ՀԱՅ-ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ. ՆԱԽԱՐԱՐ ԴԱՒԻԹ ՏՕՆՈՅԵԱՆ ԽՕՍԱԾ Է ԿԱՐԳ ՄԸ ԴՐՈՅԹՆԵՐՈՒ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ԲԻՒՐԵՂԱՑՄԱՆ ԿԱՐԻՔ

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած կտրուկ փոփոխութիւններէն յետոյ, տարածքաշրջանի ընդհանուր հոլովոյթին հետեւող վերլուծաբաններուն համար խիստ կարեւոր դարձաւ իրական գնահատականներ տալ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութեանց մակարդակին։ Խնդիրն այն էր, որ յեղափոխութեան ամենաթէժ օրերուն Ռուսաստան թաքուն չպահեց իր վերապահութիւնները հանդէպ նոր վարչապետին ու յատկապէս անոր կողմէ գործի հրաւիրուած աշխատանքային կազմին։

Ճիշդ է, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ռազմավարական դաշնակիցի վայել երկրի ղեկավարի պահուածքով ընդունեց վարչապետ Փաշինեանը, սակայն ռուս մէկէ աւելի բարձրաստիճան պատասխանատուներ իրենց «լեզուի արանք»ով եկան ըսելու, որ «մենք չենք ճանչնար, հետեւաբար նաեւ չենք վստահիր Փաշինեանին»։

Այս բոլորէն անդին յստակ սկսաւ դառնալ, որ հակառակ Սոչիի մէջ տեղի ունեցած «ջերմ» հանդիպումներուն, երկու կողմերուն համար ալ կարեւոր փուլ մը պիտի ուրուագծուի։ Ռուսաստան կ՚ուզէ ամբողջական ձեւով ճանչնալ ու ընկալել Փաշինեանն ու անոր շուրջ հաւաքուած «խումբ»ը, իսկ վարչապետ Փաշինեան, որ «պաշարուած է» առաւեալաբար արեւմտամէտ ու ամերիկամէտ գործիչներէ՝ կ՚ուզէ հաւատալ, որ Ռուստաստանի հետ յարաբերութիւնները դրական նոր «րէսթրաթ» մը պիտի ապրին։

Անշուշտ այս ընթացքին երկու կողմերը «պիտի վստահին» իրարու հանդէպ արձանագրուած սխալներով ու «ֆաուլ»ներով, որոնց հիմքով ալ երկխօսութեան եւ հարցերը պարզացնելու միտուած նոր հարթակներու ստեղծումը կրնայ իրականութիւն դառնալ։

ՓԱՆԻԿ ԳԻՒՂԻ ՄԻՋԱԴԷՊԸ

Անցեալ շաբաթ Հայաստանի հիմնական օրակարգը զբաղեցուցած երկու նիւթեր, որոնք կապուած էին Փանիկ գիւղին մէջ կատարուած միջադէպին, ինչպէս նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տուած ուշագրաւ մամլոյ ասուլիսին հետ։

Յիշեցնեմ, որ յատկապէս առաջին լուրի պարագային խնդիրը կը ստանար արտահայաստանեան տարողութիւն, որուն մասին ալ հերթաբար իրենց տեսակէտները կը յայտնէին հայ թէ ռուս վերլուծաբաններ։ Մինչ այդ, Կիւմրիի մէջ գտնուող ռուսական թիւ 102 ստորաբաժանումին պատկանող ռուս զինուորներու գումարտակ մը՝ առանց պատկան մարմիններուն իրենց կատարելիքին մասին տեղեկութիւն տալու, անակնկալ զօրավարժութիւն մը կը կատարէին Փանիկ գիւղին մէջ։ Այս զօրավարութեան հետեւանքով ալ լեղապատառ եղած բնակիչները իրենց բողոքի ձայնը կը բարձրաձնէին եւ իշխանութիւններէն կը պահանջէին լիարժէք գնահատական տալ արարքին։ Դէպքին ամենէն «զգայացունց» արձագանգը կը լսուէր վարչապետ Փաշինեանի բերնով, որ ծանրաոճ յայտարարութիւն մը տարածելով ոչ միայն կը դատապարտէր եղածը, այլ նաեւ օրինապահ իշխանութիւններէն կը պահանջէր քննութիւն բանալ ու նոյնիսկ պատասխանատուութեան կանչել դէպքին մեղսակիցները։

Այստեղ պէտք է աւելցնել, որ Հայաստանի, բայց մանաւանդ Կիւմրիի մէջ կարելի է նկատել ռուսական բանակին կամ հոն տեղակայուած ստորաբաժանումին մասին ոչ դրական գնահատականներ եւ այդ մէկը անշուշտ կապ ունի ռուս տխրահռչակ զինուոր՝ Վալերի Փերմիաքովի 2015 (12 յունուար) թուականին կատարած սպանդին հետ, որուն զոհ կ՚երթային կիւմրեցի Աւետիսեան ընտանիքի վեց անմեղ անդամները։

ՌՈՒՍ ՓՈՐՁԱԳԷՏԻՆ ՏԵՍԱԿԷՏԸ

«Հայաստանի վարչապետը պէտք է զգուշօրէն արտայայտուի Հայաստանի մէջ հակառուսական տրամադրութիւններ բորբոքող իրադարձութիւններու վերաբերեալ». նման կարծիք կը յայտնէր Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կովկասի երկիրներու հարցերով ռուս փորձագէտ Սթանիսլաւ Թարասով։ Թարասով նկատել կու տար, որ տեղի ունեցածը ցաւալի է, բայց որպէս կանոն՝ Հայաստանի իշխանութիւնները ռուսական 102-րդ ռազմակայանի նման գործողութիւններու մասին տեղեկացուած կ՚ըլլան: «Պէտք է պարզել, թէ ինչու ան տեղի ունեցած է, որպէսզի պարզուի, թէ ո՛վ է մեղաւոր, ով՝ ոչ: Ես, ի հարկէ, չեմ կասկածիր ո՛չ Հայաստանի իշխանութիւններու, ո՛չ ալ ռազմակայանի պաշտօնական ներկայացուցիչներու բացատրութիւններէն, բայց ուսումնասիրութիւն ամէն պարագայի պէտք է ընել», ըսած էր քաղաքագէտը: Թարասով նաեւ կարծիք կը յայտնէր, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ որոշ մարդիկ արհեստականօրէն սեպեր կը խրեն: Ռուս փորձագէտը, որ հանդէս կու գար բաւականին «խիստ» գնահատականներով՝ մասնաւորապէս կ՚ըսէր. «Ուզէք թէ չուզէք, ռուսական ռազմակայանի առկայութիւնը Հայաստանի մէջ կ՚երաշխաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը, եւ ես կ՚ուզեմ հարց ուղղել այն հայերուն, որոնք դէմ կ՚արտայայտուին Հայաստանի մէջ ռուսական ներկայացուածութեան՝ դուք որո՞ւն կը սպասէք՝ թուրքերո՞ւն, թէ ատրպէյճանցիներուն, թէ՞ կը մտածէք, որ ԱՄՆ պիտի գայ ու ներկայացուածութիւն ապահովէ: Ենթադրենք, ռուսերը գացին, յետոյ, ի՞նչ պիտի ըլլայ, կը պատկերացնե՞ն անոնք»։ Անոր խօսքով՝ որոշ ուժեր կը բորբոքեն հակառուսական տրամադրութիւններ եւ Նիկոլ Փաշինեան պէտք է զգուշօրէն արտայայտուի նման հարցերու շուրջ, ընտրէ ձեւակերպումները: «Ըսել, որ սադրանք է… Ան հնարաւորութիւն ունի ռուսական բարձր իշխանութիւններու հետ պարզել իրավիճակը նման յայտարարութիւններէն առաջ, պարզաբանումներ ստանալ, յետոյ այդ մէկը որակել սադրանք: Սա անհասկնալի յայտարարութիւն է», եզրակացուցած էր Թարասով։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԿԱՐԾԻՔԸ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան զգայացունց յայտարարութիւն կատարած է։ Ան չէ բացառած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ Հայաստանի տարածքին գտնուող ռուսական սահմանապահ զօրքերու կարգավիճակի մասին պայմանագիրի որոշ դրոյթներու վերանայումը:

Նախարար Տօնոյեան մասնաւորապէս ըսած է. «Անոնք քարի վրայ գրուած փաստաթուղթեր չեն, եւ ժամանակի ընթացքին կը յառաջանան բաւականին խնդիրներ, որոնք կը պահանջեն պայմանագրային իրաւական փոփոխութիւններ: Ի հարկէ, այդ ըլլալու է»:

Նոյն առումով եւ ըստ «Լրագիր» պարբերականին, պաշտօնական Երեւան կը պատրաստուի կազմաւորել իր սահմանապահ զօրքը եւ փոխարինել ռուս սահմանապահները: Թերթին կարծիքով, առաջին փոփոխութիւնները պիտի կատարուին։ Այդ յատկապէս ներկայ է Զուարթնոց օդակայանէն ներս, ուր Հայաստան ժամանողները կը դիմաւորուին ռուս սահմանապահներու կողմէ:

Նշեմ, որ Փանիկ գիւղին մէջ ռուսական ռազմակայանի հրամանատարի հետ փակ խորհրդակցութենէն ետք, նախարար Տօնոյեան յայտարարած էր, որ վարժանքը համաձայնեցուած էր Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ, բայց վայրը սխալ ընտրուած էր, եւ մեղաւոր են թէ՛ հայկական, թէ՛ ռուսական կողմերը: Ան նշած էր, որ վարժանքը հետախոյզները իրականացուցած են, եւ չէ պահպանուած այդ վարժանքներուն գաղտնի պահուիլը։ Ան այս առումով մասնաւորապէս ըսած է. «Քանի որ անոնք հետախոյզներ են, իսկ հետախոյզները ոչ մէկ պայմանով կրնային բացայայտել իրենց մարզման վայրը, անոր համար խօսակցութիւնը եղած է լարուած։ Վայրը սխալ ընտրուած է, բայց, չպաշտպանելով հետախոյզները, նշեմ, որ անոնք Փանիկին վերաբերած են որպէս իրենց աջակցող բնակավայրի, իսկ շարասիւնը եղած է իբր հակառակորդի շարասիւն»։

Ի՞նչ բանով Փանիկի միջադէպը կապուած է ռուս սահմանապահներու հետ, նախարարը չէ մանրամասնած: Չէ մանրամասնած նաեւ, թէ պայմանագիրի ի՛նչ դրոյթներ կրնան փոխուիլ: Միեւնոյն ժամանակ, հայ փորձագէտներէն շատեր կը նշեն, որ Ռուսաստանի յատուկ ուժերու Հայաստանի մէջ ներկայութիւնը սահմանապահ հնարաւորութիւն կու տան ստեղծելու յատուկ ցանց, որ կարելիութիւնը կ՚ունենայ համագործակցիլ այլ երկիրներու յատուկ ծառայութիւններու հետ՝ ի վնաս Հայաստանին։

ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ «ԸՆԵԼԻՔ»Ը

Հայաստանի ու յատկապէս նոր կառավարութեան համակիր համարուող շրջանակներուն համար վարչապետ Փաշինեանի Փանիկի դէպքին մասին տրուած գնահատականները կ՚ընդունուէին դրական արձագանգներով։ Սակայն, եթէ փորձենք դէպքին իրական գնահատական տալ աւելի «մեծ պատկեր»ի վրայ, ապա պարզ կը դառնայ, որ վարչապետը բաւական փութկոտ եւ «աճապարանօք» մօտեցումով է, որ տուած է իր գնահատականները։ Կայ այն տպաւորութիւնը, թէ Փաշինեան յաճախ կը մոռնայ, որ ինք այս երկրին վարչապետն է։ Ան հանդէս կու գայ այնպիսի խօսելաոճով, որ հետեւողը կը սկսի հաւատալ, թէ ինք գործ ունի ընդդիմութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանին հետ։

Ճիշդ է, որ մարդը ոճն է, ու սպասելի ալ չէ, որ բաւական «առաջդիմական» դիրքերէ ընդդիմութեան շարժում առաջնորդ ղեկավարը մէկ օրէն միւսը վերափոխուի ու դառնայ Հայաստանի քաղաքական եւ ազգային ղեկը ստանձնած դասական տիպի առաջնորդ։

Մեր ուզածը այդ չէ, մեր ուզածը այս պահուն այն է, որ երկրի վարչապետը ճիշդ գնահատէ «մոմէնթում»ը եւ լաւապէս ըմբռնէ, որ մինչեւ այս պահը ինք ռուսերուն մօտ իր «հաւատարմագրեր»ը չէ յանձնած։ Ճիշդ է, որ Փաշինեան իր արտաքին առաջին ուղղութիւնը «լարած» էր դէպի Ռուսաստան, բայց այդ մէկը բաւարար չէ, վերջնական գնահատական մը տալու համար Հայաստան-Ռուսաստան «նոր օրեր»ու ընդհանուր յարաբերութեան մակարդակին։ Անշուշտ, ոչ մէկ հայ պիտի փափաքի, որ Փաշինեան քծնանքի ոգիով մը եւ գլխահակ մօտեցումներով նայի ռուս առաջնորդի աչքերուն, բայց աւելի քան որեւէ ժամանակ յստակ սկսած է դառնալ, որ ինչպէս տնտեսական ոլորտին մէջ կատարուած հետաքննական խուզարկումները, այդպէս ալ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները կարիքն ունին ընդհանուր «քլիզմա»ի մը, որուն արդիւնքով ալ յստակ պիտի դառնան կողմերուն միջեւ առկայ տարակարծութիւնները կամ եղած դրական փոխըմբռնումները։ Ու այս բոլորէն անդին կրնան լուրջ կասկածներ յառաջանալ, որ Փանիկի արարքը եղած է «կարագդրուած» եւ նոյնիսկ «հրահրուած» դէպք մը, որուն միջոցաւ ալ որոշ կողմեր կը փորձեն կամ դեռ ալ պիտի փորձեն սեպ խրել Մոսկուա-Երեւան կապերուն մէջ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յուլիս 25, 2018