ՕՏԱՐ ԲԱՐՔԵՐ

ՈՉ՝ ԱՄՈՒՍՆԱԼՈՒԾՄԱՆ…

Ո՞վ չի գիտեր, թէ ամուսնալուծումը այնքան ընդհանրացած է Ամերիկայի մէջ եւ թերեւս ալ այլուր, ուր ամուսնութեանց կէսը կը վերջանայ ամուսնալուծումով՝ առաջին տարին չաւարտած…

Գէթ Ամերիկայի մէջ արդարացուցիչ պատճառ չկայ՝ ամուսնալուծում պահանջելու համար։ Տարիներ ետք, «կ՚ուզեմ անկախ ըլլալ» ըսելով եւ, կամ կանուխէն ամուսնացած ըլլալով, «կ՚ուզեմ պատանեկութեան տարիներու կորսնցուցած վայելքս ապրիլ» նշելով՝ կը դիմեն ամուսնալուծման եւ վերջ։

Վերջերս, սակայն, ճիշդ հակառակը պատահեցաւ։ Այսինքն՝ կնոջ մը կողմէ քառասուն տարուան ամուսնութիւնը լուծելու պահանջը մերժուեցաւ Անգլիոյ գերագոյն ատեանին կողմէ։

Այժմ 80 տարեկան Հիու եւ 68 տարեկան Թինի Օուընս ամուսնացած են 1978 թուականին եւ ունին երկու երիտասարդ զաւակներ։ Անոնք կ՚ապրին Անգլիոյ Ուորչեսթըր քաղաքը։ 2015 թուականին Թինի կը բաժնուի իր ամուսինէն եւ դիմէ ամուսնալուծման։

Ընտանեկան (family court) եւ վերաքննիչ (appeals court) դատարաններու ժխտական որոշումէն ետք, հարցը կ՚արծարծուի գերագոյն (supreme court) ատեանին մէջ եւ 4 թեր եւ 5 դէմ ձայնով՝ ամուսնալուծումը կը մերժուի, ի ցասումս կնոջ։

Հիմա անոնք կ՚ապրին քով-քովի՝ երկու տուներու մէջ։ Ըստ անգլիական օրէնքի, Թինի կրնայ պաշտօնապէս ամուսնալուծուիլ 2020 թուականին, երբ ան հինգ տար-ւան կանոնական բաժանումը կ՚ամբողջացնէ…

Հոս պէտք է նշել, որ, ըստ անգլիական օրէնքի, ամուսնալուծում կ՚արտօնուի այն պարագային, երբ ամուսիններէն մին անհաւատարիմ գտնուի միւսին հանդէպ։ Այսինքն՝ ամուսինէս ձանձրացայ եւ կամ մեր միջեւ սէր գոյութիւն չունի պատրուակները այլեւս բաւարար չեն ամուսնալուծում պահանջելու, դատը շահելու։ Իցի՜ւ թէ Ամերիկայի մէջ ալ կիրարկուէր այս դրութիւնը…

ԳՈՐԾ ՈՐՈՆԵԼՈՒ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿ ՄԸ…

Գաղտնիք մը չէ կռահելը, որ երկրորդական վարժարան աւարտող ոեւէ ուսանող կը փափաքի անպայման ուսումը շարունակել համալսարանի մը մէջ։

Մեր հերոսը՝ Տէյվիտ Քասարէզ, համալսարանական ուսումը աւարտելով Թեքսասի A&M համալսարանէն, ստացած է Պսակաւոր արուեստից տիտղոս՝ management information systems ճիւղին մէջ։ Ան ապա աշխատանքի սկսած է Ասթըն քաղաքի General Motors ընկերութեան մէջ։

Շատ չանցած՝ Տէյվիտ հրաժարած է այդ ընկերութենէն եւ կոկիկ գումար մը ապահովելով գացած է Հիւսիսային Գալիֆորնիա (Silicon Valley), իր անձնական գործին սկսելու։ Աւա՜ղ, սակայն, գործը յաջող չերթալով՝ կորսնցուցած է իր ամբողջ ունեցածը եւ մնացած է տնանկ, գիշերները քնանալով հանրային պարտէզի մը նստարանին վրայ…

Հիմա ան փոխանակ մուրալու՝ ազատուղի տանող փողոցի մը անկիւնը կեցած, գործ կը փնտռէ։ Ցուցատախտակը կ՚ըսէ (տես նկարը). «Վերցուր օրինակ մը ուսումս եւ ասպարէզային փորձառութիւնս նկարագրող (resume) թղթիկէն»։ Բախտի բերումով՝ Ճէսմին Սքոֆիլտ, կը տեսնէ զինք եւ նկարելով զայն կը զետեղէ դիմատետրի (Facebook) իր էջին վրայ։

Եւ ահա հազարաւոր մարդիկ վերահասու կը դառնան Տէյվիտի ոդիսականին եւ ան ցարդ ստացած է երկու հարիւրէ աւելի գործի առաջարկ, հետեւեալ նշանաւոր ընկերութիւններէն՝ Google, Netflix, Linkedin եւ այլն։

Չմոռնամ աւելցնելու, որ Տէյվիտ ունի 80 հազար տոլարի պարտք մը, զոր փոխ առած է ուսանողութեան շրջանին։ Բայց հիմա որ գործի առաջարկները բազմազան են, վստահ եմ, որ ան պիտի ընտրէ լաւագոյնը՝ շուտով վճարել կարենալու այդ պարտքը, չէ՞ք խորհիր:

Ի՜նչ հիանալի երեւոյթ է, երբ մարդիկ օգտակար կը դառնան իրարու, այս դրամատիրական երկրին մէջ։ Հայկական ասացուածքը կ՚ըսէ. «Բարիք ըրէ, ծովը նետէ. եթէ ձուկը չգիտնայ, մարդիկ կը գիտնան»: Հասկցողին՝ շատ բարեւներ:

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2018