ՈՂՋԱԽՈՀՈՒԹԻՒՆ

«Կարիք չկայ կատարել այն հրամանները, որոնք առողջ իմացականութեան հակառակ են»։

Սերվանթէս

Մարդկային ուղեղը այնպէս կազմուած է, որ որոշ մարդիկ յարատեւ պահանջքը կը զգան զանազան հրամաններու, առաջարկներու, թելադրութիւններու, որպէսզի անմիջապէս գործի լծուին եւ զանոնք կատարեն կոյր հնազանդութեամբ եւ ամենայն խղճմտութեամբ։ Մարդիկ կան, որոնք հաւատքի բուրվառ կը ծխեն եւ պաշտամունքի հասնող հաւատք կ՚ընծայեն իրենց մեծաւորներու խօսքերուն։ Սակաւք լոկ իրենց դատողութեան եւ առողջ տրամաբանութեան բովէն կ՚անցընեն հրամանը եւ չեն անսար բռնապետին արձակած անոպայ հրամաններուն եւ ծուծապակասին դաժան վճիռներուն։

Ինչքա՜ն դժբախտութիւն է հաստատել, որ աշխարհ ողողուած է այնպիսի բիրտ ու վայրագ բնաւորութեամբ մարդոցմով ու աննկարագիր գաճաճներով, որոնք օրնիբուն վայրապար կը ճառեն ու սուր կը ճօճեն, որպէսզի իրենց ենթակայ մարդոց հպատակեցնեն եւ ստրկացնեն։ Անվերապահ հաւատքի ընծայումը ստորադաս մարդկանց աւելի կը քաջալերէ այս մարդուկները, որպէսզի առաւել չափով ամրացնեն իրենց դիրքը եւ իրենց թաքստոցներէն շարունակեն վայրահաչութիւններ կատարել, վնասակար որոշումներ ընդունիլ, սխալ հրամաններ արձակել եւ անբուժելի վէրքեր յառաջացնել հասարակութենէն կամ հաստատութենէն ներս։ Ամէն պարագաներուն ալ, մարդս կոչուած է ողջախոհութիւն ցուցաբերել, ըլլալ զգաստ, եւ ոչ թէ՝ հլուհնազանդ հպատակ։ Մարդս ի գին ամէն զոհողութեան ձերբազատուելու է ստրկամտութենէ, որովհետեւ այդ կ՚առաջնորդէ լոկ կործանումի ու բարոյական սնանկացումի։

Մեր ժողովուրդը դարերով հպատակած է ոսոխի դաժան հրամաններուն եւ կրած՝ ծանր հետեւանքներ։ Քանի՜ցս, նոյնիսկ մեր հարազատ պետերը, այո՛, ղեկավարները (կրօնական, թէ աշխարհական), իրենց սխալ առաջնորդութիւններով մեր ժողովուրդին համար ստեղծած են տագնապալի դրութիւն, անել կացութիւն։ Մեր պատմութեան տխուր էջերը արցունքով արձանագրած են այն թէժ վայրկեանները, երբ մենք ազգովին խոտորած ենք մեր մայր ուղիէն, սայթաքած ու կործանած, որովհետեւ մեզ առաջնորդող տարրը հրամաններ արձակած է՝ առանց հաշուի առնելու մեր անձնական ու հաւաքական շահերը։ Նման դէպքերուն, մեր ժողովուրդը հաւատք ընծայելու չէ սխալ ու աղիտաբեր որոշումներուն։

Մեր արիւնալի պատմութեան մէջ յաճախ կը հանդիպինք մեր այսպէս կոչուած «Մեծերուն» երկչոտ ու անողնաշար, անհեռատես ու իմացականութեան հակառակ որոշումներուն, որոնք ազգը առաջնորդած են բարոյաբեկման ու քայքայման։ Նման ճակատագրական սխալներ պատճառած են անթիւ մահեր ու մեծամեծ վնասներ։ Մեր ժողովուրդը լա՛ւ սորված է կեանքի դասը՝ չկոչելու ոեւէ մէկը կատարեալ, անսխալական։ Դաժան ու անարդար կեանքը կ՚ուսուցանէ ամէնքը ըլլալ լայնահորիզոն, խորատես, իրատես, եւ ոչ թէ՝ երազատես, ցնորամիտ, կոյր հպատակ։

Պատմութեան կը պատկանի անձի պաշտամունքը իր բոլոր ստորաքարշութիւններով ու բարոյական աղտեղութիւններով։ Անցեալին, մեր ժողովուրդը դժբախտութիւնը ունեցաւ իմացականութեան բացարձակապէս հակառակ որոշումներ ընդունելու եւ կամայականութիւններու զոհ երթալու։ Խիստ պայմանները այդպէս պարտադրեցին մեր ազնիւ ու քաջարի ժողովուրդը։ Որոշ բռնապետեր խլեցին մեր ժողովուրդին սիրտէն քաջազնական ոգին, սարսափի ենթարկեցին անոր ողջ էութիւնը, կեանքը, եւ անիկա զըր-կեցին ինքնուրոյնօրէն մտածելու, ստեղծագործօրէն երեւակայելու եւ արդիւնաւէտօրէն գործելու կարողութենէն։ Տասնեակ տարիներ տեւող այս բռնութիւնները, կոպտութիւնները եւ անարդար որոշումները բարոյապէս կքեցին մեր ազգը։ Առ ի խոհեմութիւն, մեր ժողովուրդը հայրենիքի մէջ, տոկաց այս բոլոր անարգալից ու վիրաւորական արարքներուն, որովհետեւ ժամանակները սաստիկ խառն էին ու վտանգաւոր։ Ան որդեգրեց հեռատեսութեան քաղաղականութիւնը, որպէսզի կարենայ անցնիլ մրրիկի միջով եւ հասնիլ անքոյթ նաւահանգիստ։

Ներկայիս, մեր ժողովուրդը ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, համեմատաբար աւելի թոյլատու պայմաններու մէջ կ՚ապրի ու կը գործէ։ Ան կը շնչէ ու կը վայելէ ազատութեան հողմին բերած տարրերը։ Ան պարտի հետեւիլ այն իմաստուն խօսքին, որ կ՚ըսէ. «Ե՛ւ աստուածային, ե՛ւ մարդկային օրէնքները թոյլ կու տան պաշտպանուելու վիրաւորողներէն», հեռու մնալ դատարկաբանութիւններ ընողներէն, գոռոզաբար յիմար հրամաններ արձակողներէն, բարոյական ճնշում գործողներէն եւ մարդկանց ստրկացնողներէն։ Անցած են այն դարերը, երբ մարդիկ կոյր հնազանդութիւն կը ցուցաբերէին իրենց մեծերուն ու իշխաններուն, կառավարիչներուն ու հասարակական գործիչներուն հանդէպ։ Ներկայ մարդկութիւնը ունի ազատ եւ լայն մտածողութիւն։ Զայս կաշկանդել եւ մամլակի ուժգնութեամբ սեղմել, համազօր է մարդկային ողջմտութեան եւ տարրական իրաւունքներու ոտնակոխման։

Մարդուս տրուած աստուածային մեծագոյն պարգեւը ազատութիւնն է, ազատախոհութիւնը եւ ազատօրէն ապրելու ու ստեղծագործելու ունակութիւնը։ Այս ամբողջը անկապտելի իրաւունքներ են, զորս պարտին յարգուիլ ամէնքին կողմէ հաւասարապէս։  Զաւթել մարդկային ազատօրէն խորհելու եւ դատելու, ապրելու եւ զգալու իրաւունքը, համազօր է անոր բարոյական սպանդին։

Ներկայիս, աշխարհի վրայ կան զանազան ազգեր, որոնք կը կառավարուին բռնատիրական կարգերով։ Ստրկատիրական վարչաձեւերու տակ ժողովուրդներ կորսնցուցած են իրենց անհատականութիւնը, արժանապատուութիւնը, պատիւը, եւ մանաւանդ՝ անկաշկանդ ազատութիւնը։ Բռնակալներ իրենց կամքը կը պարտադրեն եւ բովանդակ զանգուածը կ՚առաջնորդեն ըստ կամս եւ քմահաճոյս։ Կարելի է երեւակայել նման երկիրներու մէջ ապրող մարդկանց հոգեկան ծանր ապրումները, անվերջ տառապանքները, երկիւղը, սարսափը եւ հոգեբանական ահաւոր հետեւանքները։

Այս բացարձակ մենատիրութիւնը եւ իշխանասիրութիւնը քիչ մը ամէն երկրի մէջ, ամէն հասարակութեան մէջ, սունկի նման գլուխ ցցած արագօրէն կ՚աճին։ Այս վտանգաւոր տարրը կու գայ դառնալու մարդկութեան գլխին մեծ փորձանք։ Աշխարհ դիմելու է ողջմտութեան եւ հասկնալու, որ յարեւնման մարդիկ գործ չունին մեր հասարակութենէն ներս եւ թէ՝ անոնց ժամանակը վաղուց անցած է։

Արդի մարդկութիւնը աչալուրջ կերպով հետեւելու է, որ որեւէ ղեկավարի սխալ որոշումին չհետեւի եւ անոր ծանր հետեւանքները չկրէ։

Ամէն ժամանակներու մէջ գոյութիւն ունեցած են մարդուկներ, որոնք անպատասխանատու ու իմացականութեան հակառակ հրամաններ արձակած են։ Նման ամբարտաւան ղեկավարներ ներկայիս ալ կան, եւ դժբախտաբար, ապագային եւս պիտի ըլլան։ Զգաստ ու արթուն մարդկութեան պարտականութիւնն է, սակայն, հեռու պահել նման անխոհեմ ու անհեռատես մարդիկ իր ծոցէն։

Միապետութիւնը, տիրասիրութիւնը, փառասիրութիւնը, յանձնապաստանութիւնը մեծամեծ վնասներ պատճառած են ողջ մարդկութեան։ Ժամանակն է որ նման յոռի ունակութիւններ ու վնասաբեր նկարագրագիծեր ունեցող մարդիկ իշխանութեան գլուխ չկանգնին, որպէսզի մարդկութիւնը չառաջնորդեն սխալ ուղիով։

Բարոյական քաջութիւն ու կորով, ինչպէս նաեւ ողջախոհութիւն է հարկաւոր չանսալու ու չգործադրելու առողջ իմացականութեան հակառակ որոշումներ։

ԶԵՆՈԲ ՔՀՆՅ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

«Նոր օր», Լոս Անճելըս

Շաբաթ, Նոյեմբեր 25, 2017