ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ ԴԷՊԻ ՆՈՐ ՓՈ՞ՒԼ
ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ «ԱՐՁԱԳԱՆԳ»Ը
Հայաստանի մէջ քաղաքական հարթակի վրայ եղած որեւէ «մեծ» զարգացում արագօրէն կը փոխակապակցուի Արցախի ընդհանուր իրադրութեան եւ, մանաւանդ, արցախեան հիմնախնդրին վերաբերեալ «սպասելի» յառաջընթացներու հետ։
Եւ այս առումով ալ քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք անցեալ ապրիլին Հայաստանի զարգացումները, բողոքի ցոյցերն ու տեղի ունեցած «թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը կ՚առընչեն արցախեան ճակատի վրայ առկայ զարգացումներով կամ նոյնիսկ «սպասելի» դէպքերով։
Իբր այդ ալ, շատ անգամներ խօսակցութեան նիւթ կը դառնայ, որ կան, գոյութիւն ունին «որոշ» պայմանաւորուածութիւններ, որոնց ժամանակը դեռ չէ եկած։
Փաստ է, որ Երեւանի մէջ փողոց իջած հասարակութեան կարեւոր մէկ հատուածին համար Արցախի հարցը, երրորդական կամ չորրորդական է (ու շատ վատ է, որ այդպէս է), սակայն աւելի քան վստահ պէտք է ըլլալ, որ այսօր ալ արցախեան օրակարգը կը շարունակէ մնալ բաւականին նուրբ եւ «խնդրայարոյց» նիւթ մը։ Խնդրայարոյցը անշուշտ լաւ իմաստով, շեշտակիօրէն նշելով, որ արցախեան ճակատին վրայ տեղի ունենալիք որեւէ ուշագրաւ դէպք կամ զարգացում՝ կրնայ ամբողջ երկիրը ոտքի հանել։
Հայաստանի վերջին քառորդ դարու անցուդարձերուն մօտէն հետեւողները շատ լաւ գիտեն, թէ Երեւանի քաղաքական հարթակին վրայ տեղի ունեցած «ցնցիչ» դէպքերուն մեծ տոկոսը տեղ մը առընչուած եղած են արցախեան դէպքերուն, կամ այդ խնդրին շուրջ պատրաստուող փուլային կամ ծրարային անուանմամբ յայտնի զարգացումներուն հետ։
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հրաժարականը՝ օրին, ձեւով մը կապուած էր Ղարաբաղի հարցով զիջումներու հետ։ Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ Սերժ Սարգսեանի անցեալ ապրիլին վարչապետի պաշտօնէն «ինքնակամ» կերպով ներկայացուցած հրաժարականին մասին, երբ հարիւրաւոր հայաստանցիներու բերնէն լսելի կը դառնար «մարդը գնաց, որովհետեւ չէր ուզեր զիջումներ ընել», «յանկերգ»ը։ Այս բոլորը հաշուի առնելէ զատ, պէտք է անպայման վերյիշել Հայաստանի ներկայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բարձրակոչ խօսքերը, երբ ան կը հաւաստիացնէր, որ Ղարաբաղի նիւթով որեւէ «վտանգաւոր» զարգացում կամ բանակցային որեւէ կարեւոր եւ ուղենիշային իրադարձութիւն պիտի քննարկուէր «բացէ ի բաց»։
Անցնող օրերուն արցախեան ճակատին վրայ երեւելի զարգացումներ չկան, բայց յայտնի է արդէն, որ այդ գործընթացը դրուած է «տաք ջուր»ի վրայ։ Այս առումով ալ կարեւոր է լսել Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի մամլոյ խօսնակին՝ Դաւիթ Պապայեանի տեսակէտները։
Պապայեան, որ վերջերս խօսած է հայրենի մամուլին անդրադառնալով վերջին խմորումներուն՝ ըսած է. «Մենք կ՚ողջունենք, որ Հայաստանի նոր իշխանութիւնները աւելի շատ կը խօսին այն մասին, թէ Արցախը պէտք է վերադառնայ բանակցային գործընթացի սեղանի շուրջ: Բայց մենք տակաւին առաջին օրուընէ ի վեր ըսած ենք՝ այո՛, ողջունելի է այդ տեսակէտը, սակայն սա բարդ գործընթաց է՝ աշխատատար եւ ժամանակատար: Հաշուի առնելով, որ Ատրպէյճանը երբեւէ չի համաձայնիր, որպէսզի վերականգնուի լիարժէք ձեւաչափը, եւ ատոր համար ամէն ինչ կ՚ընէ, բայց այդ չի նշանակեր, որ մենք պէտք է հրաժարինք այդ գործընթացէն: Այնպէս որ, մենք կ՚ողջունենք որեւէ հանդիպում Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան միջեւ, որովհետեւ զայն կը դիտարկենք՝ որպէս բանակցային գործընթացի շարունակականութիւն եւ տարածքաշրջանի մէջ կայունութիւն ու խաղաղութիւն պահպանելու միջոց»։
Պապայեան նաեւ նշած է, որ Արցախի եւ արցախցիներուն համար ամենաէականը խաղաղութեան պահպանումն է ու այս առումով ան ըսած է. «Անկախ ամէն ինչէ, թէ ո՞վ կազմակերպած է, ո՞վ միջնորդած է, ի՞նչ տարբերութիւն՝ Ռուսաստա՞նը, թէ՞ Արեւմուտքը, մեզի համար կարեւոր է, որ բանակցային գործընթացը շարունակական ըլլայ եւ խաղաղութիւն ըլլայ: Եւ ես չեմ հաւատար, որ Հայաստանը եւ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կրնայ ձեռնարկել Արցախի նկատմամբ քայլեր, որոնք կրնան մեր ճակատագիրը անորոշ դարձնել, որովհետեւ այդ մէկը կը նշանակէ ինքնասպանութիւն նաեւ հայոց պետականութեան համար: Իսկ մենք երբեւէ պէտք չէ վախնանք, մտահոգուինք, որ մեզի կրնան որեւէ բան պարտադրել, այդ մէկը կրնայ ըլլալ միայն այն պարագային, եթէ մենք սխալ արտաքին քաղաքականութիւն վարենք, եթէ պառակտուի հայութիւնը կամ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը ուժեղ չըլլայ, կամ մեր բանակը թուլանայ»:
Պապայեանի հնչեցուցած տեսակէտները նորութիւն չեն։ Արցախի ղեկավարութեան համար հայկական ճակատի կամ այսպէս ըսած եռամիասնութեան գաղափարը միշտ ալ եղած է ուղենշային եւ ճանապարհ հարթող մօտեցում։ Ու այստեղ շատ կարեւոր է անգամ մը եւս ընկալել ու հասկնալ, որ Արցախի հարցով որեւէ զարգացում պէտք է ներկայացուի, ընկալուի եւ համաձայնեցուի հայկական երեք կողմերուն՝ պաշտօնական Երեւանի, Արցախի ու նաեւ սփիւռքի համաձայնութեամբ։
ԿԱՐԵՒՈՐԵԼ ԱՐՑԱԽԻ ՏԵՍԱԿԷՏԸ
Ճիշդ է, որ մինչեւ այս նիւթին հրապարակուիլը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ուղղակի իրեն վայել «բաց» թեքստով մանրամասնութիւններ չտուաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Տաւոսի մէջ իր ունեցած հանդիպման մասին, այնուամենայնիւ գոյութիւն ունի տեսակէտ, որ ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման շուրջ կան նոր ձեւի խմորումներ։
Յստակ է նաեւ, որ սահմանին ալ իրավիճակը առաջուան սրութիւնը չունի. ճիշդ է, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ խախտել հրադադարը եւ կրակ բանալ հայկական պաշտպանական ուժերուն ուղղութեամբ, սակայն յստակ է, որ սահմանը կը գտնուի (առնուազն անցնող մէկ տարուան ընթացքին) իր ամենէն «հանգիստ» դրութեան մէջ։
Անցեալ մայիսին, երբ Փաշինեան իշխանութեան գլուխ հասաւ, շատեր կը խօսէին, թէ չի բացառուիր, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան առընթեր ալ տեղի պիտի ունենան շեշտակի փոփոխութիւններ։ Տակաւին կար կարծիք, որ Մոսկուա հաշուի առնելով Հայաստանի մէջ եղած աննախադէպ զարգացումները, բանակցային նոր գործընթացի մը ընթացք պիտի տայ եւ երկու կողմերուն առաջարկէ նոր ծրար մը, որ սկիզբ պիտի դնէ ղարաբաղեան հիմնախնդրի լուծման իրական փուլին։
Այսօր ըստ երեւոյթին, Մոսկուա հետամուտ է այդ «գործ»ը արագացնել եւ սկսիլ նոր գործընթացի մը, որուն մասին ներկայ փուլին դժուար է կռահումներ կամ ենթադրութիւններ կատարելը։
Այս բոլորէն անդին շատ կարեւոր է ընթանալիք բանակցութիւններուն Արցախի Հանրապետութեան լիարժէք մասնակցութիւնը, որ անպայման պիտի զօրացնէ հայկական տեսակէտը եւ ամրացնէ ներկայացուցչական ընդհանուր պատկերը։
Հետաքրքրական է նաեւ, որ այս խմորումները կը կատարուին այն պահուն, երբ Հայաստանի վարչապետը կարեւոր ու երեւելի եռանդով անցած է երկրին մէջ բարեփոխումներ կատարելու այդքան անհրաժեշտ գործին։
Մէկ կողմէ ներքին օրակարգ, ազգային-քաղաքական կեանք, միւս կողմէ ղարաբաղեան հիմնահարցի բանակցային գործընթաց ու այդ գործընթացէն բխող նոր չափորոշիչներ եւ ձեւաչափեր։
Արցախի դիրքերը պիտի պաշտպանուին այս նոր գործընթացներուն մէջ ու մանաւանդ անվտանգութեան տեսակէտէ արցախցիք պիտի ունենան այն կարեւոր նախադրեալները, որոնց միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ ապրիլ խաղաղ եւ ապահով երկինքի մը տակ։
Արցախեան հիմնախնդրի առընթեր ամենակարեւոր կէտը Արցախցի հերոսական ժողովուրդին կարծիքն ու տեսակէտը հաշուի առնելն է, մանաւանդ, որ անոնք են խնդրոյ առարկան ու ի վերջոյ անոնք են, որ պիտի ապրին այդ հողին վրայ։
Այս կէտին վրայ շատ կարեւոր է հասկնալ ու յարգել արցախցի ժողովուրդին ու պատասխանատուներուն տեսակէտները՝ Պաքուի ու անոր ղեկավարութեան նկատմամբ, որովհետեւ անցնող երեսուն տարիներուն անոնք լաւապէս ապրած ու «ճաշակած» են ազէրի կողմին տմարդի, թշնամական եւ հայաջինջ մօտեցումներու «բարիքներ»ը։
Արցախցիք խօսքով, սովով, անօթութեամբ, մութով ու ցուրտով չէ միայն, որ վճարած են այս պայքարին ու այս հողին համար, այլեւ՝ արիւնով, կամքով ու հերոսական սխրանքներով։
Ու այս բոլորին համար շատ կարեւոր է անոնց տեսակէտը, որուն հիմնուելով է, որ պաշտօնական Երեւան պիտի կարողանայ միաւորել, ի մի բերել եւ համակարգել այսպէս ըսած հայկական օրակարգի ամենակարեւոր կէտին շուրջ հայկական միասնական ու խոհեմ տեսակէտները։
Այլապէս աւելի քան վտանգաւոր է խօսիլ ու մտածել կամ «երազել» խաղաղ բանակցութեան գործընթացի մը մասին, որուն մէջ մեծագոյն բացական Արցախն ու Արցախի հերոսական ժողովուրդն է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան