100 ՕՐ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԱԾ ՄՆԱԼԷ ԵՏՔ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՅԱՅՏՆԻ ԴԵՐԱՍԱՆԸ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՒ. ԴԱ՞Ւ, ԹԷ՞ ՎՐԷԺԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ

13 Մարտ 2018. եւ 100 օր լիբանանեան բանտերուն մէջ մնալէ ետք պէյրութցի անուանի դերասան Զիատ Իթանի ազատ կ՚արձակուէր: Պատկերասփիւռի կայաններու լրագրողներուն հետ խօսելու ատեն Իթանի շնորհակալութիւն կը յայտնէր Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշէլ Աունին, վարչապետ Սաատ Հարիրիին եւ բոլոր այն անձնաւորութիւններուն։ «Անոնք հասկցան զիս: Բոլորը գիտեն, որ ես թատրոնի մարդ եմ: Ես հանրութեան համար թատերական գործեր կը ներկայացնեմ: Իմ ընտանիքը Պէյրութի ամենայայտնի ընտանիքներէն է ու անհնար է, որ ես այդպիսի ծանր յանցանք մը գործած ըլլամ», ըսաւ ան։ Այս տողերը ըսած պահուն դերասանը կ՚արտասուէր՝ նկատել տալով, որ իրեն համար ամենէն վիրաւորականը դաւաճանութեան մեղադրանքն էր:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ դերասան եւ բեմադրիչ Զիատ Իթանիի ձերբակալման լուրը «ցնցած» էր Լիբանանի յատկապէս արուեստասէր հասարակութիւնը, որուն համար ալ Զիատ փնտռուած եւ սիրուած թատերական կարող գործիչ մըն էր: Զիատ Իթանիի ձերբակալման լուրէն անմիջապէս ետք երկրին մէջ շրջան կ՚ընէին տարատեսակ խօսակցութիւններ եւ ասէ-կօսէներ, ըստ որոնց Իթանի ձերբակալուած էր անհատական խնդրի մը, կամ «սիրոյ պատմութեան» մը հիման վրայ։ Սակայն պատահարը աւելի ծանր էր ու դէպքէն քանի օր ետք արդէն պարզ կը դառնար, որ յայտնի դերասանը ձերբակալուած է Իսրայէլի պետութեան հաշւոյն լրտեսութիւն ընելու ծանրագոյն մեղադրանքով: Լուրը կը տարածուէր արագօրէն եւ կ՚ունենար «պայթում»ի ազդեցութիւն։ Յատկապէս որ ոչ ոքի մտքէն կրնար անցնիլ, թէ Իթանիի նման Պէյրութին «կապուած» համարուող արուեստագէտը նման ծանր յանցանքի վրայ «պիտի բռնուէր»:

Ձերբակալման թուականէն մինչեւ դերասան Զիատ Իթանիի ազատ արձակ-ւիլը Լիբանանի հանրութիւնն ալ որոշ չափով կը մնար «շփոթահար» վիճակի մը մէջ: Տրուած ըլլալով, որ Իթանիին ուղղուածը ամենածանր մեղադրանքն էր, երկրի մը մէջ, որուն համար Իսրայէլ կը համարուի թշնամի երկիր մը, հետեւաբար նաեւ Իսրայէլի հաշւոյն որեւէ գործարք կամ կապ ունենալու երեւոյթն ալ կ՚ընդունուէր որպէս պետական դաւաճանութիւն, որուն համար ալ տուեալ ոեւէ մեղադրեալ կրնար մինչեւ մահապատիժի ենթարկուիլ: Դրամական տուգանքով եւ որեւէ ատեն դարձեալ ձերբակալուելու հիմունքով ազատ արձակուած Զիատ Իթանիի խնդիրը կը դառնար քաղաքական քննարկումներու նիւթ։ Յատկապէս այն պատճառով, թէ առաջին անգամը չէ, որ լիբանանեան ընդհանուր տեսարանին մէջ տեղի կ՚ունենան ձերբակալութիւններ, որոնց «զոհեր»ը աւելի ուշ բանտերէն դուրս կու գան եւ հանրութեան կը ներկայանան որպէս «քաւութեան նոխազ»ներ: Բնականաբար Իթանիի պատմութիւնն ալ նմանատիպ դրուագ մըն է, որ ցայսօր ալ չէ հասած յստակ եզրայանգումներու։

ԶԻԱՏ ԻԹԱՆԻ ԵՒ … ՍՈՒԶԱՆ ԱԼ ՀԱԺ

Իթանիի ձերբակալութեան ու ապա ազատ արձակման մասին գրելու ատեն անպայման պէտք է հաշուի առնել Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան «Համացանցի վերահսկողութեան գրասենեակ»ի նախկին տնօրէն զօրավար Սուզան Ալ Հաժի ձերբակալութիւնը: Եւ այսպէս, մինչ Իթանի ազատ կ՚արձակուէր անցնող Փետրուարին, անդին Հաժ կը ձերբակալուէր Փետրուարին: Լիբանանի «Տեղեկահաւաքի բաժանմունք»ի յատուկ ջոկատայիններ կին զօրավարը կը ձերբակալէին վերջինիս տան մէջ ու զայն հարցաքննութեան ենթարկելէ ետք դատական մարմիններուն կը յորդորէին կալանքի տակ պահել զօրավար Հաժը:

Յիշեցնեմ, որ Լիբանանի ներքին անվտանգութեան ուժերու կին զօրավարը՝ Սուզան Ալ Հաժ Հըպէյշ Դիմատետրի վրայ իր կատարած հաւանումին (Like) պատճառով հեռացուած էր պաշտօնէն:

 Հաժ, որ կը վարէր «Համացանցի վերահսկողութեան գրասենեակ»ի գլխաւոր ղեկավարի պաշտօնը, արձագանգած է որոշումին՝ նշելով, որ իր կատարած հաւանումը անուշադրութեան արդիւնք էր եւ ժամեր անց փոխած է իր մօտեցումը, բայց հաւանումը տարածուած էր, որովհետեւ տասնեակ օգտատէրեր Snapshot ըրած էին զայն եւ տեղադրած՝ Twitter-ի կարգ մը էջերուն վրայ:

Ինչ կը վերաբերի զօրավար Ալ Հաժի կատարած հաւանումին, այն կը պատկանէր լիբանանցի յայտնի բեմադրիչ՝ Շարպէլ Խալիլի կատարած գրառման: Խալիլ անդրադարձած էր Սէուտական Արաբիոյ իշխանութեանց կողմէ կանանց ինքնաշարժ վարելու տրուած իրաւունքին հեգնական շեշտով՝ յաւելելով, որ «սէուտցի կիներուն իրաւունք տրուած է վարել... միայն ականուած ինքնաշարժներ»:

Լրատուական աղբիւրներ եւ ընկերային ցանցերու աշխոյժ հետեւորդներ արձագանգած են զօրավար Հաժի իր պաշտօնէն հեռացման, տրուած որոշումը համարելով անարդար եւ անտեղի:

Կարգ մը աղբիւրներ, աւելի հեռուն երթալով պատճառաբանած են, որ զօրավարին պաշտօնէն հեռացուիլը հետեւանք է անոր եւ «Պետական անվտանգութեան» մարմնի ընդհանուր ղեկավար զօրավար Իմատ Օսմանին միջեւ առկայ լարուածութեան:

Զօրավար Հաժի պաշտօնանկութեան պատճառ եղած այս «պատմութեան» մէջ պէտք է ուշադրութիւն դարձնել այլ կարեւոր հանգամանքի մը, որ կապ ունի Հաժի այդ ցանցային «վարմունք»ը «վաւերագրելու» հետ, որուն մասնակիցներէն մին եղած էր դերասան Զիատ Իթանին: Այս առումով ալ քիչ չէ թիւը այն մարդոց, որոնք կը հաւատան, որ Իթանիի այդ «կեցուածք»ը պատճառ պիտի հանդիսանար, որ Հաժ «վրէժ պահէ» Իթանիին դէմ ու յետագային ալ ամէն ինչ ընէ «գործ սարքել»ու անոր գլխուն: Ի դէպ, Լիբանանի ապահովական մարմիններուն կողմէ հրապարակայնացուած տեղեկութիւններուն համաձայն, այս «պատմութեան» մէջ կայ կարեւոր «օղակ» մը, որ «տեղեկահաւաք մարմնի» անդամ մըն է, որ «ցանուած» է այս պատմութեան մէջ եւ նպաստած, որ Հաժի կատարած չարակամ արարքը քօղազերծուի: Դատական մարմիններ ներկայիս կը պատրաստուին դէմ դիմաց բերել Հաժն ու այդ «ցանուած» լրտեսը՝ յաւելեալ եւ մանրամասն տուեալներ ստանալու համար:

ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՐԾԻՔԸ «ԵՐԿՓԵՂԿՈՒԱԾ»

Զիատ Իթանիի ձերբակալութիւնը եւ ապա ազատ արձակուիլը նոյն «նրբութիւններ»ով չընկալուեցաւ հասարակութեան կողմէ: Մինչ որոշ խաւ մը դատապարտեց Իթանին, անդին ուրիշներ քննադատեցին (յատկապէս անոր ազատ արձակումէն ետք) դատական մարմիններուն մօտեցումները եւ Իթանիի դէմ ուղղուած մեղադրանքները:

Երբ Լիբանանի հասարակութեան մօտ առկայ երկուութեան կ՚ակնարկենք, ապա հաշուի պէտք է առնել, որ այսօր առկայ երկուութիւնը կապ ունի վերջին տասն տարիներուն երկրին մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան ու բաւական թէժ զարգացումներուն հետ: Օրինակի համար, կարելի է վստահօրէն ըսել, որ Լիբանանի հասարակութիւնը նախքան Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ 2006 թուականին շղթայազերծուած պատերազմը մէկ կարծիք ունէր, եւ այդ պատերազմէն ետք բոլորովին ուրիշ կարծիք: Այն առումով որ, լիբանանցիներուն համար նախապէս «Հիզպուլլահ»ը կը հանդիսանար ներլիբանանեան ազգային ուժ մը, սակայն մէկ կողմէ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի (2005թ.) սպանութիւնը, միւս կողմէ՝ 2008 թուականին երկրին մէջ կատարուած քաղաքական-ապահովական դէպքերը ստեղծեցին այնպիսի իրավիճակ մը, երբ «Հիզպուլլահ» կորսնցուց իր նախկին դիրքը եւ համալիբանանեան մարմին մը ըլլալէ դադրելով դարձաւ որոշ լիբանանցիներուն «ֆավորի» ուժը:

Անկէ ետք էր նաեւ, որ սկսաւ ակըն-բախ կերպով երեւելի դառնալ սիւննի-շիի հակամարտութիւնը, որուն հետեւանքով ալ Ռիատ եւ իր դաշնակիցները սկսան թիրախ դարձնել եւ որպէս «իրական թշնամի» ընդունիլ Թեհրանի ազդեցութեան տակ գտնուող «Հիզպուլլահ»ը:

Լիբանանեան «Ալ Ժատիտ» հեռուստակայանէն սփռուող «Լ՚իլնաշր» (իմաստը՝ «Հրապարակելի») յայտագիրը յատուկ թողարկում մը տրամադրեց ապահովական մարմիններուն կողմէ ձերբակալուած Զիատ Իթանիի մասին: Այդ յայտագրին ընթացքին հնչեցին կարեւոր փաստեր Իթանի հետ պատահածին եւ անոր իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան «որս» մը հանդիսանալուն մասին:

Այսպէս եւ ըստ ներկայացուած տուեալներուն՝ Իթանիի եւ իսրայէլացի կին գործակալի մը առաջին կապը տեղի կ՚ունենար 2014 թուականի առաջին ամիսներուն ընթացքին: Այդ օրերուն էր նաեւ, որ Իթանի ամուսնալուծուած էր ու ընկերային ցանցերուն մէջ «պտըտելու» ընթացքին կը ծանօթանար, ինքզինք որպէս շուէտացի ներկայացնող գեղեցկատես կնոջ մը հետ: Ատեն մը ետք Իթանիի եւ այդ կնոջ միջեւ կապերը կը բարելաւուին ու Քոլէթ Վիանվի անունը կրող կինը կը բացայայտէ, որ ինք կը գործէ Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեանց համար: Այդ խօսքէն եւ բացայայտումէն ետք Իթանի բաւական զարմացած ու վախցած կը յայտնէ, որ ինք կ՚ուզէ հրաժարիլ այս «խաղ»էն ու իր կապերը խզել կնոջ հետ, որ իր կարգին վերջինիս կը սպառնայ, որ եթէ այդ քայլին դիմէ, պիտի ստիպուի հանրայնացնել այն բոլոր ձայնագրութիւնները եւ տեսանիւթները, ուր ինք եւ Իթանի ունեցած են բաւական «մտերմիկ» պահեր ու կան բաւական «բաց» տեսարաններ:

Խօսքը անշուշտ «Ֆէյսթայմ»ի շնորհիւ կատարուած հեռախօսային կապերուն ու անոնց արձանգրուած տարբերակներուն մասին է, որոնց օգնութեամբ ալ Քոլէթ Վիանվի պիտի կարողանար խայտառակել եւ մինչեւ բանտ հասցնել Զիատ Իթանին: Անշուշտ այս փաստերը հանրութեան կը ներկայացուին հիմնուելով երկրի տեղեկահաւաքի բաժանմունքի գլխաւոր վարչութեան կողմէ, յատուկ կարգ մը լրագրողերու ուղարկուած դատաքննութեան լսումներու թեքստերուն հիման վրայ: 2015 թուականին արդէն պարզ կը դառնար, որ Իթանի ինկած էր ծուղակը, որմէ դուրս գալը բաւական բարդ էր, տրուած ըլլալով, որ Պէյրութի մէջ կը կատարուէին զգայացունց ձերբակալութիւններ ու արուեստագէտը մեծ մտավախութիւններ ունէր, որ կրնար նոյնպէս իյնալ ապահովական մարմիններուն ձեռքը:

Իթանի իր կատարած խոստովանութիւններուն ընլացքին խօսած է իսրայէլացի կնոջ «պահանջներ»ուն մասին՝ նշելով, որ Քոլէթ Վիանվի անկէ խնդրած է. նախ կապ հաստատել երկրի հանրային ոլորտի գործիչներու եւ մամլոյ խօսնակներու հետ, ապա անոնց հետ մտերմանալէ ետք կապ հաստատել անոնց վերադասին ու բարձրագոյն մակարդակի գործիչներու հետ:

Հետապնդման ենթարկուողներու շարքին եղած են տասէ աւելի լրագրողներ, ինչպէս նաեւ սիւննի երհօ ազդեցիկ գործիչներ՝ Լիբանանի Ներքին գործոց նախարար Նուհատ ալ Մաշնուք եւ վարչապետ Հարիրիի մերձաւոր եւ «Ալ Մուսթաքպալ» կուսակցութեան երիտասարդ առաջնորդներէն՝ Ահմատ ալ Հարիրի:

Աւելի ուշ յստակ պիտի դառնայ, թէ ի՞նչ հիմքերու վրայ կը գործէր Իթանին, ի՞նչ միջոցներով իր «պատուիրատուի»ին կը հասցնէր իր հաւաքագրած տեղեկութիւնները եւ ի վերջոյ ի՞նչ էր անոր գլխաւոր թիրախն ու նպատակը: Այս բոլորը անշուշտ լրտեսական տեսաֆիլմի մը մանրամասնութիւնները չեն, այլ անոնք Իթանիի բերնէն ելած տեղեկութիւններ են, որոնք նաեւ կը ներկայացնենք Արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան մէկ նուրբ երեսակը, որուն մասին ալ միշտ չէ, որ կարող ենք տեղեկութիւններ ստանալ:

Ամէն պարագայի տակ, այս բոլորը նաեւ կը մատնեն, որ հակառակ կարգ մը արաբական տէրութեանց Իսրայէլի հետ բնականոնացման երթալու փորձերուն, տակաւին կայ եւ գոյութիւն ունի ընդդիմադիր եւ բուռն ճակատ մը, որ դէմ է Թել Աւիւին հետ նոր էջ մը բանալու բոլոր տեսակի փորձերուն:

Սակայն յստակ է, որ Զիատ Իթանիի «հարց»ը ունի ներքին շերտեր, որոնք կրնան «քակուիլ» յառաջիկայ փուլերուն:

Յստակ ալ չէ տակաւին, որ իրօք զօրավար Հաժ մասնակիցն ու «յօրինո՞ղ»ն է այս պատմութեան, որովհետեւ Լիբանանի նման երկրի մը մէջ առկայ բոլոր տուեալները կրնան մէկ գիշերուան մէջ «շրջուիլ» ու «մեղադրեալ»ը վերածել «զոհ» գացած մէկու մը, իսկ խնդրին «վերահսկել»ու կոչուած վերադասը իրական զոհի:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 26, 2018