ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

ԱՆՑԵԱԼԸ ՅԻՇԵՑՆՈՂ ՏԳԵՂ ԵՐԵՒՈՅԹ ՄԸ…

Աւելի քան 200 տարի անցած է Միացեալ Նահանգներու անկախութենէն։ Այդ օրերուն՝ ճերմակամորթ ամերիկացիներ իրաւունք ունէին սեւամորթ գերիներ ունենալու եւ զանոնք գործածելու իրենց արտերուն եւ տուներուն մէջ։ Սեւամորթ գերիները նոյնիսկ կը ծախուէին արտերուն հետ միատեղ։

Պատմութեան համար յիշենք, որ սեւամորթ ամերիկացիները գերութենէ ազատագրուեցան 1 յունուար 1863 թուականին՝ նախագահ Ապրահամ Լինքընի «Ազատագրութեան հռչակումով» (Emancipation Proclamation)։ Իսկ 1869 թուականին՝ սեւամորթ այր ամերիկացիներուն շնորհուեցաւ քուէարկութեան մասնակցելու իրաւունքը, սահմանադրութեան 15-րդ բարեփոխումին հիման վրայ։ Բայց բոլոր կիներուն՝ քուէարկելու իրաւունքը շնորհուեցաւ 18 օգոստոս 1920 թուականին, սահմանադրութեան 19-րդ բարեփոխումին հիման վրայ։

Հիմա վերադառնանք մեր պատմութեան։ Այս դէպքը դեռ վերջերս պատահած է Թեքսաս նահանգի Կալվըսթըն քաղաքին մէջ։ Սեւամորթ ամերիկացի մը՝ Տանըլտ Նիլի անունով, կը ձերբակալուի ոտնձգութեան (trespassing) յանցանքով, երկու ճերմակամորթ ոստիկաններու կողմէ եւ կ՚առաջնորդուի ոստիկանատուն։ Հոս պէտք է յիշել, որ ոտնձգութիւնը քրէական (felony) յանցանք մը չէ։

Բայց ի՞նչ է այս դէպքին տգեղ երեւոյթը՝ որ մեզի անցեալը կը յիշեցնէ։ Դիտեցէք կցեալ նկարը եւ տեսէք, թէ ինչպէս ձիերու վրայ նստած երկու ոստիկանները յանցագործը կ՚առաջնորդեն ոստիկանատուն։ Անոր ձեռքերը կապուած են եւ չուանով մը քալելով կը հետեւի ոստիկաններուն, կարծես շուն մը ըլլար…

Սեւամորթ ամերիկացիներու խմբաւորումի մը (NAACP) նախագահը կ՚ըսէ, թէ այս երեւոյթը յարգանքի պակաս կը ցուցաբերէ սեւամորթներու նկատմամբ։ Իսկ ոստիկանապետը կը պաշտպանէ իր ոստիկանները՝ ըսելով, թէ անոնց «վիրաւորական» արարքը դիտաւորեալ չէր! Ահաւասիկ օրինակ մը եւս «նրբացուցիչ դէպք յանցանաց»ի, որ անշուշտ դատապարտելի է, իմ ակնոցով դիտուած ու վերջ։

ԱՆԵՐԵՒԱԿԱՅԵԼԻ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ…

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Անգլիոյ Պըրքշայր գաւառի Աքթըն քաղաքէն, որ ունի մօտաւորապէս 12 հազար բնակիչ եւ կը գտնուի Լոնտոնէն 25 մղոն հեռաւորութեան վրայ։

Մեր գիտցած աւանդական ամուսնութիւնը տեղի կ՚ունենայ այր եւ կնոջ միջեւ, սակայն վերջերս՝ շատ մը երկիրներու քաղաքական մարմինները արտօնեցին երկու այրերու եւ երկու կիներու միջեւ տեղի ունեցած ամուսնութիւնները, ի ցաւ եւ ցասում մեզի նման աւանդապահ մարդոց։

Դժբախտաբար ժամանակի ընթացքին հաշտուեցանք վերոյիշեալ ամուսնութիւններուն, մտածելով որ երկու անձերու միջեւ տեղի ունեցածը մեր գիտնալիքը չէ, ինչպէս կ՚ըսէ ամերիկեան ասացուածքը թէ՝ «To each, his own»։

Հիմա սակայն ուրիշ եղելութիւն մը կու գայ խախտել մեր ամուսնութեան հիմնական ըմբռնումը։ Խօսինք օրինակներով, վերոյիշեալ Աքթըն քաղաքի բնակիչներէն Էլիզապէթ Հօտ 49 տարեկան կին մըն է, որ ունի 25 տարեկան մանչ զաւակ մը եւ 6 տարեկան շուն մը՝ Լոկըն անունով։

Էլիզապէթ առանձնութենէ տառապելով, կ՚ուզէ ամուսնանալ։ Բայց իր ամուսնանալու փափաքը չէ յաջողած, յարմար անձը չկարենալ գտնալուն համար։ Ան կը վերյիշէ, թէ տարիներու ընթացքին 221 անգամ ժամադրութեան (date) գացած է տարբեր մարդոց հետ, սակայն անոր ջանքերը միշտ ալ մնացած են ապարդիւն…

Գիտէք, թէ ժամադրութիւնները ինչպէս կը վերջանան։ Կամ կինը չի հաւնիր մարդը եւ կամ ալ մարդը չի հաւնիր կինը։ Թէեւ բացառութիւնները յարգելի են եւ երբ կողմերը հաւնին զիրար, անոնք կ՚ամուսնանան եւ վերջ։

Գալով Էլիզապէթին, ան մարդոցմէ յոյսը կտրած ըլլալով՝ կ՚որոշէ ամուսնանալ իր շունիկին հետ։ Բարեբախտաբար շունը արու է, թէեւ տարիքով իրմէ շատ պզտիկ։

Վերոյիշեալ եզակի պսակադրութիւնը (տես նկարը) տեղի կ՚ունենայ հեռատեսիլի մը կայանին մէջ, հազարաւոր դիտողներու ականատեսութեամբ։ Արդեօք կնքահայր եւ կնքամայր ալ կայի՞ն, հիմա դիտեցէք նկարը եւ դուք դատեցէք այդ մէկը!

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 26, 2019