ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՀՐԱՏ ՄՈԼՈՐԱԿԻ ՀԱՄԱՐ ՈՒՂՂԱԹԻՌ
ՆԱՍԱ-ն Շաբաթ օր յայտնեց, որ կը մտադրէ 2020 թուականին Հրատ մոլորակ ուղղաթիռ ուղարկել:
Գործակալութեան մասնագէտները սարքին վրայ աշխատած են չորս տարի: Սարքը սոֆթպոլի գնդակի չափ է եւ կը կշռէ 1.8 քիլօկրամ:
Սարքը հեռակառավարուող է եւ կը գործածուի ուսումնասիրելու այնպիսի շրջաններ, ուր Հրատ ուղղուող տիեզերանաւը չի կրնար մուտք գործել:
Տիեզերանաւը ուղղաթիռին հետ Կարմիր մոլորակ կ՚ուղարկուի 2020 թուականին եւ կը հասնի 2021 թուականին:
ԱԹԼԱՍ ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՆ ԿԸ ՎԱԶԷ
«Պոսթըն տայնամիքս» ընկերութիւնը ներկայացուց Աթլաս մարդամեքենային բարելաւուած տարբերակը: Տեսանիւթին մէջ կ՚երեւի, որ սարքը առանց կողմնակի օգնութեան ունակ է ազատօրէն վազել անհարթ, լեռնային-անտառային վայրերու մէջ, յայտնաբերել ճամբու խոչընդոտները (օրինակ՝ գերաններ եւ քարեր) եւ ցատկել ատոնց վրայէն:
«Պոսթըն տայնամիքս»ի ճարտարագիտական նուաճումները վերջին քանի մը տարիներուն երկար ճամբայ անցած են: Տակաւին 2015-ին Աթլաս շատ անփութօրէն կը շարժէր անտառին մէջ՝ օրօրուելով եւ յաճախ սայթաքելով:
Այդ ժամանակէն ետք մարդամեքենան իր շարժումներուն մէջ ոչ միան աւելի կայուն է, այլեւ քանի մը հնարքներ իւրացուցած է: Մարդամեքենան ներկայացուած էր 2013 թուականի ամրան, երբ «Պոսթըն տայնամիքս», այն ժամանակ՝ դեռ անկախ ընկերութիւն, կը համագործակցէր Փենթակոնի (Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարութեան) ուսումնասիրութիւններու եւ մշակումներու գործակալութեան ՝ ՏԱՐՓԱ-ի հետ:
Սկիզբը 1.75 մեթր մարդամեքենան ծը-րագրուած էր որպէս որոնողական եւ փըր-կարարական աշխատանքներու օգնական: Երբ «Պոսթըն տայնամիքս»ը գնեց «Կուկըլ էքս»ը՝ որոնողական համակարգի «բեկումնային ճարտարագիտութիւններու գիտական աշխատանոց»ը, ԱԹԼԱՍ-ի մշակման աշխատանքը շարունակուեցաւ: Այսօր այդ ընկերութիւնը կը պատկանի ճաբոնական «Սոֆթպանք»ին:
ՄԱՐԴԱՄԵՔԵՆԱՅ ՄԱՏՈՒՑՈՂՈՒՀԻ
Տոմոտետեւօ օդակայանին մէջ յայտնուած է մարդամեքենայ մատուցողուհի: Այս նախագիծը միակն է Ռուսաստան մէջ: Ելեկտրոնային աղջիկը կը կատարէ հիւրընկալի պարտականութիւնները եւ կը պատմէ ուտելիքի ցանկի մասին: Ան կրնայ բառերով եւ առանց բառերու հաղորդակցիլ: Այժմ մարդամեքենան փորձառական շրջան մը կը բոլորէ: Յաջողութեան պարագային, ան միշտ կ՚աշխատի, հաւանական է միւս ճաշարաններուն մէջ եւս նման սարքեր յայտնուին:
Տոմոտետեւօ օդակայանի պատասխանատուները կ՚ըսեն, որ՝ «Հաճելի արտաքին ունեցող մարդամեքենան խելացի է եւ արագ կը սորվի. ճաշարանի ուտելիքներու ցանկին կապուած որեւէ հարցումին դիւրութեամբ կը պատասխանէ: Աղջիկը այնքան բարեհամբոյր եւ հիւրընկալ էր օդակայանի ճամբորդներուն հետ, որ գրեթէ ոչ ոք առանց գրկախառնումի եւ նկարուելու չէր հեռանար»:
GUMPERT APOLLO ԻՆՔՆԱՇԱՐԺԸ
Գերմանիոյ մէջ սկսաւ վաճառուիլ Gumpert Apollo ինքնաշարժը, որ 2009 թուականի Օգոստոսին մրցանիշ հաստատած էր Նիւրպուրկրինկ մայրուղիին վրայ. 7 վայրկեան 11.57 երկվայրկեան:
Ինքնաշարժը 700 ձիու ուժ ունի եւ կ՚արժէ 333 հազար եւրօ:
Յատկանշական է, որ ատիկա կրնայ 100 քիլօմեթր արագութեան հասնիլ 3.1 երկվայրկեանի մէջ, իսկ առաւելագոյն արագութիւնը ժամական 360 քիլօմեթր է:
ԱՐԵՒԱՅԻՆ ԲԱՐԴԵՐԸ (BATTERY) ՊԱՐՏԱԴԻՐ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ
Գալիֆորնիա նահանգին մէջ 2020 թուականէն ետք կառուցուելիք շինութիւններուն վրայ արեւային բարդերը պարտադիր կը դառնան:
Միացեալ Նահանգներու մէջ առաջին անգամ ներկայացուած այս նախաձեռնութիւնը քննարկման ուղարկուած է նահանգի ուժանիւթի հարցերով յանձնախումբին, որ հաստատած է ատիկա:
Նախապէս հաղորդուած է, որ եթէ իշխանութիւնները հաստատեն նախագիծը, ընտանիքի մը համար տուն կառուցելու արժէքը կը բարձրանայ 10.500 տոլարով, սակայն երկարատեւ հեռանկարի մէջ արեւային բարդերը 16 հազար տոլար խնայելու կարելիութիւն կու տան՝ ուժանիւթի ծախսերը կրճատելու շնորհիւ:
Կը նշուի, որ նոր որոշումէն ետք արեւային բարդեր տեղադրելու պարտադիր պահանջը պիտի ներառուի Գալիֆորնիոյ շինարարական չափանիշներուն մէջ:
Ըստ նախնական տուեալներու, նոր օրէնքը կը կիրարկուի 2020 թուականէն ետք կառուցուելիք շինութիւններուն մէջ:
ԹՌՉՈՂ ԹԱՔՍԻՆԵՐ
Ամերիկեան «Ուպր» ընկերութիւնը քայլեր կ՚առնէ՝ թռչող քաղաքային թաքսիներու առաջին ցանցը ստեղծելու ուղղութեամբ:
Ընկերութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ժողովին ընթացքին ներկայացուց «Uber Air»ի բնօրինակը, որուն հիմամբ կը ստեղծուին թռչող թաքսիները, որոնք օդ պիտի բարձրանան ուղղահայեաց դիրքով:
Կը նախատեսուի, որ ապագայ թաքսիները քաղաքի օդային տարածքով ուղեւորները կը տեղափոխեն երկու տարիէն:
«Ուպէր» մտադիր է օդային թաքսիներու ծառայութիւնը գործարկել 2020 թուականին, իսկ առանց վարորդի թռչող թաքսիի առաջին օրինակները պատրաստ կ՚ըլլան յառաջիկայ 5-10 տարուան ընթացքին:
«ՖԷՅՍՊՈՒՔ ԿԸ ԴՐԴԷ ՍՏԵՂԾԵԼ ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ԲԱՆ ՄԸ». ՄԱՐՔ ԶՈՒՔԵՐՊԵՐԿ ԴԱՐՁԱՒ 34 ՏԱՐԵԿԱՆ
14 Մայիսին 34-ամեակը նշեց աշխարհի ամենէն յայտնի գործարարներէն մէկը՝ Ֆէյսպուք ընկերային ցանցի համահիմնադիր Մարք Զուքերպերկ:
Ան Ֆէյսպուքի ստեղծման ձեռնամուխ է եղած է 2004 թուականին, երբ կ՚ուսանէր Հարվըրտի համալսարանին մէջ: Զուքերպերկ կայքը հեղինակած է իր գործընկերներուն՝ Էտուարտօ Սաւերինի, Էնտրիւ ՄաքՔոլումի, Տասթին Մոսքովիչի եւ Քրիս Հիւկսի հետ:
2012 թուականին Ֆէյսպուք արդէն ունէր մէկ միլիառ գործածող:
2010 թուականէն սկսեալ Զուքերպերկ իր ուրոյն տեղը ունեցած է «Թայմզ» ամսաթերթի աշխարհի ամենէն հարուստ մարդոց ցուցակին մէջ, իսկ 2016 թուականին «Ֆորպս» ամսաթերթի ամենէն ազդեցիկ մարդոց ցուցակին մէջ Ֆէյսպուքի համահիմնադիրը 10-րդ դիրքը գրաւած է:
Մարք Զուքերպերկի խօսքերէն.
«Աշխարհի ամենէն վտանգաւոր բանը վտանգի չդիմելն է»:
«Ֆէյսպուքը ի սկզբանէ միտում չունէր դառնալ ընկերութիւն: Ատիկա ստեղծուած է ընկերային առաքելութիւն իրականացնելու եւ մարդիկը իրարու կապելու համար»:
«Հիմա, երբ կան ընկերային ցանցեր եւ այլ վիրչուըլ գործիքներ, մարդիկ կրնան ցոյց տալ, որ իրենք կը մտածեն, եւ թէ՝ իրենց ձայնը կրնայ լսելի դառնալ»:
«Հաղորդակցութեան մէջ ըլլալը մարդու իրաւունքն է»:
«Ես ամենէն շատ հետաքրքրուած եմ աշխարհը բոլորին համար բաց ընելու իմ առաքելութիւնս իրականացնելով»:
«Շարժէ՛ յառաջ եւ կոտրէ՛ կարծրատիպերը»:
«Մարդիկ սկսած են ոչ միայն ազատօրէն կիսուիլ տեղեկութեամբ, այլեւ՝ աւելի բաց ըլլալ միւս մարդոց հետ հաղորդակցութեան մէջ»:
«Ֆէյսպուքը մարդիկը կը դրդէ ստեղծելու այնպիսի արժէքաւոր բան, որով յետոյ հպարտութեամբ կը կիսուին ընկերներու հետ»:
ՖԷՅՍՊՈՒՔ ԿՐՆԱՅ ԻՐ ԴՐԱՄԱՆԻՇԸ ՍՏԵՂԾԵԼ
Ֆէյսպուք ընկերութիւնը կը մտադրէ ստեղծել իր սեփական թուային դրամանիշը, որուն միջոցով ընկերային ցանցը գործածողները կրնան ելեկտրոնային վճարումներ իրականացնել:
Այս առընչութեամբ ընկերութեան ղեկավարութիւնը լուրջ տրամադրուած է: Իրագործումը հաւանաբար տարիներ կը պահանջէ: Ընկերութիւնը մտադիր չէ ներդը-րումներ գրաւել արժոյթի վերավաճառքի միջոցով եւ կը փորձէ շատ չտարածել նախաձեռնութեան մասին տեղեկութիւնը իր աշխատակիցներու շրջանակին մէջ:
Ֆէյսպուք տարի մը առաջ անցած է պը-լոքչէյն-արհեստագիտութիւններու ուսում-նասիրութեան, սակայն աւելի սկիզբը ուսումնասիրութեան վրայ աշխատած է մէկ մասնագէտ: Ֆէյսպուք Մեսենճըրի փոխնախագահ Տ. Մարքուս վերջերս յայտարարեց, որ պիտի գլխաւորէ արհեստագիտութիւններու ուսումնասիրման խմբակ մը՝ առանց տեղեկութիւն տրամադրելու ապագայ նախագիծերու մասին:
Կը նշուի, որ Մարքուս նախապէս գլխաւորած է ՓէյՓել վճարային համակարգը եւ փիթքոյին թուային արժոյթի ներդրողներէ մէկն է:
ՖԷՅՍՊՈՒՔ ԿԱՍԵՑՈՒՑԱԾ Է 200 ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ
Ֆէյսպուք ընկերութիւնը յաւելուածներու ուսումնասիրութեան առաջին փուլին մէջ կասեցուցած է աշխատանքը մօտ 200 յաւելուածներու, որոնք մուտք ունեցած են դէպի մեծաթիւ գործածողներու տուեալները: Յաւելուածներու կասեցումը տեղի կ՚ունենայ հետաքննութեան ծիրին մէջ, որուն նպատակն է պարզել, թէ արդեօք անոնք չարաշահա՞ծ են գործածողներու տուեալները:
Ֆէյսպուք ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մարք Զուքերպերկ գործածողներու տուեալներու արտահոսքին կապուած խայտառակութենէն ետք յայտարարած էր բոլոր յաւելուածներու ուսումնասիրութեան սկսելու մասին:
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՍՏՈՐԳԵՏՆԵԱՅ ԱՐԱԳԸՆԹԱՑ ԳԵՏՆՈՒՂԻ
«ՍփէյսԻքս» եւ «Թեսլա» ընկերութիւններու ղեկավար Իլոն Մասք յայտարարեց, որ Լոս Անճելըսի մօտ գտնուող առաջին արագընթաց ստորգետնեայ ուղիի շինարարութիւնը կ՚աւարտի:
Այժմ շինարարները իշխանութիւններէն կը սպասեն գետնուղին շահագործելու արտօնութիւնը: Քանի մը ամիսէն կը սկսի փորձառական շրջան մը: Սկիզբը անվճար կ՚ըլլայ:
Մասք նոյնպէս նշեց, որ գետնուղին գործածելու ժամանակ առաջնահերթութիւնը պիտի տրուի հետիոտներուն եւ հեծանիւ քշողներուն, իսկ ապագային փոխադրութեան վճարումը հանրակառքի տոմսի արժէքէն աւելի նուազ կ՚ըլլայ:
Լոս Անճելըսի մօտ գետնուղիի կառուցման մասին, որպէս ինքնաշարժներու խճողումի դէմ պայքարի միջոցի մասին, առաջին անգամ Մասք խօսած է Դեկտեմբեր 2016-ին: «Խճողումները զիս կը խենթեցնեն: Ես կը մտադրեմ գետնուղի փորելու համար յատուկ մեքենայ կառուցել եւ պարզապէս սկսիլ փորել», գրած է ան Թուիթըրի մէջ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան
(Օգտագործուած աղբիւրներ՝ «Տէյլի Մէյլ», «Վեսթի», «Մոթոր» եւ «Էյ. Պի. Սի.»)