ՇԱՌԱՉՈՒՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՊՏԱԿԸ
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի՝ Երուսաղէմի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը դատապարտող բանաձեւը որդեգրած 128 երկիրները շառաչուն ապտակ մը հասցուցին Թրամփին՝ մերժելով ամերիկեան օժանդակութիւնները դադրեցնելու անոր սպառնալիքը, զոր քուէարկութեան նախօրեակին վերահաստատած էր՝ նշելով. «Թող մեզի դէմ քուէարկեն, եւ մենք մեծ գումարներ պիտի խնայենք, մեր հոգը չէ»: ՄԱԿ-ի մէջ անոր երկրին մնայուն ներկայացուցիչը՝ Նիքի Հէյլի քուէարկութենէն ետք նշեց. «Այս քուէարկութիւնը պիտի ազդէ ՄԱԿ-ի նկատմամբ ամերիկացիներուն վերաբերմունքին եւ ՄԱԿ-ի մէջ մեր որոշումները չյարգող երկիրներուն նկատմամբ մեր վերաբերմունքին վրայ»:
Որոշումին թեր քուէարկողները եկան Միացեալ Նահանգներու նախագահին յիշեցնելու, որ աշխարհը ծախու չէ, եւ ամբարտաւանութիւնն ու մեծամտութիւնն ալ չափ ու սահման ունի: Փոխան գերտէրութեան մը ղեկավարի՝ գործարարի մը մտայնութեամբ գործող Թրամփը պէտք է գիտակցի, թէ ինք չի ղեկավարեր առեւտրական ընկերութիւն մը, եւ օտար պետութիւնները այդ ընկերութեան պաշտօնեաները չեն: Թրամփ չի գիտակցիր, թէ ինք երկրի մը ղեկավարն է եւ պարտի գործել միջազգային յարաբերութիւններու ըստ երեւոյթին իրեն անծանօթ կանոններուն եւ ոչ թէ իրեն հոգեհարազատ առեւտրական աշխարհին համաձայն:
Երկուշաբթի օր Միացեալ Նահանգներ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամներէն 14-ին թեր քուէներուն դիմաց ստիպուեցան վեթօ կիրարկել: Եւ ահա քանի մը օր ետք, աշխարհի միակ գերտէրութիւնը այս անգամ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին մէջ ստացաւ երկրորդ շառաչուն ապտակը, երբ արձանագրուեցաւ 128 թեր, 9 դէմ եւ 35 ձեռնպահ քուէարկութեան խօսուն պատկեր մը: Նշանակալից երեւոյթով մը, արաբական աշխարհին կողքին գրեթէ բոլոր եւրոպական երկիրները, ներառեալ Ուաշինկթընի սերտ դաշնակիցներ Բրիտանիան, Ֆրանսան եւ Գերմանիան, մերժեցին Թրամփի որոշումը:
Թրամփի նման նախագահ ունեցող երկիր մը կարիքը չունի թշնամիներու, որովհետեւ իր վարած քաղաքականութեամբ վանեց Միացեալ Նահանգներու բոլոր համակիրներն ու դաշնակիցները եւ ամրապնդեց անոնց մրցակիցներուն դիրքերը:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ