ՀԱՅԵՐԸ ՔՈՆԷՅԹՐԱՅԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Ալ-Քոնէյթրա, լքուած քաղաք մը Սուրիոյ հարաւային շրջանը, կը գտնուի ՄԱԿ-ի հսկողութեան ներքեւ:
1967 թուականին վեցօրեայ պատերազմի ընթացքին քաղաքը գրաւած են իսրայէլեան զինեալ ուժերը: 1973 թուականին ահեղ դատաստանի պատերազմի ժամանակ սուրիական զինեալ ուժերը կրկին հսկողութիւն հաստատած են քաղաքին մէջ: Այդ ժամանակ Քոնէյթրայի մէջ կեդրոնացած էր Սուրիոյ զինեալ ուժերու գրեթէ կէսը: Նոյն թուականի Սեպտեմբերի 21-ին քաղաքը ռմբակոծուած է Իսրայէլի օդուժի կողմէ, որմէ ետք յաջորդած է Իսրայէլի ներխուժումը քաղաք եւ բնակավայրի ամբողջական ոչնչացում: Պատերազմի աւարտէն ետք, 1974 թուականի Մայիսին Միացեալ Նահանգներու նախաձեռնութեամբ Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ կնքուած է համաձայնագիր՝ ըստ որու, Իսրայէլի կողմէ գրաւուած տարածքը պէտք է դառնայ չէզոք գօտի երկու երկիրներու միջեւ եւ կը գտնուի ՄԱԿ-ի զինեալ ուժերու հսկողութեան տակ:
Մինչեւ 1973 թուականը Քոնէյթրայի մէջ կը բնակէր 17 հազար մարդ: Քոնէյթրան վերադարձուած է Սուրիոյ, «Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ բաժանարար գօտի» յայտնի համաձայնագրի կապակցութեամբ, Մայիս 31, 1974 թուականին: ՄԱԿ-ի այն ժամանակուան գլխաւոր քարտուղար Նիլս Կէօրան Հուսինկ Քոնէյթրա այցելելէ յետոյ յայտարարած էր, որ քաղաքը ամբողջութեամբ թալանուած եւ ոչնչացուած է: Միացեալ Նահանգներու Փախստականներու եւ գաղթականներու հարցերով յանձնաժաղովը յայտարարած էր, որ Իսրայէլի գրաւումէն յետոյ իսրայէլացիները քաղաքը պուլտոզերներով աւերած են: 1974 թուականէն ի վեր Քոնէյթրա կը գտնուի ՄԱԿ-ի խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող զինեա ուժերու հսկողութեան ներքեւ: Քաղաքը եւ յարակից տարածքները կը համարուին բարձր ռիսքային գօտի՝ ականներու առկայութեան պատճառով: Անվարան պէտք է ըսել, որ Քոնէյթրա ուղղակի բացօթեայ պատերազմական թանգարան մըն է:
Մեր ուսումնասիրութիւններու եւ անդուլ հետազօտական աշխատանքներու իբրեւ արդիւնք կը հաստատենք, որ Քոնէյթրայի մէջ գոյութիւն ունեցած են հայեր, յար եւ նման դրաձի Տարաայի եւ Սուէյտայի՝ Մեծ եղեռնի ժամանակաշրջանին, սակայն ոչ շատ թիւով: Իսրայէլի յարձակումէն ետք, Սուրիա-Իսրայէլ պատերազմի պատճառով շատեր, անոնց մէջ բնականաբար նաեւ հայեր, լքեցին քաղաքը եւ հեռացան:
Իսկ վերջին շրջանին հոն կար քանի մը հայ ընտանիք, անոնցմէ են Սրատուրեանները, Ադամեանները եւ ուրիշներ: Տարիներ առաջ արդէն Ադամեանները վերջնականապէս հեռացած են քաղաքէն: Իսկ Սրատուրեանները տակաւին կը բնակին Քոնէյթրա:
Նշենք, որ երկրաչափ Գրիգոր Յակոբ Սրատուրեան Քոնէյթրայի մէջ ստանձնած է տեղահանուածներու հարցերու բաժնի տնօրէնութիւնը: Ան անդամ է Պաաս կուսակցութեան Քոնէյթրա նահանգի Կոմիտէութեան: Սրատուրեան մեծ վարկ կը վայելէ տեղացիներու կողմէ իր հաւատարմութեան եւ պարկեշտութեան համար: 2011 թուականին ծայր առած սուրիական պատերազմը սկիզբ առաւ Քոնէյթրայի անմիջապէս դրացի Տարաայէն եւ ծաւալեցաւ ամբողջ երկրի չորս կողմը: Քոնէյթրա քաղաքը քանի մը անգամ անցած է «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման ահաբեկիչներու ձեռքը: Քաղաքը այժմ իր բնականոն ընթացքը կը շարունակէ, թէեւ մերթ ընդ մերթ նահանգը իսրայէլեան ռազմական օդանաւերու ռմբակոծումներու թիրախ կը դառնայ:
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ