ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ի՞նչ կ՚ըլլայ արդարութեան եւ ողորմածութեան հետեւողին:
Պատասխան. Իմաստունը կը գրէ. «Արդարութեան ու ողորմածութեան հետեւողը կեանք, արդարութիւն եւ փառք պիտի գտնէ» (Առ 21.21):
Հարցնենք՝ ի՞նչ է կեանքը:
Քրիստոնեաներուն համար կեանքը Քրիստոս է, Ի՛ր իսկ վկայութեամբ. «Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը: Միայն Ինձմով կարելի է Հօրս երթալ» (Յհ 14.6): Պարզ եւ յստակ:
Իսկ ո՞վ է Քրիստոս:
Պետրոս Արք. Բերդումեան կը պատասխանէ. «Արդարեւ, Քրիստոս Երկինքի Արքայութիւնն է: Երկինքի Արքայութիւնը Հայրը տեսնելուն մէջ է՝ ըստ այնմ. “Ով զիս տեսաւ, Հայրը տեսաւ” (Յհ 14.9): Որովհետեւ զՔրիստոս տեսենլը հոգեւոր դրախտն է»:
Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կը գրէ. «Քրիստոս ողջ աշխարհին ու մարդկութեան համար տուաւ Իր արիւնը, որով մարդը իր փրկութիւնը ապահովեց: Բայց փրկութենէն իր բաժինն առնելու համար, իւրաքանչիւրն իր կամքով պէտք է մասնակից դառնայ այդ փրկութեան»:
Արդարութիւնը եւ փառքը ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ:
Մարդ երբ զՔրիստոս գտնէ ու կառչի Անոր, ապա փառքն ու արդարութիւնը գտած կ՚ըլլայ, որովհետեւ մարդուն փառքն ու արդարութիւնը Քրիստոս Ի՛նքն է, որ մարդուն փրկութեան համար Իր կեանքը զոհեց խաչին վրայ եւ հետեւեալ խոստումը տուաւ Իրեն հաւատացողներուն, թէ՝ «ով որ ուզէ Ինծի ծառայել՝ պէտք է Ինծի հետեւի, եւ Ինծի ծառայողը պիտի ըլլայ հոն՝ ուր Ես կը գտնուիմ: Եւ Հայրս պիտի պատուէ Ինծի ծառայողը» (Յհ 12.26):
Ի՞նչ է ճշմարտի փառքը:
Պետրոս Շանշեանց կը գրէ. «Ճշմարիտ եւ ամենէն հաստատ փառքին հասնելու միակ միջոցը՝ մեր բոլոր պարտաւորութիւնները ճշդութեամբ կատարելն է, հնազանդելով եւ փափաքելով հաճոյանալ Աստուծոյ, ոչինչ համարելով մեր անձը, եւ խոստովանելով, որ բոլոր բարի տուրքերը եւ բոլոր կատարեալ պարգեւները վերէն իջած են, եւ ասոր վերաբերելով այն բոլոր յոյսերն ու պսակները, որ Աւետարանը մեզի կը խոստանայ: Ահաւասիկ ա՛յս է փառքի ամենէն մեծ աստիճանը, որու կրնանք հասնիլ աշխարհին եւ հանդերձեալին մէջ. «Եւ մենք բոլորս ալ, որ բաց երեսով Տիրոջ փառքը կ՚արտացոլացնենք հայելիի մը պէս, նոյն այդ պատկերով կը փոխակերպուինք՝ հետզհետէ աճող փառքով մը։ Եւ այդ փոխակերպումը Տիրոջ Հոգին է որ կ՚իրագործէ» (Բ.Կր 3.18)»:
Ի՞նչ կու տայ արդարութիւնը մարդուն. աւելին, մարդ ինչո՞ւ պէտք է արդար ըլլայ:
Դարձեալ Պետրոս Շանշեանց կը գրէ.
* Մարդը պարտաւոր է արդար ըլլալ, որովհետեւ Աստուծոյ օրէնքը ամենէն ճիշդ կերպով կը պահանջէ այս պարտաւորութիւնը, ինչպէս եւ Տասնաբանեայ պատգամներուն երկրորդ տախտակը ընդհանրապէս արդարութեան վրայ հիմնուած է, որով պարտինք հատուցել մեր ընկերոջ ամէն տեսակի օգուտ եւ երբեք վնաս չպատճառել անոր: Պօղոս առաքեալը յստակ կերպով կը պատուիրէ. «Հետեւաբար, անոցնմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ ձեր պարտաւորութիւնը կատարեցէք» (Հռ 13.7): Ան նաեւ կը յայտնէ, որ անիրաւները չե՛ն կրնար Երկինքի Արքայութիւնը ժառանգել. «Միթէ չէ՞ք գիտեր, որ անիրաւութիւն ընողները Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի չժառանգեն» (Ա. Կր 6.9): Այս պատճառով ալ, անիրաւներու աչքին զԱստուած որպէս վրէժխնդիր կը ներկայացնէ. «Չըլլա՛յ որ մէկը եղբօր մը դէմ մեղանչէ՝ անոր կինը յափշտակելով, որովհետեւ այդ բոլորին համար Տէրը Իր դատաստանին մէջ անողոք պիտի ըլլայ, ինչպէս սկիզբէն ըսինք ձեզի եւ ազդարարեցինք» (Ա. Թս 4.6):
Մարդկային միաբանութիւնը կամ ընկերութիւնը չի՛ կրնար յարատեւել, եթէ աստուածային պատուիրանները չկատարէ եւ եթէ միաբանութեան անդամները իրարու վնաս պատճառեն եւ իրենցմէ պահանջուած պարտքը՝ պարտաւորութիւնը չհատուցեն: Կարգի հիմքն ու միաբանութեան կապը արդարութի՛ւնն է: Ա՛ն է միաբանութեան առաջին հիմքը, առանց որուն միւս բոլոր առաքինութիւնները լոկ ստուերներ են. օրինակի համար, առանց արդարութեան՝ բարերարութիւնը մի՛ միայն կեղծաւորութիւն կ՚ըլլայ, եթէ զրկուածութենէ առաջացած է՝ չտալով ուրիշներուն իրենց պատկանող վարձքը: Արդարութիւնը պէտք է ուղղութեան հետ կապուած ըլլայ, այսինքն՝ մարդոցմէ միշտ չպահանջել այն բանը, ինչ որ քաղաքական օրէնքները եւ արդարութիւնը իրաւունք կու տան պահանջելու: Բազմաթիւ դիպուածներ կան, որ մենք պէտք չէ մեր իրաւունքը ի գործ դնենք, որովհետեւ գիտենք, թէ մարդկային օրէնքները անկատար են եւ բոլոր պատահումներուն համար նախատեսութիւն չունին: Անոնք միայն մեծամեծ անիրաւութիւններէ կը զգուշացնեն եւ շատ անգամ կրնայ զրկուածութիւն յառաջ գալ, եթէ մենք խստութեամբ գործ դնենք մեր ընկերոջ նկատմամբ՝ մեզի տրուած իրաւունքները: Այս հիման վրայ ըսուած է լատինական այս ճշմարիտ առածը. «Սումում իուս, սումմա ինիուրիա», այսինքն՝ «խիստ իրաւունքը՝ խիստ անիրաւութիւն է»: Աւետարանը մեր մէջ բացարձակապէս կ՚արթնցնէ այս ուղղութեան հոգին, մեր սիրտը այնպիսի զգացումներով կը շարժէ, որ դադրեցնենք մեր իրաւունքը, ինչպէս Սուրբ Գիրքին օրինակ տրուած է Աբրահամի եւ Ղովտի բաժանումը: Ահաւասիկ ուղղութեան ա՛յս հոգին է, որ շատ անգամ թոյլ չի՛ տար մեզի մարդոցմէ պահանջել՝ ինչ որ մարդկային օրէնքները թոյլ կու տան պահանջելու. «Աբրահամ ըսաւ Ղովտին. “Կ՚աղաչեմ քեզի, իմ ու քու մէջտեղ եւ իմ հովիւներուս ու քու հովիւներուդ մէջտեղ վէճ թող չըլլայ, որովհետեւ եղբայր ենք: Բոլոր երկիրը քու առջեւդ չէ՞. կ՚աղաչեմ, զատուէ ինձմէ. եթէ դուն ձախ կողմը երթաս, ես աջ կողմը կ՚երթամ եւ եթէ աջ կողմը երթաս, ես ձախ կողմը կ՚երթամ”» (Ծն 13.8-9). «Բայց արդէն իսկ ձեզի համար յանցանք է իրարու դէմ դատ ունենալը։ Աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ յանձն առնէիք անիրաւուիլ կամ զրկանք կրել» (Ա. Կր 6.7):
Քրիստոս Իր աշակերտներուն այս արդարութեան եւ ուղղութեան կանոնը տուաւ, որ կը վերաբերի մեր մարդոց նկատմամբ ունեցած բոլոր պարտաւորութիւններուն: Արդարութեան այս կանոնը պարզ է եւ դիւրաւ գործադրելի. «Ինչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի, նոյնը ըրէք դուք անոնց: Այս սկզբունքը իր մէջ կը խտացնէ օրէնքն ու մարգարէներու ուսուցումները» (Մտ 7.12). այսինքն՝ մարդոց կամեցէք ո՛չ թէ այն, ինչ որ ձեր կիրքը կամենալ կու տայ, այլ այն՝ ինչ որ արդար եւ ուղիղ է. «Ըրէ՛ք այն, ինչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն»: Հեթանոսներուն մէջ եւս այս կանոնը կը տեսնուէր, սակայն կրճատուած եւ արգելական ձեւով, որովհետեւ հեթանոսները կ՚ըսէին. «Ուրիշներուն համար մի՛ ցանկաք եւ ըրէ՛ք այն, ինչ որ չէ՛ք ցանկար, որ ուրիշները ընեն»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 99
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/22/2024