ՍԻՐԵԼԻ ՈՒՍՈՒՑՉԻՍ ՓԱՍՔԱԼ ԹԷՕՐԷՆԼԻԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Յանձին Փասքալ Թէօրէնլիի, կրթական մշակ մը եւս առյաւէտ մեկնեցաւ մեր կրթական համակարգէն։ Իրաւ է, թէ ան հանգստեան կոչուած էր, սակայն իր ուսուցչական վաստակը լաւագոյնս կը վկայէր, թէ մենք դէմ յանդիման կը գտնուէինք հայ լեզուի, հայ մատենագրութեան ու գրականութեան արժանաւոր ուսուցչի մը հետ։

Իր հետ առաջին անգամ ծանօթացած էի Մխիթարեան լիսէի միջնակարգի առաջին դասարանին մէջ։ Երկու տարի վայելեցինք իր կրթանուէր շունչը հայ լեզուի դասերուն։ Լիսէի առաջին դասարանին մէջ աւանդեց հայ մատենագրութեան դասը, իսկ երկրորդին՝ հոգեբանութիւն։

Փասքալ Թէօրէնլին լաւ ու նուիրեալ ուսուցիչ էր, սակայն ունէր նաեւ այլ յատկանիշ մը. Իր աշակերտներուն նկատմամբ ունէր գուրգուրալից վերաբերմունք։ Դասաժամի ընթացքին կը տեսնէինք լրջախոհ դասախօսի մը ներկայութիւնը, ի պահանջել հարկին՝ խստապահանջ։ Իր ասպարէզը կը կիրարկէր ուսուցչական կոչումի գիտակցութեամբ։ Իրմէ տեղեկացած էինք, թէ ան եկած էր իր ծննդավայր՝ Անգարայէն, ու նախնական կրթութեան առաջին չորս տարին անցուցած էր պետական վարժարանի մէջ։ Առանց բառ մը իսկ հայերէն գիտնալու հասած էր Մխիթարեան վարժարան, ուր յանձինս նուիրեալ միաբան հայրերու, ներկայ էր Մեծ Սեբաստացիի կրթանուէր ծառայութեան գիծը։ Ու այդ գիծը եկաւ նոյնանալ Փասքալ Թէօրէնլիի կեանքին հետ ու ոչ-հայախօս պատանին ոչ միայն դարձաւ հայախօս, այլ նաեւ ճշմարիտ սիրող մը՝ մեր մայրենիին։ Ու իր մէջ տնկուած մայրենիի սիրոյ թուփը այն աստիճան ուռճացաւ, որ վերածուեցաւ հսկայ ծառի մը, որմէ արտաբերուեցաւ մայրենի լեզուի ուսուցիչ մը։ Իր դասը աշակերտին սորվեցնել ջանաց, այդ դասը սիրցնելով։ Մխիթարեան լիսէի առընթեր դասաւանդեց Սամաթիոյ Սահակեան լիսէի մէջ, հասցնելով բազմաթիւ ուսանողներ, զանոնք մերթ ընդ մերթ առաջնորդելով գրական մշակութային ձեռնարկներու։

Իրեն համար վարժարաններու միջեւ խտրութեան հարց գոյութիւն չունէր։ Սակայն թող ներուի ինծի, երբ հոս յանդգնութիւնը պիտի ունենամ յայտնելու իմ վստահութիւնս Մխիթարեան լիսէի նկատմամբ ունեցած իր զգացմանց։ Մխիթարեանը իրեն համար եղած էր դարբնոց մը, հետեւաբար այս վարժարանի երդիքին տակ դասաւանդելը մասամբ հատուցումը կ՚ըլլար ի փոխարէն այն անգին աւանդին, զոր Մխիթարեան Հայրերը ու անոնց կրթական շաւիղէն ընթացած կրթական մշակները յանձնեցին իրեն։ Մեծ հաւանականութեամբ հայերէն սորված վարժարանի երդիքին տակ հայերէն, հայ մատենագրութիւն եւ գրականութիւն դասաւանդելը բոլորովին տարբեր իմաստ մը կ՚ունենար եւ Փասքալ Թէօրէնլի այս խորհուրդին երջանկութիւնը կ՚ապրէր ու կը ջանար ապրեցնել։

Հանգստեան կոչուելով երբ բաժնուեցաւ իր այնքան սիրած ու կապուած ամպիոնէն, չկրցաւ ձեռնածալ նստիլ։ Ոմանք հանգստեան կոչուիլը իրենց համար պարգեւ մը, շնորհ մը ըլլալով կ՚ընկալեն։ Սակայն Փասքալ Թէօրէնլի չորդեգրեց նման զգացումէ մը գերեվարուելու ճանապարհը։ Մխիթարեան երանաշնորհ հայրերու բազմահատոր գրական արտադրութեանց մասին ծանօթութիւն ունեցող անձ մը չէր կրնար ձեռնածալ նստիլ, այլ այդ ծանօթութեանց լոյսին տակ իր պայմաններուն ներած չափով աշխատեցաւ արտադրել։ Տարիներու վաստակաշատ ուսուցիչը լաւագոյնս ըմբռնած էր գիրքի կարեւորութիւնը ու վարժարանի աշակերտներուն ու գրասէր անձերու օգտակար ըլլալու առաջադրութեամբ պատրաստած էր երկու հատոր, մին՝ «Հանրապետական շրջանի իսթանպուլահայ գրողներ», իսկ երկրորդը՝ «Հայ մատենագրութեան համառօտ պատմութիւն» խորագրերով ծանօթ։

Առաջին գրքի յառաջաբանին մէջ կը գրէ. «Այս գիրքը իսկական առումով կատարեալ հաւաքածոյ մը չէ, իսկ որպէս հեղինակութիւն մը բնաւ չէ…։ Նպատակն է՝ ուսանողութեան եւ մասնաւորաբար երիտասարդներուն ծանօթացնել՝ մեր նոր շրջանի իսթանպուլահայ արդի գրողները - գէթ անոնց կարեւոր մէկ մասը - ամփոփ կենսագրական գիծերով եւ իրենց գործերէն կարելի եղած չափով մատչելի ու հակիրճ նմոյշներով»։

Իսկ երկրորդի նախաբանին մէջ կը կարդանք. «Այս գրքոյկը՝ որ կը դրուի մեր երիտասարդներու տրամադրութեան տակ, իր չափազանց ամփոփ վիճակովը պիտի ըլլայ համեստ աղբիւր մը միայն, որ կու տայ նուազագոյն չափով, սահմանափակ գիտելիք՝ մեր անցեալի մատենագրութեան մասին։ Բացայայտ է որ, սեղմ տարողութեան մը ներքեւ հարիւրաւոր տարիներու գրական կեանքը բացատրելու ջանք, անշուշտ ոչ անթերի եւ ոչ ալ ամբողջական կրնայ ըլլալ»։

Համբուրելի համեստութեամբ ներկայացուած այս աշխատութիւնները յիրաւի կրնան օգտակար ըլլալ բոլոր անոնց, որոնք լսելու ականջ ունենալով ուշադրութիւն կը դարձնեն մեր մատենագրութեան եւ գրականութեան մասին եղած յայտարարութիւններուն։ Անոնք վստահաբար այս համեստ սակայն կարեւոր տարողութեամբ հրատարակութիւններուն ընդմէջէն առիթը պիտի ունենան յիշելու հոգելոյս ուսուցչի մը վաստակը։

Սա պահուս գուցէ մեր դասարանին մէջ ուշադրութիւնը ցրուած աշակերտի մը ըսած խօսքը կը լսեմ. «Երազներու աշխարհն ես»։ Սիրելի ուսուցիչս, եթէ նոյնիսկ երազային արտայայտութիւն մը ըլլայ այս մէկը, ես վստահ եմ, թէ պիտի գտնուին անձեր, որոնք կեանքի պիտի վերածեն երազ նկատուածը։ Եւ ես վստահ եմ, որ ձեր հոգին պիտի խայտայ երկնային կայքերուն մէջ ի տես փոքրաթիւ կամ բազմաթիւ անձերու հետաքրքրութեան։

Սա պահուս երթաս բարով կ՚ըսեմ ձեզի։ Շնորհակալութիւն ձեր բազմամեայ վաստակին։ Գացէք միանալ այն բոլոր կրթանուէր գործիչներուն, որոնք բարձր բռնեցին Մեսրոպեան ջահը, խանդավառուեցան ու խանդավառեցին մեր մայրենիի արժէքներով։

Խունկ եւ աղօթք ձեր անմեռ յիշատակին։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2019