ԹՈՒՐՔԻԱ-ԵՄ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐԸ (2)
Կարգ մը վերլուծաբաններ կեղծ կը համարեն որեւէ շրջանի Թուրքիոյ տնտեսական աճը եւ անով, այսպէս ըսած, հրապուրումը Եւրոմիութիւնը։ Այդ վերլուծաբանները ամէն պարագայի շեշտը կը դնեն նաեւ Թուրքիոյ Եւրոպայէն կախուածութեան վրայ, հետեւաբար համահաւասար չեն համարեր Թուրքիա-ԵՄ փոխադարձ տնտեսական շահը եւ կը պնդեն, որ Թուրքիոյ ԵՄ-ին անդամակցելու միտումը կրնայ համարուիլ տնտեսական շահու համար, որովհետեւ այդ մէկը երկրին կ՚ապահովէ աւելի բարգաւաճում՝ ԵՄ-ի հաշւոյն:
2- Թուրքիա-ԵՄ համագործակցութիւնը ունի աշխարհաքաղաքական բովանդակութիւն՝ նկատի ունենալով Ռուսաստան-Արեւմուտք յարաբերութիւնները եւ Թուրքիոյ դիրքը իբրեւ ՆԱԹՕ-ի անդամ ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դաշնակից: Թուրքիա միշտ նշանակալից դեր ունեցած է Արեւմուտքին համար ու ան կը շարունակէ տարածաշրջանային կարեւոր դերակատար հանդիսանալ։ Այս կապակցութեամբ Թուրքիա-ԵՄ համագործակցութիւնը որքան ալ գնահատուի իբրեւ տնտեսական, Անգարայի Արեւմուտքին մատուցած այսպէս ըսած ծառայութիւնները կազմած են մեծ քաղաքական խաղաքարտ՝ նոյնինքն տնտեսական շահեր ապահեվելու առումով՝ մանաւանդ ԱՄՆ-ի կողմէ ի դիմակայութիւն Ռուսաստանին կամ նոյնիսկ Չինաստանին: Պարզ քաղաքական թուաբանութեամբ Թուրքիա միշտ սակարկութեան վերածած է իր քաղաքական դերը. օրինակ՝ «Արաբական գարնան» պարագային անոր վարած քաղաքականութիւնը եւ այլն: Արդարեւ, կարելի է նկատել, որ Թուրքիոյ հիմնական նպատակը ԵՄ մուտք գործելն է՝ նոյնինքն ԱՄՆ-ի ռազմավարական դաշնակցութեան ընդմէջէն: Եւրոպան (ներկայիս իր ԵՄ-ի կառոյցով) չունի այն համոզումը, որ Թուրքիան կրնայ համարկուիլ ու միաձուլուիլ ԵՄ-ի ընտանիքին մէջ:
3- Թուրքիա-ԵՄ մշակութային համագործակցութիւնը կը գտնուի շատ ցած մակարդակի վրայ եւ առկայ է հսկայ բաց մը մշակութային եւ ընկերային արժէքներու գնահատման ու կիրառման մէջ եւ այս բոլորը կ՚ազդեն անոնց յարաբերութիւններուն վրայ:
ԵՄ կը յամառի Թուրքիան չընդուիլ իր ընտանիքի կազմին մէջ, սակայն Թուրքիան արդէն Եւրոպայի տարածքին ունի շուրջ 7 միլիոն սփիւռք մը, որ արդէն եւրոպականացած է։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•վերջ
Երեւան