ԱԿՆԱՐԿ - 2 - ՇՐՋԱՓԱԿՈՒԱԾ ԱՐՑԱԽԸ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ

Նոր տարուան մը գալուստը կամ նոր թուականի մը սկիզբը բոլոր մարդոց համար յատկանշական ու խորհրդանշական է: Ոմանց համար ինքնաքննութեան առիթ է, ոմանց համար օր մը կամ երկու օր հանգիստ շունչ մը քաշելու՝ կտրուելու առօրեայ թոհուբոհէն, ուրիշներու համար մէկ անկիւն քաշուելու եւ քիչ մը խաղաղութիւն վայելելու, մէկ խօսքով իւրաքանչիւր ոք ունի նոր տարին դիմաւորելու իր ընկալումն ու ըմբռնումը, որով ինքզինքին առիթ կու տայ թեթեւնալու, հանգստանալու, խաղաղելու:

Միայն մենք՝ հայերս ենք, ի մասնաւորի Հայաստանի մէջ ապրող հայերը, որ Նոր տարին վերածած ենք ստամոքսին մեր տրամաբանութեան վրայ յաղթանակ տանելու տօնի, մեր ստամոքսին մեզ իր գերին դարձնելու առանց պայքարի պատերազմի տօնակատարութեան…

Շուրջ մէկ ամիս է, որ Արցախ տանող միակ ճանապարհը ինչ որ շինծու պատճառաբանութեամբ կամ պատճառաբանութիւններով փակ է, եւ մեր հայրենակիցները՝ մօտաւորապէս 120 հազար հայեր շրջափակման մէջ են:

Շուրջ մէկ ամիս է, որ տարբեր-տարբեր տեղերէ աղմուկներ, դատապարտութեան կոչեր, քաղաքական եւ ոչ-քաղաքական յայտարարութիւններ, ցոյցեր եւ քայլերթներ կատարուեցան Բերձորի միջացնքը բանալու համար, բայց… ինչպէս մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, այսօր եւս աշխարհը լուռ է…, աշխարհը կոյր է…, աշխարհը խղճմտանքի դուռը պինդ փակած է…, աշխարհը հանդիսատեսի դերին մէջ մտած է եւ այդ դերը լաւագոյնս կը կատարէ…

Արդա՞ր է նման կեցուածքը… Մեր նման ժողովուրդի մը համար կրնամ համարձակ կերպով ըսել, թէ ա՛յո, արդար է, որովհետեւ մե՛նք մեզ այս վերաբերմունքին արժանի դարձուցած ենք, մենք մեզ այսքան արժեզրկած ու մուրացկանի կարգավիճակին մէջ դրած ենք, որ դռնէ դուռ վազելով ողորմութիւն ու գութ կը մուրանք… Կը մուրանք՝ անարժանապատուութեամբ, անպատուութեամբ եւ անարգութեամբ…, որովհետեւ մե՛նք՝ որպէս ժողովուրդ՝ պետութիւն եւ ժողովուրդ, ո՛չինչ կ՚ընենք, ո՛չինչ կը գործենք կամ կը ծրագրենք, այլ՝ մուրացկանի նման մեր ձեռքը պարզած ենք, ու կը սպասենք, որ ինչ որ մէկը իր աւելցուքէն բան մը նետէ անոր մէջ:

Այս բոլորով հանդերձ, Հայաստանի քաղաքացին, նկատի ունենալով կամ չունենալով մեր մուրացկանի ողորմելի ու թշուառ վիճակը, աշխարհի կուրութիւնն ու ձեռքերը ծալած ըլլալուն հանգամանքը, մեր աչքերուն առջեւ տեսնելով ու նկատելով մեր հայրենակիցներուն օր օրի ծանրացող վիճակը Արցախի մէջ, մէկ վայրկեան իսկ չկարկամեցաւ փառահեղօրէն նշել ու դիմաւորել նոր բացուող տարին…

Այստեղ այնտեղ խրախճանքներ, այս կամ այն հեռատեսիլի ընկերութիւններուն կատարած նոր տարուան ցոփ տօնակատարութիւնները դատարկ ու գարշելի ծրագիրներով ու յայտագիրենրով, «առատ ու ճոխ» սեղանները՝ անշուշտ շատերունը պարտքի շնորհիւ, տեսակ-տեսակ խմիչքները (անշուշտ կենացներուն մէջ չմոռնալով յատուկ կերպով խմել մեր շրջափակուած հայրենակիցներուն կենացը), պտուղներն ու միրգերը, անուշեղէնները, գոյնզգոյն լոյսերը, ճոխ ու գեղեցիկ հագուստները, անճոռնի ու անպաճոյճ կերպով ներկուած ու շպարուած դէմքերը, … եւ չմոռնամ պայթուցիկներու ժամեր տեւած փառատօնը…

Այս բոլորին ի տես, գէշ աղէկ տրամաբանող մարդը, պահ մը կը կանգնի ու ինքն իրեն կը հարցնէ.

Լաւ, միթէ՞ մենք չէինք որ մի քանի տարի առաջ նոյն Արցախի մեծ մասը հակառակորդին յանձնեցինք, զայն ոռոգելով մեր աւելի քան չորս հազար երիտասարդներուն արիւնով:

Միթէ՞ մենք չէինք որ այդ ստոր պարտութեան եւ աղէտին պատասխանատուները անպատիժ ձգեցինք, եւ ո՛չ միայն այդքան, այլեւ ոչինչ ըրինք, որպէսզի հզօրանանք եւ նոր փորձութիւններն ու պատերազմները դիմագրաւենք, որով ընդամէնը մի քանի ամիսներ առաջ դարձեալ երեք հարիւրի հասնող զոհեր տուինք, այս անգամ Հայաստանի հողը ոռոգելով մեր հերոսներուն արիւնով եւ դարձեալ յանձնելով հակառակորդին:

Միթէ՞ մեր դրացիները չեն որ աւելի քան երկու տարիէ ի վեր կը սպասեն լուր մը իրենց մէկ հատիկ զաւակէն, ողջ ըլլայ թէ մեռած, որպէսզի իրենց բաժին հասած տառապանքի բաժակը խմելու համակերպին…

Միթէ՞ մեր երկրէն, Հայրենիքէն չէ որ անոնք որոնք առիթ կ՚ունենան հեռանալու, վայրկեան մը անգամ չեն կորսնցներ, ու փախուստ կու տան, ինչպէս ընկղմող նաւի մը վրայէն պիտի փախչէին…:

Միթէ՞ մեզմէ մէկ-երկու տուն անդին երկու փայլուն աչքերով երեխաներ հասակ կ՚առնեն առանց հօր, առանց մեծ հօր, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին ո՛չ միայն յանուն իրենց զաւակներուն կամ թոռներուն, այլեւ՝ մեր բոլորին համար…

Տակաւին միթէներուն շարքը կարելի է երկարել, սակայն այսքանով բաւարարուելով խօսքը տամ Գարեգին Նժդեհին եւ ընթերցողին ձգեմ եզրակացութիւններ ընելը. «Մեր ժողովուրդը, որ կորսնցուցած է հայ եւ հայրենատէր մնալու իր հաւատքը, որ աշխարհի մէջ այլեւս ելք, կեանքի մէջ հացէ զատ այլ նպատակ չի՛ տեսներ այսօր, միայն ճշմարիտ վերանորոգումի ճամբով կրնայ փրկուիլ: Ատիկա Մամիկոնեաններուն նմանելու ճամբան է, Տարօնականութիւնը»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

8 յունուար 2023, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2023