BESAME MUCHO...

Յետմիջօրէի արեւի լուսաւոր ճառագայթ մը գետնի նաշխուն գոյներով գորգի ծայրին ինկած՝ մեր տան հիւրանոցին մէջ տաքուկ մթնոլորտ ստեղծած էր:

Բաց պատուհանին առջեւ նստող ոչ գէր եւ ոչ ալ նիհար Ֆլորա «մօրաք»ը, կարծես ըսելիքէն գօտեպնդուելու համար, ձեռքի պայուսակը մարմինին մօտ քաշեց եւ քիչ առաջուայ կիսատ մնացած խօսակցութիւնը շարունակելէ առաջ, մօրս կողմը դարձաւ եւ յուզուած՝

-Իշտէ ես ալ եկայ քի այսօր քեզմէ մեկնելու հրաժեշտ առնեմ,-ըսաւ կակուղ ձայնով:

Երկուքը որբանոցի պզտիկութեան օրերէ հին բարեկամուհիներ էին: Մայրս չհաւատաց.

-Ի՞նչ հրաժեշտ, ո՞ւր պիտի երթաս Ֆլորա,- հարցուց զարմացած:

-Արժանթին,- պատասխանեց Ֆլորա «մօրաքը»:

Ան մօրս տարեկից էր եւ մայրս ինծի «մօրաք» անունով կանչել սորվեցուցած էր իր բարեկամուհիները:

-Արժանթի՞ն,- կրկնեց մայրս առանց հասկնալու եւ կատակ կարծեց իր բարեկամուհիին ըսածը:

Մօրս քովը կեցած՝ ես ալ չհաւատացի լսածիս եւ վայրկենաբար «Սաաթի Օննիկ»ին քովի պատը աչքիս առջեւ երեւցաւ: Յիշեցի պատերազմներէ հեռու գտնուող «Amado Mio» եւ «Besame mucho» երգին լեզուն խօսող երկիրները եւ միտքէս.

-Արժանթի՜՜ն, կրկնեցի… Արժանթի՜՜ն, ընդարձակ հողերով, պատերազմներէ հեռու գտնուող երկի՜՜րը, ուր ես ծաւալուն հողերու վրայ տարածուած գեղեցիկ տուներէ ներս, հողէ խոշոր թաղարներու մէջ, միշտ լայն տերեւներով կանաչ բոյսեր երեւակայած էի, որոնց վրայ տեղ տեղ ապակիէ թափանցիկ կղմինտրներէ իջած արեւի թեթեւ ճառագայթներ, անյայտ անկիւնէ մը ծորող երաժշտութեան մեղմ ձայնի մը հետ, տուներու մէջ խաղաղութիւն կը տարածէին…:

-Ուրկէ՞ թափանցած էին երեւակայութեանս մէջ այդ պատկերները, չեմ գիտեր: Բայց ես կը սիրէի այդ հեռու եւ անծանօթ երկիրներու սեւ մազերը սովորաբար ետեւը փունջ կապած արուեստագէտները, երաժիշտները, եւ անոնց հետ ալ յատկապէս դաշնակահարները, որոնց ստեղնաշարերուն վրայ հանդարտ սահող մատներէն, ունկնդիրներուն սիրտը գրաւող, միշտ ուրախ բայց երբեմն ալ տխուր եւ սրտագրաւ մեղմութիւն մը կը հոսէր…:

Ես միշտ սիրած էի հարաւի ինծի անծանօթ լեզուներով խորհրդաւոր երկիրները, ուրկէ տարին միայն մէկ անգամ Կաղանդի ատեն, մեր սեղանի պտղամանին մէջ Արժանթինէն եկած խնձոր ալ կը գտնուէր:

Բայց մայրս լուր չունէր յիշածներէս, ոչ ալ մտածումներէս…:

Արդէն անոնք կարեւոր ալ չէին այդ վայրկեանին: Մայրս անակնկալի եկած՝ նեղուած էր Ֆլորայէն բաժնուելու հեռանկարէն եւ պահ մը ետք կարծես չգիտնալով ինչ ըսելը ու դեռ չսթափած անակնկալ լուրի ստացած հարուածէն, -Ֆլո՛ր, ինչո՞ւ Արժանթին պիտի երթաս,- հազիւ կրցաւ շշնջել տկար ու շշմած…: Մօրս տխուր ձայնին մէջ բամպակ կար, դիւրին չէր հին եւ լաւ բարեկամուհիէ մը զատուիլը…:

Սակայն Ֆլոր մօրաքն ալ յուզուած էր:

Ես պզտիկ էի այն ատեն, չէի գիտեր հին եւ սիր-ւած բարեկամներու իրարմէ զատ-ւելու տխրութիւնը չափել...:

Մօրս երեսը նայեցայ:

-Ֆլո՛ր, ի՞նչ պիտի ընես Արժանթին երթաս,- կրկնեց մայրս:

-Խնկոն ազգականներ ունի հոն,- պատասխանեց Ֆլորը եւ կարճ դադարէ յետոյ -Լաւ են, լաւ դիրք ունին, մեզի կանչեցին,- շարունակեց:

Խնկոն Ֆլոր «մօրաք»ին տարիներու ամուսինն էր: Վայրկեանին ինծի այնպէս թուեցաւ, որ տան մէջ ան էր բոլոր որոշումներ տուողը:

Ես կը սիրէի Ֆլոր «մօրաք»ը: Ան մօրս մօտիկ միւս բարեկամուհիներէն միշտ մէկ մատ աւելի «մօրաք» եղած էր ինծի համար եւ ես թերեւս ալ այդ պատճառով, չէի ուզեր որ ան հեռու տեղ երթար…:

Պահ մը լռութիւն տիրեց, մայրս չպատասխանեց: Բայց քիչ յետոյ կարծես հաշտուած Ֆլորէն բաժնուելու գաղափարին՝

-Գոնէ լեզուն սորվեցա՞ր,- հարցուց։

-Քանի մը բառ, «Կրասիաս», «Պուէնոս տիաս», «Փոր ֆավոր»…

Յայտնի էր, թէ ճամբորդելու որոշումը տրուած էր արդէն, բայց մայրս դեռ վստահ ըլլալու համար վերջին փորձ մըն ալ ըրաւ եւ

-Ձեր բոլորին թուղթերը արդէն պատրա՞ստ են,- հարցուց:

-Արժանթինէն երաշխաւորութեան նամակը անցեալ շաբաթ դեսպանատուն հասաւ,- պատասխանեց Ֆլորան:

Ալ կասկած չէր մնացած, ուրեմն ճամբորդութիւնը շատ մօտ էր:

-Է՛հ Ֆլոր, քեզի հիմա սուրճ մը եփեմ, միասին խմենք, որպէսզի Եգիպտոսի համը եւ ետեւ մնացած բարեկամուհիներդ միշտ յիշես,- ըսաւ մայրս:

Գետնի գորգին վրայ ինկած արեւի ճառագայթը հիմա անհետացած էր եւ կարծես մեր հիւրանոցի պատշգամի ապակիէն բնաւ ներս չէր մտած:

Մայրս եւ Ֆլորա մօրաքս գաւաթ մը սուրճ խմելով այն օրը երկար խօսեցան: Ֆլորը սուրճի վերջին ումպը խմելէ յետոյ, պատուհանէն դուրս նայեցաւ եւ աչքով հեռացող արեւին ետեւէն կարծես մինչեւ Արժանթին գնաց…:

Արդէն ուշ էր: Դրան առջեւ երկուքը փաթթուեցան եւ Ֆլորան բաժանումի վերջին պահուն.

-Ո՞վ գիտէ, օր մը թերեւս դուք ալ Արժանթին գաք,- ըսաւ, յետոյ երեսը արագ անդին դարձուց եւ գրեթէ վազելով, սանդուխներէն վար անյայտացաւ:

Իր երթալէն յետոյ դեռ տունէն ներս չմտած, Սաաթի Օննիկին ծանուցումներու պատին առջեւ, միշտ ինքզինքիս տուած հարցումս յիշեցի եւ Ֆլորա «մօրաք»իս բառերէն յոյս առած՝

-Մա, իրա՞ւ է որ օր մը մենք ալ Արժանթին պիտ երթանք,- հարցուցի հետաքրքրուած…:

Մայրս սանդուխին վրայ կեցած, գլուխը անորոշ շարժեց եւ այդ վայրկեանին պատասխան չունեցաւ ինծի տալու, բայց ես անմիջապէս զգացի, որ հարցումս աւելորդ էր, որովհետեւ գիտէի, թէ մենք Խնկոյենց պէս դուրսը հարուստ ազգականներ չունէինք եւ մայրս ալ երբե՛ք պիտի չուզէր այրի մնացած քրոջմէն զատուիլ:

Սակայն կեանքը մեզմէ պահած գաղտնիքներ ունէր, որ մենք չէինք գիտեր դեռ: Այն օրը մայրս ու ես սանդուխներուն վրայ քով քովի կեցած, ինչպէ՞ս գիտնայինք, թէ տարիներ յետոյ դէպքերու բախտաւոր դասաւորումով, մենք ալ հարաւի ծովու ալիքներուն վրայ, Թանկոյի եղանակներ փչող Արժանթինին դրացի, սուրճերու արեւադարձային մեծ երկիրը պիտի երթայինք ու հաստատուէինք…:

ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ

Քամփինաս, Պրազիլ

Հատուած՝ հեղինակին նոյնանուն գրութենէն

«Նոր Օր», Լոս Անճելըս

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2020