Հպարտ ըլ­լանք եւ ան­սա­կար­կե­լի

Դարաշրջանի եւ ժամանակակից հասարակութեան մէջ, ընկերային համակարգը, շնորհիւ գիտաշխարհին տուած՝ ընձեռած բարիքներուն, առաւելութիւններուն, դիւրութիւններուն, բազմապատկած է հասկացողութիւն, արժէք, նուիրում, անշուշտ աւելի անհատական մակարդակով՝ եսասիրական քան՝ ազգային, որուն դիմաց բնականաբար տուժած է եւ կը շարունակէ տուժել ազգայինը, մշակութայինը: Մօտեցումը, զգացումը համատարած է եւ ոչ թէ սահմանափակուած հայուն կամ հայկականին: Պայքարը բազմաճակատ է:

Ժամանակակից հայ սփիւռքը, որ աւելի աշխարհատարած է քան երբեք, դարձած է նաեւ աշխարհամոլ իր տեղի եւ մշակոյթի «մեքենային» միջոցաւ եւ սկսած է ընդունուիլ որպէս բնական երեւոյթ եւ տրամաբանական հետեւանք: Նոյն ժողովուրդի հայ զաւակը, հիւսիսային թէ հարաւային կիսագունդի մէջ, անգլիախօս, ֆրանսախօս թէ արաբախօս դարձած է. խորթ ազգային արժէքներու եւ մանաւանդ լեզուի նկատմամբ եւ սկսած է որդեգրել կեցուածք, դատողութիւն, պատկանելիութիւն, գործածութիւն, որոնք իրենց կարգին կարճ ժամանակ մը առաջ կը նկատուէին հակաազգային լայն հասարակութեան կողմէ եւ նոյնիսկ դատապարտուած, մերժուած, իսկ ներկայիս՝ «ինքնատիպ»: Ներկայի պատկերը բնականաբար ունի իր թեր ու դէմ մօտեցումները:

Շատ հաւանաբար, ազգային այդ հասկացողութեամբ, հայ սփիւռքը սկսաւ իր մայրամուտը ապրիլ 1970-ական թուականներէն վերջ երբ մէկը միւսին ետեւէն Կիպրոս, Պարսկաստան, Լիբանան, Իրաք, Սուրիա եւ դարձեալ Իրաք, որոնց կողքին զերծ չմնացին Յորդանան (Իսրայէլ-Պաղեստին) եւ Եգիպտոս, ուր հինը, պատմականը, ազգայինը պարպուեցաւ եւ ստեղծուեցաւ նոր հոսանք, ոչ թէ անպայման գաղթականութեան այլ մտայնութեան, դատողութեան եւ ազգային-մշակութային չափանիշներու նկատմամբ ապակեդրոնացում: Ծնունդ առաւ անհատը, անհատականը, անհատականութիւնը, «Ես»ը:

Ո՞վ է ազգայինը, ո՞վ է հայը եւ արդեօք հայերէն գիտնալը եւ խօսիլը կարեւոր է եւ նախապայմա՞ն՝ տուեալ մշակոյթի բոլոր պահանջքները բաւարարելու:

Հակառակ սփիւռքի մեծութեան, որ սահմանակից է բոլոր ովկիանոսներուն, տակաւին «Հին Լսարանի» զանգը, բայց նաեւ որպէս ահազանգ կը հնչէ շատերուս մօտ: Սահմաններու տարածութինը այլեւս արգելք մը չէ նաեւ, որ կարճ ժամանակի մէջ դառնանք Մարքօ Փոլօ, Մակելլան կամ Քոլոմպոս: Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան անոնցմէ մին է, որ իր գործին եւ առաքելութեան ընթացքին, զանց առնելով նաւահանգիստները, օդակայանէ-օդակայան անցնելով, կը փնտռէ նաեւ հայկականը, հայը, ազգային մշակոյթը կամ կը փորձէ գտնել շաղկապը եւ ապա որպէս համադամ ճաշի «Բաղադրագիր», մեզի կը հրամցնէ իր օրագիրը:

Զարմանալի չէ, որ վերջերս, իր գիրքի «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» 2018 թուականի հրատարակութենէն եւ բազում շնորհահանդէսներէն վերջ, նմանօրինակ շնորհանդէս մը տեղի ունենայ նաեւ Աւստրալիա՝ Սիտնի: Այո՛, Աւստրալիա իր Նոր Զելանտա ճանապարհին, ընկերակցութեամբ տիկնոջը՝ Տքթ. Արտա Ճէպէճեանի, որ կատարած է գրքին մանրազննին եւ դժուարին խմբագրութիւնը, ուր Հրայր կը նկարագրուի որպէս անսակարկելի հաւատարմութեամբ՝ հայուն, հայրենիքին, եկեղեցիին, մշակոյթին, պահանջատիրութեան, մամուլին եւ սփիւռքին նուիրեալ իր մորթին ամենաչնչին բջիջներով անգամ:

Հակառակ մեր 80-ական թուականներու հանդիպումներուն՝ Լիբանան եւ Եգիպտոս, ասիկա երկրորդ հանդիպումն էր ի Սիտնի: Օգոստոս 4-ին, Սիտնիի Առաքելական Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ «Էտկարեան» սրահէն ներս, Առաջնորդ սրբազան հօր՝ Գերաշնորհ Տ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճարեանի հովանաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ շնորհանդէսը: Հաստափոր գիրքին ներկայացումը կատարուեցաւ դիւանապետ Նշան Պասմաճեանի կողմէ:

Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ սփիւռքը ընտրութիւն չէ, այլ հետեւանք: Հայապահպանումի ճակատամարտը՝ սփիւռքի ճակատամարտ է, որ ունի իր զոհերը եւ զոհերը սկսած են աւելնալ, բայց մենք պէտք է շարունակենք պատմել մեր պատմութիւնը:

Հրայր Ճէպէճեան գիտակից է, որ որպէս սփիւռք, պետականութիւն կը դիմագրաւենք հազարումէկ դժուարութիւններ: Սփիւռքի տարածքին տարբեր ենք, բայց օտար չենք, մեր արմատը, մեր ծառը մէկ է: Սրբազան հայրը հիւրը որակեց որպէս Աստուծոյ մարդը, որ իր կրօնասիրութեան կողքին ունի հայրենասիրութիւն եւ ամբողջական նուիրում, հաւատք եւ սէր հայրենիքին նկատմամբ:

Կիրակի, 5 օգոստոսին, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ ԱՀԱ ընկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած էր դասախօսութիւն, ՀԲԸՄ-ի կեդրոնատեղիին մէջ, «Հայկական մշակոյթ ամբողջական կեանք եւ շարունակականութեան հիմք» խորագիրով, որու ընթացքին փոխն ի փոխ զեկուցեցին Հրայր եւ Արտա Ճէպէճեանները:

Տքթ. Հրայր իր զեկոյցի ընթացքին թելադրեց, որ պէտք է յարգանք ունենալ ազգային կառոյցներու նկատմամբ, որոնք իրենց կարգին ըլլան քաջալերական: Երկլեզուանի կամ բազմալեզու ըլլալը խելացիութեան չափանիշ է ընդգծեցին խօսնակները, ինչպէս նաեւ կեանքի ու գործի յաջողութեան գրաւական ու բանալի: Ընկերալեզուաբան Տքթ. Արտա Ճէպէճեան նշեց, որ խօսակցութիւնը կարեւոր է, հոգ չէ թէ, որոշ վրիպումներով կամ պէտք չէ անպայման պարտադրել, որ բերանացիին կողքին ունենան նաեւ գրականը: Տքթ. Արտա Ճէպէճեան իր ասպարէզին բերումով, տուաւ լեզուի ուսուցման դժուարութիւններու կողքին՝ տարբեր մօտեցումներ, որոնք կարելի է կիրարկել, ինչպէս նաեւ հոգեբանական բարդ կացութիւններ, որոնք առլցուն են այսօր, մեր նոր հայ երիտասարդ սերունդին եւ լայն հասարակութեան մօտ:

Այո՛, պայքար կայ եւ պէտք է շարունակել պայքարը, մանաւանդ երբ նկատի առնենք, որ գրեթէ ամէն երկու շաբաթ կը մեռնի, կ՚ոչնչանայ լեզու մը: Խօսնակները սերտօրէն իրար կապեցին օրուայ սփիւռքի հոգեբանութիւնները, մօտեցումները լեզուի եւ մշակութայինի նկատմամբ՝ միահիւսելով ցեղասպանութեան, միջավայրի, պատերազմական, գիտական, հաղորդակցութեան զարգացման եւ արագ տարածման ազդակները: Տքթ. Արտա Ճէպէճեան սիրայօժար իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց եւ ժամանակը տրամադրեց աւստրալահայ գաղութի դպրոցական ցանցին, որ որպէս ընկերալեզուաբան պատրաստ է գալու եւ համապատասխան աշխատանք տանելու՝ տեղւոյն հայեցի կրթութեան պատասխանատուներուն հետ: Տեղի ունեցաւ հարց-պատասխան: Զգալի էր ներկաներուն հայ մշակոյթի եւ լեզուի կորուստին մտահոգութիւնը, բայց խօսնակներուն նկատմամբ գնահատականը՝ անվերապահ: Սրբազան հայրը անգամ մը եւս շեշտեց, որ մեր մշակոյթը նոր չէ, Սումերական բեւեռագիր եւ այլ սեպագիր վկայութիւններ կան այդ մասին եւ այսօր բոլորիս պարտականութիւնն է յաջորդ սերունդին փոխանցել այս դարերու խորքէն եկող հարստութիւնը:

Ճէպէճեաններուն պատգամը, ընդհանրապէս, այս երկու ձեռնարկներուն եւ իրենց կեցութեան ընթացքին եղաւ հպարտ ըլլալ եւ անսակարկելի:

Այո՛, հպարտ, անսակարկ, անզիջող: Մեզմէ իւրաքանչիւրը մեր ժամանակի եւ միջավայրի պտուղն է՝ կարկտահար, սառցահար, արեւահար եւ կամ արեւահամ: Հպարտութիւնը, եթէ չեմ սխալիր, արդիւնք է շօշափելի եւ տեսանելի արարքներու, որոնք շատ յաճախ «երկարակեաց» չեն եւ «հերոսներ» շատ արագ կը փոխուին: Ստեղծագործ ժողովուրդի ժառանգութիւնն է, որ հպարտութեան շաղախն է, որ պէտք է մնայ անփոփոխ, սակայն այսօր դժբախտաբար այդ «շաղախն» է, որ տոկուն, ամուր, զօրաւոր չէ եւ հետեւաբար ատակ «Ճեղքուածքներ» ունենալու եւ երբեմն, որպէս «թուղթէ դղեակներ» փուլ գալու: Ո՞ւր կը մնայ հպարտութիւն,անսակարկութիւն, անզիջողութիւն: Հոս է իրականութիւնը եւ մեր պայքարը: Հայերէն լեզուի կողքին կրնանք ունենալ երկրորդ մը կամ վեցերորդ լեզու մը եւ ոչ թէ ունենալ հինգ լեզու, որոնց շարքին չկայ, կը պակսի, բացակայ է հայերէնը: Ճէպէճեան ամոլը արդարացի հպարտութեամբ նշեցին, որ իրենց զաւակները հայերէն լեզուի կողքին քաջատեղեակ են անգլերէնին, յունարէնին, արաբերէնին եւ այլ լեզուներու: (Չ)գիտնալ, (չ)սորվիլ կամ դիտմամբ անտեսել եւ մերժել՝ Փանտորայի տուփը բանալ կը նշանակէ:

Այո՛, հայը եղած է եւ այսօր ալ ծանօթ է որպէս «բազմալեզու» իր օտար դրացիին, բարեկամին կամ գործընկերոջ կողմէ: Բայց ի՞նչ է մակարդակը, որակը այդ «հայերէնին», որ այսօր նոյնիսկ Հայաստանի մէջ անգամ աղաւաղուած է հարիւրաւոր, նոյնիսկ հազարաւոր օտար բառերու ներածումով եւ հայերէնացած գործածութեամբ, որոնց համապատասխան բառերը կան, շատ հաւանաբար ոչ սեպագիր արձանագրութիւններու մէջ, բայց մեր հայկազեան բառարաններուն մէջ անպայման: Այս օրերուս գործածական եւ ընդհանրացած բառերէն օրինակ մը՝ կորուպցիա:

Ինչո՞ւ գործածել կորուպցիա, երբ կայ, ունինք կաշառակերութիւն: Շաղախը ճեղքուածքներ ունի իր հիմքերուն վրայ: Կաշառակերութիւնը սակարկելի եղած է ամէն մակարդակի ու խաւի: Աղջիկ քեզի կ՚ըսեմ, հարս դուն հասկցիր:

Ես հպարտ եմ, որ հայ եմ եւ քիչ մը աւելի, որ սփիւռքահայ եմ, թէեւ ոչ իմ ընտրութեամբս, ինչպէս պիտի ըսէր Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան: Իմ ժառանգութիւնս, մշակոյթս, լեզուս անսակարկելի է, բայց հպարտ եմ հայրենիքի ու Արցախի այլ նուաճումներով՝ սկսեալ Վահագնի Ծիր Կաթինով, իրերյաջորդ մեր հանրապետութիւններով, Նախիջեւան կանչող՝ Արցախեան մեր նոր մարտիկներով, Էջմիածինն ի Հօրէ՝ մոմաճրագ սեղանով: Պիտի չուզէի լսել, տեսնել, վկայել ազգային, մշակութային, պետական, կրօնական թերացումներ հայրենի հողին վրայ, որոնք վնասակար են եւ ազգակործան եւ ժողովուրդին համար խոցելի՝ ի սփիւռս աշխարհի կամ ի Հայաստան:

Ճէպէճեաններուն եւ բոլոր նմանօրինակ պայքարողներուն՝ վարձքերնիդ կատար, գրիչը եւ լեզուն միշտ անսպառ:

ՍԱՐ­ԳԻՍ ՄԱ­ՆՈՒ­ԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2018