Օ­տար Պլո­կըր­նե­րու Տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը Ար­ցա­խի Մա­սին

Ատրպէյճանի իշխանութիւններու անհեթեթութիւնները ամէն ասպարէզի մէջ պումերանկի նման կը վերադառնան եւ կը հարուածեն զիրենք: Քաղաքական, զինուորական, մշակութային, մարզական, տնտեսական ասպարէզներու շարքին  նոյնպէս յայտնուած են զբօսաշրջայինն ու ատոր կապուած  օտար պլոկըրներու պարագան, որուն միայն երկու օրինակները բաւարար են՝ պատկերացում մը կազմելու ատրպէյճանական ջղագարութեան մասին:

*

ԼԱՓՇԻՆ. ՊԱՔՈՒԻ ՋՂԱԳԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ  ԾԱՆՈՒՑՈՒՄ ԵՂԱՆ ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՍԻՆ ԺԱՊԱՒԷՆԻՆ ՀԱՄԱՐ

Պաքուի ջղագարութիւնները հրաշալի կերպով քարոզչութիւն եղան Արցախի մասին պլոկըրներու պատրաստած շարժապատկերին համար: Այս մասին գրած է պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինը:

«Ես անսահման ուրախ եմ, որ իմ անտաղանդ ձերբակալութիւնս նպաստեց Արցախի մէջ զբօսաշրջութեան զգալի աճին: Նոյնպէս  ուրախ եմ, որ իմ անունս երկար տարիներ «կպչեցաւ» Ատրպէյճանին՝ սեւցնելով անոր վարկը, եւ ատիկա տակաւին երկար պիտի շարունակուի եւ պիտի աւարտի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ այդ երկրին սպանութեան փորձի մեղադրանքով: Դատական դիմումը արդէն ներկայացուած է:

Այսուհանդերձ, խնդիրը քաղաքականութիւն չէ: Ճիշդ չեմ նկատեր, որ իշխանութիւն ստացած խումբ մը աւազակներ,  որոնք կապուած են քլանային ու հաշիւներով  ամուսնութիւններով, իւրացուցած են ատրպէյճանցի ժողովուրդին  քարիւղային աղբիւրները, եւ կը թելադրեն ամբողջ աշխարհին, թէ ո՛ւր ճամբորդել:

Իսկ այդ հրաշալի շրջանի պատկանելիութիւնը կ՚որոշեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդները, ոչ թէ՝ իսրայէլացի կամ այլ պլոկըրներ:

Մենք սովորական զբօսաշրջիկներ ենք, միայն կը  շրջագայինք ամբողջ աշխարհի մէջ եւ այլ մարդոց կը պատմենք գեղեցկութիւններու մասին: Իմ լիթուացի եւ լաթիշ ընկերներս արդէն քանի մը շաբաթէ աւարտած են Արցախի մասին պատմող շարժապատկերը: Իմ կարծիքով, շարժապատկերը շատ արհեստավարժօրէն պատրաստուած է: Նոյնիսկ դժուար է հաւատալ, որ ատիկա ստեղծած են դրամական սեփական միջոցներով եւ ուժերով: Ուրախ եմ, որ տղաքը յաջողած են», գրած է Լափշին:

«Երբեմն զուարճալի է «Կուկըլ»ի մէջ փնտռել մեր կամ ձեր անունները ատրպէյճանական գրելաձեւով: Օրինակ, իմ մականունս ռուսերէնի դէմ պայքարի այդ մարտիկները կը գրեն «Lapşin»: Այնպիսի «գլուխ գործոցներ» կը տեսնէք, որ պրեժնեւեան ժամանակներու անհեթեթութիւնները շատ մեղմ կը թուին: Անոնք իսկապէս կը մտածե՞ն, որ եթէ սուտը գրեն  ատրպէյճաներէնով, ոչ ոք, բացի իրենց բնակիչներէն, այդ մասին կ՚իմանայ: Ռուսերէնով անոնք աւելի կոկիկ կը գրեն՝ ընտրելով արտայայտութիւնները: Պաքուի պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի ընկերութեան կայքին մէջ կը գրեն, որ իբր թէ ճամբորդ Ալեքսանտր Ալիմով, որ իր ընկերներուն հետ նկարահանած է այդ շարժապատկերը, հայկական քարոզչութեան աշխատակից է, առասպելական քաղաքական պատուէրներէն մեծ գումարներ կը ստանայ եւ նոյնիսկ կը մասնակցի Արցախի անկախութեան համար մղուող պատերազմին: Միաժամանակ անոնք կը խոստովանին, որ թէեւ ոչ մէկ  ապացոյց ունին, բայց՝ «առանց ատոր ալ ամէն բան պարզ է»: Այդ բոլորը կը գրէ նախագահին մականունը կրող եւ նեղ շրջանակի մը ծանօթ Փրոֆ. Զաուրը:

Ատկէ ետք պալթեան երկիրներու ճամբորդները այցելած են տասնեակ մը երկիրներ՝ Մարոքէն մինչեւ Վրաստան եւ Աւստրալիայէն մինչեւ Ամերիկա, իսկ Պաքու չեն գացած, իբր տեսէք, թէ որքան անձնական արգահատանք ունին այդ երկրին հանդէպ:

Բայց շուկայական տեսանկիւնէն, կը կարծեմ, որ Ատրպէյճանի չափէն աւելի ուշադրութիւնը անյայտ պլոկըրներու նկատմամբ՝ դրական է: Նման ծանուցումի համար սովորաբար միլիոնաւոր տոլարներ կը վճարեն, իսկ Ատրպէյճանի մէջ կը բանտարկեն հայկական լրտեսը եւ հոլովոյթը կը սկսի:

Տակաւին, անոնք չեն հասկնար, որ իւրաքանչիւր նման հրապարակում մեր մասին՝ զիրենք կը ստորնացնէ, իսկ մեզ կը  բարձրացնէ: Մենք հիմա բարձունքի վրայ ենք:

«Աւելի վատ կ՚ըլլար, եթէ անոնք մեզի ընդհանրապէս չարձագանգէին, որովհետեւ ծանուցումի համար մենք միջոցներ չունինք: Այդ պարագային, մեզի համար դժուար կ՚ըլլար պատմել Արցախի բնութեան եւ ճարտարապետութեան մասին: Ըսենք՝ 20 մարդ կը դիտէր շարժապատկերը, իսկ Պաքուի ջղագար  հակազդեցութենէն ետք ատիկա դիտած է առ նուազն 100 հազար մարդ», շեշտած է Լափշին:

Յիշեցնենք, որ Ռուսաստանի եւ Իսրայէլի քաղաքացի Ալեքսանտր Լափշինը ձերբակալուած էր 2016 թուականին, Սպիտակ Ռուսիոյ մէջ: Ատրպէյճանի պահանջով պաշտօնական Պաքուն զայն «Սեւ ցուցակ» ներառած էր՝ առանց իրենց հետ համաձայնեցնելու Արցախի Հանրապետութիւն այցելելու պատճառով: 11 Սեպտեմբեր 2017 թուականին Իլհամ Ալիեւը ներում շնորհեց Լափշինին:

Լափշին 2018 թուականը յայտարարած է Ատրպէյճանը պատժելու տարի:

Դիմատետրի էջին մէջ Լափշին գրած էր, որ Ատրպէյճանի կողմէ իր դէմ անարդար կերպով դատական գործ յարուցելու եւ դատապարտելու հարցով պիտի դիմէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան:

«ԱՍԻԿԱ ԱՐՑԱԽՆ Է՝ ԼԵՌՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿԻՐԸ»

Պլոկըր Ալեքսէյ Վեսիոլին eunetwork.lv պլոկին մէջ ուշագրաւ անդրադարձով մը պատմած է արցախեան շարժման 30-ամեակին առիթով Արցախ այցելութեան եւ ստացած տպաւորութիւններուն մասին:

Հեղինակը մանրամասնօրէն գրած է, որ խումբ մը  լրագրողներու հետ Արցախ այցելած է, որուն  շնորհիւ՝ բացայայտած է իրեն  համար անծանօթ երկիրը:

Ճամբորդութիւնը սկսած է Երեւանէն, որ Արցախէն ոչ նուազ  տպաւորած է Վեսիոլին:

«Եթէ բնաւ չէք այցելած Երեւան եւ կը կարծէք, որ ընկերներու պատմած պատմութիւններով արդէն կը ճանչնաք քաղաքը, ուրեմն կրնամ վստահեցնել, որ դուք չարաչար կը սխալիք: Ասիկա ամբողջովին այլ աշխարհ մըն է՝ իր սովորութիւններով, աւանդութիւններով եւ մշակոյթով: Երեւանը կը գտնուի դաշտավայրին մէջ, իսկ Հայաստան՝ լեռնային շրջանի մէջ: Այստեղ կ՚ապրին լեռնցիներ», կը նշէ պլոկըրը:

Վեսիոլին ապա կը պատմէ ամպերէն ալ վեր գտնուող Արցախի հրաշալի եղանակին, գեղեցիկ բնութեան, մաքուր օդին մասին:

«Այստեղի լեռները կ՚ապշեցնեն իրենց բարձրութեամբ եւ վեհութեամբ: Կովկասեան լեռներ, որոնք կարծես դաշտին մէջ նստած ու հազարաւոր տարիներ շարունակ ամպերու մէջէն  աշխարհին նայող դարաւոր հսկաներ ըլլան», կը գրէ պլոկըրը, նկատել տալով, որ օդը այն աստիճան մաքուր է, որ կարծես բուժիչ ըլլայ:

«Դժուար է պատկերացնել, որ այս կախարդական երկիրը իրականութեան մէջ կը գտնուի պատերազմական վիճակի մէջ, եւ հողը այստեղ խոր վէրքեր կը կրէ: Արցախը ուրոյն մշակոյթով, ժողովուրդով եւ ազատութեան բարձր արժեւորումով անկախ երկիր է, ուր բոլորը կը խօսին նոյնիսկ հայաստանցիներու համար դժուար հասկնալի Արցախի բարբառով», կը գրէ հեղինակը՝ զուգահեռ պատմելով զինուորական գործողութիւններու պատճառով կործանած եւ ամայացած գիւղերու մասին:

«Ուղղակի կարելի է ապշիլ այստեղ ապրող մարդոց քաջութեամբ, որովհետեւ անոնք չեն վախնար վերակառուցելէ պատերազմի պատճառով կորսնցուցածը: Խաղաղութիւնը այստեղ իրօք մեծ կարեւորութիւն ունի», կը շարունակէ Վեսիոլին:

Ան ապա կը ներկայացնէ մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն ստացած տպաւորութիւնները՝ նկատել տալով, որ քաղաքը իր հիւրընկալ դռները կը բանայ յոգնած զբօսաշրջիկներու առջեւ:

«Առաջին տպաւորութիւնը այն է, որ դրախտավայրի մէջ ես: Բացատրեմ, թէ ինչո՛ւ. այստեղ մենք ականատես եղանք բացառիկ բնական երեւոյթի՝ մշուշն ու ամպերը հանդիպեցան իրարու ճիշդ քաղաքի փողոցներուն մէջ: Թերեւս արցախցիներուն համար ասիկա արդէն սովորական է եւ ոչ նկատելի, սակայն ատիկա նման էր հէքեաթի: Բնական երկու տարրերը կը միաձուլուէին եւ տպաւորութիւն կը ըս-տեղծէին, որ լեռնային քաղաքի փողոցները կը ճախրեն ամպերու մէջ: Իսկ այս ամպերէն եւ մշուշէն ալ վեր միայն աստղերն են, որոնք կ՚երեւին անմիջապէս գլխուդ վերեւ: Ասիկա Արցախն է՝ լեռներու եւ ազատութեան երկիրը», եզրափակած է հեղինակը:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Փետրուար 26, 2018