ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ

Այն օրէն երբ Իսրայէլը դէպի արաբները՝ իրենց աջակողմեան եւ ձախակողմեան համակարգերով ուղղեց իր առաջին թնդանօթը, առաջին համակարգիչը, առաջին անօդաչու թռչող սարքը, իսկ արաբները դէպի Իսրայէլ ուղղեցին առաջ յեղաշրջումը, առաջին բարձրախօսը եւ առաջին մարդը՝ առանց ծնօտի՝ որովհետեւ աջակողմեան է, եւ առանց կողերու՝ քանի որ ձախակողմեան է:

Այն օրէն երբ արաբական երկիրները գաղութատիրութենէն եւ նոյն ժամանակ իրենց ժողովուրդներէն անկախացան, եւ այնտեղ իշխանութիւնը իր մենաշնորհ դարձուց միտքը, քաղաքականութիւնը, տնտեսութիւնը, գիտութիւնը, գիտելիքը, գրականութիւնը, արուեստը, մարզանքը, ինչպէս նաեւ հանքային, մարդկային եւ անասնական հարստութիւնը, եւ մերկացուց մարդը ամէն տեսակի արժէքէ, արդիւնաւէտութենէ եւ դրդապատճառ ունենալէ, եւ զայն մերկ ձգեց իր տակի հագուստներով՝ քաղքականապէս, մշակութապէս, պատմականապէս, տնտեսապէս, անշուշտ՝ ամբողջ աշխարհին դիմաց…

Ու կողմերը տարածաշրջանէն ներս կատարուածներուն պատասխանատուութիւնը մէկը միւսին վրայ կը նետէ: Այսպէս՝

Աջակողը մեղքը ձախակողմին վրայ կը դնէ:

Ձախակողմը մեղքը աջակողմին վրայ կը դնէ:

Ամերիկան մեղքը Ռուսաստանի վրայ կը դնէ:

Ռուսաստանը մեղքը Ամերիկայի վրայ կը դնէ:

Իսկ արաբ մարդը, որ «ո՛չ մէկ բանէ լուր ունեցողի» նման կ՚ապրի, տարածաշրջանէն ներս տեղի ունեցած բոլոր բաներուն հետ, ձեռքը այտին կը դնէ ու հեռատեսիլին դիմաց կը նստի՝ առջեւը երկու տուփ թաշկինակ, մէկը աջին՝ աջակողմեան, միւսը ձախին՝ ձախակողմեան կազմակերպութիւններուն համար: Ու կը սկսի հեռատեսիլային շարքի այս երգէն միւս երգը.

Ա՜խ այս հեռատեսիլային շարքէն. ա՜հ այս թատրերգութենէն:

Ա՜խ եթէ գողը փախչի եւ ա՜հ եթէ ոճրագործը բռնուի:

Ա՜խ յունիսի1 պատերազմէն եւ ա՜հ հոկտեմբերի2 պատերազմէն:

Ա՜խ Սետաթի Երուսաղէմ տուած այցելութեան եւ ա՜հ անոր անկէ վերադառնալուն:

Ա՜խ Սինան վերագրաւելու համար եւ ա՜հ Լիբանանը գրաւուելուն համար:

Ա՜խ ալ-Աքսա մզկիթի հրդեհին համար եւ ա՜հ եթէ ճաշին տակը այրեցաւ:

Իսկ անցեալին՝

Քէյսը Լէյլայի համար կու լար:

Իսկ Լէյլան՝ Քէյսի:

Անթարան Ապլայի համար կու լար:

Իսկ Ապլան՝ Անթարայի:

Ապըտ Ալլահ ալ-Սաղիրը Անտալուսի համար կու լար:

Ապու Սալման՝ Պաղեստինի համար:

Սաաիտ Աքըլը՝ Լիբանանի համար:

Լիբանանը՝ Հարաւի համար:

Հարաւը՝ ընդդիմութեան համար:

Ըննդիմութիւնը՝ արաբներուն համար:

Արաբները՝ Եգիպտոսի համար:

Եգիպտոսը՝ բոլորին համար:

Ա՜խ, ինչքան անիրաւ կերպով վարուեցանք Ֆարիտ ալ-Աթրաշին հետ ու թերագնահատեցինք անոր հառաչանքները ու արցունքները: Ան միա՛կն էր, որ բոլոր արաբ ու օտար կուսակցութիւններէն, մտածողներէն եւ արեւելագէտներէն առաջ, հասկցաւ արաբական պայքարը՝ քաղաքականապէս, ընկերայինօրէն, պատմականօրէն եւ գաղափարականապէս, եւ գիտակցեցաւ այդ [պայքարը] ղեկավարող ոյժերուն հաշուեկշիռը, որ կը ղեկավարէ անոր արդիւնքներն ու ապագան՝ աւելի քան աշխարհի բոլոր ռազմավարական ուսումնասիրական կեդրոնները, երբ ան ամբողջ իր կեանք հառաչելով ու արցունք թափելով անցուց: Ան իրապէս «արաբներու Քիսինճըր»ն էր ամբողջ քառրոդ դար, իսկ մենք չէին գիտեր:

Այդ պատճառով, պէտք է արժանին մատուցենք անոր՝ անոր երգերը, հառաչանքներն ու տաղերը արժեւորելով: Անոր նկարները պէտք է կախենք Արաբական լիկայի եւ Պաշտպանութեան միացեալ խորհուրդի կեդրոններէն ներս: Դիմադրութեան խրամատներուն մէջ: Խալտէի համագումարներու սրահէն, ՕՓԷՔ-ի կազմակերութենէն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի դիւանագիտական առաքելութիւններու գրասենեակներէն ներս. ու ի վերջոյ, օգտուինք անոր փորձառութենէն եւ ոգեշնչուինք, [կարենալ] դիմակայելու իրադարձութիւններուն եւ անոր որդեգրած ուղիով ընթանանք:

Ասկէ ետք,

Իւրաքանչիւր արաբ խօսնակ, լուրերու իր հաղորդումը պէտք է հառաչանքով մը կամ տաղով մը սկսի…

Իւրաքանչիւր դեսպան, որ օտար երկրի մը մէջ վերջերս նշանակուած է, իր դիւանագիտական թուղթերը յանձնելէ եւ մի քանի բառ փոխանակելէ ետք՝ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման եւ միացեալ գործակցութեան կապակցութեամբ՝ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւն հաստատելու համար, պէտք է հեկեկայ ու սկսի լալ:

Իւրաքանչիւր սիրահար, միայն հանդիպի իր սիրելիին եւ անոր փոխանցէ իր ունեցած կարօտները եւ երազները՝ իր հետ ընտանիք կազմելու, ուր կը տիրեն սէրը, խաղաղութիւնն ու կայութիւնը, պէտք է անմիջապէս սկսի լալ:

Իւրաքանչիւր դպրոցի տնօրէն, աւարտելէ ետք աւարտականներուն վկայականները տալը, ինչպէս նաեւ խրատներ ու բարեմաղթութիւններ՝ յաջողութեան եւ նոր ձեռքբերումներու իրենց գործնական կեանքին մէջ՝ անկախ հայրենիք մը կառուցելու համար, պէտք է անմիջապէս ինք եւ միւս դասախօսները լալ սկսին:

Իւրաքանչիւր վարչապետ իր անդրանիկ խօսքը ըսելէն ետք՝ պահելու ու պահպանելու ժողովրդականութեան կանոնները, ներքին կեանքը ամրացնելու, Պաղեստինի ժողովուրդին իրաւուքները պաշտպանելու եւ գրաւուած բոլոր հողերը ազատագրելու, ու մեր անմեղ նահատակները ողջունելէ ետք, պէտք է ինք եւ իր կառավարութեան միւս անդամները սկսին լալ:

Այս արցունքերով լեցուն ծովերուն ի տես, արաբական մամուլը օր օրի տակաւին կը փորձէ համոզել մեզ, թէ տարածաշրջանէն ներս ապագան լուսաւոր է: Սակայն, չի՛ յստակեցներ, թէ լուսաւոր է մեզի՞, թէ՞ Իսրայէլի համար:

Թող աչքերէն արցունքները հոսին, վէրքերէն՝ արիւնը, մինչեւ որ հասնին անոնց՝ որոնք սկաուտներու նման կը քայլեն, Ֆիլիփ Հապիպի3 եւ ուրիշներու: Անոնք ո՛չ կանգ պիտի առնեն ու ո՛չ ալ պիտի նահանջեն: Անոնց դրամատնային հաշիւը կայունութիւն պիտի չունենայ, ուսին մուշտակ պիտի չըլլայ, գիշերային ակումբի մէջ պարուհի պիտի չըլլայ, սեղանին վրայ ձկնկիթ պիտի չըլլայ, բերանին մէջ՝ սիկառ, կամ յատուկ սենեակ մը պիտի չունենան հիւրանոցային համալիրէն ներս, մինչեւ որ «Մեր համբերութիւնը կնքուեցաւ հանդիպումով» երգը Իսրայէլի ռատիոյով եւ տարածաշրջանի բոլոր ռատիոներէն չհեռարձակուի:

Այս բոլորով հանդերձ, Ովկիանոսէն մինչեւ Արաբական ծոց կազի շիշերէն բացի, ուրիշ ոչինչ կը պայթի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 25

Վաղարշապատ


1 Արաբ-իսրայլէեան պատերազմ, յունիս 1967-ին: Ծանօթ է նաեւ վեցօրեայ պատերազմ անունով:

2 Արաբ-իսրայէլեան պատերազմ, հոկտեմբեր 1973-ին:

3 Լիբանանեան ծագում ունեցող ամերիկացի դիւանագէտ մը (1920-1992): Ան յայտնի դարձած է 1981-ին եւ 1982-ին Իսրայէլի եւ Լիբանանի (հիմնականին մէջ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան) միջեւ կրակի դադարեցման: Այս պատճառով, անոր եւ այդ օրերու Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարար՝ Ալեքսանտր Հիեճի կապը լարուած է, քանի որ վերջինս աջակողմեան հոսանքը ներկայացնելով, Իսրայէլի աջակից մը եղած է:

Չորեքշաբթի, Յունիս 26, 2024