ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Սուտ խօսելու մասին խօսա՞ծ է Առակագիրը:
Պատասխան. Այո: Հետեւեալ հետաքրքրական միտքը կը կարդանք Առակացին մէջ. «Ստութեան հացը մարդուն ախորժելի է, բայց ետքը անոր բերանը խիճով պիտի լեցուի» (Առ 20.17):
Մարդիկ կրնան որոշ ժամանակ մը սուտ խօսելով, խաբելով յաջողութեան հասնիլ, հարստութիւն ձեռք բերել, բայց ժամանակ ալ կու գայ, որ մարդիկ այդ տեսակի մարդոց կը նային այնպէս՝ կարծէք անոնց բերանին մէջ խիճ ըլլայ:
Ժողովրդական առածը կ՚ըսէ. «Սուտին պարան կարճ կ՚ըլլայ». այսինքն՝ մարդ ինչքան ալ իր սուտը փորձէ պահել, պահ կու գայ երբ այդ սուտը կը հրապարակուի, եւ հրապարակուելէ ետք այդ մարդուն վիճակը վատ կ՚ըլլայ:
Աւետարանը գաղտնի եղող բաներու մասին, որոնցմէ մէկը կարելի է համարել նաեւ ստութիւնը, կ՚ըսէ. «Չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ ոչ ալ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի: Որովհետեւ ինչ որ մութին մէջ կ՚ըսէք՝ օր ցերեկով պիտի լսուի, եւ ինչ որ առանձին սենեակի մէջ իրարու ականջին կը փսփսաք՝ տանիքներէն բարձրաձայն պիտի քարոզուի» (Ղկ 12.1-3): Հետեւաբար, մարդ ինչքան ալ փորձէ ծածկել կամ գաղտնի պահել իր արարքները, այս պարագային՝ իր ստութիւնը, ապա ժամանակ պիտի գայ եւ ամէն բան պիտի յայտնուի:
Ղեւտացւոցին մէջ Աստուած կը հրահանգէ Իր ժողովուրդին. «Գողութիւն մի՛ ընէք. սուտ մի՛ խօսիք եւ իրար մի՛ խաբէք» (Ղւ 19.11):
Տասը պատուիրաններէն իններորդը սուտ վկայութեան մասին է: Տէրը կը թելադրէ. «Քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ» (Ելք 20.16): Լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանը այսպէս կը բացատրէ այս պատուիրանը.
* «“Վկայութիւն” բառը առաջին հերթին կապ ունի դատական մարզին հետ: Վկայութիւն կարելի է տալ նաեւ Օրէնքի սահմանէն դուրս, պարզ մարդոց ներկայութեան՝ երբ ուրիշի մասին կը խօսինք: Բայց հոս երկու-երեք հոգիի միջեւ խօսակցութեամբ պարզ զրպարտութեան կամ բամբասանքի մասին չէ, որ կը խօսի, այլ՝ այն վկայութեան, որ օրէնքին դիմաց կը տրուի: Աստուած հոս բոլոր մարդոց կը յորդորէ իրենց վկայութիւններն արդարութեամբ, ոչ-սուտ, ճշմարտացի տալ, որովհետեւ այդ վկայութիւնը կրնայ ուրիշներու նոյնիսկ կեանքը առնել, ուրիշներու մահուան կամ սպանութեան պատճառ դառնալ՝ քիչ առաջուան բոլոր իմաստներով: Վկայութիւնը պատասխանատուութիւն է, իսկ սուտ վկայութիւնը՝ Աստուծոյ դէմ գործուած յանցնաք: Աստուած վրէժխնդիր կ՚ըլլայ բոլոր սուտ վկաներէն, որոնք ուրիշներու վնասուելուն պատճառ կը դառնան» («Հնգամատեանի մեկնութիւն», Երեւան, 2019, էջ 204-205):
Դաւիթ մարգարէն այսպէս կ՚ըսէ. «Ստութիւնը ատեցի ու անարգեցի, բայց Քու օրէնքդ սիրեցի» (Սղ 119.163): Այս համարը կարդալով պարզ պէտք է դառնայ մեզի, թէ եթէ կը ստենք, ապա չե՛նք կրնար Աստուծոյ կամքին մէջ ըլլալ: Որպէսզի Աստուծոյ կամքին մէջ ըլլանք, աւելին՝ որպէսզի Անոր հաճելի կեանքով ապրինք ու մեր հոգին փրկութեան արժանացնենք, պէտք է մարգարէին նման ստութիւնը ատենք ու անարգենք եւ Տիրոջ օրէնքը սիրենք:
Նոյն Առակաց գիրքին մէջ կը հանդիպինք հետեւեալին. «Սուտ շրթունքը Տիրոջ զզուելի է» (Առ 12.22): Եւ. «Արդարը սուտ խօսքը կ՚ատէ» (Առ 13.5) [այս երկու համարներուն մասին անդրադարձած ենք նախորդող թիւերուն մէջ]: Առակաց 17.7-ին մէջ ալ հետեւեալը կը կարդանք. «Ընտիր խօսքը անզգամին չի վայելեր, ո՜րչափ աւելի ստախօս շրթունքը՝ ազնուականին»:
Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ Տէրը սուտ խօսղներուն համար կ՚ըսէ, թէ անոնք սատանային զաւակներն են. «Դուք ձեր հօր՝ սատանային զաւակներն էք եւ անոր ցանկութիւնները կատարել կ՚ուզէք: Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր եւ ճշմարտութեան կողմնակից չէ եղած բնաւ, որովհետեւ անոր մէջ ճշմարտութիւն չկայ: Երբ սուտ խօսի՝ իր նկարագարիրը ցոյց կու տայ, քանի որ ստախօս մըն է եւ սուտին հայրը» (Յհ 8.44): Պարզ եւ յստակ. բոլոր անոնք որոնք սուտ կը խօսին, այդիսպով իրենք զիրենք սատանային զաւակ կը դարձնեն ու կը դառնան անոր կամակատարերն ու մունետիկները…:
Գործք Առաքելոցին մէջ արձանագրուած է հետաքրքրական դէպք մը, կապուած Անանիա անունով մարդու մը եւ անոր կնոջ՝ Սափիրայի ստութեան մասին: Արդարեւ, այս զոյգը իրենց արտը կը ծախեն եւ ստացած գումարին մէկ մասը կը պահեն եւ մացեալը Անանիան կը բերէ առաքեալներուն: Պետրոս առաքեալը կ՚ըսէ Անանիային.
«-Անանիա՛, ինչո՞ւ սատանային փորձութեան տեղի տուիր եւ յանդգնեցար Սուրբ Հոգին խաբել՝ արտին դրամին մէջէն մաս մը վերցնելով: Որքան ատեն որ չէիր ծախած՝ քուկդ չէ՞ր. ծախելէդ ետքն ալ կրնայիր զայն քեզի պահել: Ի՞նչ պէտք ունէիր այս խաբեբայութիւնը խորհելու. ո՛չ թէ մարդիկը, այլ զԱստուած փորձեցիր խաբել» (Գրծ 5.3-4): Գործքին հեղինակը ապա կը նկարագրէ, թէ ինչպէս Անանիա այս խօսքերը լսելէ ետք անմիջապէս կը մեռնի ու կը տանին եւ կը թաղեն զինք (տե՛ս Գրծ 5.5-6): Մի քանի ժամ ետք անոր կինը մտահոգուելով իր ամուսինին մասին, առաքեալներուն մօտ կու գայ: Պետրոս անոր հետ կը խօսի ու կը հարցնէ.
-Ըսէ՛ ինծի, ա՞յս գինով ծախեցիք արտը:
Սափիրա պատասխանեց.
-Այո՛, այդ գինով:
Այն ատեն Պետրոս ըսաւ.
-Ինչո՞ւ ամուսինդ եւ դուն որոշեր էք Տիրոջ Հոգին փորձել: Ահա անոնք՝ որոնք ամուսինդ տարին թաղեցին՝ դռան քով կեցեր են. քեզ ալ պիտի տանին (Գրծ 5.9): Գործքին հեղինակը կը նկարագրէ, թէ Սափիրան եւս Պետրոսի խօսքերը լսելէ անմիջապէս ետք կը մեռնի ու զինք եւս կը տանին ու կը թաղեն (տե՛ս Գրծ 5.10-11):
Այս դէպքին մէջ երկու հիմնական կէտեր կան.
ա. Ստելը խորքին մէջ ո՛չ զԱստուած խաբել է:
բ. Ստելը միաժամանալ զԱստուած փորձել է:
Մարդ երբ մտածէ սուտ խօսելու մասին, այս երկու կէտերուն մասին պէտք է մտածէ, նոր միայն համարձակի բերանը բանալ: Ճիշդ է ներկայիս անմիջական պատիժ չեն կրեր ստախօսները, բայց Աստուած զանոնք առանց վարձատրութեան պիտի չթողու, մանաւանդ եթէ չզղջան ու չապաշխարեն:
Պօղոս առաքեալ եփեսացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ այսպէս կը թելադրէ. «Որեւէ տգեղ խօսք չելլէ՛ ձեր բերանէն: Խօսեցէք միայն ինչ որ պէտք է, ինչ որ բարի է՝ ուրիշներուն հաւատքը ամրապնդելու համար, որպէսզի լսողները Աստուծոյ շնորհքովը լեցուին» (Եփ 4.29): Իսկ ստութիւնը ո՛չ միայն տգեղ է, այլ՝ ինչպէս վերը՝ Առակացին մէջ կարդացինք, սուտ շրթունքը Աստուծոյ համար զզուելի է:
Կողոսացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ նոյն առաքեալը կը պատուիրէ. «Սուտ մի՛ խօսիք իրարու» (Կղ 3.9):
Զգուշանալ է պէտք եւ ստութեան թեթեւակի պէտք չէ մօտենալ: Շատեր կան, որոնք տարբեր ու բազմապիսի պատճառաբանութիւններով կ՚արդարացնեն իրենց ստութիւնը, ըսելով թէ այդպիսով մէկու մը կեանքը փրկած են, միւսի մը գործին յաջողութեան նպաստած են, ուրիշի մը բանտարկութենէ ազատած են…: Այս բոլորը սիրելիներ մարդկային անհիմն պատճառաբանութիւններ են, որոնք ո՛չ մէկ արդարացում ունին: Ստութիւնը եթէ մէկ կողմին ի նպաստ կ՚ըլլայ, վստահ պէտք է ըլլալ, թէ այդպիսով ուրիշի մը վնաս պատճառած կ՚ըլլանք, որով պէտք է շա՜տ ուշադիր ըլլանք: Ուշադիր ըլլալու համար ալ, պէտք է Տէր Յիսուսի խրատին հետեւինք, թէ՝ պարզապէս ձեր Այոն Այո թող ըլլայ եւ Ոչը՝ Ոչ: Անկէ աւելին չարէն կու գայ (Մտ 5.37):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 87
Վաղարշապատ