ՊԻՊԼԻԱԿԱՆ ԴԱՒԻԹ ՉԱՐԻ ԵՒ ԲԱՐԻԻ ՊԱՅՔԱՐ

Մեր սիրելի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ ծնած են ու կ՚ապրին արձաններ եւ քանդակներ, որոնց քովէն յաճախ կ՚անցնինք, բայց չենք գիտեր, թէ ի՛նչ պատմութիւն ունին անոնք: Մէկ մասն ալ՝ «պահուըտած» քաղաքի այգիներուն եւ բակերուն մէջ, լռած են իրենց գոյութեան մասին:

Ծանօթանանք անոնցմէ մէկ քանիին, քանի որ մեզի պատմելու շատ բան ունին:

Հայ նշանաւոր քանդակագործ եւ նկարիչ Երուանդ Քոչարը, որ ստալինեան բռնապետութեան զոհերէն էր, լաւ գիտէր ազատութեան գինը: Ան «Պիպլիական Դաւիթ»ը քանդակեց Ստալինի մահէն անմիջապէս ետք, 1953-ին:

«Պիպլիական Դաւիթ»ը երկար տարիներ մնաց Քոչարի աշխատանոցը եւ 56 տարի ետք, 27 Հոկտեմբեր 2009 թուականին, հինգ անգամով մեծցուած տարբերակը տեղադրուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի շէնքին բակը՝ ի յիշատակ 1999 թուականիի 27 Հոկտեմբերի ոճրագործութեան զոհերուն, յուշաքարի փոխարէն:

Թէեւ արձանը զոհուածներուն նուիրուած չէր, բայց իր մէջ ունի խոր ցաւ, վիշտ, կորուստ…

«Պիպլիական Դաւիթ»ը կը խորհրդանշէ չարի եւ բարիի պայքարին մէջ բարիին յաղթանակը: Անիկա նաեւ իւրատեսակ կոչ է, որ չարը նոյնպէս յաւերժական է, եւ պէտք է զգօն ըլլալ:

«Ժամանակակից աշխարհի մարդկութեանըէ սպառնացող մարտահրաւէրներէն է ահաբեկչութիւնը, զոր պէտք է արմատախիլ ընել, ինչպէս չարը՝ առհասարակ», կ՚ըսէ Երուանդ Քոչարի թանգարանի տնօրէնուհի Լալա Քոչար:

ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2017