ԱՄԵՐԻԿԱ, ԱՄԵՐԻԿԱ. ԴԷՊԻ Ո՛ՒՐ
Ուղեւորութիւն դէպի ապագայի նոր տիպարի մենատիրութի՞ւն, ընկերվարութի՞ւն, թէ՝ նորակերպ ժողովրդավարութիւն:
Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ունի դրամատիրական (capitalism) տնտեսական կառոյց երկրի հիմնադրութեան առաջին օրէն սկսեալ, հակառակ անոր որ ան կը վարէ ժողովրդավարական ընկերային հիմնակարգ, ոչ իր կատարեալ ըմբռնումով, բայց տուեալ պայմաններով՝ յարմարագոյնը: Անգլիական, ֆրանսական, սպանական, փորթուգալեան եւ այլ գաղութարար պետութիւններ, երբ խուժեցին Ամերիկաները, բոլորը իշխանաւորներ, տնտեսական տիրակալներ եւ դրամատէր հաստատութիւններու տէրեր էին, որոնք նոր հորիզոններ ման կու գային իրենց արտադրութիւններուն շուկաներ փնտռելու եւ սպառելու, կամ՝ նոր եկամտային աղբիւրներու որոնումով: Ամերիկան արդէն գտնուեցաւ Սպանիոյ թագաւորին կողմէ ուղարկուած հետախուզութեամբ, Քոլոմպոսի միջոցաւ: Գաղութարար այս պետութիւնները անմիջապէս գործի լծուեցան իրենց ռազմական կարողութիւններով տիրելու համար երկրի ցամաքամասին, ինչպէս միշտ՝ ստեղծելով ռազմական մրցոյթի մթնոլորտ իրարու միջեւ: Այդ տէրութիւններէն Անգլիան, Ֆրանսան (մասամբ), Փորթուգալն ու Սպանիան յաջողեցան տէր դառնալ հիւսիսային եւ հարաւային ամերիկաներուն, իրարու միջեւ բաժան-բաժան ընելով երկիրը: Անշուշտ բոլորն ալ յետագային կորսնցուցին իրենց գերակայութիւնը այդ երկիրներուն վրայ, որովհետեւ անոնք անկախացան մէկ առ մէկ, տակաւ պահելով իրենց արմատական կապը գաղութարար երկիրներուն հետ: Ամերիկաներու անկախացած երկիրները սակայն պահեցին իրենց ժառանգ մնացած դրամատիրական համակարգը որոշ ժամանակ, մինչեւ ընկերվարական կարգերու ներմուծումը կարգ մը պետութիւններու կառոյցին մէջ:
Այժմ՝ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը, որ կը դաւանի ժողովրդավարական համակարգ, ունենալով դրամատիրական տնտեսական կառոյց, դարձած է մենատիրական (monopoly) տնտեսական համակարգ, նկատի ունենալով վերջին 50-70 տարիներուն կատարուած մեծահարուստներու առանձնաշնորհումները, անոնց տուրքերու նուազեցումը, օրինազանցութեան տնտեսութեան եւ այլազան առաւելութիւնները:
Նոյնիսկ դրամատիրական համակարգին մէջ, ասոնք ներելի չեն, որովհետեւ ժողովրդավարութեան մէջ հակոտնեայ եւ հակաօրինական կը դառնան նման արարքներ:
Միացեալ Նահանգներու տնտեսական գերակայութեան ձգտումը կը տարածուի համայն աշխարհի երկիրներուն վրայ, վերջին օրինակը ունենալով Պրազիլն ու Վենեզուելլան, ուր նախագահներ գահընկէց եղան յերիւրանքներով եւ տակաւին կը շարունակուին կարգ մը այլ երկիրներու մէջ, որովհետեւ անոնք չեն փափաքիր ենթակայ դառնալ: Հակառակ այդ բոլորին, այսօր՝ Չինաստան գերազանցած է Միացեալ Նահանգներու ազգային տարեկան արտադրութեան քանակը, աւելի քան 600 միլիառ տոլարով: Տնտեսական գերակայութեան մրցոյթ մը, որ արագընթաց կը վերացնէ Ամերիկայի միջին դասակարգի խաւը, զանոնք տանելով աղքատութեան, պետական կախուածութեան կամ ենթակայ մեծահարուստներու տնտեսական հետամտութիւններուն:
Դրամատիրական համակարգ չի նշանակեր մենատիրութիւն:
Կը կորսուի տնտեսական մրցակցութեան բնոյթը առեւտրական մարզին մէջ, երբ կը սկսի մենատիրութիւնը, որ իր կարգին կախեալ է մեծահարուստներու քմահաճոյքէն (մեծ ձուկը փոքրը կլանելով), յաճախ տեղի տալով սնանկութիւններու եւ անգործութեան: Իսկ եթէ ատիկա է պետութեան մը նպատակը, ստեղծելով հարուստ եւ աղքատ դասակարգեր միայն, այն ժամանակ արդէն ուղղուած պիտի ըլլանք նորաձեւ մենատիրութեան համակարգի մը:
Խորհրդային Միութեան համակարգը ձախողեցաւ այն պատճառներով, երբ արդէն հարազատ գաղափարականը մէկդի դրուեցաւ առանձնաշնորհումներով եւ «մենատիրութիւններով»:
Իսկ ընկերվարական համակարգ վարող պետութիւններ, այսօր կը տառապին անեղծ պահելու համար իրենց համակարգը անգործներու, ծոյլերու եւ չարաշահումներու պատճառով:
Այս ընթացքով, նոյն նպատա՞կը կը հետապնդենք մենք այսօր:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
«Նոր օր», Լոս Անճելըս