ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆՆԵՐԸ ԲԱՑՈՒԵՑԱՆ…

Այսօր համալսարանները իրենց դռները լայն բացած կը դիմաւորեն ուսանողները։ Անոնք ըլլան նախկին աշակերտներ կամ նորելուկներ, բոլորը լի են հեւքով. բոլորն ալ ունին յոյսեր, սպասումներ, ակնկալիքներ… Իսկ համալսարաններն ալ համախոհներու, գործին նուիրեալ աշխատակիցներու հետ կրթական ոլորտէն ներս պէտք է ներկայանան միանգամայն նոր ու ժամանակակից կրթական համակարգով, առաջարկուող բարձրորակ ծառայութիւններով ու յուսալի ապագայի երաշխիքով։

2016-2017 տարեշրջանի լիսէի շրջանաւարտները ամրան սկիզբը մասնակցեցան կարգ մը մտից քննութիւններու եւ տարբեր մակարդակներով յաջողելէ յետոյ, իրաւունք շահեցան համալսարան արձանագրուելու։ Այս օրուան թուականը  կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենայ անոնց համար, պիտի դառնայ օրացուցային օր, որովհետեւ բարձր ուսման հանգրուանի աւարտին անոնք պիտի մտնեն կեանքի ասպարէզ։ Համալսարանը անոց համար պէտք է դառնայ մտածելու, կողմնորոշուելու հանգրուան մը։ Մեր համեստ կարծիքները վստահաբար օգտակար կ՚ըլլան անոնց ուսման տեւողութեան։

Ուսանողներ, որոնք առաջին անգամ տեղափոխուած են տարբեր քաղաք մը ու հեռացած իր բնակարաններէն, անոնք հաւանաբար առաջին անգամ պիտի բացակային իրենց գուրգուրոտ յարկերէն, ուր մինչեւ այսօր կ՚ապրէին իրենց ծնողներուն ասպնջականութեամբ ու հսկողութեամբ։ Սակայն յետագայ տարիներուն պիտի ջանան վարժուիլ այդ բոլորը առանձին կարգադրելու։ Անշուշտ ծնողներն ալ պիտի դժուարանան ընդունիլ անոնց բացակայութիւնը։ Իբրեւ ծնողներ անոնք պիտի ունենան մտատանջութիւններ, մտահոգութիւններ, նիւթական նեղութիւններ՝ միշտ տոկալով ու նկատի ունենալով, որ իրենց զաւակները պիտի ունենան փայլուն յաջողութիւն, զուգահեռաբար փայլուն ապագայ։

Բարձր ուսման ճանապարհին իրենց առաջին քայլերը առնող անփորձ ուսանողներ պիտի դիմագրաւեն օտար միջավայրի մէջ ապրելու, անծանօթներու հետ շփուելու դժուարութիւններ, սակայն փոխադարձաբար իրենց յաջողութիւններով պիտի ապրին խանդավառութիւն։ Անշուշտ, համալսարանականներուն համար կարեւոր ազդակ պիտի հանդիսանայ ընկերային շրջանակը։ Անոնք այս միջավայրը պիտի ստեղծեն իրենց դիւրահաղորդութեամբ, ընկերսիրութեամբ, հասկացողութեամբ ու բարի վարքով. անշուշտ միշտ փոխադարձաբար։ Անոնց ստեղծած կամ նախընտրած ընկերային շրջանակն ալ դերակատար պիտի  ըլլայ իրենց այս ճանապարհորդութեան ընթացքին։ Անոնք իբրեւ բարձր ուսման հետեւող անձեր՝ միշտ պիտի փոխանակեն իրենց ամբարած գիտելիքները, փորձառութիւնները ու պիտի հարստացնեն զիրար։ Իրենց կազմած սերտ յարաբերութիւնները վստահաբար պիտի շարունակուին համալսարանը աւարտելէ վերջ ալ։

Հարկ է նշել, թէ համալսարանական կրթութիւնը բոլորովին տարբեր է նախնական ուսման ու լիսէի տարիներէն։ Համալսարանի մէջ դասախօսը միայն կը դասաւանդէ. չի հետապնդեր ուսանողին պարտականութիւնները կատարած ըլլալը, յաջողութիւնը կամ անյաջողութիւնը։ Համալսարանականը ինք պէտք է գիտակցութիւնը ունենայ պարտականութիւններուն։ Միայն դասերուն ներկայութիւնը բաւարար չէ յաջողութեան հասնելու համար։ Ան պատասխանատուութիւնը պէտք է ունենայ իր ընդգրկած ճիւղի գիտելիքներուն տեղեակ դառնալու։ Սովորութիւն պէտք է դարձնէ երկար ժամեր գրադարանին մէջ պրպտումներ եւ հետազօտութիւններ կատարելը։ Ան պէտք է գիտելիք քաղէ լաւ գիրքերէ, որովհետեւ կրթուած անձը աւելի արագ կը յառաջդիմէ։ Լաւ կրթութիւնը եւ կարդալու ունակութիւնը կ՚օգնեն անոր գիտելիք եւ իմաստութիւն ստանալ, ինչ որ հնրաւորութիւն կու տայ ճիշդը սխալէն զանազանելու եւ լաւ ընտրութիւններ կատարելու։ Կարդալու ունակութիւնն ու բարձր ուսումը անձին հնարաւորութիւններ կը պարգեւեն։

 Այս բոլորը ազդակներ պիտի հանդիսանան իր համալսարանական ուսումը առանց խոչընդոտներու աւարտելու համար։ Առաւե՛լ, երբ ան այս խոր գիտելիքներով զինուած շրջանաւարտ ըլլայ, կեանքի շեմէն ներս ոտք պիտի դնէ ինքնավստահութեամբ, բարձր բարոյական արժեմահակարգով, առանց արգելքներու հանդիպելու։ Իր մասնագիտութեան բոլոր դռները բաց պիտի ըլլան իրեն համար։

Միւս կողմէ, կան համալսարաններուն կողմէ կազմակերպուած զանազան ձեռնարկներ, որոնց եւս պէտք է մասնակցին համալսարանականները, որպէսզի մի քիչ հեռանան իրենց ծանրաբեռնուած առօրեայէն։ Համալսարաններու  կրթական ծրագրերն ալ առիթ կը հանդիսանան ծանօթութիւններու ու համապատասխանաբար իրենց ընկերային շրջանակը ընդլայնելու։ Այսպէսով անոնք կը ստանան համագործակցութեան ոգի ու կը հետաքրքրուին նաեւ տարբեր ասպարէզներով, արուեստներով։ Անշուշտ նախքան իրենց մասնակցութիւնը, պէտք է հետազօտեն, թէ այդ ձեռնարկները իրենց տեսակէտէ օգտակա՞ր է, թէ՞ ոչ։ Պէտք է միշտ արդիւնաւէտ օգտագործել ազատ ժամանակը։

Սրընթաց փոխուող աշխարհին մէջ միայն փափաքիլը բաւարար չէ։  Համալսարանականները պէտք է առաւել աշխատին, յառաջդիմական քայլեր առնեն… բազմակողմանի կրթուած, մեծ մշակութային պաշարով զինուած մարդը կրնայ գտնել իւրայատուկ, ստեղծագործ լուծումներ ու հասնիլ իր փափաքածին։ Նպատակասլաց, արդիւնաւէտ, յամառ աշխատանքով, անկոտրուն կամքով մարդ կը հասնի իր նպատակին, կը խանդավառուի, երջանիկ կ՚ըլլայ ու կը փայլի իր յաջողութեան աստղը։ 

Եթէ գիտութիւնը նմանցնենք ծաղիկի մը, պէտք է շարունակ ջրենք զայն, որպէսզի չթառամի։ Ուրեմն զինունինք գիտութեան ծաղիկներով, շարունակ ջրենք զանոնք ու դառնանք մեր միտքերը եւ գաղափարները լաւ արտայայտելու կարողութիւնը ունեցող յաջող անձեր։

Բոլոր համալսարանականներուն կը մաղթեմ յաջողութիւններ, որուն համար պայման է յարատեւ աշխատանք…։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2017