«ԽՈՐԱԳԷՏ ԵՂԷՔ ՕՁԵՐՈՒ ՊԷՍ. ԵՒ ԱՆՄԵՂ՝ ԱՂԱՒՆԻՆԵՐՈՒ ՊԷՍ»

Աղաւնին իր անմեղութեամբ եւ բարութեամբ կը ճախրէ երկինքն ի վեր, իսկ օձը իր խորամանկութեամբ եւ չարութեամբ դատապարտուած է միայն աւազներուն վրայ սողալու եւ գետնին վրայ մնալու։ Աղաւնին բարիին նախանձախնդիր ըլլալով՝ դարձած է մաքրութեան, անաղարտութեան, խաղաղութեան եւ բարութեան մարմնացում, մինչդեռ օձը նենգամտութեան, կեղծաւորութեան, դաւաճանութեան եւ չարութեան խորհրդանիշն է։ Աղաւնիին գոյնը սպիտակութիւնն է, որ իր միամտութիւնը, պարզութիւնը կ՚արտացոլացնէ, իսկ օձինը սեւ գոյնն է, զոր իր խաւարածին եւ սեւամաղձ բնոյթ ունենալը ցոյց կու տայ։

Աղաւնին պատմութեան մէջ եղած է ու կը մնայ բարութիւն մարմնաւորող թռչնազգի մը։ Աղաւնին համարուած է ամուսնական ներդաշնակութեան խորհրդանշան. Չինաստանի մէջ՝ երկարակեցութեան եւ հաւատարմութեան։ Ըստ սլաւոնական հին հաւատալիքներու՝ մեռեալի հոգին աղաւնիի կը վերածուէր եւ կը թեւածէր իր տան շուրջ։ Աղքատ հրեաները երբ ի վիճակի չէին մէկ տարեկան գառնուկ զոհաբերելու՝ աղաւնին յարմարագոյն փոխարինող զոհ կը նկատէին։ Հին Եգիպտոսի մէջ աղաւնին սուրհանդակութեան համար կ՚օգտագործուէր, որովհետեւ ան ճամբան ճիշդ գտնելու եւ նոյնիսկ շատ հեռու վայրերէն տուն վերադառնալու կարողութեամբ օժտուած էր։ Հռոմէացիք աղաւնիի արիւնը որպէս դեղամիջոց կ՚օգտագործէին. իսկ ծիրտով՝ սպեղանի կը պատրաստէին։ Հինէն եկող խօսք մը կայ, որ աղաւնիի հաւատարմութեան մասին խօսելով՝ կ՚ըսէ. «Եթէ աղաւնին իր զոյգը կորսնցնէ. կա՛մ կը մեռնի եւ կամ՝ այլեւս նոր զոյգ մը չ՚ունենար»։ Իսկ Աստուածաշունչ մատեանին մէջ աղաւնին բազմիցս յիշատակուած է եւ Սուրբ Հոգիի կերպարանքով ներկայացած։ Սպիտակ Աղաւնին ջրհեղեղէն ետք Նոյին կանաչ ձիթենի ճիւղ բերաւ՝ դառնալով Աստուծոյ զայրոյթը մեղմութեամբ փոխարինելու աւետաբերը (Հմմտ. Ծն 8.11)։ Յովհաննէս Մկրտիչ, Յիսուսը մկրտելու ժամանակ, իր սեփական աչքերով տեսաւ Ս. Հոգիին աղաւնիի կերպարանքով էջքը Քրիստոսի վրայ (Հմմտ. Մտ 3.16)։ Այսպիսով, Ս. Հոգիի երեւումով՝ մեղքի համատարած ջրհեղեղը վերջ գտաւ եւ սկիզբը դրուեցաւ նոր եւ վերածնող կեանքի մը։

Մարդիկ առհասարակ օձի խորագիտութիւնը սխալ կ՚ըմբռնեն եւ չեն կրնար խորագէտն ու խորամանկը իրարմէ տարբերակել։ Խորագիտութիւն եւ խորամանկութիւն գոյականները թէկուզ նոյն արմատը ունին, սակայն իմաստային առումով տարբեր են։ Խորագիտութիւն կը նշանակէ խելացիութիւն, ճարտարութիւն եւ մտքի նրբութիւն։ Իսկ խորամանկութիւնը առաւելաբար նենգութիւն, խարդախութիւն եւ «չարահնար արուեստ» իմաստները կը զգենու իր մէջ։ Խորագէտը խոր մտածող, իսկութիւնը թափանցող, շատ փորձուած եւ դէպքերու հետեւանքները նախատեսող մարդն է։ Մինչդեռ խորամանկը իր ընկերը վարպետութեամբ թակարդի մէջ ձգող, ճշմարտութիւնը կեղծող եւ նենգամտութեամբ շարժողն է, որուն կեանքի նպատակը մէկ բան է՝ ԽԱԲԷՈՒԹԻՒՆԸ։

Խորամանկը կամքով ու հոգեպէս տկար կ՚ըլլայ, բայց խաբէութեան մէջ՝ առաջնակարգ եւ «գերհզօր»։ Իր խաբէութեամբ, համոզկեր խօսքերով, լպրծուն լեզուով եւ յետին մտածումներով խորամանկ մարդը շարունակ կը փորձէ բացթողում մը գտնել եւ անոր վրայ հիմնուելով՝ իր «շահը» հետապնդել։ Շատեր խորամանկութիւնը իմաստութեան հետ կը շփոթեն, սակայն իսկութեան մէջ ան իմաստութեան ժխտական նմանակումն է։ Խորագիտութի՛ւնն է, որ իմաստութեան ընտանիքին մաս կը կազմէ, որուն մէջ խարդախութիւն ու զեղծարարութիւն չկան։ Խորամանկութիւնը կը քանդէ, բայց խորագիտութիւնը կը վնասազերծէ։ Խորամանկութիւնը կը կեղծէ, մինչդեռ խորագիտութիւնը ճշմարտութեան կողմնակի՛ց է։ Խորամանկութիւնը կը ստաբանէ, իսկ խորագիտութիւնը ստութիւնը երեւան կը հանէ։ Խորամանկութիւնը պատիր դիմակներով կը խաբէ, սակայն խորագիտութիւնը կը դիմակազերծէ։ Խորամանկութիւնը աներեսաբար ու թաքուն կը գործէ, մինչդեռ խորագիտութիւնը լռելեայն իրականութիւնը կը փորձէ տեսնել եւ ապա շարժիլ։

Մանուկը անկեղծ եւ անմեղ կ՚ըլլայ, որովհետեւ անոր սպիտակ հոգին աշխարհի հրապոյրներով, մեղքերով չէ մրոտած։ Երեխային համար կարեւոր չէ, թէ դուն ո՞վ ես կամ ուրկէ՞ եկած ես։ Կարեւորը երբ սէր տածես անոր նկատմամբ՝ սէր կը ստանաս։ Երեխադ տանդ խաղաղ զեփիւռն է, տանդ սիրոյ եւ խաղաղութեան սուրհանդակը՝ սպիտակ աղաւնին եւ Աստուծոյ մարմնաւորած հրաշքը։ Երեխայիդ անմեղութիւնը իր պարզամտութեան եւ անաղարտ հոգի ունենալուն արդիւնքն է։ Հոգի, ուր չկան ստորութիւն, փոքրոգութիւն, կեղծպարիշտութիւն եւ երկերեսանիութիւն…։ Մանուկը երբեք չի՛ խորհիր, թէ զինք շրջապատողները ի՞նչ կը մտածեն ու կ՚ընեն, «միթէ՞» եւ «արդեօ՞ք» հարց արտայայտող բառերը իր մտքին մէջ տեղ չունին։ Դուն ալ մանուկ եղած ես, բայց այդ անմեղութիւնը կրցա՞ծ ես պահել ու պահպանել։ Վստահաբար ոչ։ Քեզի դէմ պատահող դէպքերուն պատճառաւ երբեք կարծասիրտ մի՛ ըլլար։ Թոյլ մի՛ տար, որ աշխարհը քեզ ընկճէ եւ փորձէ քեզ աշխարհապատկան դարձնել։ Մի՛ ձգեր, որ աշխահին պատկանող հաճոյքներու դառնութիւնը անմեղ հոգիիդ քաղցրութիւնը խլէ եւ կեանքդ դարանակալէ։

Ըսուած խօսք է, թէ «Անմեղութիւնը նուրբ զրահ է, որ թէ՛ կը զարդարէ եւ թէ կը պաշտպանէ»։ Երբ մանկութենէդ մէջդ գոյաւորուած անմեղութիւնը անձեռնմխելի պահած ես, այդ ժամանակ ան քեզ առաքինութիւններով առաւել եւս կը ծաղկազարդէ։ Անմեղութիւնը պաշտպանդ է. մարդիկ ո՛րքան ալ փորձեն հասցէիդ ցեխարձակումներ կատարել, անունդ կեղտոտել, արժանապատուութիւնդ ոտնահարել եւ յաջողակ գնացքդ խոչընդոտել՝ անմեղութիւնը արեւու ճաճանչափայլ շողերով այդ բոլորը վայրկեանի մը մէջ կը չքացնէ։ Մտքիդ պահարանի մէկ անկիւնին վրայ դաջէ այն մտածումը, որ եթէ անմեղութիւնդ կորսնցնես՝ զայն դիւրութեամբ չես կրնար վերագտնել։ Երբ մթութիւնը սրտիդ ու մտքիդ մէջ թափանցէ, դժուար թէ կարողանաս անմեղութիւնդ անբիծ պահել։ Մթութեան ծնունդը չարախոհութիւնն է, որուն հաւատարիմ գործակիցը մթաստեղծ խորամանկութիւնն է։ Ահաւասիկ այս երկու «ընկերներու» չարազդեցիկ մտածումները եւ չարահնար արարքները սանձողը՝ խորագիտութի՛ւնն է։

«Խորագէտ եղէք օձերու պէս, եւ անմեղ՝ աղաւնիներու պէս» (Մտ 10.16)։ Օձը ե՛ւ խորագէտ, ե՛ւ խորամանկ է։ Ի՛նքն էր, որ Եւան իր խորամանկութեամբ եւ մէկ հարցումով փորձութեան ենթարկեց (Հմմտ. Ծն 3.1-13)։ Օձը բնոյթով օ՛ձ է եւ երբեք չի՛ փոխուիր։ Սակայն ան իր խորամանկութեան առընթեր՝ խելացի է։ Այսպէս, պայքարի, պաշտպանութեան եւ յարձակման ժամանակ օձը մինչեւ իսկ իր մարմինը կը զոհէ` իր գլուխը հնարաւորինս անվնաս պահելու համար, որովհետեւ գլուխը կորսնցնելով՝ իր կեանքը կորսնցուցած կ՚ըլլայ: Նոր տարածքներ «ներխուժելու» ժամանակ, օձը երբեք չի՛ յարձակիր, այլ շրջակայ միջավայրին մէջ ձուլուելով՝ յարմար առիթին կը սպասէ։ Այդ սպասումը կրնայ օրեր տեւել, բայց ան իր խորագիտութեան շնորհիւ՝ յաճախ յաղթական դուրս կու գայ։ Ս. Օգոստինոս կ՚ըսէ. «Աղաւնիին մէջ իր աննենգութիւնը կը սիրեմ. բայց կը վախնամ օձին թոյնէն, թէպէտ օձին մէջ բաներ կան, որ զինք ատելի կը դարձնեն. բայց միաժամանակ անոր մէջ բաներ կան. որոնցմէ կրնանք բան մը սորվիլ: Երբ օձը զգայ որ ծերացաւ եւ տեսնէ որ մարմինը սկսաւ ծանրանալ. ինքզինք կը պրկէ եւ նեղ ծակէ մը կը փորձէ մտնել. որպէսզի վրայի մորթը ելլէ. եւ այդ ձեւով. նոր կեանքի մը դէմ յանդիման կը գտնէ ինքզինք: Ով քրիստոնեայ. դուն ալ պէտք է օձին օրինակին հետեւելով՝ նոյնը ընես: Նայէ թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Յիսուս. «Մտէք նեղ դռնէն» (Մտ 7,13). [որպէսզի կարենաք ձեր հին մորթը մէկդի դնել]: Յիշեցէք նաեւ Պօղոս առաքեալին խօսքը. «Մոռցէ՛ք ձեր հին կեանքն ու նախկին գործերը. եւ նոր մարդ եղէք»» (Կղ 3,9-10):

Քրիստոնեայ ըլլալ չի՛ նշանակեր «վիզ ծռել» եւ խոնարհաբար միշտ լռել։ Քրիստոնէութիւնը ներողամտութիւն կը քարոզէ, բայց ոչ՝ իրաւազրկում։ Օձի պէս խորագէտ եւ իմաստուն պէտք է ըլլաս, որպէսզի ընկերոջդ կամ բարեկամիդ առիթ չտաս, որ ոտքերուդ դիմաց ծուղակ լարէ, գնացքդ արգելակէ եւ անունդ գետնի հաւասար ընէ…։ Խորագէտ ըլլալ կը նշանակէ իմաստուն կեանք մը ապրիլ եւ գիտնալ որո՞ւ հետ՝ ինչպէ՞ս պէտք է խօսիլ. եւ ե՞րբ՝ ի՞նչ բան պէտք է ըսել: Օձի նման խորամանկ մի՛ ըլլար, այլ անոր նենգութիւնը մէկդի թողելով՝ իր իմաստութիւնը առ, իսկ աղաւնիի անմտութիւնը մէկդի նետէ եւ անոր պարզամտութիւնը ընդօրինակէ։

Պարզամտութիւնը տգիտութիւն կամ խեղճութիւն չէ՛։ Իմաստութիւնդ պարզութեանդ վրայ ժխտական անդրադարձ պէտք չէ ունենայ եւ ո՛չ ալ պարզութիւնդ խեղճուկրակի տպաւորութիւն պէտք է թողու շրջապատիդ վրայ։ Եթէ խօսքդ կ՚ուզես կշիռ ունենայ եւ ազդեցիկ ըլլայ, պէտք է զայն թէ՛ պարզութեամբ եւ թէ իմաստութեամբ ըսես: Խօսքի իմաստութիւնը կը կայանայ զայն պարզութեամբ, բայց ո՛չ տափակութեամբ արտաբերելուն մէջ։ Պարզութիւնը կը գրաւէ, իսկ իմաստութիւնը կը համոզէ: Պարզութիւնը խօսքդ հասանելի կը դարձնէ, իսկ իմաստութիւնը զայն կը կարգաւորէ։ Պարզութիւնը առանց աւելորդաբանութիւններու կը գործէ, իսկ իմաստութիւնը միտքդ կը պայծառակերպէ ու կը լուսազարդէ։

Աղաւնին նաեւ հաշտութեան խորհրդանիշ է: Ս. Օգոստինոս աղաւնի հաշտութիւնը գեղեցկօրէն կը բացատրէ՝ ըսելով. «Աղաւնիները միշտ կը սիրեն իրարու հետ ըլլալ. իրարու հետ թռչիլ. իրարու հետ խաղալ: Անոնք չեն սիրեր առանձնութիւնը: Անոնք բնաւ չեն բաժնուիր իրարմէ. նոյնիսկ եթէ իրարու հետ երբեմն կռուին: Ահա այսպիսին պէտք է ըլլայ քրիստոնեայ մարդը: Քրիստոնեաներ նոյնիսկ եթէ իրարու հետ խնդիր ունենան. անոնց «կռիւը» աղաւնիի կռիւ պէտք է ըլլայ եւ ո՛չ թէ գայլերու կռիւ. որպէսզի միշտ իրարու հետ մնան հաշտութեան հոգիով»:

Սիրելի՛ ընթերցող, անմեղութիւնը աստուածային բնատուր շնորհք մըն է, որ իւրաքանչիւր մարդ արարածի մէջ դրուած է։ Անմեղութիւնը միայն մանուկին յատուկ առաքինութիւն մը չէ, այլ ան տրուած է բոլորիս անխտիր՝ քեզի, ինծի, ազգականներուդ, բարեկամներուդ, ընկերներուդ…։ Սակայն այդ անմեղութիւնը որքանո՞վ անարատ պահած ենք։ Շատեր իրենց անմեղութիւնը պատանի հասակին կը կորսնեցնեն՝ իրենք զիրենք թմրամոլութեան ախտին նուիրելով։ Ոմանք կը փորձեն պահպանել զայն, բայց երփներանգ հաճոյքները զիրենք կը գերեվարէ։ Իսկ ուրիշներ երբ կը տեսնեն, որ անմեղութիւնը զիրենք ո՛չ մէկ տեղ հասցուցած է, անկեղծ ու անմեղ ըլլալնուն պատճառաւ՝ շարունակ տուժած են, այն ատեն կը փորձեն աշխարհի լեզուով խօսիլ ու «աշխարհայնանալ»՝ ստելով, խաբելով, ճշմարտութիւնը ծածկելով եւ ուրիշին իրաւունքը ուտելով։

Օձին թոյնը թէկուզ մահացու է, բայց մարդիկ զայն յաճախ դեղապատրաստման ժամանակ կ՚օգտագործեն։ Խորագէտ եղիր օձի նման, բայց անոր նենգամտութեան արգասիքը եղող պէս-պէս մեղքերը մի՛ կրկնօրինակեր։ Անմեղ եղիր աղաւնիի պէս, հոգիդ դարձեալ սպիտակ դարձուր, որովհետեւ անոր հարազատ գոյնը սպիտակ երանգն է։ Խորագիտութիւնն ու անմեղութիւնը լեզուամտածողութեանդ, իւրաքանչիւր քայլափոխիդ եւ խօսակցութեանդ մնայուն նժարները թող դառնան։ Օձի նման խորագիտութեամբ չափէ, բայց մշտապէս աղաւնիի պէս անմեղութեամբ գործէ…

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2017