ԱԿՆԱՐԿ - 76 - ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

Մուշեղ Եպիսկոպոս Սերոբեան իր «Վաղուան հոգին» գրքոյիկին մէջ յաջորդ եզրը՝ որու մասին կ՚անդրադառնայ, պետութիւնն է: Բնականաբար երբ պետութիւն կ՚ըսենք այդ ժամանակահատուածին համար, այսինքն՝ 19-րդ դարու սկիզբին, խօսքը կ՚երթայ այդ ժամանակաշրջանին:

Հետաքրքրականը այն է, թէ այն ինչ Սերոբեան կը նկարագրէ այդ օրերու պետութեան մասին, ցաւօք, այսօր, մեր ներկայ իրականութեան ձեւով մը նախանկարագրութիւնն է:

Մինչեւ Սերոբեանի գրութիւնը մէջբերելը, հարցնենք. ի՞նչ է պետութիւնը: Հեռու մնալով խոր մասնագիտական եզրաբանութիւններէ եւ սահմանումներէ, մեր կարծիքով՝ պետութիւնը այն միաւորն է, որ կոչուած է զինք ծնած ժողովուրդին, ազգին կեանքը կարգաւորել, աշխատիլ անոր բարօրութեան համար, երաշխաւորել անոր ապահովութիւնը արտաքին վտանգներէ, համերաշխ մթնոլորտ ստեղծել երկրէն ներս, քաղաքացիներուն համար պայմաններ ստեղծել, աշխատելու, արարելու, ստեղծագործելու, կարենալ արժանապատիւ կերպով ապրելու, առանց մտածելու արտագաղթելու մասին: Ամփոփ նկարագրութեամբ մեզի համար պետութիւնը ա՛յս է:

Անդին, իրաւական գետնի վրայ, պետութիւնը այն միաւորն է, որ կը գործէ օրէնքներով, որպէսզի կարենայ իրեն վստահուած երկիրը կարգ ու կանոնի մէջ պահէ եւ լաւագոյնս կառավարէ զայն: Զգոյշ պէտք է ըլլալ սակայն. երբ տուեալ պետութեան ղեկավարները իրենք զիրենք այդ պետութեան օրէնքներէն վեր կը դասեն, կը նշանակէ, թէ այդ ղեկավարութիւնը ձախողած է իր առաքելութեան մէջ:

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան պետութեան մասին այսպէս կը գրէ. «Պետութիւնը ժողովուրդէն կը ծնի՝ ժողովուրդին ծառայելու եւ անոր շահերը պաշտպանելու համար: Օրէնքները այն գործիքներն են, որոնք երկիրը կը դնեն օրինականութեան պարունակին մէջ եւ չեն ծառայեր իրենք զիրենք առանձնաշնորհեալ վերնախաւ կարծողներու շահերուն: Ո՛չ, պարոնայք, օրէնքը դուք չէք, այլ դո՛ւք էք օրէնքին ենթական»:

Հետեւաբար, իւրաքանչիւր պետութիւն ծնունդն է այն ժողովուրդին, որուն կը ծառայէ եւ կոչուած է այդ ժողովուրդին շահերուն ծառայելու: Եւ ինչպէս վերը անդրադարձանք, տուեալ պետութեան ղերակավարները երբեք իրենք զիրենք օրէնքէն վեր պէտք չէ՛ դասեն, ո՛չ ալ պէտք է կարծեն, թէ իրե՛նք են օրէնքը, այլ՝ միշտ պիտի մտածեն, թէ իրենք եւս տուեալ պետութեան օրէնքներուն ենթական են, աւելին՝ նախ եւ առաջ իրե՛նք պէտք է գործադրեն ու հնազանդին այդ օրէնքներուն, օրինակ հանդիսանալով միւս քաղաքացիներուն:

Հիմա կարդանք, թէ Մուշեղ Սերոբեանը ի՛նչ կը գրէ այդ օրերու պետութեան մասին: Կարդալէ ետք եզրակացութիւնը կը ձգեմ ընթերցողներուն, առաջարկելով, որ իւրաքանչիւր ընթերցող ո՛ր երկրէն որ պիտի կարդայ այս գրութիւնը, համեմատական մը տանի այդ երկրի պետութեան գործելաոճին եւ Սերոբեանի նկարագրածին միջեւ: Հայաստանի պարագային, ինչպէս վերը նշեցի, ընթերցողը կարդալէ ետք Սերոբեանի տողերը, պիտի կարծէ որ զայն Հայաստանի մերօրեայ «պետութեան» համար գրած ըլլայ զանոնք: Կը կարդանք.

* Պետութիւնը, մանաւանդ այն պետութիւնները, որոնց մէջ բաժնուած է մեր երկիրը, եւ ատով իսկ անոնց կապուած է մեր ազգային-ընկերական ճակատագիրը, բան մը չըրաւ բարքերու ազնուացումին համար: Ընդհակառակն ապականեց ու վատթարացուց ժողովուրդներու ազգային նկարագիրը: Իր կաշառակերութիւններով արդարութիւնը վաճառականական, շահաբեր նիւթի վերածեց. իր կեղեքումներով, իր հարստահարութիւններով պատճառ եղաւ, որ խոշտանգուած ազգեր - որպիսին է մերը - ինքնապաշտպանութեան կենսական պէտքին համար, միջոցներու մէջ տարբերութիւն չդնեն, կեղծիքի ու վատութիւններու դիմեն. անհատական ու ազգային արժանապատուութիւնը վաճառած, ինքզինքնին ի սպաս դնեն բռնաւորներու, կեղեքողներու, մարդասպաններու: Մենք մեր ազգային տառապանքի շարունակականութեանը մէջ բնազդաբար սորվեցանք, թէ «Մարդկային ընկերութիւններու ճակատագիրը, շատ մը պարագաներու մէջ խորամանկութիւններէ ու սուտերէ կախում ունի: Զօրաւորներու հանդէպ տկարներու կռիւին մէջ այս վերջինները պիտի կորսուէին, եթէ դատապարտուած ըլլային ոչ-եպերելի միջոցներ միայն գործածել» (Ժ. Ֆինօ): Մենք բնութեան դասերուն հետեւած եղանք ասով: Պետութիւնը դպրոց մը չեղաւ, այլ փտութեան օճախ մը. չկրթեց, այլասերեց մանաւանդ. ջանաց արմատախլել մեր ազգային ազնուականութիւնը, փոխանակ զայն մաքրագործելու: Հարուածեց մեր կրթական ձեռնարկները. խաւարի, տգիտութեան, վատասերումի առաքելութիւնն ստանձնեց. ազգը իր սրտէն զարկաւ. շահագործեց մարդկային տկարութիւնները, կաշառելով խիղճը, խափանելով ազատութեան տենչը, եւ արիւնի մէջ խեղդելով արդարութեան ծարաւի աղաղակները: Խորհրդարանական պետութիւնն ալ, ի՛ր կարգին, ինքզինքը կազմելու համար անգամ մը միայն դիմում ըրաւ «հասարակաց քուէին», “հասարակաց ձայնին”, ու այնուհետեւ սկսաւ արհամարհել հասարակաց կարծիքը: Անհատական, քմահաճ բռնապետութիւնը, Սահմանադրական օրինակերպ բռնապետութեան փոխուեցաւ. ուժի արդարութիւնը Բրեննոսի մը պէս, իր սուրը իրաւունքի նժարի թաթին մէջ նետեց. «Վա՜յ պարտեալներուն» աղաղակելով։ (…) Բրեննոս մը, բռնաւոր խորհրդարան մը տարբերութիւն չունին իրարմէ, բացի անուններու տարբերութենէն, երր խնդիրը արդարութիւն մը կատարելուն շուրջ դառնայ: «Վերարկուն կրօնաւոր չի շիներ» ըսուած է: Սահմանադրական վերարկուն բռնաւոր խորհրդարանի մը գոյութիւնը չի կրնար արդարացնել։ Պետութիւնը իր յոռի կազմակերպութիւնով, իր ազգամոլ գերյանդգնութեամբ, իր մոլեռանդակիր խառնուրդով երկրաքանդ ուժ մը միայն եղաւ: Ալ ինչպէ՞ս կ՚ուզէինք, կամ ինչպէ՞ս կրնայինք սպասել, որ այսպիսի պետական կազմակերպութիւն մը կարող ըլլար «Վաղուան հոգին» պատրաստելու («Վաղուան հոգին», Մուշեղ Եպիսկոպոս [Սերոբեան], Աղեքսանդրիա, 1910, էջ 16-18):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ, 21 յուլիս 2024

Հինգշաբթի, Յուլիս 25, 2024