ՏԱՒՈՒՇ. ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԻՄԱ, ԵԹԷ…
Շատ քիչեր պիտի տան այն էական հարցումը, որ կը վերաբերի Հայաստանի Տաւուշի մարզի սահմանակից շրջանի իրադարձութիւններուն, որոնք կը համարուին սպասելի։ Նախքան նիւթին մէջ խորանալը, անշուշտ, հարկ է յիշեցնել, որ Տաւուշի մարզը 2020 թուականի պատերազմի փուլէն միայն ամիսներ առաջ դարձած էր ռազմական գործողութիւններու հանդիսավայր։ Հոն էր նաեւ, որ Հայաստանի նախկին պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հպարտառիթ յայտարարած էր «Նոր պատերազմ, նոր տարածքներ» տեսութեան մը մասին, որուն որքան անհիմն ըլլալուն մասին օրին ոչ ոք կրնար մտածել։ Կռահելու եւ մտածումի ժամանակ մը չէր։ Հայաստանի հասարակութեան պատկառելի տոկոսը տարուած էր «յեղափոխութեան» բերած բարիքներէն, տեղի կ՚ունենային արագ եւ աշխոյժ պաշտօնի փոփոխութիւններ եւ անոնց կարեւոր ջրատար երակներէն մին պէտք է հասնէր բանակին։ Օրին բազմաթիւ վերլուծաբաններ նոյնիսկ գրած էին, որ Ատրպէյճան այդ ռազմական գործողութիւնները կարճի կապած էր՝ պարզապէս իր ուզածները ունենալէ ետք։ Հասկնալ հայկական կողմի ընդհանուր վիճակը, հասկնալ բանակի կարողութիւնները, ըմբռնել բանակի հակազդելու ներուժը եւ այդ բոլորը հաւաքել մեծ պաստառի մը վրայ՝ ունենալու համար հայկական բանակի ընդհանուր պատկերը։
Ճիշդ է, որ Տաւուշը այդ ժամանակ Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան համար այդքան ալ առաջնային դիրք ու կարեւորութիւն չունէր՝ Արցախի նման։ Ի հարկէ, կարեւոր էին սահմանները, բայց Երեւան կը յենուէր նախկին իրադրութիւններուն վրայ ու պարզապէս կը խորհէր, թէ հայ ժողովուրդին համար հիմնական ճակատը դարձեալ ու դարձեալ Արցախն է։ Դէպքերը այնքան արագ ընթացան, որ ոչ ոք մտածեց, թէ ինչո՛ւ Ատրպէյճան բաւականացաւ պարզապէս քանի մը օրուան պայքարով, որուն տեւողութեան վստահօրէն երկու կողմերը ունեցան փոքրաթիւ կորուստներ։ Այդ ժամանակ բացուած վէրքերը չբուժուեցան, մնացին բաց ու այսօր ահա՛ այդ դէպքերէն գրեթէ չորս տարի անց անգամ մը եւս Տաւուշը կը հանդիսանայ հիմնական կիզակէտ մը, որուն շուրջ ալ կրնան կառուցուիլ մօտաւոր ապագայի հաւանական բոլոր մակարդակի իրադարձութիւնները։
ԱՐՏԱՔԻՆ ԱԶԴԱԿՆԵՐԸ ՀԻՄՆԱՐԱՐ
Խօսելով հաւանական իրադարձութիւններուն մասին՝ արդէն փաստացի դրոյթ մըն է, որ որեւէ օրակարգի պարագային հիմնարար խաղացողները կամ աւելի յստակ ըսուած՝ հանգամանքները ներքինները չեն։ Այսինքն, Երեւանի հրապարակները առաջուան հմայքը չունին, քաղաքական նոր ճանապարհ մը, դրոյթ մը, ձեւ մը փոխելու ներուժէն զուրկ են։ Թերեւս մօտաւոր անցեալին ունեցած ըլլան, ինչ խօսք, սակայն, այսօր չունին։
2018 թուականին, երբ հազարաւոր քաղաքացիներ Երեւանի փողոցները մէկիկ-մէկիկ փակեցին, չէին մտածեր, թէ իրենց այդ քայլով պահու մը համար Երեւանը՝ որպէս քաղաքական գոյակցութիւն կամ քաղաքական մարմին, կեդրոնական իրադարձութիւններու թատերաբեմ ընելէ անդին՝ կը դարձնէին նաեւ մագնիս մը տարածաշրջանային նոյնիսկ միջազգային մեծ շահերու, բախումներու, պայքարներու եւ անհաշտ վիճակներու։ Այդ բոլորը առաջնորդեցին նոր մակարդակի հասունացման մը, որ տեղի ունեցաւ արիւնով ու մահով։
Արեւելքին համար (Արեւելք ըսելով, անշուշտ, պէտք է հասկնալ Ռուսաստանի ուրոյն եւ իւրայատուկ մարմին-գոյութիւնը, որ ցայսօր ալ կը շարունակէ մնալ Հարաւային Կովկասի թելադրող ուժերէն մին) տանելի չէր եղած ու մերժելի՝ բոլոր առումներով։ Ըսուած էր, չէ՞, Ռուսաստանի նախագահը 2020 թուականի պատերազմի օրերուն յայտարարած էր, որ գունաւոր յեղափոխութիւնները երբեք ալ սիրելի չեն եւ նոյնիսկ մերժելի են՝ Երեւանի սրտի դէպքերը համարելով օրէ օր աճող հակառուսականութեան մը ամենավերջին կամ այս պարագային՝ ամենաառաջին երաժշտութեան մը խազը։ Նոյն խօսքերուն հետեւութիւն մը տալու ճիգով, անշուշտ, հարկ է յիշատակել Հայաստանի երրորդ նախագահին խօսքերը։ Սերժ Սարգսեան առիթով մը եւ բաւականին թելադրական ոճով յայտարարծ էր, թէ ինք պարտուեցաւ օտար ուժերուն։
Այս բոլորը մէկդի, հասկնալով նաեւ այն իրավիճակը, որուն մէջ այսօր Հայաստանը կը տապլտկի, յառաջիկայ իրադարձութիւններուն հիմնական թելադրողը այլեւս Երեւանը պիտի չըլլայ, ցաւօք, ոչ ալ Մոսկուան։ Ու այս վիճակին մէջ նաեւ կարելի կ՚ըլլայ հասկնալ ու ճիշդ բնութագրել այն հիմնարար վարկածները, որոնք կերպով մըն ալ կը բանան ու մարմին կու տան Տաւուշի եւ Տաւուշի սահմանային շրջաններու խօսակցութիւններուն։
Այս կէտին վրայ նկատելի կը դառնայ նաեւ, թէ ի՛նչ հանգամանքներու բերումով կը նահանջէ Սիւնիքի օրակարգը, որ ընդամէնը միայն ամիսներ առաջ կը համարուէր ուշադրութեան կեդրոն եւ իրադարձութիւններու կիզակէտ։ Այս բոլորը միայն Ատրպէյճանի կողմէ չեն թելադրուիր։ Իրան կը թելադրէ, որ Սիւնիքը հեռու մնայ իրադարձութիւններու բովէն։ Թեհրան խօսքը լսելի կը դարձնէ Պաքուի եւ Անգարայի ճանապարհով։
Ու այս մեծ յորձանուտին մէջ երեւելի կրնայ դառնալ, որ Ատրպէյճան կրնայ մինակ մնալ իր պայքարին մէջ՝ ընդդէմ Հայաստանի։
Ի հարկէ, շատ աւելի խորքային հայեացքով մը կարելի է խօսիլ Երեւանի պաշտօնական տեսակէտներուն ու կեցուածքներուն մասին, որոնք հիմնուած են վախի, ամէն գնով խաղաղութիւն մը հաստատելու, տկարութեան եւ պատերազմի մէջ պարտուածի հոգեբանութեան վրայ։ Ի հարկէ, շատ հեշտ է առարկել այսօրուան իշխանութիւններուն մօտեցումներուն դէմ, բայց այդպէսով հարցերու լուծումը անհնար է։
Ժամանակ շահելու միտում մը կայ, ջատագովը Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններն են, սակայն, ամէն պահ կրնան դէմ յանդիման մնալ մտահոգիչ իրադարձութիւններու։ Մէկ կողմէ, ռուսին հետ քէնի մթնոլորտով ապրելու եւ գոյակցելու, իսկ միւս կողմէ Արեւմուտքի եւ Եւրոպական Միութեան վրայ գրաւներ դնելու ոչ-հասուն մօտեցումները Հայաստանի վիճակը դարձուցած են աւելի մտահոգիչ։
Ինչ խօսք, որ Կովկասի համար նոր համաձայնութիւններու եւ նոր հնարաւորութիւններու փուլ մը կրնայ բացուիլ, բայց եւ այնպէս, այսօրուայ ընդհանուր իրականութիւնը մեծապէս մտահոգիչ է եւ այդ մտահոգութեանց սառցալեռը բնականաբար Տաւուշն է, որ բոլոր առումներով կրնայ նոր վէրքերու բոյն մը դառնալ Հայաստանի տեսակէտէ։
Եթէ…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան