ԻՐԱՆ-ԻՍՐԱՅԷԼ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ. ՎԱՐԱԳՈՅՐԸ ՓԱԿՈՒԱԾ Է «ՍՈՒՐԻՈՅ ԱՐԱՐԷՆ» ԵՏՔ

Իսրայէլ-Իրան շատ լուրջ ներկայացուած դիմակայման այս փուլն ալ արդէն կը պատկանի անցեալին։ Իսրայէլ մեծ գոհանակութեամբ հարուածեց Սպահանի ոչ-կորիզային զօրակայան մը, ուր, ըստ Իսրայէլի բեմագրութեան, կը գտնուին դէպի Իսրայէլ արձակուած Իրանի հրթիռներուն եւ անօդաչուներուն կայանքները։ Իսրայէլ գոհ է արդիւնքներէն՝ հակառակ անոր, որ որեւէ հետեւանք չեն թողած այդ հարուածները։

Միւս կողմէ, Իրանի պաշտօնական եւ ոչ-պաշտօնական խօսնակները հերքելով կը հերքէին, որ գրոհի չեն ենթարկուած եւ Սպահանի մէջ որեւէ արտակարգ վիճակ չկայ, աւելի վերջ յայտարարեցին, որ Սպահանը ենթարկուած է յարձակման եւ այդ մէկը եղած է «երկրի ներսէն»՝ յաւելելով, որ Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը շատ լաւ կերպով աշխատած ու վար առած են «կասկածելի կարգ մը մարմիններ»։ Մէկ խօսքով՝ Իրանն ալ գոհ է։

Մինչեւ հիմա որեւէ արտառոց բան չկայ, բացի անկէ, որ երկու կողմերը գոհ են եւ համերաշխ, իսկ միջազգային լրատուամիջոցներ, որոնք ինքնակամ կերպով Իրանի բերանը ըլլալ կը ջանան՝ յայտնած են, որ Իսրայէլ փակած է Իրանի հետ հարուած-հակահարուած խաղը եւ այս փուլին բաւարարուած է այդքանով։ Գոհ է նաեւ խաղի կանոններուն իսկական տէրն ու տիրականը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, որուն համար մանաւանդ ներկայիս եւ բոլոր առումներով արգիլուած է, որ այս երկու ոխերիմ թշնամիները մեծ բախումի մը երթան։ Անոնք թշնամի են, բայց բոցավառ կրակէն կարմրած ածուխները հանելու գործը իրենցը պիտի չըլլայ։ Կայ ու կայ Լիբանանի «Հիզպուլլահ»ը։ Կան Եէմէնի՝ հուսիները (Անսար Ուլլահ)։ Կան Իրաքի «Հաշտ Շապհի»ի ջոկատները ու կան տակաւին ուրիշներ, որոնց մասին այս պահուն շատ բան չենք գիտեր։ Կանոնական այս խաղը նորութիւն մը չէ, ի հարկէ, սակայն ներկայ փուլի դէպքերը ցոյց կու տան, թէ իրադրութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած ԱՄՆ-ը կը շարունակէ խաղի բոլոր կանոնները թելադրել։

Այս բոլորին դիմաց, ի հարկէ, արաբական աշխարհի տէրերն են, որոնք շատ լաւ կը գիտակցին, թէ Իրանը հրէշացնելու ելած կողմերուն հետ պէտք է վարուիլ համահունչ կերպով ու չտրուիլ սադրանքներու։ Ռիատ-Թեհրան գիծը, որ վերջին աւելի քան մէկ տարուան ընթացքին համարուեցաւ բաց, այսօր կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ՝ պայմանաւ, որ Ուաշինկթըն մարսէ Ռիատի կողմէ հաւասարաչափ եւ «բոլորը բարեկամներս են» ձեւաչափը յառաջ տանելու մարտավարութիւնը։

Ամէն պարագայի, Իրանի հարուածէն եւ Իսրայէլի հակահարուածէն ասդին Մերձաւոր Արեւելքը պիտի մտնէ նոր փուլ մը, որուն մէջ «մեծ պատերազմ» բառը ընդհանրապէս գոյութիւն չունի։ Իսրայէլ գոհ է, Իրան գոհ է, իսկ ԱՄՆ-ի վարչախումբը ամէն ինչ պիտի ընէ ընտրութիւններէն առաջ իր դիրքերը ուժեղացնելու նպատակով։ Ի հարկէ, դեռ պարզ չէ, որ ԱՄՆ-ի վարչախումբը տակաւին ի՛նչ մեթոտներ գործի պիտի լծէ յստակ առաւելութիւններ կամ միաւորներ կուտակելու համար։ Այդ առումով ալ կան քանի մը բեմագրութիւն, որոցմէ կարելի է առանձնացնել Իսրայէլը կամ Նեթանիյահուն պատժելը, Իսրայէլի ձեռքով Լիբանանը հարուածելու ընտրանքը, Կարմիր ծովու հարցերը լուծելը կամ Եէմէնի ապստամբներուն հետ լեզու գտնելը։

Վերադառնալով վերջին իրադարձութիւններու հիմքին, որ ընթացք առաւ այն պահուն, երբ Իսրայէլ հարուածեց Դամասկոսի մէջ Իրանի հիւպատասարանն ու անոր յարակից հիւպատոսի բնակարանը։ Կարելի է եզրակացնել, որ Իսրայէլի այդ հարուածը հող պատրաստեց, որ իրանցիք, որ այս խաղին հիմնական անդամներէն են, ունենան շատ աւելի տարողական մասնակցութիւն՝ իրենց ստորագրութիւնը դնելու գործընթացներուն վրայ։

Անօրինակ էր Իրանի հարուածը, որ զանազան առումներով ալ բաւականին ծաւալուն նիւթի առանցք հանդիսացաւ միջազգային մամուլին համար։ Այս առթիւ «Le Figaro»ն կատարեց «Իրանի յարձակումը ահռելի ռազմավարական յաջողութիւն է բոլոր առումներով» խորագրեալ կարեւոր հրապարակում մը, որու մէջ շեշտուած է, թէ Իսրայէլի «անձեռնմխելի պետութեան» օրինակը արդէն աւարտած է Իրանի կողմէ կատարուած յարձակումէն ետք։

Ըստ հաղորդման, Իսրայէլ «անձեռնմխելի պետութեան» ռազմավարութիւնը որդեգրած է իր բոլոր պատերազմներուն ընթացքին՝ 2006 թուականէն ի վեր։ Իսրայէլ այդ ռազմավարութիւնը որդեգրած է (ի դէպ այդ ռազմավարութիւնը կը կրէ «Հարաւի արուարձան» անուանումը) 2006 թուականին Լիբանանին դէմ մղուած «յուլիսեան պատերազմ»ին ժամանակ, երբ Պէյրութի հարաւային արուարձանը համակարգուած կերպով ոչնչացուեցաւ։ Այդ ռազմավարութեան հիմքին կար ոչ-համաչափ կրակային ուժի կիրառում եւ հարուածի տակ մնացած ամբողջ շրջանի ենթակառուցուածքը հողին հաւասարեցնելու դիտաւորութիւն՝ նպատակ ունենալով ժողովուրդը ստիպել ղեկավարութեան դիմադրութեան մօտեցման գինը վճարել եւ կերպով մըն ալ ստեղծել ներքին ըմբոստութիւն։ Իսրայէլի վրայ յարձակումէն ետք անձեռնմխելի, յարգուած եւ վախազդու պետութեան պատկերը, իր հերթին, բարակ թելէ կախուած է։ 7 հոկտեմբերին «Համաս»ի ուղիղ յարձակումէն դեռ տարի մը չանցած արդէն երկրորդ յարձակումը տեղի կ՚ունենայ եւ Իսրայէլի թշնամիներէն շատեր արդէն կը հատեն դժուարին սահմանները՝ անտեսելով հաւանական հետեւանքները. եւ այս անգամ հերթը Իրանինն է:

Յօդուածին մէջ շեշտուած է, թէ Իրանի հարուածէն ետք Թել Աւիւ կիրակի առաւօտեան արթնցած էր մռայլ եւ միլիոնաւոր իսրայէլացիներ անքուն գիշեր մը անցուցած էին՝ անօդաչու թռչող սարքերու եւ պալիստիք հրթիռներու պայթումներուն հետեւանքով։ Իսրայէլացիները միամիտ չեն եւ իրենց կառավարութեան նկատմամբ անոնց վստահութիւնը արդէն սահմանափակ է: Ներկայիս խնդիրը շատ աւելի կարեւոր է՝ քան Իրանի տարածքէն Իսրայէլի ուղղութեամբ 200 հրթիռի արձակուիլը։ Իսրայէլն ու ամերիկացիները պէտք է արագօրէն իրենց ոտքերը գետին դնեն՝ փոխանակ շարունակելու կուրօրէն հաւատալ իրենց անպարտելիութեան։ Իսրայէլ երբեք այս աստիճանի անվտանգութեան սպառնալիք չէ ապրած իր հիմնադրումէն եւ ԱՄՆ-ի անվերապահ նեցուկէն ի վեր։

Պենիամին Նեթանիյահուն կը հաւատար, որ ինք պիտի ներկայանար որպէս «նոր Գողիաթ», որմէ պիտի վախնար ամբողջ տարածաշրջանը 7 հոկտեմբերէն ետք. սակայն Նեթանիյահուն այժմ այն մարդն է, որուն իշխանութեան օրով Իրան առաջին անգամ ըլլալով անվախօրէն հարուածեց Իսրայէլը: Իրան, անկախ իր միջուկային ծրագիրէն, ռազմական առումով Պարսից ծոցին մէջ առաջին տէրութիւնն է եւ երկրի բանակը տարածաշրջանի ամենաուժեղներէն է՝ 350 հազար զինուորով եւ 350 հազար պահեստային զինուորներով։ Թէեւ Իրան աւանդաբար կը քննադատուի իր բանակի թուլութեան համար, սակայն Իսրայէլին ուղղուած հարուածը ամբողջութեամբ վերափոխեց խաղաքարտերը. պատահածը բացարձակ յաջողութիւն է Թեհրանի համար։ Իրան յստակօրէն ցոյց տուաւ իր կարողութիւնը՝ յարձակումը դարձնելով լայնածաւալ փորձութեան: Իրան ոչ մէկ թուլութիւն ցոյց տուաւ, այլ ընդհակառակը՝ ցուցադրեց անհաւանական ուժ: Իրանի յարձակումը ահռելի ռազմավարական յաջողութիւն էր բոլոր առումներով, Իսրայէլ այլեւս միակը չէ, որ խորապէս կը վախնայ Իրանէն, այլ կան նաեւ արեւմտեան եւ արաբական մայրաքաղաքներ, որոնք լիովին հասկցան յղուած ուղերձը։

«Հինգ տարիէն պակաս ժամանակամիջոցի մը մէջ Ռուսաստան, Չինաստան եւ այժմ Իրան ապացուցեցին, որ Արեւմուտքը հետզհետէ աւելիով անդունդի եզրին կը մօտենայ՝ սկսեալ Իսրայէլէն եւ մենք պէտք է այդ մասին մտածենք եւ ահազանգենք», եզրափակուած է յօդուածին մէջ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024