ՆԱԽԱԳԱՀ ՓՈՒԹԻՆԻ ՆՈՐ ԽԱՂԸ ԵՒ ՊԱՔՈՒ-ԱՆԳԱՐԱ ՆՈՐ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ
Դիմակայելու համար ռազմաճակատին վրայ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին սկսած է փրկութեան լաստօղակներ որոնել։ Այդ առումով ալ ներկայ փուլին կարծէք, թէ ամենանպատակայարմար ձեւը Հարաւային Կովկասի մեծ նաւուն գործերը կարգի բերելն է։ Այս բոլորի լոյսին ներքեւ գոյութիւն ունի շատ բացայայտ ձեւակերպում մը, որ առաւելապէս կը խօսի այն մասին, թէ Ռուսաստան արդէն հեռացած է Հարաւային Կովկասէն ու ցաւալիօրէն մինչեւ այս պահը հաշուի չ՚ուզեր նստիլ, հաշուի չ՚ուզեր երթալ վիրաւոր իրականութեան հետ։
Ի վերջոյ, ո՞վ կրնար իր մտքէն անցընել, թէ հզօր համբաւով Փութինի Ռուսաստանը՝ ամէն հաշիւ մէկ կողմ նետելով վիրաւոր ճակատագրի մը դուռը բանար Արցախի հայերուն ու անկէ ետք ալ ո՛չ միայն հանդիսատես դառնար տեղահանութեան, այլեւ հեռացնէր իր խաղաղապահ ներկայութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի բարձունքներէն։ Լեռնային Ղարաբաղը, խորքին մէջ, այս անցնող աւելի քան քսան տարիներուն կը շարունակէր մնալ Ռուսաստանի կարեւորագոյն լծակներէն մին. լծակ մը, որ կը գործէր բազում հարթութիւններով, բազում ձեւաչափերով եւ ձեւով մը կը դառնար ընդհանուր խաղը կառավարելու իրական բանալի ու միջոց։ Անշուշտ, այդ լծակը կը ծառայէր միայն ու միայն Ռուսաստանին, որ իր երկու «հոգեզաւակներ»ը զսպելու կամ անոնցմէ իր շահերը ապահովելու համար կը շարունակէր վառ պահել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը եւ նոյնաժամանակ կը զինէր թէ՛ Ատրպէյճանը եւ թէ Հայաստանը։ Եւ այստեղ, անշուշտ, բնաւ պատահական չէր ու պատահական պիտի չհամարուէր, որ Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած վիճակները պիտի բխէին Ռուսաստանի շահերէն։
Թերեւս այստեղ յստակ թերացում մը կար՝ ի մասնաւորի հայկական կողմի ընկալումներուն գծով, երբ Երեւան հասկնալով հանդերձ, որ Ղարաբաղի հարցով Ռուսաստան պիտի չկարողանայ վարել երկարաժամկէտ քաղաքականութիւն մը (անշուշտ, ի նպաստ հայկական կողմին), յստակ եւ թելադրուած քայլեր չառնելով փորձեց միայն ժամանակ շահելու խաղ մը յառաջ մղել, եւ այդ մէկուն հետեւանքով ալ այսօր արդէն յայտնուած է բաւական սրտաճմլիկ իրականութեան մը դիմաց։ Կորսուած է Արցախի հողը, կորսուած է Ռուսաստանի խաղաղապահութեամբ Արցախի նոր կարգավիճակ մը ունենալու յոյսը ու առաւելաբար սին են այն խօսքերը, թէ հայերը անպայման օր մը պիտի վերադառնան Արցախ։ Այս վերջին դրուածքին մասին խօսիլը նիւթը կրնայ տանիլ շատ աւելի խոցելի տեղեր ու խորխորատներ։ Այս մասին կարելի է գրել այլ առթիւ, սակայն, այսօր կարեւորը այն է, որ Ռուսաստան լքած է Հարաւային Կովկասը եւ այդ համընդհանուր լքումին հետ ալ ներկայ փուլին կը բախէ Ատրպէյճանի դռները՝ հասկնալու համար, թէ ի՛նչ ձեւաչափերով կրնայ նոր խաղի մը ընթացք տալ։ Մոսկուա նախ եւ ամէն գնով կ՚ուզէ շահիլ Պաքուի սիրտը ու աւելիով մօտեցնել Ալիեւը իր հաշիւներուն, որոնց մէջ կան ՊՐԻՔՍ-ը, Եւրոասիոյ տնտեսական միութիւնը եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը։ Յստակ է նաեւ, որ այս տեսակի քայլերը նախ եւ առաջ կը խօսին միայն ու միայն ներքին տագնապի մը մասին, որուն մէջ ինկած է Ռուսաստանը։ Սա, անշուշտ, անպայման կրնայ չնշանակել, որ Ռուսաստան առհասարակ տապալած երկիր մըն է, սակայն, երեւելի կը դարձնէ, որ յառաջիկայ փուլերուն Փութին կրնայ ժամանակաւոր կերպով (եթէ մնայ իշխանութեան) դուրս հանել իր երկիրը Մերձաւոր Արեւելքի կամ նոյնիսկ Ափրիկէի խաղերէն։ Ու հոս է նաեւ, որ Մոսկուա պիտի փորձէ իրեն համար ապահով թիկունք մը ունենալով՝ փորձել սկսիլ նոր երթ մը, որուն հիմնական խորագիրն է տալ Պաքուին ինչ որ պէտք է անոր ու առհասարակ Պաքուն հեռացնել Անգարայէն։ Կը յաջողի՞ արդեօք այդ մէկը, տակաւին պարզ չէ, սակայն, յստակ է, որ Փութին այս քայլերուն երբեք պիտի չդիմէր, եթէ չունենար յստակ ուղերձներ ու Ալիեւի կողմէ երեւցած կանաչ լոյսեր։
Յամենայնդէպս, յստակ է մէկ բան. որ Ռուսաստան կը մտնէ բաւական բարդ փուլ մը եւ անոր յաւելեալ անկումը կամ թուլացումը անպայմանօրէն պիտի ազդէ Հարաւային Կովկասի ընդհանուր տեսադաշտին վրայ՝ հակառակ անոր, որ Թուրքիա լաւ կը գիտակցի, որ Փութինի կողմէ ընթացք տրուած այս խաղաոճը նախ եւ առաջ կը միտի հարուածել իր նոր դերը, որ ամենէն աւելի բիւրեղացաւ այս տարածաշրջանին մէջ։
Այս տեսանկիւնէն ուշագրաւ դիտարկումներով հանդէս եկաւ վերլուծաբան Յակոբ Պատալեան։ «Ի՞նչ կրցաւ յաջողցնել Էրտողան՝ նախքան Փութինի Պաքու այցը» խորագրեալ խորհրդածութեան մէջ ան մատնանշած է հետեւեալը.
«Փութինի Պաքու այցելութենէն առաջ Էրտողան-Ալիեւ հեռաձայնային զրոյց մը տեղի ունեցաւ: Այդ զրոյցի մանրամասնութիւնները, բնականաբար, յայտնի չեն, սակայն, կասկածէ վեր է, որ խօսակցութիւնը անմիջականօրէն Փութինի այցին կը վերաբերէր, աւելին՝ գուցէ անոր Թուրքիոյ պատճառած անհանգստութեան։ Անհանգստութիւն մը, որ Ալիեւ կրնայ Փութինի հետ ձեռք բերել համաձայնութիւններ, որոնք կը շրջանցեն Թուրքիան եւ աւելին՝ կրնան պատճառ դառնալ, որ Ատրպէյճան նուազեցնէ իր «նուիրումը» Թուրքիոյ հանդէպ. բան մը, որուն Ալիեւ ակնյայտօրէն կը ձգտի: Ձգտում մը, որ, ի հարկէ, ձեւով մը կը փորձէ բարձրացնել եւ շեշտել անոր գոյութիւնը, որ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն զգալիօրէն զիջած էր Թուրքիոյ՝ յաղթանակ ապահովելու համար: Յատկանշական է, որ Էրտողան պարբերաբար այս մէկը կը յիշեցնէ Ալիեւին: Եթէ պատերազմի եւ առաջադրուած խնդիրներուն բնաբանով Ալիեւ նախընտրեց զիջել Թուրքիոյ, ապա այդ խնդիրները լուծելէ ետք ան զիջածը ետ բերելու խնդիրը կը յարէ: Թուրքիոյ դերը էապէս մեծցնելու գնով ան վերադարձուց Ղարաբաղի առաջին պատերազմին կորսնցուցածը, իսկ գործնականին մէջ պարզապէս բռնի ուժով ճնշելու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ գրաւելով Արցախը։ Ալիեւ այժմ կը փորձէ ետ բերել Թուրքիոյ ըրած զիջումը եւ այս բանը ընելու համար կը փորձէ էական համաձայնութիւններու գալ Ռուսաստանի, ինչպէս նաեւ Չինաստանի հետ»:
Վերլուծաբանին դիտարկմամբ՝ այս ձեւով, ի հարկէ, Ալիեւ կը փորձէ որոշակիօրէն օգտուիլ նաեւ Թուրքիա-Իսրայէլ բաւական երկիմաստ խաղէն։ Անգարա մէկ կողմէ տեղաւորուած է Իսրայէլի ամենաուժեղ հակառակորդին եւ Պաղեստինի ժողովուրդի ամենաջերմ պաշտպանի կարգավիճակին մէջ, բայց, ըստ էութեան, որեւէ էական խնդիր չի ստեղծեր Իսրայէլի համար: Ըստ ամենայնի, Թուրքիա-Իսրայէլ այդ բաւականի տարօրինակ իրավիճակը հաւասարակշռելու համար՝ Ալիեւ կը փորձէ աւելի գործօն դեր մը ունենալ Ռուսաստան-Իրան օրակարգին մէջ:
Նոյն խորհրդածութեան մէջ կ՚ընդգծուի, որ, ըստ էութեան, որքան ալ առաջին ակնարկով տարօրինակ թուի՝ Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջական գրաւումը, այն տեղէն Ռուսաստանի խաղաղապահներու դուրսբերումը զգալիօրէն նուազեցուց Թուրքիոյ կարեւորութիւնը Ատրպէյճանի համար: Հաւանական է, որ Փութին, այդ խնդրին ճիշդ լուծումը գերադասեց Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահները պահելով եւ գարնան անսպասելիօրէն համաձայնեցաւ Ալիեւի հետ ռուս խաղաղապահները ժամկէտէն առաջ դուրս բերելով։ Այսպէսով նաեւ փակուեցաւ Աղտամի՝ հրադադարի վերահսկման ռուս-թրքական կեդրոնը:
Թէ ի՞նչ ձեռք ձգեց Էրտողան Փութինի այցելութենէն առաջ Ալիեւի հետ ունեցած խօսակցութենէն՝ յստակ չէ, սակայն, զուգակշիռ ստեղծուած փոխադարձ յարաբերութիւնը կը թելադրէ, որ Թուրքիոյ համար կ՚աւելնայ Հայաստանի հետ յարաբերութեան հանգամանքի կարեւորութիւնը: Այստեղ, սակայն, հարցը այն է, թէ Թուրքիա ի՞նչ տրամաբանութեամբ կը դիտարկէ այս մէկը. շինի՞չ, թէ հակառակ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան