Առաքելական շունչ մը՝ Սիտնիի մէջ
2 Յուլիսը աստուածաշնչական էր Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Սիտնիի մասնաճիւղի Ա. Մանուկեան մշակութային կեդրոնէն ներս, ուր կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի եւ Աւստրալիոյ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան միասնական ջանքերով դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, մեր օրերու «Պօղոս առաքեալը», որ գործի առաքելութեամբ հասած էր այս հեռաւոր ովկիանոսի ափերը, իր պաշտօնին բերումով, որպէս Աստուածաշունչի ընկերութեան Ծոցի երկիրներու ընդհանուր քարտուղար:
Հրայր Ճէպէճեանի աշխատանքը իր ասպարէզին մէջ, ինչպէս նաեւ հայրենական, ազգային ճակատին վրայ քաջ ծանօթ է եւ անկասկած սիրուած, յարգուած, փնտռուած եւ մանաւանդ գնահատուած: Իր այցելութիւնը հաճելի անակնկալ մըն էր շատերուն, մանաւանդ անոնց համար, որոնք առիթը ունեցած են զինք մօտէն ճանչնալու եւ երկար տարիներու թաւալումէն վերջ կրկին հանդիպելու: Լեռը՝ լերան ոչ, բայց մարդը՝ մարդուն վաղ թէ ուշ անպայման կը հանդիպի: Հրայր Ճէպէճեան մեր օրերու իսկական ծիծեռնակը, արագիլը, կռունկը դարձած է անոնց փոխանցուած ազգային-ժողովրդական արժանիքներով եւ դարձած՝ Սփիւռք-Հայաստան կամուրջ: Հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին, բայց հաւատարիմ իր անհատնում պատրաստակամութեան եւ ազգային նուիրումին, առիթ ստեղծեց դասախօսական այս երեկոյին եւ հանդէս եկաւ «Սփիւռքահայ իրականութիւններ-տարբերութիւններ եւ հասարակաց հիմնահարցեր» լայնածաւալ նիւթով:
Երեկոյի հանդիսութեան բացումը, պատշաճ բարի գալուստով, կատարեց ՀԲԸՄ-ի Սիտնիի մասնաճիւղի վարիչ-տնօրէն Սարգիս Մանուկեան, ապա հրաւիրուեցաւ վերապատուելի Գրիգոր Եումուշաքեան՝ ներկայացնելու օրուան բանախօսը որոշ կենսագրական գիծերով: Ճէպէճեանի եւ Եումուշաքեանի ծանօթութիւնը, բարեկամութիւնը սկսած է վաղ պատանեկան տարիներէն եւ ապա վերածուած մտերմութեան, համագործակցութեան եւ բնականաբար «Եղբայր ի Քրիստոս» նոյն առաքելութեան ծիրէն ներս:
Միջին Արեւելքը կրակ ժայթքող խառնարան մըն է, սակայն հոսող լաւային տակ չեն ծածկուիր բոլոր երեւելի եւ աներեւոյթ հարցերը, այլ ընդհակառակը կը բազմապատկուին առ երես գալով եւ շատ հաւանաբար, մանաւանդ հայորդիներ, տարբեր երկրամասերու մէջ եւ պայմաններու տակ, ունին որոշակի եւ շատ յաճախ իւրայատուկ մեկնաբանութիւն եւ նոյնիսկ ակնյայտ հետեւանք ու վճիռ: Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան բառին բուն իմաստով լաւատես է, բայց առանց իր իրապաշտութիւնը կորսնցնելու նուազագոյն նշոյլով իսկ եւ ամբողջ դասախօսութիւնը ընթացաւ այդպէս:
Յետեղեռնեան 100-ամեայ գողգոթայի խաչմերուկին շատերը յուսահատած են եւ ունին արդէն վճիռներ: Ճէպէճեան կը թելադրէ չաճապարել եւ մանաւանդ Հալէպը կամ սուրիահայութիւնը որպէս անդենականի գրանցում չկատարել, բայց համբերել եւ մտածել օգնութեան եւ վերակերտումի միջոցներու եւ դրական լուծումներու մասին: Որպէս աստուածավախ, հայրենասէր կը հաւատայ նախախնամութեան եւ Ճէպէճեանի համոզումը, մտածելակերպը, գործելակերպը փոխանցիկ է ու ներշնչումի աղբիւր:
Սփիւռք հասկացողութիւնը պէտք չէ սահմանափակուի Միջին Արեւելքի տարածքա-շըրջանի սահմաններով հասկցուց Ճէպէճեան: Սփիւռքը այսօր միջազգային է եւ ունի ոչ միայն քաղաքական-տնտեսական առաւելութիւններ, թերութիւններ, այլ նաեւ լեզուական, մշակութային, սկսած Կեդրոնական Ասիայէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկայ տարբեր ժողովուրդներու համար եւս:
Շրջանի տագնապը քաղաքական-տնտեսական եւ զինուորական ըլլալով հանդերձ ունի նաեւ անհատական բնոյթ, ինքնագիտակցութեան ուղիով պայքար, պոռթկում, ընդվզում եւ ազատութեան ձգտում եւ նոյնիսկ յեղաշրջելու եւ տիրապետելու մղում ոչ անպայման փոփոխութիւն դէպի դրական, կենսական եւ շինիչ նպատակներով ու հետեւաբար Ճէպէճեանի համար այս կրօնա-ազգային եւ քաղաքա-գաղափարական բախումը, մանաւանդ նոր սերունդին մօտ՝ անխուսափելի, նկատի առնելով նաեւ գիտական, ընկերային եւ հաղորդակցութեան, լրատուական մատչելի բոլոր հնարաւորութիւնները: Բնականաբար այս ամէնը ծնունդ տուած են նաեւ զօրաւոր ազգայնականութեան, որ զգալի կերպով կարելի է տեսնել հեռաւոր ափերու վրայ հաստատուած, ոչ անպայման հայախօս հայորդիներու մօտ, ինչ որ իր փորձառութեամբ եւ վկայութեամբ մատնանշեց: Պահանջքը անսպառ է, սակայն պայմանները եւ միջոցները հաւասարապէս տրամադրելի են, մեր մտասեւեռումը պէտք չէ շեղի եւ հայակերտումը, հայապահպանումը պէտք է շարունակուի: Ճէպէճեան կը հաւատայ, որ կրնաս լաւ, հոյակապ հայ ըլլալ առանց լեզուն խօսելու, բայց միեւնոյն ժամանակ կը նախընտրէ անշուտ եթէ հայախօս մնաս այս խառնարանին մէջ:
Տքթ. Ճէպէճեան հարց պատասխանի ընթացքին, կրկին անդրադառնալով տարածքաշրջանին մասին ընդգծեց, որ Սուրիոյ պարագային եւ ընդհանրապէս, թշնամին այսօր աներեւոյթ է կամ նման չէ լիբանանեան մօտիկ անցեալի քաղաքացիական պատերազմին եւ կամ այլ մղուած ճակատներու: Հակամարտութիւնները առկայ են նաեւ ոչ միայն քաղաքական հոսանքներու, այլ նաեւ կրօնական համանման դաւանանքներու միջեւ:
Սփիւռքահայ իրականութիւնները, հիմնահարցերը երիտասարդ հայրենիքի կողքին ինչպէս նաեւ Արցախի, Ճէպէճեանի համար զուգահեռ կ՚ընթանան, որոնք կարիք ունին (մեր մեկնաբանութեանբ) ոչ կացինահար լուծումներու այլ սղոցային՝ առնելով եւ տալով միշտ հայրենիքը եւ Արցախը ի մտի ունենալով եւ ի վեր դասելով: Այս գծով հաճելի էր լսել նաեւ Ճէպէճեանի ներդրումը մանաւանդ Աստուածաշունչի ընկերակցութեան եւ անհատական աշխատանքով տարուած օժանդակութիւններուն մասին ու անոնց կողքին Աստուածաշունչի թարգմանութեան եւ տպագրութեան տարբեր ծրագիրները, մանաւանդ մանկական Աստուածաշունչի մօտալուտ պատրաստութիւնը եւ հրատարակութիւնը 5000 տպաքանակով, որ պիտի բաշխուի դպրոցներու եւ պատանիներու: Լուր մը, որ բնականաբար ընդունուեցաւ ծափողջոյններով եւ նկատի առնելով Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350-ամեակի տօնակատարութիւնները Սիտնիի մէջ, տրուեցան նմանութիւններ Ոսկան Երեւանցիի հետ:
Վասն Յիսուսի եւ վասն հայրենեայց սէրը, օգնութիւնը մեծ է եւ կը շարունակուի: Զարմանալի չէ, որ Առաջնորդ սրբազան հայրը՝ Տ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճարեան իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, անդրադառնալով օրուան հրատապ՝ կրօնական-ազգային հարցերու մասին որպէս հետեւանք դասախօսութեան ընթացքին արծարծուած կէտերուն, Ճէպէճեանը որակեց, Վարդանանց ոգիով ներշնչուած Ղեւոնդ Երէց: Վարձքդ կատար եղբայր Ճէպէճեան: Հիւրասիրութեան ընթացքին, տրամադրուած ՀԲԸՄ-ի կողմէ, ներկաները առիթն ունեցան աւելի մօտէն ծանօթանալու եւ զրուցելու Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի հետ:
Եւ եղեւ երեկոյ եւ եղեւ լրումն .... եւ տեսին հայորդիք զի բարի է եւ տուն Թորգոմեան ցեղի կայ ի վերայ ժայռի:
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ