Վի­րա­ւոր Հա­լէ­պը Կ՚ա­պա­քի­նի

2016 Դեկտեմբերին, Հալէպի տանջանքը վերջ գտնելով, վերջ գտաւ նաեւ հալէպահայութեան մղձաւանջը: Հինգ տարի շարունակ տիրող անապահովութիւնը, կենցաղային դժուարութիւնները, անմարդկային արարքները, մահուան սարսափազդու պատկերները եւ ամէն տեսակի զրկանքն ու տառապանքը վերացան… Հալէպը ապահով քաղաք յայտարարուեցաւ:

Հալէպի յաղթանակի յայտարարութեան յաջորդող Ազգային վարչութեան նիստերուն յառաջացուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Վերաշինութեան մարմին՝ գործակից ունենալով Կալուածոց հոգաբարձութիւնը: Մարմինը իր անդրանիկ նիստին յստակեցուց իր աշխատանքային ծրագիրը: Նախ ստուգեց Հալէպի մակարդակով Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային կառոյցներուն վնասները եւ պատրաստեց յատուկ թղթածրարներ՝ ճշգրիտ պատկերացումներով վերաշինութեան աշխատանքին սկսելու: Վերաշինութեան սերտողութեան թղթածրարները պատրաստեցին գաղութիս երիտասարդ ուժերը, որոնք օգտագործելով արհեստավարժ մեթոտներ՝ իրենց լաւագոյնը ի գործ դրին:

Ճշդուեցաւ պատերազմին պատճառով Հալէպի մէջ վնասուած կառոյցներուն ցանկը, եւ առաջնահերթութեան կարգով աշխատանքը ընթացք առաւ, նախ դպրոցներ, ապա՝ ազգապատկան բնակարաններ եւ խանութներ, ազգային կառոյցներ, միութենական կեդրոններ:

Յատուկ կարեւորութիւն տրուեցաւ Ազգային պատսպարանի ու Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի կառոյցներու վերանորոգութեան:

Հիմնախնդիր էր Նոր Գիւղի հայահոծ շրջանի վերակենդանացումը, որուն համար հարկ էր ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնի եւ շրջանի տուներու ու խանութներու շինութիւնն ու վերաբնակեցումը:

Յաջորդ փուլին մարմինը իւրաքանչիւր կառոյցի համապատասխան յանձնախումբ յառաջացուց՝ տուեալ մարմիններուն մէջ ներառելով երկրաչափներ, տնտեսագէտներ եւ շինարարներ, որոնք պիտի կատարէին վնասի արժեւորում՝ օգտագործելով մասնագիտական արդի մեթոտներ:

Նկատի ունենալով աշակերտութեան թիւի նուազումը, ժամանակի սահմանափակ ըլլալը եւ վերանորոգութեան տրամադրուելիք հսկայ գումարը՝ յարմար նկատուեցաւ այս շրջանին համար բաւարարուիլ Ճեմարանի Բ. մասնաշէնքի նորոգութեամբ՝ հեռու մնալով շռայլ երեւոյթներէ: Այսպէս, յանձնախումբին առաջին աշխատանքը եղաւ սերտել ներկայացուած կապալառուներու առաջարկները՝ նկատի ունենալով աշխատանքին որակը, տրամադրուած նիւթը եւ հաշուեկշիռը: Ներկայացուած հինգ առաջարկներէն, յանձնախումբը, յետ բանակցութիւններու եւ համաձայնութիւններու, կատարեց իր ընտրութիւնը: Պաշտօնական համաձայնագիրը կնքուեցաւ Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի շրջափակէն ներս Ազգային վարչութեան ատենապետին՝ երկրչ. Տիգրան Պետրոսեանին եւ կապալառուին միջեւ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ թեմի  առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին: Երկու ամիսէն՝ 1 Յուլիսէն 1 Սեպտեմբեր, ճեմարանը պէտք է պատրաստ ըլլար վերընդունելու իր աշակերտները:

Համաձայնագիրի ստորագրութեան ներկայ էին Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի շրջանաւարտներն ու աշակերտները, որոնք նախաձեռնողը եղան իրենց դարբնոցի վերաշինութեան աշխատանքին՝ հրասանդի արկերու եւ արձակուած պայթուցիկ տակառներու մնացորդացը հաւաքելու, կուտակուած աղբերը փոխադրելու, նստարաններն ու գրասեղանները տեղափոխելու: Իւրաքանչիւրը իր կարգին կը փորձէր արագացնել հսկայ դարպասին բացման հեզասահ ընթացքը:

Շնորհիւ հետապնդումներու եւ բծախնդիր աշխատանքի՝ ծրագիրը իր լրումին հասաւ ճշդուած ժամկէտին: Այսպիսով, որոշակի փոփոխութիւններով եւ վերանորոգումով Ազգային Քարէն Եփփէ      եմարանը հինգ երկար տարիներ ամայի մնալէ ետք պատրաստ էր ընդունելու իր սիրելի աշակերտները:

Կամք էր հարկաւոր՝ վերապրելու եւ շնչելու, կամք էր հարկաւոր՝ հաւատալու եւ իրականացնելու, կամք էր հարկաւոր՝ կրկին անգամ ոտքի կանգնելու եւ կրկին անգամ փաստելու, որ ճեմարանականը շնչելու է իր քարակերտ շէնքէն ներս:

ՍԵՒԱՆ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2017