ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԸ
Չորեքշաբթի, 14 Սեպտեմբեր 2016-ին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի «Ասեմպլի Հոլ»ին մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկեան համալսարանի «Սերունդներու պատմական աւանդ» յատուկ հանդիսութիւնը՝ նոյնինքն համալսարանի հիմնադրութեան 150-ամեակին առթիւ:
Համալսարանի նախագահ Տքթ. Ֆատլօ Խուրի, շրջանաւարտներուն յղած իր ուղերձին մէջ ընդգծեց, թէ տարածքաշրջանը (Միջին Արեւելք) եւ անոր խնդիրները պէտք ունին լուծումներու եւ անհրաժեշտ է, որ իբրեւ Ամերիկեան համալսարանի շրջանաւարտներ, անոնք իրենց բաժինը բերեն այդ լուծումներուն մէջ:
Հանդիսութեան ընթացքին ուշադրութիւնս գրաւեց յատկանշական երեւոյթ մը:
Աւելի քան մէկ դար երկարող ժամանակաշրջանին, բազմահարիւր հայ ազգանուններու կը հանդիպինք Ամերիկեան համալսարանէն վկայուած հունձքերուն մէջ: Ամերիկեան համալսարանի շրջանաւարտներու «Սերունդներու պատմական աւանդ»ին մէջ իւրայատուկ աւանդութիւն մը հաստատած է հանրածանօթ Ճէպէճեան գերդաստանը: Չորս սերունդներու վրայ երկարող ճանապարհ մը, սկսելով Այնթապէն մինչեւ Հալէպ, Լիբանան, Կիպրոս եւ այլուր: Մէկ խօսքով՝ չորս շրջանաւարտ: Նման հպարտառիթ իրողութիւն մը դժուար թէ կրկնուէր սփիւռքահայ մեր իրականութեան մէջ: Բնականաբար ողջունելի պիտի ըլլային բոլորը:
Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը (AUB), աւելի քան մէկ դար, ոչ միայն ակադեմական կրթութիւն եւ վերապատրաստման միջոցներ հայթայթած է Ճէպեճեան գերդաստանին, այլեւ՝ ներշնչած է ծառայելու Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Կիպրոսի համայնքներուն մէջ ազգային, քաղաքային չափանիշներու եւ արժէքներու պահպանութեան:
Այնթապի երեւելի Ճէպէճեան ընտանիքը արժանաւոր զաւակներ տուած է հայ ժողովուրդին: Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան եղած է Տքթ. Աւետիս Ճէպէճեանի թոռնիկը, որ 1915-ին եւ բռնագաղթի ալիքներուն տակ կը հասնի Հալէպ: Հօրեղբայրը, հալէպահայ նշանաւոր ակնաբոյժ եւ մտաւորական՝ Տքթ Ռոպէր Ճէպէճեանին:
Կարելի է միայն յարգանք տածել սփիւռքահայ համայնքներու մէջ Ճէպէճեան գերդաստանի ազգային, հայրենասիրական ծառայութիւններուն, որոնք սերունդէ սերունդ փոխանցուելով հասած են մեր օրերը եւ պիտի շարունակուին ապագային:
Երկար է Ճէպէճեան ընտանիքի երախտաւորներուն շառաւիղը: Վերադառնանք այդ գերդաստանի Ամերիկեան համալսարանէն հունձքին:
Տքթ . Աւետիս Ճէպէճեան - Ծնած է Այնթապ, Թուրքիա: 1902-ին կը վկայուի Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժանմունքէն: Աւետիս Ճէպէճեան մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ Եղեռնէն եւ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, հալէպահայ համայնքին ազգային-եկեղեցական կեանքի կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ:
Վահէ Աւետիս Ճէպէճեան - 1938-ին աւարտած է Ամերիկեան համալսարանի
դեղագիտական կաճառը: Ուսողութեան եւ բնագիտութեան հանճար-մասնագէտ: Յատուկ սէր ցուցաբերած է երաժշտութեան հանդէպ: Մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Ամերիկեան համալսարանի ճազային երաժշտութեան խումբի կազմութեան աշխատանքներուն մէջ: Նուագած է սաքսոֆոն: Անոր նպաստը եւ մասնակցութիւնը մեծ եղած է լիբանանահայ երաժշտական եւ գեղարուեստական կեանքին մէջ։
Տքթ. Հրայր Վահէ Աւետիս Ճէպէճեան - 1984 թուականին Մագիստրոսի աստիճան ստացած է երկրագործական տնտեսագիտութեան մէջ Ամերիկեան համասարանէն։
Իր տոքթորական աստիճանը ստացած է Նիւ Եորքի Աստուածաբանական համասարանէն, 2014-ին՝ Աստուածաշունչի յանձնառութեան մէջ։ Երկար ժամանակէ կը վարէ Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը: Գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ, դասախօս, հրապարակագիր, ազգային-եկեղեցական գործիչ: 2014-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ պարգեւատրուած է «Մայրենի դեսպան» շքանշանով:
Տքթ. Արտա Ճէպէճեան - Հրայրի կողակիցը, 1999 թուականին, Ամերիկեան համալսարանէն ստացած է անգլիական գրականութեան մասնագիտութեամբ Մագիստրոսի վկայականը: 2007-ին, Լեսթըրի համալսարանին մէջ (Անգլիա) կատարած է տոքթորական պաշտպանութիւնը, մասնագիտական նիւթ ընդունելով կիրառական լեզուաբանութիւնը:
Քսաներկու գիրքերու հեղինակ եւ խմբագիր: Բազմաթիւ գիտական գիրքերու հեղինակ: Ներկայիս, Քուէյթի Միջին Արեւելքի Ամերիկեան համալսարանի անգլերէնի բաժնին մէջ կը վարէ օգնական փրոֆեսէօրի եւ համակարգողի պաշտօնը:
Ալիք Հրայր Վահէ Աւետիս Ճէպէճեան - Ճէպէճեան մեծատոհմի նորագոյն ծիլերէն: Կ՚ակնկալուի, որ Ամերիկեան համալսարանէն 2017-ին վկայուի Ձեռներէցութեան առեւտուրի պսակաւոր արուեստից բաժինէն։
Ալիք մաս կը կազմէ Ամերիկեան համալսարանի ուսանողական Outlook պարբերաթերթի խմբագրութեան: Ալիք կը նուագէ սրինգ-ֆլիւթ: Հինգ տարի շարունակ եղած է Կիպրոսի Երիտասարդական սիմֆոնիկ նուագախումբի մենակատարը:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ