ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆ. ՀԱՅՈՒ ԵՐԳԻԾԱԿԱՆ ՀԱՆՃԱՐԻՆ ՆԱՀԱՊԵՏՆ ԼԻ ԳԱԳԱԹԸ

127 տարի առաջ, յունիս 8-ին, Պոլսոյ մէջ մահացաւ մեծ մարդու եւ նոյնքան մեծ հայու պայծառագոյն դէմքերէն մէկը՝ անմահն Յակոբ Պարոնեան:

Ապաժամ եւ դժբախտ վախճան մը ունեցաւ Յակոբ Պարոնեան (1843-1891): Հիւծախտով անբուժելի հիւանդացած, ծայր աստիճան չքաւորութեան մատնուած, կնոջ եւ երկու որդիներուն հետ լքուած բոլորէն եւ հիւանդանոցի մը մոռցուած անկիւնը ծուարած՝ Պարոնեան առյաւէտ փակեց այնքան սրատես ու խորաթափանց իր աչքերը:

Բայց մեծն Պարոնեան միայն մարմնապէս հեռացաւ հայ իրականութենէն, որովհետեւ կարճատեւ իր կեանքով իսկ կրցաւ նուաճել անմահութեան արժանի գրական հարստութիւն մը՝ մնայուն, այլեւ փառահեղ տեղ գրաւելով մեր ժողովուրդի սրտին ու մտքին՝ հոգիի՛ն մէջ:

Մեր ժողովուրդը այնքա՜ն ապերախտ գտնուեցաւ իր արիագոյն եւ արժանաւորագոյն՝ հանճարեղ իր զաւկին հանդէպ, որ ինչպէս Պարոնեանի ժամանակակից Մատթէոս Մամուրեան կը գրէր անոր մահուան առթիւ՝ «Մեռա՞ւ Պարոնեան, բայց ինչպէ՞ս. գրեթէ անոք, անօգնական: Քանի՞ կրթասէրք ու ազգասէրք պատասխանեցին այն հրաւէրին, զոր նորա հիւանդութեան միջոցին գրեցին հայ թերթերը… Եւ արդարեւ, ի՞նչ ըրինք խեղճին. ի՞նչ ըրաւ ազգն հաւաքաբար իւր արի զաւկին համար. թաղման հանդէսը կատարեց եւ որոշեց միայն նպաստ հաւաքել նորա որբոց համար… չգտնուեցաւ պաշտօնական մարմին մը, անհատ մը, որ պսակ դնէր անմահ Պարոնեանի վրայ, թէեւ նորա գործերն են իւր անթառամ պսակներն»:

Հայուն երգիծական հանճարը մարմնաւորող Մեծութիւնն է Յակոբ Պարոնեան, որ ժամանակներէն վեր կանգնած եւ անանց ճշմարտութիւններ վերծանող իր գրականութեամբ, նաեւ հայ մտքի՛ Հսկայ մը հանդիսացաւ՝ մեր ժողովուրդի ազգային ու քաղաքացիական զարթօնքին մէջ, ընդհանրական թերութեանց խարազանումով եւ յոռի բարքերու անհաշտ քննադատութեամբ, ինքնասրբագրման եւ զարգացման մեծակշիռ ներդրում կատարելով:

Որքան ժամանակը թաւալի, այնքան կենսայորդ եւ գունագեղ կը դառնան Պարոնեանի երգիծանքով յաւերժացած կերպարներն ու բարքերը հայ կեանքի, ինչպէս որ իրենց այժմէական իմաստն ու թելադրականութիւնը աւելիով կը շեշտեն Պարոնեանի պաշտպանած գաղափարներն ու սկզբունքները:

Համոզումի, սկզբունքայնութեան, ինքնահաւատարմութեան եւ անկաշառ Պայքարի գլխագիր ՄԱՐԴ-ն է Յակոբ Պարոնեան: Ան անխնայ ձաղկեց եւ սուր քննադատութեամբ մերկացուց 19-րդ դարու երկրորդ կիսու հայ իրականութեան արատները՝ հաւասարապէս ազգային ու հասարակական, անհատական եւ ընտանեկան, քաղաքական ու հասարակական ընդգրկումով: Դատապարտուեցաւ, հալածուեցաւ եւ ծանրագոյն թշուառութեան մատնուեցաւ, բայց երբեք չհաշտուեցաւ ազգային սնափառութեան եւ օտարամոլութեան երեւոյթներուն հետ, քաղաքացիական ստրկամտութեան եւ կեղծ ազգասիրութեան հետ, խաւարամտութեան, քաղքենիութեան եւ դրամապաշտութեան հետ, անհատական թէ ընտանեկան՝ հասարակական բարոյականի խաթարումներուն հետ:

Աւելի՛ն. թէեւ իր ապրած ժամանակաշրջանի շեշտակի եւ իրապաշտ կնիքը կրեցին Պարոնեանի յաւերժացուցած «Պաղտասար աղբար»ն ու «Աբիսողոմ աղա»ն, «Ազգային ջոջեր»ն ու «Մեծապատիւ մուրացկաններ»ը, կամ «Հոսհոսի ձեռատետր»ի եւ «Քաղաքավարութեան վնասներ»ու հերոսներն ու բարքերը, այդուհանդերձ, այդ ամէնուն մէջ, իր սրատեսութեամբ եւ խորաթափանցութեամբ, Յակոբ Պարոնեան գտաւ եւ մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր գանձարանին կտակեց բոլոր ժամանակներուն համար իրա՛ւ ու մնայո՛ւն ճշմարտութիւններ, մանաւանդ՝ մեր թերութիւններն ու վէրքերը լացի փոխարէն ծիծաղով դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու մեծագոյն ճշմարտութիւնը:

Իր ապրած ժամանակաշրջանին՝ 1870-ական եւ 1880-ական թուականներու հայ իրականութեան իրա՛ւ հայելին է Յակոբ Պարոնեանի գրական-հրապարակագրական ժառանգութիւնը:

Ազգային զարթօնքի եւ Հայկական հարցի միջազգայնացման այդ կարեւորագոյն ժամանակաշրջանին Պարոնեան նետուեցաւ գրական ասպարէզ: Հայ կեանքի ինքնաքննադատութեան եւ քննադատութեան, քաղաքական ու քաղաքացիական իրատեսութեան եւ ազգային պատասխանատուութեան զգացումի անկեղծ զինուորը հանդիսացաւ Պարոնեան, որ ազգովին մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն արժանաւորապէս ընդառաջելու ճշմարիտ ուղին հարթեց՝ պայքարի ոգի ներշնչելով եւ փարիսեցիութիւնը կտրականապէս մերժելով, արիւն եւ ոչ թէ արցունք թափելով՝ յանուն ինքնամաքրման դրօշը միշտ բարձր պարզելով:

2 նոյեմբեր 1843-ին Ադրիանուպոլիս (Էտիրնէ) ծնած՝ Յակոբ Պարոնեան յատուկ ուսում չունեցաւ: Աւարտեց իր ծննդավայրի Արշակունեան վարժարանը, ուր աշակերտեց «Պօղոս վարժապետին»՝ յետագայի Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքին: 1857-ին ընդունուեցաւ տեղւոյն յունական դպրոցը, բայց տարի մը ետք, իր իսկ խոստովանութեամբ, հազիւ «յունարէնի դժուարութիւնը սորված», վերջ տուաւ ուսումնական կեանքին ու նետուեցաւ աշխատանքի ասպարէզ: 1863-ին տեղափոխուեցաւ Պոլիս եւ ապրուստը ապահովելու համար բախտը փորձեց տարբեր ասպարէզներու մէջ՝ ինքնազարգացման կարեւոր տեղ տալով եւ ժամանակ յատկացնելով: Եղաւ հեռագրատան պաշտօնեայ, զբաղեցաւ հաշուապահութեամբ ու գրագրութեամբ, կարճ ժամանակի համար Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի պաշտօնեայ դարձաւ, նաեւ ուսուցչութիւն ըրաւ: Բայց ոչ մէկ գործի փարեցաւ այն բաւարարութեամբ, որ գտաւ մամուլին ու հրապարակախօսութեան մէջ:

1872-ին սկսաւ Պարոնեանի հրապարակագրական գործունէութեան առաջին շրջանը, երբ երգիծական «Մեղու» թերթի արտօնատէր Յ. Սվաճեան իր երբեմնի աշխատակիցին՝ Յակոբ Պարոնեանի վստահեցաւ թերթին խմբագրութիւնը: 1874-ին օսմանեան գրաքննութեան հետ իր առաջին դժուարութիւնը դիմագրաւելով՝ Պարոնեան իր խմբագրութեան յանձնուած թերթին «Մեղու» անունը փոխարինեց «Թատրոն»ով, որուն հրատարակութեան երեք տարիները (մինչեւ 1877-ը) զուգադիպեցան ռուս-թրքական պատերազմին եւ նուիրագործեցին Պարոնեանի տաղանդը քաղաքական երգիծանքի մարզին մէջ:

1878-ին, նիւթական դժուարութեանց պատճառով, Պարոնեան դադրեցուց «Թատրոն»ի հրատարակութիւնը, բայց շարունակեց մշակել երգիծական նոր գործեր, որոնք լոյս տեսան ատենի հայ մամուլի էջերուն կամ առանձին պրակներով: Մինչեւ 1884 երկարած այդ շրջանի կարեւորագոյն գործերէն եղան «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ» եւ «Ծիծաղ» գործերը:

1884-էն մինչեւ 1888 Պարոնեան ձեռնարկեց «Խիկար» երգիծաթերթի հրատարակութեան: Համիտեան բռնակալութեան պայմաններուն մէջ, գրաքննութեան հետ ամէնօրեայ առճակատումէն խուսափելով, Պարոնեան իր երգիծանքին լուսարձակները կեդրոնացուց հայ կեանքի ընկերային յոռի բարքերուն, անհատական եւ ընտանեկան բարոյականի անկումին եւ ազգային առողջ բնազդներու խաթարման վրայ:

Անհամեմատօրէն բուռն եղաւ «Խիկար»ի սուր քըն-նադատութեան արժանացած շրջանակներուն հակազդեցութիւնը: Թէեւ ոչ մէկ ուժ կրնար լռութեան մատնել Պարոնեանին խայթող լեզուն, բայց նիւթական ճնշումներու տակ դարձեալ խափանուեցաւ Պարոնեանին հրապարակագրական գործունէութիւնը եւ այս անգամ այլեւս՝ ընդմիշտ: Նաեւ՝ նիւթապէս ծայր աստիճան անձկութեան մատնուեցաւ հայ երգիծական գրականութեան հիմնադիրն ու վարպետը: Քայքայուեցաւ անոր առողջական վիճակը: Բայց ան շարունակեց նոր էջերով հարստացնել իր ժառանգութիւնը:

Հիւծախտը իր աւերը գործեց եւ, 1891-ի յունիս 8-ին Հայու Երգիծական Հանճարին անկրկնելի մարմնաւորումը՝ Յակոբ Պարոնեան առյաւէտ փակեց իր աչքերը՝ սերունդներուն ժառանգ ձգելով իր սրատես ու խորաթափանց հայեացքով շնչաւորուած անկորնչելի ճշմարտութիւններ:

Իր մահուան 127-րդ տարելիցին նուիրուած այս էջը կարելի չէ փակել՝ առանց յիշատակելու, որ Պարոնեան ունեցաւ «ազգային յուղարկաւորութիւն» մը, հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ՝ ուսուցիչներու, մտաւորականներու, գործաւոր դասակարգի եւ ինչպէս նաեւ՝ կարգ մը ամիրաներու ու ջոջերու ներկայութեամբ: Դամբանականը կարդաց Նարպէյ Արքեպիսկոպոս, որ «Ազգային ջոջեր»ուն մէջ Պարոնեանի սուր երգիծանքին թիրախ դարձած է: Մարմինը ամփոփուեցաւ Օրթագիւղի գերեզմանատունը, «մեռելոց այդ հանդարտիկ բնակարանին մէկ անկիւնը, տխուր ու մենաւոր»: Բայց նոյնիսկ տապանաքար մը չկանգնեցաւ անոր շիրիմին վրայ եւ շուտով մոռցուեցաւ գերեզմանին ճշգրիտ վայրն ալ… Եւ տասնամեակներ ետք, 1976-ին, մտաւորական եւ գրող Վահրամ Մավեան կոչ մը ստորագրեց հայ մամուլին մէջ՝ դիտել տալով, թէ՝ «… ինչպէ՞ս 85 տարի անցած է վրայէն եւ սերունդներ ամբողջ՝  թաղական, հոգեւորական, մտաւորական, թատերասէր, եկած ու անցած են, առանց հողակոյտին վրայ տապանաքար մը դնելու մասին մտածելու. անըմբռնելի է պարզապէս: Հիմա արդէն անտէր կորսուած է հողակոյտն ալ»:

Բայց ո՛չ, գերեզմանով թէ առանց գերեզմանի, Յակոբ Պարոնեան իր անկրկնելի գրականութեամբ յաւերժ կ՚ապրի հայոց սրտին ու մտքին մէջ՝ իբրեւ անմահութիւնը նուաճած հայ երգիծագրութեան անհասանելի գագաթը:

Չեն մեռնիր այնքա՜ն պարզութեամբ, սրատեսութեամբ եւ խորաթափանց իմաստութեամբ, այլեւ ինքնահաւատարմութեան արեամբ գրուած Յակոբ Պարոնեանին մտքերը.

- Երիտասարդութեան մէջ սիրելու համար կ՚ապրինք, իսկ ծերութեան մէջ՝ ապրելու համար կը սիրենք:

- Երիտասարդ մը կարծելու չէ, որ հաճելի է, այլ կարծելու է, ինչ որ ճշմարտութիւն է, որպէսզի ուրիշները իր վրայ չխնդացնէ:

- Գիտուն ըլլալուն ամենէն պարկեշտ եւ ուղիղ ճամբան իւր տգիտութիւնն ճանչնալն է:

- Գիտութիւնը ժամացոյցի կը նմանի. զայն բանեցնելու համար միշտ լարել է պէտք:

- Չկայ մէկը, որ գիտութիւն վաճառող կատարեալ տգէտի մը ըսէ. «Բարեկա՛մ, դուք բան մը չէք գիտեր, քանի մը բարեկամներէ քանի մը խօսք սորված էք եւ զանոնք կը կրկնէք միշտ, դուք այդ ընկերութեան մէջ խօսք առնելու իրաւունք չունիք. հրամեցէ՛ք սենեակէն դուրս»:

- Օրէնքները հաստատողները այրերն են, իսկ բարքեր հաստատողները կիներն են:

- Շատ անգամ ոչինչ չըսող խօսք մը նշանաւոր մարդու մը բերնէն ելած ըլլալուն համար իբրեւ պատգամ կ՚ընդունուի. եւ շատ անգամ նշանաւոր խօսք մը աննշան մէկէ մը ըսուած ըլլալուն համար կարեւորութեան չ՚առնուիր:

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

(Յապաւուած)

Երկուշաբթի, Յունիս 25, 2018