ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒԻ ՆԱԽԱՍԻՐԱԾ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆ ՀԻԼԸՐԻ ՔԼԻՆԹԸՆՆ Է

Մի­ջազ­գա­յին լրա­հո­սին մէջ վեր­ջերս քննար­կում­նե­րու ա­ռիթ կը դառ­նար «Ուի­քի­լիք­ս­»ի հրա­պա­րա­կած շարք մը նա­մա­կագ­րու­թիւն­ներ: Ի շարս այլ հար­ցե­րու, հոն կը բա­ցա­յայ­տուէին Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ շուրջ տասն ա­միս ա­ռաջ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծու Հի­լը­րի Քլին­-թը­նի մօ­տիկ հա­մա­րուող անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն ուղ­ղուած նա­մակ­նե­րը:

Խոր­քին մէջ այդ նա­մակ­նե­րուն ճամ­բով Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու յա­նուն իշ­խող վար­չա­խում­բին կը փոր­ձէր «հա­ւա­տար­մու­թիւ­ն» յայտ­նել Դե­մոկ­րա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան թեկ­նա­ծու Հիլըրի Քլին­թը­նին:

Յի­շեց­նե­լու հա­մար տե­ղին է նշել, որ Նե­թա­նի­յա­հու նոյն Քլին­թը­նին հետ ու­նե­ցած էր բա­ւա­կան լա­րուած յա­րա­բե­րու­թիւն մը՝ կա­պուած վեր­ջի­նիս Իս­րա­յէ­լի հան­դէպ ոչ այն­քան բա­րե­խառն հա­մա­րուող կե­ցուածք­նե­րուն հետ:

2010 թուա­կա­նի Մար­տին, օ­րի­նակ՝ երբ Հի­լը­րի Քլին­թըն կը վա­րէր Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նը, սուր վէճ մը ծա­գած էր եր­կու կող­մե­րուն մի­ջեւ ու Նե­թա­նի­յա­հու յա­ւե­լեալ բար­դու­թեան չտա­նե­լու հա­մար ի­րա­վի­ճա­կը, տի­կին նա­խա­րա­րին հետ 43 վայր­կեան խօ­սե­լէ ետք ստի­պուած էր փա­կել հե­ռա­խօ­սը: Եր­կու կող­մե­րուն մի­ջեւ վէ­ճը սաստ­կա­ցած էր, երբ իս­րա­յէ­լեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Ռա­մաթ Շը­լո­մօ շրջա­նին մէջ 900 բնա­կեց­ման վայ­րեր կա­ռու­ցել ո­րո­շած էր, ո­րուն ընդ­դի­մու­թիւն ցոյց տուած էր Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ:

Պա­ղես­տին­ցի­նե­րուն հա­մար ա­նըն­դու­նե­լի հա­մա­րուած այդ ընտ­րան­քին դի­մաց «Հա­մա­ս­»ի մէ­կէ ա­ւե­լի բան­բեր­ներ օ­րին ը­սած էին. «Իս­րա­յէլ պէտք է ընտ­րէ կա՛մ խա­ղա­ղու­թիւ­նը կամ ալ բնա­կե­ցու­մը»:

Խոր­քին մէջ ի՛նչն էր, որ ան­հան­գիստ ը­րած էր Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պե­տը, որ տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով իր բա­ցա­յայտ վե­րա­պա­հում­նե­րը կը յայտ­նէր ա­ռա­ջին հեր­թին Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եր­բեմ­նի նա­խա­գահ Պիլ Քլին­թը­նի, ա­նոր տիկ­նոջ՝ Հի­լը­րի Քլին­թը­նի ու նոյ­նիսկ ներ­կայ նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի հաս­ցէին: Այդ վե­րա­պա­հու­թեան հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը Պիլ Քլին­թը­նի կող­մէ ա­ռա­ջար­կուած եւ ներ­կա­յա­ցուած «եր­կու պե­տու­թեանց լու­ծու­մ» ծրա­գիրն էր (2000 թուա­կա­նին), որ թէ՛ օ­րին եւ թէ ա­ւե­լի վերջ Նե­թա­նի­յա­հուի հա­մար ա­նըն­դու­նե­լի էր:

Բա­ց աս­տի, յատ­կա­պէս Պա­րաք Օ­պա­մա­յի իշ­խա­նու­թեան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ա­մե­րի­կեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ ե­րե­ւե­լի դար­ձած «ա­նող­նա­յա­ր» քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ Իս­րա­յէ­լի նկատ­մամբ ո­րոշ վե­րա­պա­հում­նե­րով ար­տա­յայ­տուած դիր­քո­րո­շում­նե­րը վնաս կը հասց­նէին եր­կու դաշ­նա­կից­նե­րու եր­կար տա­րի­նե­րու կեանք ու­նե­ցող հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան:

Ճիշդ է, որ Պա­րաք Օ­պա­մա իր իշ­խա­նու­թեան վեր­ջին ա­միս­նե­րուն վե­րա­նո­րո­գեց եւ վա­ւե­րա­ցուց Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ-Իս­րա­յէլ զի­նուո­րա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը, սա­կայն այդ պա­րա­գա­յին եւս յստա­կօ­րէն ե­րե­ւե­լի կը դառ­նար Նե­թա­նի­յա­հուի դժգո­հու­թիւ­նը:

Վե­րա­դառ­նա­լով «Ո­ւի­քի­լիք­ս­»ի բա­ցա­յայ­տում­նե­րուն՝ իս­րա­յէ­լեան կող­մին Քլին­թը­նի հետ ան­մի­ջա­կան կապ պահ­պա­նող անձ­նա­ւո­րու­թիւ­նը կը կո­չուի Սթիուըրթ Այ­զընշ­թաթ, որ կը հա­մա­րո­ւի Քլին­թը­նի «խում­բ­»ին մէջ կա­րե­ւոր պաշ­տօն­ներ զբա­ղեց­նող Ճոն Փո­տես­թա­յի եւ Ճէք Սա­լը­վը­նի մօ­տիկ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը: Այ­զընշ­թաթ վեր­ջին ա­միս­նե­րուն տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով յայ­տա­րա­րած է, որ պա­ղես­տին­ցի­նե­րու խնդրով Նե­թա­նի­յա­հու պատ­րաստ է զի­ջում­նե­րու, բայց գետ­նի վրայ կա­տա­րուող դա­շու­նա­հար­ման դէպ­քե­րը կը խան­գա­րեն դրա­կան տրա­մադ­րու­թիւն ստեղ­ծե­լու ընդ­հա­նուր գոր­ծըն­թա­ցը:

Ան նաեւ յայ­տա­րա­րած է, որ Նե­թա­նի­յա­հու այ­սօր պատ­րաստ է որ­պէս իր քա­ղա­քա­կան հիմ­նա­կան օ­րա­կար­գի են­թա­գե­տին որ­դեգ­րել Պիլ Քլին­թը­նի կող­մէ յա­ռաջ քա­շուած «եր­կու պե­տու­թեանց լու­ծու­մ» բա­նա­ձեւ-ծրա­գի­րը։ Սա­կայն այդ ա­ռու­մով եւս ան բա­ւա­կան բարդ վի­ճակ­նե­րու մէջ է՝ տրուած ըլ­լա­լով, որ «Լի­քուտ» եւ «Իս­րա­յէ­լը մեր տունն է» կու­սակ­ցու­թեան մէջ ազ­դե­ցիկ դէմ­քեր կտրա­կա­նա­պէս դէմ են այդ ծրա­գիր­նե­րուն:

«Ո­ւի­քի­լիք­ս­»ի թուղ­թե­րուն մէջ նոյն­պէս բա­ռա­ցիօ­րէն նշուած է, որ Սթիու­ըրթ Այ­զընշ­թաթ եր­կու կող­մե­րուն մի­ջեւ ստանձ­նած է գլխա­ւոր միջ­նոր­դի կա­րե­ւոր դե­րը։ Տա­կա­ւին կը նշուի, որ Այ­զընշ­թաթ փոր­ձած է ա­մէն գնով «փափ­կեց­նե­լ» Նե­թա­նի­յա­հուի ընդ­հա­նուր պատ­կե­րը ա­մե­րիի­կա­ցի­նե­րուն առ­ջեւ: Հրեայ ար­մատ­նե­րով Այ­զընշ­թաթ իր խօս­քին մէջ կը հիմ­նուի Նե­թա­նի­յա­հուի Իս­րա­յէ­լի հա­մա­ձա­յ­­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ տա­րած ճի­գե­րուն եւ ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րը ա­մէն գնով զսպե­լու հա­մար կա­տա­րած քայ­լե­րուն վրայ:

Ա­ռա­ջին հա­յեաց­քով ան­հա­ւա­տա­լի հա­մա­րուող Նե­թա­նի­յա­հուի վե­րա­փո­խուած կե­ցու­ածք­նե­րը ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րուն առ­ջեւ կը բա­նան կաս­կա­ծի լուրջ եւ հիմ­նա­ւոր շար­ժա­ռիթ­ներ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ նոյ­նինքն Նե­թա­նի­յա­հուի վար­չա­պե­տու­թեան օ­րե­րուն Իս­րա­յէլ ա­րիւ­նա­լի եւ բա­ւա­կան ա­նար­դիւն պա­տե­րազմ մը մղեց պա­շա­րուած եւ բա­ւա­կան նեղ դրու­թեան մէջ ե­ղող Կազ­զէի ու ա­նոր ան­զէն բնա­կիչ­նե­րուն դէմ:

Այս բո­լո­րէն ան­դին եւ այս բա­ցա­յայ­տում­նե­րը մէկ կողմ դնե­լէ ետք՝ շատ յստակ կը դառ­նայ, որ եր­կու կող­մերն ալ ի­րա­րու կա­րիք ու­նին: Քլին­թըն կա­րիքն ու­նի նե­ցու­կին «Մեծն Իս­րա­յէ­լ­»ի, որ իր կար­գին կա­րե­ւոր ազ­դե­ցու­թիւն կրնայ ու­նե­նալ յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բե­րի 7-ի ընտ­րու­թեան վրայ։ Նոյն նե­ցու­կին կա­րիքն ու­նի Նե­թա­նի­յա­հու, որ ա­մէն գնով պի­տի փոր­ձէ շա­հա­գոր­ծել Ա­մե­րի­կա­յի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կե­լու եւ նոր պայ­ման­ներ դնե­լու ոս­կեայ ա­ռի­թը:

Մեծ հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու յա­ռա­ջի­կայ նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը ստանձ­նե­լիք Հի­լը­րի Քլին­թը­նին հա­մար ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ կա­րե­ւոր կը հա­մա­րուի, որ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ա­մե­րի­կեան հիմ­նա­կան դաշ­նա­կից հա­մա­րուող Իս­րա­յէ­լը, առ­նուազն ե­րե­սանց, աշ­խար­հին ներ­կա­յա­նայ խա­ղա­ղու­թիւ­նը սի­րող եւ խա­ղա­ղու­թեան հա­մար զի­ջում­նե­րու եր­թա­լու պատ­րաստ կա­ռա­վա­րու­թիւն ու­նե­ցող եր­կիր մը:

Այս բո­լոր ա­ռանցք­նե­րուն վրայ յստակ է նաեւ, որ ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րու հիմ­նա­կան խա­ղա­քար­տը Պիլ Քլին­թը­նի ա­ռա­ջար­կած «եր­կու պե­տու­թեանց լու­ծու­մ» ծրա­գիր-ընտ­րանքն է, որ մօ­տիկ ան­ցեա­լին կտրա­կա­նա­պէս մեր­ժե­լի դրոյթ էր Նե­թա­նի­յա­հուի հա­մար:

Քլին­թըն, ո­րուն հա­մար յա­ռա­ջի­կայ հանգ­րուա­նի ա­ռա­ջին փու­լին «ե­րե­ւե­լի» եւ «ի­րա­կա­ն» նպա­տա­կը Ի­ՇԻՊ-ը հա­լա­ծելն է, բնա­կա­նա­բար պի­տի մտա­ծէ դրա­կան նոր շա­ւիղ մը եւ հաս­կա­ցո­ղու­թեան նոր ա­ռանցք մը բա­նալ՝ սա­ռու­ցեալ վի­ճա­կի մէջ գտնուող պա­ղես­տի­նա-իս­րա­յէ­լեան թղթած­րա­րին մէջ:

Ե­թէ ու­շա­դիր նա­յինք հար­ցե­րուն՝ յըս-տակ է նաեւ, որ աշ­խար­հին հա­մար ալ բաղ­դատ­մամբ նախ­կի­նին, ա­րաբ-իս­րա­յէ­լեան հա­կա­մար­տու­թեան եզ­րը դար­ձած է քիչ մը ան­հա­ղոր­դա­կան: Այ­սօր Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հար­ցե­րով զբա­ղող վեր­լու­ծա­բան­նե­րէն շա­տեր այդ բա­ռա­կա­պակ­ցու­թեան փո­խա­րէն կը գոր­ծա­ծեն պա­ղես­տի­նա-իս­րա­յէ­լեա­նը, որ բա­ւա­կան սեղմ «պատ­գա­մ» մը կը ներ­կա­յաց­նէ տի­րող նոր ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կին շուրջ:

Ե­թէ Քլին­թըն նա­խա­գահ ընտ­րուի, իր առ­ջեւ պի­տի դնէ Իս­րա­յէ­լի մէջ խա­ղա­ղու­թեան նոր ա­ռիթ­ներ ստեղ­ծե­լու ծրա­գիր մը, ո­րով­հե­տեւ հա­մե­մա­տա­բար մօ­տիկ ան­ցեա­լին Նե­թա­նի­յա­հուի ղե­կա­վա­րած կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մար ալ յստակ է, որ «վատ խա­ղա­ղու­թեա­ն» մը հաս­նե­լու մօ­տե­ցու­մը ա­ւե­լի տեղ շա­հած է, քան թէ «լաւ պա­տե­րազ­մ­»ի մը եր­թա­լու ընտ­րան­քը:

Այս մօ­տե­ցու­մը բնա­կա­նա­բար կը պա­յմա­նա­ւո­րուի մի քա­նի պատ­ճառ­նե­րով, ո­րոնց­մէ ա­մե­նէն հիմ­նա­կա­նը իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կին ո­րո­շա­կի թու­լաց­ման մէջ ըլ­լա­լու փաստն է:

Իս­րա­յէա­լեան բա­նա­կը թէեւ լա­ւա­պէս զի­նուած եւ ար­դիա­կան զի­նու­ժի տէր բա­նակ մըն է, սա­կայն գա­ղա­փա­րա­կան ա­ռու­մով ան դար­ձած է խո­ցե­լի: Իս­րա­յէ­լա­ցի զի­նուր­ներ «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի կամ «Ալ Քա­սա­մ» շար­ժու­մի զի­նեալ­նե­րուն նման «յա­նուն հա­ւատ­ք­»ի չեն կռուիր ու այդ իսկ պատ­ճա­ռով Իս­րա­յէ­լի բա­նա­կը կորսն­ցու­ցած է իր եր­բեմ­նի «փառ­քի օ­րե­ր­»ը:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի ինչ ալ ըլ­լան մօ­տե­ցում­նե­րը եւ յա­րա­բե­րակ­ցու­թիւն­նե­րը, շատ յստակ կեր­պով ե­րե­ւե­լի կը դառ­նայ, որ Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պե­տին, հե­տե­ւա­բար կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մար ալ նա­խընտ­րե­լի թեկ­նա­ծու կը հա­մա­րուի Հի­լը­րի Քլին­թը­նը: Թէ ի՞նչ պտուղ­ներ կրնայ քա­ղել Իս­րա­յէլ Քլին­թը­նի ընտ­րու­թեամբ, ցարդ կա­նուխ է խօ­սիլ, սա­կայն յստակ է, որ Քլին­թըն իր տար­բեր օ­ղակ­նե­րը գոր­ծի մղե­լով այ­սօր կա­րե­ւոր դեր վստա­հած է Ա­մե­րի­կա­յի իս­րա­յէ­լեան լո­պիին, ո­րուն ա­մե­նէն կա­րե­ւոր շար­ժիչ օ­ղակ­նե­րէն մին՝ մեծ դրա­մագ­լուխ­ներ ու­նե­ցող եւ AIPAC-ի «ե­թե­ր­»ին մէջ ե­ղող հա­րիւ­րա­ւոր միու­թիւն­ներն են, ո­րոնք կրնան ամ­բողջ մթնո­լոր­տը շրջել եւ ընտ­րա­կան գե­տի­նը դարձ­նել ի նպաստ Հի­լը­րի Քլին­թը­նի:

Ինչ խօսք, երբ Հի­լը­րի Քլին­թըն ա­ռանց յա­ւե­լեալ ճի­գի կը գե­րա­զա­ն­­ցէ Հան­րա­պե­տա­կան թե­կնա­ծու Տա­նըլտ Թրամ­փը, ա­ռանց իր ու­նե­ցած գաղտ­նի խա­ղա­քար­տե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լու:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2016