տարիքային դասակարգումը: Ներկայիս արդէն դպրոցին մէջ կը գործեն այդ հինգ պարախումբերը, որոնք զանազան տօնական առիթներով կամ ազգային մշակութային միջոցառումներու ընթացքին ելոյթներով հանդէս կու գան, այդպէսով խանդավառելով Այնճարի հայութիւնը:
-Ինչպիսի՞ն են ձեր պայմանները. արդեօք կարողացա՞ք ընտելանալ ընդհանուր մթնոլորտին, միջավայրին:
-Ես արդէն հինգ տարիէ ի վեր կը դասաւանդեմ Այնճարի մէջ։ Ամէն բանէ աւելի, յատկապէս զիս Այնճարի կապողը տեղւոյն բնակչութիւնն է: Այստեղ ես ինքզինքս մէկ ընտանիքի պէս կը զգամ. Այնճարի այդ մեծ ընտանիքին անդամն եմ եւ մեծ յարգանք ունիմ յատկապէս դպրոցի բոլոր պատասխանատուներուն հանդէպ, սկսեալ՝ դպրոցի տնօրէնէն, ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնէութեան։ Ես զիս ոչ մէկ օր օտար զգացած եմ այդ սիրելի վարժարանին մէջ։
-Գիտենք նաեւ, որ դուք ժամանակ մը Պէյրութի մէջ գործեցիք որպէս պարուսոյց, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ փորձառութեան մասին:
-Իրականութեան մէջ ես Պէյրութ կարճ ժամանակով մնացի, բայց իմ տպաւորութիւնս այն է, որ Այնճարի հայութիւնը տարբեր էր:
-Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէք, ի՞նչ տարբերութիւններ կան Պէյրութի եւ Այնճարի միջեւ:
-Այնճարը տարբեր գիւղական միջավայր մը ունի եւ ատիկա թերեւս պատճառ կը հանդիսանայ, որ մարդիկ տարբեր ըլլան. աւելի յօժարակամ ըլլան, աւելի կամեցող ըլլան, աւելի օգնող ըլլան. ատիկա էր որ շատ տպաւորեց զիս: Պէյրութի մէջ ալ անշուշտ շատ լաւ մարդոց հանդիպեցայ, բայց նորէն կ՚ըսեմ, Այնճարի միջավայրը եւ մթնոլորտը տարբեր է եւ այդ մթնոլորտը պատճառ եղաւ, որ ես հաստատուիմ այստեղ՝ Այնճարի մէջ:
-Ներկայիս Հալէպի մէջ խաղաղ պայմաններ կը տիրեն, երբեւիցէ մտածա՞ծ էք Հալէպ վերադառնալու մասին:
-Երբ Հալէպ կ՚ըսէք, ամենէն առաջ կը մտաբերեմ իմ պարախումբը, որ այսօր պատերազմի հետեւանքով կրնամ ըսել քայքայուեցաւ, բաժան-բաժան եղաւ: Մինչեւ վերջերս ալ առաջարկութիւններ կը ստանամ: Օրինակ, վերջին շրջանին սուրիացի յայտնի դերասան Տորէտ Լահհամ անձամբ հեռաձայնեց եւ առաջարկութիւն ըրաւ, որ դարձեալ Հալէպ վերադառնամ եւ վերակազմեմ իմ պարախումբը: Անոնք կ՚ըսեն. «Մենք Սուրիոյ պատմութեան մէջ իր արժանաւոր տեղը զբաղեցուցած Ժիրոյի պարախումբը կ՚ուզենք, եւ պատրաստ ենք ամէն ձեւով օգնելու, որպէսզի դուն կարողանաս զայն վերաձեւաւորելու»: Բայց ես կը մերժէի. կը մերժէի, որովհետեւ ինծի համար շատ դժուար էր այդքան տարուան ձեռքբերումներէն ետք դարձեալ ոչինչէն սկսիլ: Եւ գիտէ՞ք, հոգեբանական երեսակն ալ կար այս հարցին, որովհետեւ ինծի համար շատ դժուար պիտի ըլլար նոր խումբ մը կազմելը, երբ անընդհատ պիտի յիշէի իմ խումբի փառաշուք անցեալը եւ այդ մէկը ինծի ցաւ պիտի պատճառէր: Ես երբեք չեմ ուզեր պարախումբիս այդ գեղեցիկ պատկերը աղարտել, կ՚ուզեմ որ յիշողութեանս մէջ այդ պարախումբը շարունակէ մնալ, ինչպէս որ էր եւ ատոր համար ալ կը մերժեմ Հալէպ վերադառնալ: Միշտ պիտի ուզեմ մեր խումբի Հալէպի մէջ կերտած ոսկի անցեալով ապրիլ: Նաեւ ըսեմ որ Այնճարի մէջ պայմաններս շատ լաւ են, բոլոր առումներով, ես այստեղ գոհ եմ եւ ատոր համար ալ պիտի չուզեմ երբեք լքել Այնճարը եւ ուրիշ տեղ երթալ:
-Ձեր ընտանիքի անդամներուն մասին կուզէինք իմանալ, ինչո՞վ կը զբաղին:
-Կինս՝ Սիլվա Քէչէճեանը, երգչուհի է, այստեղ ան հանդէս կու գայ աշուղական երգերով եւ վերջերս մենք ձայնասկաւառակ մըն ալ հրապարակեցինք, իսկ երկու զաւակներս դարձեալ նուիրուած են պարային արուեստին: Որդիս Դամասկոսի մէջ աւարտելէ ետք Սուրիոյ Պետական պարի հիմնարկը կը դասաւանդէ, իսկ աղջիկս արդէն երկու տարիէ ի վեր անդամ է «Քարաքալլա» պարախումբին, որ, ինչպէս գիտէք, բաւական յայտնի եւ նշանաւոր պարախումբ մըն է:
-Ձեր ապրած այս ոդիսականի ընթացքին մտածեցի՞ք Հայաստան հաստատուելու մասին:
-Այո, շատ յաճախ մտածած եմ Հայաստան հաստատուելու մասին, սակայն, ինչպէս քիչ առաջ ըսի, Այնճարի մէջ պայմաններս բաւարար են, եթէ Այնճարը չըլլար, ես վստահ եմ, որ Հայաստան պիտի ապրէի:
Սուրիահայերս այս պատերազմի հետեւանքով ցիրուցան եղանք, օրինակ՝ իմ պարագայիս՝ եղբայրս Գանատա գնաց, քոյրս Պելժիա հասաւ, քոյր մըն ալ ունիմ Հալէպի մէջ եւ քոյր մըն ալ՝ Հայաստանի մէջ: Մենք պատերազմի հետեւանքով ցիրուցան դարձանք, ինչպէս շատ մը սուրիահայ, հալէպահայ ընտանիքներ, սակայն իմ մտքիս ծայրէն ոչ մէկ անգամ անցած է հեռաւոր ափեր երթալ:
-Իսկ ի՞նչ կը մտածէք Հալէպի ապագայի մասին, ի՞նչ հեռանկար կը տեսնէք:
-Տարբեր բաներ կը խօսին Սուրիոյ մասին, Հալէպի մասին ու իմ ունեցած վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն, Հալէպը շատ լաւ պիտի ըլլայ 2021 թուականին, դարձեալ պիտի վերակառուցուի, պիտի դառնայ իր անցեալի փայլքին, եթէ կարելի է այդպէս ձեւակերպել, սակայն այդ բոլորը ինծի համար իմաստ մը չունին, որովհետեւ հալէպահայութիւնը պիտի չըլլայ այնպէս, ինչ որ էր պատերազմէն առաջ: Ասիկա ցաւ ի սիրտ կ՚ըսեմ, բայց իմ կարծիքով՝ իրականութիւն է: Եւ ի՞նչ իմաստ ունի, եթէ Հալէպը վերակառուցուի եւ հայութիւնը չունենայ իր անցեալի դիրքը եւ ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ թիւը։ Այսօր հալէպահայութեան թիւը նուազած է եւ ասիկա գաղտնիք մը չէ, բոլորը գիտեն այս մասին ու այս փաստը իսկապէս ինծի համար մտահոգիչ երեւոյթ մըն է: Մանաւանդ արուեստագէտին համար շատ կարեւոր է ժողովուրդը, արուեստագէտը առանց ժողովուրդի ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէ, արուեստագէտը՝ պարուսոյցը, դերասանը, նկարողը, բեմադրիչը, այս բոլորը ի՞նչ արժէք կը ներկայացնեն, եթէ հանրութիւն չկայ, եթէ հանդիսատես չկայ, եթէ գնահատող մը չկայ: Ասոր համար է, որ կը տխրիմ, երբ մտածեմ Հալէպի ապագային մասին:
-Զանազան առիթներով խօսուած է Այնճարի ընդհանուր ապահովութեան մասին։ Զրոյցներ եղած են, որ Այնճարի շրջակայ գիւղերուն մէջ կան մահմետականներ, ինչ որ մտահոգութիւն կ՚առթէ։ Որքանո՞վ ճիշդ է այս մօտեցումը:
-Իմ կարծիքով, Այնճարի մէջ մենք այդպիսի մտահոգութիւն չունինք: Դուք չմոռնաք, որ այնճարցիները մուսալեռցիներ են եւ իրապէս՝ քաջ ժողովուրդ են ու ատոր համար ալ մենք ոչ մէկ օր այդպիսի մտահոգութիւններ ունեցած ենք:
-Իսկ ինչպիսի՞ մթնոլորտ կը տիրէ դպրոցին մէջ: Բնաւ զգացա՞ծ էք որ տարբեր հայեացքով կը նային ձեզի, որովհետեւ սուրիահայ էք:
-Երբեք, այդպիսի բան չէ եղած, ընդհակառակն, ինծի հանդէպ, ինչպէս նաեւ բոլորս իրարու հանդէպ մեծ յարգանք ունինք եւ կրնամ ըսել, որ վարժարանը ունի բարձր մակարդակ, ինչ որ ինծի ալ հպարտութիւն կ՚առթէ: Այստեղ ոչ մէկ անգամ ես զգացած եմ, թէ օտար եմ կամ ուրիշ երկրէ մը եկած եմ եւ աշխատանք կը տանիմ, այլ ընդհակառակն, մենք հոս բոլորս մէկ ընտանիքի պէս ենք, այդպէս կ՚ապրինք:
-Այնճարի մէջ կա՞ն այլ սուրիահայեր, որոնք պատերազմի հետեւանքով եկան ու հաստատուեցան:
-Կային քանի մը ընտանիքներ, որոնց մեծ մասը այսօր հեռացաւ Այնճարէն եւ այլ երկիրներ մեկնեցաւ:
-Բնականաբար որպէս սուրիահայ անո՞նց հետ է ձեր շփումը:
-Ոչ, այդպէս չէ, որովհետեւ մեր անմիջական բարեկամները, ծանօթները այնճարցիները դարձան: Կրնամ ըսել, որ ես ալ այնճարցի դարձայ:
-Պրն. Ժիրայր, կ՚ուզէինք մեր ընթերցողներուն պատմել Սուրիոյ մէջ Ձեր ունեցած ձեռքբերումներուն մասին:
-Սուրիոյ մէջ իմ մշակութային գործունէութիւնը երեսուն տարուան կեանք ունի: Երեսուն տարուան աշխատանք եւ անոր արդիւնքով ալ, իմ կարծիքով, բաւական մեծ յաջողութեան հասած էր խումբս:
Ինծի համար շատ յատկանշական է Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի տիկնոջ՝ Էսմա ԱԷսատի հովանաւորութիւնը վայելող օփերէթը, որ կը կրէր «Հիյա ալ-Շարք» («Ան է Արեւելքը») խորագիրը: Նաեւ շուրջ տասն տարի մասնակցած եմ ամենամեայ բնոյթ կրող «Միհրաճան ալ-ուղնիա ալ-Սուրիա»ին («Սուրիական երգի փառատօն»), որուն ընթացքին ալ հանդէս կու գայինք մեր պարերով: Այդ փառատօնի շնորհիւ է, որ ես մեծ նեցուկ ստացայ սուրիացի դերասան Տորէտ Լահհամէն, որ զանազան առումներով ալ զօրավիգ կանգնեցաւ ինծի եւ խումբիս, որպէսզի մենք յաւելեալ յաջողութիւններու հասնինք:
Կ՚ուզեմ նաեւ յիշատակել, որ մեր խումբը յաջողութիւններու կը հասնէր նաեւ հայկական դրոշմ մը ունենալուն համար. մարդիկ կը յարգէին մեզ, տարբեր վերաբերմունք ունէին մեզի հանդէպ, կը սիրէին մեր ներկայացուցած արուեստը, կը հետեւէին, կը քաջալերէին:
Այստեղ նաեւ կ՚ուզեմ ըսել, որ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատ կը հպարտանար մեր խումբով. նախագահը եթէ հիւրեր, պատուիրակութիւններ ունենար, յատուկ միջոցառումներու ընթացքին մեզ կը հրաւիրէր եւ մենք ելոյթ կ՚ունենայինք։ Ան տարբեր առիթներով ալ խօսելով մեր խումբին մասին հպարտացած է, ըսելով, որ անոնք հայ մշակոյթի նուիրեալներ են եւ ես հպարտ եմ իրենց արուեստով:
Անշուշտ տասնեակ այլ փառատօներու եւս մասնակցած ենք, հրաւիրուած ենք զանազան երկիրներ, յաճախ որպէս Սուրիոյ հեռատեսիլի կայանի եւ Սուրիոյ Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ հովանաւորուած խումբ. աշխարհով մէկ շրջած ենք: Բայց ինչպէս քիչ առաջ ըսի, ինծի համար շատ յատկանշական էր այդ սուրիական երգի փառատօնը, որուն միջոցաւ ալ մեր խումբը դարձաւ հռչակաւոր եւ փնտռուած պարախումբ մը:
-Բնաւ ձեր մտքին ծայրէն կ՚անցնէ՞ր, որ Սուրիան օր մը այս վիճակին, այս պատերազմին մէջ պիտի յայտնուի:
-Եթէ ճիշդը կ՚ուզէք, ոչ մէկ անգամ մենք այդ մասին մտածած ենք, կարծես մէկ գիշերուայ մէջ ամէն ինչ շրջուեցաւ, ամէն ինչ փոխուեցաւ։ Մեզի համար իսկապէս եղածները անսպասելի էին, ոչ մէկ հալէպահայու միտքէն կ՚անցնէր, թէ Սուրիան այդ ծանր վիճակին մէջ պիտի յայտնուի:
-Այսինքն, երբ Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ ցոյցերը սկսան, չէի՞ք ենթադրեր, որ խնդիրը պիտի մեծնայ եւ հասնի Հալէպ:
-Երբե՛ք: Մենք երբեք չէինք մտածեր, որ Հալէպն ալ այդ վիճակին մէջ կը յայտնուի, որովհետեւ մինչ այդ շրջաններուն մէջ ցոյցեր կ՚ըլլային, Հալէպը կ՚ապրէր իր խաղաղ օրերը եւ կեանքը բնականոն հունի մէջ էր. բայց ինչպէս քիչ առաջ ըսի, կարծես մէկ գիշերուան մէջ ամէն ինչ շրջուեցաւ, ուրիշ մարդիկ եկան եւ մեր գեղեցիկ երկիրը քանդեցին:
-Որպէս վերջին խօսք ի՞նչ կ՚ուզէիք փոխանցել ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներուն:
-Վերեւ քիչ մը յոռետեսական շեշտով խօսեցայ Հալէպի ապագային մասին, սակայն իմ կարծիքով՝ հալէպահայութիւնը ամէն ջանք պիտի ընէ, որպէսզի վերականգնի: Ճիշդ է, թերեւս շատ դժուար է, որ Հալէպ իր անցեալին վերադառնայ, բայց ես յոյսս չեմ կորսնցուցած եւ գիտեմ նաեւ, որ մեր ժողովուրդը դարձեալ պիտի վերականգնի, դարձեալ պիտի ապրի եւ պիտի ապրեցնէ մեր սիրելի Հալէպը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան