ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍՈՒԹԻՒՆ - 2

Զարգացած երկիրներու մէջ նոյնիսկ, հասարակական ու ժողովրդային ընդհանրացող միտում կայ քաղաքականութեան դաշտ չմտնելու ու քաղաքացիներուն համար ալ այն շատ ցանկալի ասպարէզներէն չի համարուիր: Քաղաքական կեանքը շատ բարդ է եւ ան ունի տեսանելի եւ անտեսանելի շատ մը երեսակներ: Պէտք է նշենք, որ մարդուն անհատական ու հաւաքական կեանքը կախեալ եղած է միշտ տեղական ու միջազգային քաղաքականութենէն եւ շատ կարեւոր է կապել մարդկային զարգացումը ճիշդ կամ սխալ քաղաքականութիւններու հետ: Մարդկային բնազդական, ոգեղէն ու նկարագրային յատկանիշներու կողքին՝ ազնուացումը, արդարութիւնը եւ համամարդկայնութիւնը լիակատարօրէն ի՞նչ ուղենիշ ու ժամանակագրութիւն ունեցած են, դժուար է պատասխանել: Հաւանաբար, եթէ արհեստագիտական յեղափոխութիւնը չըլլար, թերեւս պիտի չըլլային որոշաբար քաղաքականութիւններու արդիւնքով ծագած պատերազմներ, միեւնոյն ժամանակ հակադրաբար, հաւանաբար որոշակիօրէն քաղաքականութիւններու պատերազմները խանգարեցին հասնելու աւելի մեծ մարդկային նուաճումներու եւ այսպէս ուրիշ օրինակներ համայնացնելով չենք կրնար յստակ արդիւնքի հասնիլ:

Քաղաքական կուսութեան այսպէս ըսած՝ ձեռքբերումը աւելի հոմանիշուած է փտած ու բռնատիրական երկիրներու գործունէութեան հետ, որովհետեւ անոնք ժողովրդավարական երկիրներէ աւելի կարիքը ունին իրենց մասին լաւ համբաւներ ձեռք բերելու, ինչքան ալ անոնք ժողովրդավարութիւնը համարեն՝ կեղծ արժէք կամ գովազդայինի բովով ծպտուած քաղաքական նպատակներ հետապնդող մակնիշ: Աշխարհը, ընդունինք-դժգոհինք կամ ոչ, տուեալ ժամանակի մը մէջ ունի իր քաղաքական, հասարակական, տնտեսական, մշակութային... քարտէսները, որոնք փոփոխական ըլլալով հանդերձ յատկանշուած են համաչափութեամբ մը: Պէտք է վերծանել ու ապրիլ այդ քարտէսները մշտապէս, անկախ այն բանէն, թէ ո՛ր կողմի վրայ կը գտնուի վերծանող ու ապրող կողմը:

Քաղաքական կուսութիւնը, առաւելապէս, ինչպէս վերը նշեցինք, բացի մարզական աշխարհին մէջ դրսեւորուած հասկացողութիւն ըլլալէ, պէտք է նշենք, որ այն մշակութային ալ դրսեւորում ունի: Մշակոյթի-արուեստի մէջ ալ երկիրները-պետութիւնները կ՚ուզեն հանդիսանալ իբրեւ յառաջադէմ, ստեղծագործ, բարելից ու բարերար։ Ուստի, կ՚ուզեն հասարակութիւններ գրաւել՝ քօղարկուած տնտեսական շահերով, հակառակ այս իրողութեան, մշակութային միջոցառումներն ու գործունէութիւնները ինքին եւ ինքնեկ համամարդկայնացում մը կը պարզեն, քանի ինչքան ալ ազգային ու միջազգային մշակութաբանութիւնը շահ հետապնդող է ու գովազդային, ի վերջոյ մարդ արարածի անհատական ու հաւաքական ոգեղէնին հետ կը հաղորդակցի այն ու տեղ մը այդ ոգեղէնն ալ կերտելով կը զբաղուի (մշակոյթ հասկացողութեան բարձրագոյն առաքելութեամբ)։

Քաղաքական կուսութիւն կը խաղան (եւ պատմութեան ընթացքին ալ խաղացած են) տեղ մը բոլոր մեծ ու փոքր պետութիւնները, բայց անոր չափանիշային հասկացողութիւնը ժամանակի հետ կախեալ է: Ներկայ մեր դարուն այդ չափանիշները առկախուած են ժողովրդավարութեան, տութեան եւ թափանցիկ տնտեսական գործունէութեան հետ: Հետեւաբար, չենք կրնար ցանկագրել պետութիւնները իբրեւ ամենաշատ քաղաքական կուսութիւն խաղացող կա՛մ իրենց քաղաքական արատաւորութիւնները մաքրող երկիրներ, բայց հաւանաբար տուեալ երկրի մը իշխանութեան բնոյթը շատ բան կը բացայայտէ: Բռնատիրական երկիրներու արդարացումները այն են, որ տիրակալ պետութիւնները կամ ընդհանրական քաղաքական արեւմուտքը այսպէս ըսած՝ ընդհանուր միջազգային քաղաքական կուսութիւն խաղալով զբաղուած է: Բայց նոյնիսկ եթէ այդ մէկը իրողութիւն համարենք, չ՚արդարանար բռնատիրական երկիրներու ներքին (իրենց քաղաքացիներուն հանդէպ) բռնարարքները, դեռ չխօսելով նոյն տարածաշրջանային ու միջազգային մակարդակով կատարուած բռնատէրերուն ու անոնց վարչակարգերուն ոճիրներն ու բռնարարքները, ինչքան ալ նոյն այդ բռնատէրերը տարուած ըլլան այսպէս ըսած՝ միջազգային կարգը սրբագրելով ու կերտելով աւելի արդար աշխարհ:

Քաղաքական կուսութիւն պիտի դրսեւորուի Փարիզի Ողիմպիականներուն եւ շատ մը երկիրներ պիտի ջանան երեւիլ աշխարհին իբրեւ յառաջադէմ, զարգացած ու մարդու իրաւունքներու ռահվիրայ: Ինչքան ալ շատ կամ քիչ են դրամական ու գանձատրական յատկացումները գովազդային աշխարհին մէջ, նոյնինքն գովազդային աշխարհի ալ բնութագրական օրէնքով՝ շատ գովազդելը կասկածելի ու խարխուլ հիմք ունեցող երեւոյթներու, կրնայ յառաջացնել բացասական հակազդեցութիւններ:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•վերջ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2024