ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

Հարցում. Ճի՞շդ է, թէ մարդը մարմինէ ու հոգիէ բաղկացած է։

Պատասխան. Այո, մարդը բաղկացած է ֆիզիքական մարմինէ եւ անմահ հոգիէ։ Մարդը շնչաւոր, միանգամայն՝ հոգեւոր էակ մըն է։ Մարմինը, դատապարտուած է կրկին անգամ հող դառնալու ուրկէ ստեղծուեցաւ, հոգիին անոր մէջէն ելլելէ ետք, սակայն մարդկային հոգին անմահ է, այսինքն՝ վերջ չունի։ Մարդուն հոգին ըստ աստուածային յայտնութեան, իմացական, բանական, աննիւթ եւ անմահ գոյացութիւն մըն է, ստեղծուած մեր նախահօր մարմինի արարչութենէն ետք, երբ Աստուած Իր շունչէն փչեց անոր վրայ. “Տէր Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը եւ անոր ռնգունքներէն կենդանութեան շունչ փչեց ու մարդը կենդանի հոգի եղաւ” (Ծն 2.7). իսկ մարդուն մեռնելուն, հոգին անմահ կը մնայ ու Աստուծոյ կը վերադառնայ. “Այն ատեն հողը երկիր պիտի դառնայ՝ առաջուան եղածին պէս ու հոգին Աստուծոյ պիտի դառնայ, որ զանիկա տուաւ” (Ժղ 12.7):

Հարցում. Եկեղեցւոյ հայրերը ի՞նչ կ՚ըսեն մարդկայի հոգիի մասին:

Պատասխան. Սուրբ Բարսեղ Մեծը կ՚ըսէ. «Ինչպէս որ աղտոտ հայելին չի՛ կրնար իր վրայ պատկերներ ընդունիլ եւ անդրադարձնել, այդպէս ալ հոգին, որ այս կեանքին հոգերով զբաղուած է եւ մթագնած է մարմնաւոր իմաստութեան մոլութիւններով՝ չի՛ կրնար իր մէջ Սուրբ Հոգիին պայծառութիւնը ընդունիլ»:

Սուրբ Նեղոս Սինայեցին կ՚ըսէ. «Հաստատուն ծառը քամիներէն չի՛ տարուբերիր, ձանձրոյթն ու տրտմութիւնն ալ չեն կրնար խոցել հաստատուած հոգին»:

Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կաթողիկոսը կ՚ըսէ. «Ազնուութենէ ու գեղեցկութիւններէ զուրկ հոգի մը սովորական եւ հասարակ հոգի մըն է. եւ ինչ որ սովորական է եւ հասարակ՝ դատապարտուած է մահուան, կորստեան, ոչինչութեան»:

Պսակ Ծայրագոյն Վարդապետ Խորէնեանը կ՚ըսէ. «Հոգին տարբեր եւ լեզուն տարբեր պէտք չէ ըլլայ. լեզուն հոգիին թարգմանը պէտք է ըլլայ եւ մարդ որքան ինքն իր մէջ անդրադառնայ, ներանձնանայ, կամ Սաղմոսին բառով՝ որքան ալ մօտենայ իր սիրտին խորունկութիւններուն. այնքան ալ իր պզտիկութիւնը կը զգայ եւ Աստուծոյ բարձրութիւնը. “Մտիցէ այլ ‘ի խորութիւն սրտի իւրոյ եւ բարձր եղիցի Աստուած”. հոս Աստուած՝ ամէն առաքինութեանց կատարելագործումը կը նշանակէ»:

Հարցում. Ի՞նչ է մարդկային ընտանիքին արժէքը, ընտանեկան սրբութիւնը։

Պատասխան. Մարդկային ընտանիքը հիմքն է մարդկային ընկերութեան, առանց որուն մարդկային ընկերութիւնը կը դառնայ խառնարան մը։ Ընտանիքն է, որ մարդը իր մանուկ հասակին մէջ կը կրթէ, կը դաստիարակէ եւ որոշ ուղղութեան մէջ կը դնէ եւ որպէս կիսամարդ կը ներկայացանէ ընկերութեան, հարուստ հոգեմտաւոր սկզբունքներով, գաղափարներով ու հաւատալիքներով, որոնց կատարելագործումին կը հասնի առողջ եւ բարոյական բարձր սկզբունքենրու տէր եղող ընկերութեան մէջ։

Գալով ընտանեկան սրբութեան, ինչպէս ընտանիքը հիմն է մարդկային ընկերութեան, այնպէս ալ սրբութիւնը ընտանիքին հիմքն է, առանց որուն ընտանիք մը կը դադրի ընտանիք կոչուելէ։ Ընտանեկան յարկէն ներս կարեւոր է սրբութեան ներկայութիւնը, որովհետեւ ընտանեկան սրբութենէն կը ծնին քաղաքակիրթ, հաւատացեալ, բարոյական սկզբունքներու տէր անհատներ, առանց որոնց՝ մանաւանդ ներկայ պայմաններուն մէջ, դժուար է մարդուն համար ապրելու խաղաղ միջավայր մը գտնելը։

Հարցում. Եկեղեցւոյ հայրերը ի՞նչ ըսած են ընտանիքի մասին:

Պատասխան. Խրիմեան Հայրիկը այսպէս կ՚ըսէ. «Որեւէ ժողովուրդ իր բարոյական կեանքի տիպարը ուղղակի ընտանիքէն կ՚առնէ եւ պարծանքով ցոյց կու տայ աշխարհին, թէ ինք բարեկիրթ ընտանիքի զաւակ ու ժողովուրդ է»:

Դարձեալ. «Ժողովուրդը եթէ կ՚առաջդիմէ, իր առաջին քայլը ընտանեկան սրահէն կ՚առնէ։ Եթէ կը լուսաւորուի, իր լոյսը ընտանեկան ճրագէն է։ Եթէ կը միանայ՝ իր ոգին ու կապը ընտանիքն է։ Եթէ կը զօրանայ՝ իր ուժն ու բազուկը ընտանիքն է։ Եթէ կը հարստանայ՝ իր գանձարանն ու գանձապետը ընտանիքն է։ Եթէ իր տունն ու սեղանը բարելից եւ առատ է՝ արդիւնաբեր անդաստանը ընտանիքն է։ Եթէ դրախտի գետերը կը վազեն իր հրապարակ՝ դրախտին աղբիւրը ընտանիքն է։ Եթէ իր կարասները լեցուն են գինիով ու կը խմէ եւ կ՚ուրախանայ՝ խաղողաբեր այգին ընտանիքն է։ Եթէ բարեծնունդ զաւակներով օր օրի բիւարապատիկ կ՚աճի՝ իր նախածնող խնամատարը ընտանիքն է։ Եթէ կ՚ուզէ իր զաւակները որպէս բարեկիրթ քաղաքացի պատրաստել՝ իր բարեկրթութեան առաջին համալսարանը ընտանիքն է։ Եթէ աշխարհին մէջ երջանիկ ապրիլ կ՚ուզէ, թող հաւատայ, որ երջանկութեան կեանք բխող աղբիւրը՝ ընտանիքն է։ Եթէ երկրէն յետոյ կ՚ուզէ երկինքը ժառանգել՝ իր հայրենի կրօնքը, հաւատքն ու եկեղեցին պահելով, այո՛, այդ սուրբ աւանդները անեղծ, անկորուստ պահելու խորանը՝ ընտանիքն է։ Որովհետեւ, այդ գանձերն ու Աւետարանի աննման մարգարիտը աշխարհի շահավաճառութեան հրապարակին վրայ, կառավարութիւններուն դահլիճներուն մէջ, գիտութեան ճեմարաններուն մէջ անկորուստ չեն պահուիր, ուստի ատոնց հաւատարիմ աւանդապահը միայն ընտանի՛քն է»:

Պսակ Ծայրագոյն Վարդապետ Խորէնեանը կ՚ըսէ. «Հա՜յր որքան քաղցր անուն, ընտանիքին հոգին է այն, նա է որ կը շինէ, նա է որ կ՚երջանկացնէ, կ՚ազնուացնէ ընտանիքին գաղափարը. իր վերին աստիճանի անկեղծ սիրով, իսկ մայրը՝ չքնաղ զգացումներու փունջ մ՚է, որ տան պահապան հրեշտակը կ՚ըլլայ, եւ գնահատողը այն երջանկութեան, որ էրիկին կողմէ կը շնորհուի, կատարեալ մայր մը միայն կրնայ պահպանել, հայրիկին վաստակը, եւ ըստ պատշաճի ծախսել. էրիկը՝ իր կինը պաշտպանելու, զանի սիրելու եւ անոր պէտքերուն հասնելու համար, իր անձը կը զոհէ անոր բարօրութեան ճամբուն վրայ, իսկ կինը, իր բովանդակ հոգիով հնազանդութիւն եւ հաւատարմութիւն կ՚ուխտէ, իր էրկան զոհողութիւններուն փոխարէն»:

Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան կ՚ըսէ. «Քրիստոնէական սիրով ուռճացած Հայ ընտանիքն է, որ ազգին գոյութեանը սատարող ուժ մը կ՚ընձեռէ իրմով, եւ իր ծոցէն բխող անխարդախ կաթին հետ կը ջամբէ նաեւ նոր սերունդին հոգեկան զարգացումը»:

Գէորգ Չէօրեքճեան Կաթողիկոսը կ՚ըսէ. «Հայու գոյութեան խարիսխը Հայ ընտանիքին է, որուն սիւնը՝ մայրն է»:

Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը կ՚ըսէ. «Ընտանեկան յարկը փոքրիկ եկեղեցի է. եւ ծնողները, յատկապէս ՄԱՅՐԸ՝ այդ եկեղեցւոյ պաշտօնեան»:

Խորէն Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը կ՚ըսէ. «Հայ ժողովուրդին գոյութեան եւ գոյատեւման առաջին եւ հզօր կռուանը ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔՆ է: Ազգ մը կը բաղկանայ անհատներէ եւ այդ անհատներն ալ ազգին տուող ընկերային հաստատութիւնը՝ ընտանիքն է: Ընտանիքը, հետեւաբար, հիմքն է ու խարիսխը, որ ոտքի կը կանգնեցնէ ամբողջ ազգը»:

Շնուտա Գ. Հայրապետը կ՚ըսէ. «Ով որ իր ընտանիքը չի սիրեր, մի՛ հաւատար, թէ այդպիսին ոեւէ այլ մէկը կրնայ սիրել...: Ընտանիքը սիրոյ աղբիւր է»:

Դարձեալ. «Ամուսնութիւնը երկու հոգիի միացումը չէ միայն, այլ՝ երեքի. իսկ ամուսիններուն երրորդը՝ Աստուած Ի՛նքն է»:

Հարցում. Մեծերը ի՞նչ կ՚ըսեն ընտանիքի մասին:

Պատասխան. Վիքթոր Հիւկոն կ՚ըսէ. «Ընտանիքը հասարակութեան բիւրեղն է»:

Ճորճ Սանթայանան կ՚ըսէ. «Ընտանիքը բնութեան հրաշալիքներէն մէկն է»:

Պալզաք կ՚ըսէ. «Ընտանիքը մշտապէս հասարակութեան հիմքը պիտի ըլլայ»:

Տակիտոս կ՚ըսէ. «Սեփական ընտանիքին խաղաղ ու երջանիկ կեանք ապահովելը յաճախ նոյնքան դժուար կ՚ըլլայ, որքան ամբողջ նահանգ մը կառավարելը»:

Ֆրանսիս Պէյքըն կ՚ըսէ. «Հայրենիքին նկատմամբ սէրը ընտանիքէն կը սկսի»:

Անանուն հեղինակ մը ըսած է. «Երջանիկ է այն մարդը, որ երջանիկ է իր ընտանիքին մէջ»:

Լեւ Թոլսթոյ կ՚ըսէ. «Բոլոր երջանիկ ընտանիքները նման են, մինչդեռ դժբախտ ընտանիքը իւրովի դժբախտ է»:

Ֆրետրիք Ատլէր կ՚ըսէ. «Ընտանիքը՝ հասարակութիւնն է մանրակերտ ձեւի մէջ, որու ամբողջականութենէն կախուած է ամբողջ մարդկային մեծ հասարակութեան անվտանգութիւնը»:

Ամիէլ կ՚ըսէ. «Կինը ընտանիքին փրկութիւնն է կամ կործանումը»:

Վոլֆրամ Կէօթէ կ՚ըսէ. «Ընտանիքը երեխաներէն կը սկսի»:

Յակոբ Պարոնեան կ՚ըսէ. «Խոհարարները առանց կռիւի, ամուսնութիւնը անլի կերակուրի կը նմանցնեն»:

Շոփէնհաուր կ՚ըսէ. «Ամուսնանալ կը նշանակէ կիսով չափ իր իրաւունքները պակսեցնել եւ կրկնակի մեծցնել՝ իր պարտականութիւնները»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յուլիս 25, 2019