Շահանդուխտ… Եւ Սնապեան
Սփիւռքի հայ գրականութեան երկու նուիրեալներ՝ Պօղոս Սնապեան եւ Շահանդուխտ, որոնց այնքան կը փափաքէի հանդիպիլ տարի մը առաջ ծննդավայրս՝ Լիբանան այցելութեանս ընթացքին, սակայն… Սնապեան, արդէն իսկ միացած էր անմահներու փաղանգին, իսկ Շահանդուխտ, տեսողութեան դժուար պայմաններու պատճառով, ակամայ հանգստեան կոչուած էր:
«Ազդակ»ի խմբագրատուն այցելութեանս խմբագիրներէն մէկը ցոյց տալով երկուքին թափուր գրասեղանները՝ «Չկան: Պարոնը արդէն արքայութեան մէջ է, բայց միշտ ներկայ է խմբագրատան մէջ: Կ՚ողբանք իր բացակայութիւնը, սակայն կը զգանք իր աներեւոյթ ներկայութիւնը»:
«Շահանդուխտի գրասեղանը նմանապէս թափուր է, սակայն յաճախ հեռաձայնով կը լսենք իր ձայնը: Տարբեր նիւթ չունի: Գիր ու գրականութիւն»:
Շահանդուխտ գործէ դադրած է, սակայն այդ չի նշանակեր, թէ դադրած է արտադրելէ: Կապոյտ կողքով «Ճամբորդութիւն՝ առանց հասցէի» վերջերս հրատարակուած հատորը վկայ, որ լոյս տեսաւ Համազգայինի հրատարակչատունէն՝ շնորհիւ Յակոբ Հաւաթեանի ջանքերուն, մեկենասութեամբ «Հայ գրքի բարեկամներ»ուն:
Չկայ աւելի մեծ հաճոյք, քան՝ ստանալ գիրք մը, մակագրուած հեղինակին կողմէ:
Շահանդուխտ այդ հաճոյքը պարգեւեց ինծի՝ մակագրուած օրինակ մը ուղարկելով մինչեւ հեռաւոր Ամերիկա: Ան լաւ գիտէ իր գործերը գնահատողները եւ չի մոռնար նման անձերը, որոնցմէ մէկը այս տողերը գրողն է:
Նախքան գիրքը ստանալս՝ կարդացած էի, սակայն մակագրուած օրինակ մը ստանալէս ետք կարծես տարբեր գիրք մը ըլլար: Տարբեր անուշութիւն մը, տարբեր «համ ու հոտ» ունէր:
Երկրորդ անգամ կրկին կարդալով՝ զգացի Շահանդուխտին ներկայութիւնը: Այն տպաւորութիւնը ունեցայ, թէ այցելած է Լոս Անճելըս, եւ նստած կողք կողքի՝ կը պատմէ Սոնայի եւ Սուրէնի սիրոյ տխուր պատմութիւնը:
Ընթերցումս աւարտելուս՝ Շահանդուխտ «մեկնեցաւ»: Վերադարձաւ Լիբանան:
Պարապութիւն մը զգացի: Վերցուցի հեռաձայնին ընկալուչը եւ թիւերու երկար շարք մը ամբողջացնելով՝ քանի մը երկվայրկեան ետք լսեցի իր անակնկալի եկած ձայնը:
Խօսեցանք երկար: Երկուքս ալ ցաւեցանք իրարու չկարենալ հանդիպելնուս:
Կարծես հատորին խորագրին նման «ճամբորդած ըլլար առանց հասցէի»:
Գրական քննադատ մը չեմ, որ կարողանամ վերլուծել հատորը: Ընթերցողը թող ինք արտայայտէ իր արդար գնահատական խօսքերը:
Այնքա՜ն ուրախ եմ, որ իր անտիպ գործերէն հատ մը եւս լոյս աշխարհ եկաւ:
Հատորները գրողի մը զաւակները կարելի է սեպել, եւ Շահանդուխտ աշխարհ բերաւ իր 34-րդ հատորը: 34-րդ զաւակը:
Վա՛րձքդ կատար, սիրելի՛ Շահանդուխտ:
***
Հեռաձայն մը կը ստանամ Տիկին Սնապեանէն, որուն չեմ հանդիպած այն օրերէն, երբ տակաւին Սնապեան չէր: Կը կոչուէր Աղաւնի Վարժապետեան:
Վարժապետեաններուն հետ երկար տարիներու ընտանեկան բարեկամութիւն ունինք: «Ազատամարտ» ակումբի շրջափակին մօտերը կը բնակէին, իսկ «Ազատամարտ»ը մեր երկրորդ տունն էր:
Տիկին Սնապեան (մեզի համար՝ պարզապէս Աղաւնին) վստահաբար տեղեակ է, թէ որքա՜ն սէր ու յարգանք ունիմ մեծանուն գրագէտին՝ Պօղոս Սնապեանին նկատմամբ, եւ իր Լոս Անճելըս այցելութեան կը փափաքի խօսիլ հետս, տեղեկացնել, թէ Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը կազմակերպած է յուշ-երեկոյ մը՝ յաւերժացնելու Պօղոս Սնապեանի յիշատակը: Ոչ մէկ կասկած ունի թէ ԱՆՊԱՅՄԱՆ ներկայ պիտի գտնուիմ սոյն ձեռնարկին, սակայն պարտք կը զգայ անձամբ տեղեկացնել՝ նախքան մամուլով յայտարարուիլը:
Յաջորդ օրը կը մեկնի Սան Ֆրանսիսքօ, իր աղջկան ու թոռներուն մօտ: Ձեռնարկի օրը Լոս Անճելըս վերադառնալու, իրարու հանդիպելու որոշումով վար կը դնենք ընկալուչը:
Կիրակի, 1 Մայիս 2016:
Համայն աշխարհ կը տօնէ «Բանուորներու օր»ը, իսկ լոսանճելըսահայութիւնը՝ «Պօղոս Սնապեանի յիշատակի հանդիսութիւնը», կազմակերպուած Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կողմէ եւ հովանաւորութեամբ «Ասպարէզ» օրաթերթի եւ «Սարդարապատ» գրախանութի:
Գրասէր խուռներամ հասարակութիւն մը լեցուցած է Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան երիտասարդական կեդրոն»ը:
Նախքան ձեռնարկին սկսիլը՝ քանի մը վայրկեանով միայն քոյրս եւ ես առիթը կ՚ունենանք քանի մը բառ փոխանակելու Աղաւնի Վարժապետեան-Սնապեանի հետ: Ծանօթներու եւ բարեկամներու հոծ բազմութիւն մը կը շրջապատեն զինք, եւ մենք ստիպուած՝ կը դադրեցնենք մեր տաքուկ խօսակցութիւնը՝ զիջելով ներկայ բարեկամներուն:
Կը գրաւենք մեր տեղերը, եւ կը սկսի օրուան պատշաճ յայտագիրը:
Պօղոս Սնապեանի հայագիտականի աշակերտուհիներէն Ծովինար Ղազարեան-Մելքոնեանի ողջոյնի խօսքերով հանդիսութիւնը բացուած յայտարարուած է: Հանդիսավարը յուզումով կը յիշէ իր՝ Սնապեանին աշակերտած տարիները, քանի մը անգամ յուզումէն ընդմիջելով իր խօսքը եւ սրբելով աչքերուն մէջ լճացած արցունքները:
Բոլոր անոնք, որոնք առիթը չունեցան վայելելու Այնճարի մէջ, «Սնապեան տուն-թանգարան»ը», տեսերիզի մը միջոցով կը ծանօթանան «գրական սրբատեղիին»: Այո՛, գրականութիւնը սիրողներու համար սրբատեղի մըն է, ուր կարելի է գտնել Սնապեանի գրադարանը, անձնական իրերը՝ պատմութեան անցած իր գրամեքենան, մինչեւ իսկ իր ծխամորճը: Նաեւ հոն կը գտնուի գրագէտ Եդուարդ Պոյաճեանի գրադարանը, որ իր հարազատներուն կողմէ նուիրուած էր Պօղոս Սնապեանին:
Կէս ժամնոց շրջապտոյտէ մը ետք Այնճարէն կը վերադառնանք Լոս Անճելըս:
Յիշատակի հանդէսը կը շարունակուի գեղարուեստական լեցուն յայտագիրով, մասնակցութեամբ գաղութիս երիտասարդ արուեստագէտներուն, որոնցմէ կարելի է յիշել՝ դաշնակի վրայ Ալէն Տիշկրիքեան, «Լարք» ջութակի խումբը՝ ղեկավարութեամբ Լատօ Սէյրանեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Նունէ Պաղտասարեանի:
«Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս»ի աշակերտներէն Արեգ Տէր Սարգիսեան, Նայիրի Փանոսեան եւ Դալար Պզտիկեան յաջող կերպով կ՚ասմունքեն Պօղոս Սնապեանի գործերէն՝ պատրաստութեամբ իրենց հայերէնի ուսուցչուհի Սոնա Մատարեանի:
Բեմ կը բարձրանայ օրուան գլխաւոր բանախօս Տքթ. Մարի Ռոզ Աբուսէֆեանը՝ ներկայացնելու մեծ գրագէտը, մտաւորականը, ուսուցիչը, քննադատը՝ Պօղոս Սնապեան:
Ցարդ Մարի Ռոզ ինծի ծանօթ անուն էր որպէս ասմունքող: Նաեւ յաճախ հանդիպած եւ հաճոյքով կարդացած եմ իր ստորագրութեամբ բազմաթիւ յօդուածներ:
Այդ երեկոյ Մարի Ռոզի մէկ տարբեր յատկութիւնը նկատելի էր, որուն անծանօթ էի: Հիանալի գրական քննադատ եւ վերլուծող է: Կը խօսի սահուն, առանց կմկմալու եւ ամենահետաքրքրականը՝ Սնապեանի հատորներէն մէջբերումներ, երկար հատուածներ չի կարդար. անգիր կ՚արտասանէ:
Ամիսներ առաջ, առաջին անգամ ըլլալով, հաճոյքն ու վայելքը ունեցայ զինք անձամբ տեսնելու բեմի վրայ, երբ Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինի հրաւէրով այցելած էր Լոս Անճելըս՝ ներկայացնելու «Տիգրան Մեծ»ը:
Աւելի քան երկու ժամ մագնիսացուցած էր ներկաները, եւ բարձր տրամադրութեամբ մեկնած էինք սրահէն:
Նոյնն էր պարագան այդ երեկոյ, երբ ներկայացուց Պօղոս Սնապեանը, որուն բոլորս ծանօթ ենք: Շատեր անունով ու գործունէութեամբ, ուրիշներ՝ անձամբ:
Այդ օր, շնորհիւ Տքթ. Մարի Ռոզ Աբուսէֆեանի, Սնապեան արդէն իսկ յարգուած ու սիրուած մտաւորականը դարձաւ ներկաներուն կուռքը:
Սնապեան դէմ էր բանագողութեան: Երկար պրպը-տումներէ եւ ուսումնասիրութիւններէ ետք բացայայտած էր բազմաթիւ բանագողներ, որոնք կը յանդգնին իւրացնել տարբեր գրողներու գործերէն հատուածներ:
Հայագիտականի Սնապեանի աշակերտուհիներէն յուզիչ էր Սեդա Գրիգորեանի հակիրճ, սակայն զգացական խօսքերը:
Ձեռնարկը հասած էր իր աւարտին, սակայն ոչ ոք կը փափաքի տեսնել այնքան հիանալի գրական ձեռնարկի մը աւարտը եւ մեկնիլ սրահէն:
Ներկայ են բազմաթիւ գրագէտներ կամ գրականութիւնը սիրողներ, որոնք անձամբ ծանօթ են Սնապեանին: Աշակերտած կամ աշխատակցած են իր հետը: Յիշատակներ ունին մեծ Պարոնէն:
Ազատ Բեմ:
Ներկաներուն առիթը կը տրուի բարձրանալու բեմ՝ արտայայտելու իրենց սրտի խօսքը:
Առաջին հերթին բեմ կը բարձրանայ բանաստեղծ՝ Խոսրով Ասոյեան: Կը յիշէ այն օրը, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս առաջին անգամ ըլլալով ծանօթացաւ Պօղոս Սնապեանին: Վերջինս, ըստ իր սովորութեան, քաջալերական խօսքերով կը խրախուսէ տակաւին շատ երիտասարդ բանաստեղծը՝ շարունակելու իր նուիրումը հայ գրականութեան:
Խոսրով Ասոյեան կը յիշէ «Բագին»ի «Գրական խմբակ»ը, որուն նաեւ մաս կը կազմէին՝ Վարդի Դանիէլեան, Յարութ Պէրպէրեան, Նազարէթ Պէրպէրեան եւ շատ ուրիշներ:
«Գրական խմբակ»ի նախկին անդամներէն խօսք կ՚առնէ Վարդի Դանիէլեան:
«Շրջապատուած Պօղոս Սնապեանի շուրջ, փոքր սենեակի մը մէջ, ուր քանի մը աթոռ կար միայն: Մնացածներս նստած ենք գետինը»…
Բեղուն էր լիբանանահայ գրական կեանքը:
Սրտի խօսք ունի նաեւ «Ազդակ»ի նախկին խմբագիր, հրապարակագիր Սարգիս Մահսէրէճեան: «Ազդակ»ի եւ «Բագին»ի խմբագրատուները այնքան մօտ էին իրարու (Արեւմտեան Պէյրութ), որ յաճախ միասին կ՚ըլլային երկու խմբագիրները:
Սրտի խօսքեր, լաւ յիշատակներ, մինչեւ այն օրը, երբ վրայ հասաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը՝ ցիր ու ցան ընելով խմբակի անդամներուն մեծամասնութիւնը:
«Հէնց այդպէս էինք ապրում
Մեր սիրած քաղաքում» (Ֆորշ)
Գիր, գրականութիւն, մշակոյթ, արուեստ, թատրոն…
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Հարթակ
- 11/22/2024